Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Նոյեմբեր 14, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Շքեղ Տօնակատարութեամբ Նշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 106-Ամեակը

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, 3 նոյեմբերին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն:

Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսք արտասանեց Շրջանային վարչութեան անդամ  Աբիկ Խաչոյեան, որ յայտնեց, թէ ՀՄԸՄ-ը, շնորհիւ իր հիմնադիրներու անձնազոհութեան, կամքին ու հաւատքին, անցնող տասնամեակներուն դաստիարակեց մարդկային ու ազգային վեհ գաղափարներով տոգորուած երիտասարդներ, որոնք կը շարունակեն իրենց վստահուած հայապահպանումի առաքելութիւնը: Ան ըսաւ, որ միութիւնը այսօր կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ կը պայքարի այլասերումի ու օտարացումի վտանգներուն դէմ, սակայն շնորհիւ ՀՄԸՄ-ականներու բարձր գիտակցութեան` հասակ պիտի առնեն վեհ սկզբունքներով օժտուած նորահաս սերունդներ:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ 5 մասնաճիւղերու հիմնադրութեան պատմութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր:

Օրուան բանախօս Յակոբ Խաչերեան երախտագիտութեան իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին եւ անոր ողջամիտ ղեկավարութեան, որոնց նախնիները եւ իրենց զաւակները գրկաբաց եւ սիրով, գորովագին ընդունեցին Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած անտուն, անօգնական, յուսաբեկ, որդակորոյս, որբ, սովէ ու ծարաւէ փրկուած մեր պապիկներն ու մամիկները, հայրերն ու մայրերը, որոնք այս երկրին մէջ, յատկապէս այս քաղաքին մէջ ապաստան ու պատսպարան գտան եւ տարիներու ընթացքին նախ շտկեցին իրենց ողնասիւնը, անգամ մը եւս բարձրացուցին իրենց ճակատը, վերակազմեցին իրենց տաքուկ բոյներն ու ընտանիքները, կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի, հաւաքավայր` պահելու համար մեսրոպեան տառերով հայոց լեզուն, Գրիգոր Լուսաւորիչի շունչով աղօթքը, Հայկ նահապետի եւ Արամ Մանուկեանի կորովով արձանագրուած հայոց պատմութիւնը:

Խաչերեան հաստատեց, որ 106 տարեկան ՀՄԸՄ-ը հակառակ բոլոր հալածանքներուն եւ խոչընդոտներուն` աննահանջ կերպով կը շարունակէ իր փառահեղ երթը, որուն իրագործման մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն վերցուցած է ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ կառոյցը, որ տասնամեակներ շարունակ իր կազմակերպական բծախնդրութեամբ, անսակարկ ծառայութեամբ, անշեղ սկզբունքայնութեամբ, գիտակից իր շարքերով մղիչ ուժ հանդիսացած է միութեան երթի յաջող ընթացքին:

Ան մէջբերելով Զարեհ Ա. կաթողիկոսի` ՀՄԸՄ-ի մասին արտասանած պատգամը, հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ը հաւատարիմ կը մնայ վեհափառ հայրապետի պատգամին, մասնաւորապէս` ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանը, որուն միջնաբերդը հիմնողներուն, պարիսպները քար առ քար բարձրացնողներուն եւ մինչեւ օրս զայն անառիկ պահողներուն անսակարկ ծառայութիւնը գնահատեց:

Ան յարգանքով յիշեց միութեան նահատակները` Սահակ Նալպանտեանէն մինչեւ Րաֆֆի Պչաքճեան, Շուշիի ինքնապաշտպանական մարտերուն նահատակուած հալէպահայ հերոսներ Յարութ Բանոյեանը, Յակոբ Ասթարճեանը եւ Մոսիկ Սէքլէմեանը, որոնց հոգիները կ՛ապրին ապրողներու հոգիներուն մէջ:

