Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւը «Արփի» Հրատարակչատան Նպաստ Կը Յատկացնէ

December 9, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը 15.000 տոլարի նպաստ մը յատկացուց Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Արփի» հրատարակչատան` պատանեկան երկու վէպեր հրատարակելու համար: Նպաստը շնորհուած է յատկապէս Քարէն Չթճեան-Բրեսդիի նորագոյն գործին` «Օտար Արան» խորագիրով վէպին, ինչպէս նաեւ` այլ հեղինակի մը կողմէ գրուած հատորի մը հրատարակութեան համար:

«Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութիւնը ստանալը: Այս նպաստը չափազանց կարեւոր է մեր աշխատանքին համար` թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական նեցուկի իմաստներով», յայտնեց «Արփի» հրատարակչատան հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Արփի Գրիգորեան, որ աւելցուց, թէ նպաստը նշանակալից կերպով պիտի սատարէ հրատարակչատան նպատակին` լոյս ընծայել պատանեկան հատորներու իր առաջին հաւաքածոն: Այս նպատակին, ինչպէս նաեւ ինքնին հրատարակչատան հիմնադրման համար առատաձեռն նեցուկ յատկացուած էր անցեալ տարի տէր եւ տիկին Պրենտըն եւ Սոնիա Փիրսիներուն եւ տէր եւ տիկին Գեւոն եւ Ալեքսիա Գեւոնեաններուն կողմէ:

«Արփի» հրատարակչատան տեսլականն էր` հաստատել փոփոխութիւն յառաջացնող ծրագիր մը, այսինքն` հրատարակչատուն մը, որ հեղինակներու եւ գիրք նկարազարդողներու պիտի հայթայթէր անհրաժեշտ նեցուկը եւ աջակցութիւնը, որպէսզի անոնք կարենային ստեղծել արեւմտահայերէն գրական գործեր` մանուկներու, բայց մանաւանդ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար», ըսաւ Գրիգորեան:

Հրատարակչատան խորհրդատու մարմինի անդամներէն դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, որ հայ լեզուի եւ մշակոյթի «Խաչիկեան» դասախօսական ամպիոնի վարիչն է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, ըսաւ հետեւեալը. «Այս տարուան հրատարակչական նշանակէտին հասնելու եւ անկէ անդին ալ իր ամբողջական կարողականութիւնը իրականացնելու համար, հրատարակչատունը պէտք ունի համայնքի նեցուկին: Տուրքէ զերծ իւրաքանչիւր նուէր,  մեծ թէ փոքր, պիտի յատկացուի հայերէն նոր գիրքի մը հրատարակման: Իսկ ամէն անգամ, երբ դպրոց մը կամ համայնքային կազմակերպութիւն մը ձեռք բերէ մեր հրատարակած գիրքերէն օրինակներ, աշխուժ եւ յարատեւ զարգացող արեւմտահայ գրականութեան մը մեր հասարակաց տեսլականը, անկասկած, քայլ մը եւս պիտի մօտենայ շօշափելի իրականութիւն մը դառնալուն»:

«Արփի» հրատարակչատան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք arpipublishing.com կայքը:

 

Նախորդը

Դպրեվանեցիներն ու Թռչնիկները Եղբայրացած Են

Յաջորդը

«Արեւմտեան Հայաստան»-ն ու «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ը Բացարձակապէս Համեմատելի Չեն. Արեւմտեան Հայաստանը Մեր Իրական Պատմական Հայրենիքն Է, Կայ 4-րդ Դարէն Սկսեալ». Աշոտ Մելքոնեան

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի
Գաղութէ Գաղութ

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

September 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.