«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արեւմտեան Պէյրութի Կռիւները «Բանակ-«Լիբանանեան Ուժեր» Հակամարտութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ կռիւները անպակաս էին հակամարտ խմբակցութիւններուն միջեւ: 1985 ապրիլին Ամալ, ընկերվարական յառաջդիմականները եւ համայնավարները միանալով յարձակման անցան մուրապիթուններուն դէմ եւ յաջողեցան հաշուեյարդարի ենթարկել անոնց կռուող ուժերը: Այնուհետեւ սկսաւ գաղթակայաններու պատերազմը` Ամալի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ: Ամալի միացաւ նաեւ մեծամասնութեամբ շիիներէ բաղկացած լիբանանեան բանակի վեցերորդ զօրագունդը, որ կը գտնուէր զօրավար Ապտէլ Հալիմ Քանժի հրամանատարութեան տակ: Կռիւները մերթ սաստկացան,...


