Անդրադառնալով հայրենիքի ներկայ իրավիճակին` Խաչերեան յայտնեց, թէ որպէս ազգի ու հայրենիքի գերադաս արժէքները դաւանող ՀՄԸՄ-ականներ` պիտի չհաշտուինք դաւաճանական պարտութեան հետ, կառչած պիտի մնանք մեր ազգային արմատներուն, պատուով պիտի շարունակենք մեր ազգանուէր եւ հայրենանուէր առաքելութիւնը, անհպելի պիտի պահենք մեր ազգային արժեհամակարգը` լեզուն, կրօնը, մշակոյթը, ընտանիքը, պատմութիւնը եւ բարքերը, բուռն կերպով պիտի պայքարինք կառոյցներ կազմաքանդող համաշխարհայնացման ալիքներուն ու աղանդաւորական հոսանքներուն դէմ եւ պատրաստ ըլլանք, երբ տայ զանգը, ահազանգը` շարժելու դէպի Արցախ, Տիգրանակերտ, Մուշ, Պայազիտ ու Վան, որպէսզի մեր հոգիին պարտքը տանք:

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յարութ Օգճեան: Ան նախ անդրադարձաւ 106-ամեայ ՀՄԸՄ-ի փառքին ու փայլուն յաղթանակներուն, ապա մատնանշեց, մարմնամարզի կողքին, միութեան ունեցած կարեւոր դերը հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու նոր սերունդին մէջ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Ծառայութեան» շքանշանի տուչութիւն` տարիներու ծառայութիւն ունեցած կարգ մը ՀՄԸՄ-ականներուն, որմէ ետք

Շրջանային վարչութեան անունով յուշանուէրներ յանձնուեցան սրբազան հօր եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին:

Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց առաջնորդը: Ան դիտել տուաւ, որ տարեդարձները ուրախութեան առիթ ըլլալու կողքին, նաեւ խթան հանդիսացող ազդակներ են, որոնք կու գան իւրաքանչիւրը ինքնաքննութեան ենթարկելու, նախնիներուն հանդէպ երախտագիտութիւն ցուցաբերելու եւ արժեւորելու այն աշխատանքը, որ տարիներու ընթացքին կատարուած է եւ նոյն կերպով հաւատարիմ մնալով` Միութեան ջահը կրած ընդառաջ երթալու եւ զայն փոխանցելու յաջորդ սերունդին:

Սրբազան հայրը նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը, որ կ՛արձագանգէ դարէ մը ի վեր, եւ աւելի, կ՛արտայայտէ անձնդիր ծառայութիւնը անոր անդամներուն` սրբազան առաքելութիւն ունենալով հայակերտումի, ազգակերտումի, սերունդներ պատրաստելու եւ զանոնք առաջնորդելու ազգին, ժողովուրդին եւ հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութեամբ գործելու:

ՀՄԸՄ–ի Հիմնադրութեան 106-Ամեակին Առիթով Հոգեհանգստեան Պաշտօն Եւ Ծաղիկներու Զետեղում` ՀՄԸՄ–ի Հին Եւ Նոր Ննջեցեալներու Ու Նահատակներու Հոգիներուն

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի 106-ամեակին առիթով, կիրակի, 3 նոյեմբերին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ՀՄԸՄ-ի հին եւ նոր ննջեցեալներու եւ նահատակներու հոգիներուն: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Սուրիոյ անդամ Աւետիս Տէրվիշեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յարութ Օգճեան եւ վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ խորհուրդը եւ խմբապետութիւնը, ՀՄԸՄ-ականներ եւ տարազաւոր սկաուտներ:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յիշեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի շարքերէն ներս ծառայած եւ զոհողութեամբ գործած ննջեցեալները եւ սուրիահայ նահատակները, որոնք հայրենիքի նուիրագործուած հողի պաշտպանութիւնը իրենց կեանքէն աւելի գերադասեցին եւ սիրայօժար կերպով իրենց կեանքը զոհեցին մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին բարիքին համար:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ՀՄԸՄ-ի հին եւ նոր ննջեցեալներուն եւ ՀՄԸՄ-ական նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար, որմէ ետք, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբին եւ տարազաւոր սկաուտներուն, ներկաները ուղղուեցան դէպի Ազգային գերեզմանատուն, ուր հալէպահայ նահատակներու յուշակոթողին, ապա նաեւ ՀՄԸՄ-ի դամբարանին դիմաց համախմբուելով` ծաղիկներ զետեղեցին եւ մոմավառութիւն կատարեցին: Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Յովիկ Սիւլահեան, ապա Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը նուագեց «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգը:

Քանատա

Մոնրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Տարածաշրջանային Խորհրդաժողով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինին, 1-3 նոյեմբերի շաբաթավերջին Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու տարածաշրջանային պատանեկան խորհրդաժողովը մասնակցութեամբ երեք շրջաններու` Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ Քանատայի պատանեկան միութիւններէ 50 պատանիներու եւ վարիչներու: Խորհրդաժողովին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 1 նոյեմբերին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Յակոբ վրդ. Եագուպեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ անդամ Նորա Արուշեանի, ՀՅԴ Մոնրէալի եւ Լաւալի կոմիտէներու, հայ կեդրոններու հոգաբարձութեանց, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու:

ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ Ներսեհ Լիպարեան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ տարի մը առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի առաջարկով պատանեկան առաջին ժողովը գումարուեցաւ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ: Անոր յաջողութենէն խանդավառ` գրասենեակը Հիւսիսային Ամերիկայի միութիւններուն համար առաջարկեց Քանատայի պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպել նոյնպիսի խորհրդաժողով մը Քանատայի մէջ` աւելցնելով, որ այս խորհրդաժողովին նպատակն է խմբել պատանիները եւ անոնց առիթ տալ, որ այս տարիքէն իսկ վեր բարձրանան տեղայնականէն եւ սկսին հարցերը դիտել ընդհանրականին մէջ: Չզբաղին միայն Քանատայով, Ամերիկայով եւ Աւստրալիայով, այլ իրենց մտածողութեան մէջ ընդգրկեն Հայաստանէն եւ Արցախէն անկախ այլ տեսլականներ, գիտնան եւ լսեն այլ շրջաններու մտահոգութիւնները եւ յաջողութիւնները, կարենան լուծումներ գտնել այդ մտահոգութիւններուն եւ օգտուիլ այլոց յաջողութիւններու փորձառութենէն:

Խօսք առաւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, որ դիտել տուաւ, թէ բոլոր շրջաններու պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ մարմիններն ու վարիչ կազմերը տարեկան իրենց աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ կը յատկացնեն այլազան ծրագիրներու մշակման, օրինակ` դասախօսութիւններ, մասնագիտական մօտեցումով պատրաստուած սեմինարներ, զրոյցներ, միացեալ ժողովներ ու բանակումներ, որոնց նպատակն է կերտել արթուն միտք ունեցող եւ համամարդկային արժէքներով տոգորուած այն պատանին, որ հեռու պիտի մնայ յոռի երեւոյթներէ: Այս եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ աշխարհատարած պատանեկան միութիւններու առաքելութիւնը. կազմաւորել կարգապահ ու օրինակելի սերունդներ` ի շահ հայութեան ու հայրենիքին:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր պատանի ամուր համոզումը պարտի ունենալ ազգային գաղափարախօսութեան, որ կը նշանակէ նախ եւ առաջ հաւատալ իր Դատին, ամբողջական Հայաստանին, Արարատի խորհրդանիշին, աւելցնելով, որ ազգային արժէքներուն մաս կը կազմէ յատուկ տեղ տալ Հայ եկեղեցւոյ դերին` որպէս այն ամուր բերդին, որ մեր պետականութեան կորուստի տարիներուն մեր ամբողջ էութիւնը պահպանած է որպէս հայութիւն: Ան դիտել տուաւ, որ ազգային արժէք ըսելով` մենք կը հասկնանք նաեւ` մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը, եւ մանաւանդ` ամէն գնով կառչիլ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներուն, թոյլ չտալ, որ մեր թշնամիները խաղան հայրենիքին հետ, թոյլ չտալ, որ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն գլուխը ծռած` թշնամիներուն դիմաց նսեմանայ, ապա յաջողութիւն մաղթեց խորհրդաժողովի մասնակիցներուն:

Յակոբ վրդ. Եագուպեանի «Պահպանիչ»-ով աւարտեցաւ բացման արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ծանօթացում եւ միութիւններու ներկայացում:

Յաջորդող երկու օրերուն տեղի ունեցան` դասախօսութիւններ, Մոնրէալի տեսարժան վայրերու այցելութիւն եւ ընկերային խրախճանք:

«Հորիզոն» Շաբաթաթերթի 45-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն

3 նոյեմբերին Վանքուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը:

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով հանդէս եկաւ Թիթար Քէօշկէրեան, որմէ ետք իրենց պատգամը տեսերիզով յղեցին Երեւանէն «Հորիզոն»-ի Արցախի աշխատակից Տիրուհի Գասպարեան եւ Մոնրէալէն «Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան: Ընթացքին ցուցադրուեցաւ Յակոբ Փափազեանի բեմադրութեամբ «Հորիզոն»-ի վաւերագրական ժապաւէնը:

Շաբաթաթերթին իրենց նուիրեալ աշխատանքին ու ներդրումին իբրեւ երախտագիտութիւն` գնահատագիրներ ստացան Վահէ Անտոնեան, Մեղրիկ Սիւլահեան-Չափանեան եւ Յակոբ Տէր Յակոբեան:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Գարեգին վրդ. Շխըրտըմեանի օրհնութեամբ եւ սրտի խօսքով:

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ԱՆԹՈՆԻԱ ԱՐՍԼԱՆ ՍՏԱՑԱՒ
«ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆԸ

30 հոկտեմբերին Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մտերմիկ շրջանակի մէջ, տեղի ունեցաւ մեծարանք` ի պատիւ իտալահայ յայտնի գրագէտ, գրականագէտ ու թարգմանիչ Անթոնիա Արսլանի, մասնակցութեամբ իտալացի եւ հայ հրաւիրեալներու, ներկայութեամբ Հայաստանի` ՄԱԿ-ի դեսպանատունէն եւ տեղւոյն Իտալիոյ հիւպատոսարանէն ներկայացուցիչներու:

Բացման խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան: Այնուհետեւ Մանհաթընվիլ քոլեճի փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մարշալ ներկայացուց մեծարեալը եւ կարդաց Արցախին նուիրուած անոր մէկ բանաստեղծութիւնը: Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան յայտարարեց, որ Մշակոյթի ամսուան առիթով, Արսլանի գրական, գիտական եւ հանրային գործունէութիւնը գնահատելով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս զայն պարգեւատրած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: Սրբազան հայրը կարդաց կոնդակի անգլերէն թարգմանութիւնը եւ շքանշանով զարդարեց անոր կուրծքը: Վեհափառ հայրապետը կոնդակին մէջ ըսած է. «Երկար տարիներու վրայ ծաւալած ձեր գրական-գիտական վաստակը պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ դուք, միշտ հաւատարիմ ձեր պապենական արմատներուն, ձեր աստուածատուր շնորհն ու կարողութիւնները ի սպաս դրած էք ու կը շարունակէք դնել` լուսարձակի տակ բերելու հայ ժողովուրդի պատմութեան թաքուն ու վաւերական ծալքերը: Բազում հեղինակութիւններու ու թարգմանութիւններու կողքին, ձեր ստորագրութեամբ լոյս տեսած «Արտոյտներու ագարակը» հատորը ինքնին խտացումն է, եւ միանգամայն` «անլռելի զանգակատուն» մը, աշխարհացրիւ բազմահազար հայ ընտանիքներու ապրած ոդիսականին:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Անթոնիա Արսլան:

Պելճիքա

Պրիւքսէլի Մէջ` ՔՈՓ29-ի Դէմ Բողոքի Ցոյց

10 նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ մարդու իրաւունքներու, ընկերային արդարութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի աջակցութեան բազմաբնոյթ ցոյց մը:

Ցոյցին նպատակն էր նախ  դատապարտել ՔՈՓ29-ի վեհաժողովը հիւրընկալող Ազրպէյճանի ընտրութիւնը` մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ անոր ժխտական արդիւնքներուն պատճառով:

Պելճիքայի ՀՅԴ Հայ երիտասարդական միութեան անդամ Արամ Գէորգեան յայտնեց, որ ցոյցին մասնակցողները հաւաքուած էին` արտայայտելու համար իրենց հաւաքական վրդովումը` ՔՈՓ29 Ազրպէյճանի մէջ իրականացնելու որոշումին նկատմամբ:

«Արցախէն առաւել քան 150,000 բռնի տեղահանուած հայերը իրենց նախնիներուն տարածքը վերադառնալու հիմնարար իրաւունքը ունին: Վերադարձի այս իրաւունքը պէտք է իրականացուի միջազգային երաշխիքներով` ապահովելու համար անոնց հազարամեայ հայրենիքը անվտանգ հասնիլն ու  վերաբնակեցումը», ըսաւ Գէորգեան:

 

 

 

 

Նախորդը

Մանկավարժին Կարծիքով. 10 Հարցում, Զորս Պէտք Է Ուղղէք Ձեր Երեխային, Դպրոցէն Տուն Վերադարձին

Յաջորդը

«Ազրպէյճանի Վարչակարգը Ցեղային Զտման Ենթարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հայ Բնակչութիւնը». «Ֆրիտըմ Հաուս»

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?