Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աղջիկները Եւ Տղաքը Պէտք Է Առաջնորդուին Մալալա Եուսաֆզայի Պայքարով Եւ Յանձնառութեամբ»

Յունուար 15, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Եթէ ես շահիմ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը, ատիկա շատ մեծ կարելիութիւն պիտի ըլլայ ինծի համար, բայց եթէ չստանամ այդ մրցանակը, կարեւոր չէ, որովհետեւ իմ նպատակս Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ ստանալը չէ, իմ նպատակս է խաղաղութիւն ունենալ, իմ նպատակս է   իւրաքանչիւր երեխայի կրթութիւնը տեսնել»:

ՄԱԼԱԼԱ ԵՈՒՍԱՖԶԱՅ

Մալալա
Մալալա

Արեւմտեան աշխարհին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մեծ մասին մէջ ուսում ստանալու աղջիկներու իրաւունքը արդէն շատոնց հաստատուած է եւ կը պաշտպանուի, սակայն ասիական եւ ափրիկեան շարք մը երկիրներու մէջ, զանազան պատճառներով աղջիկներ չեն կրնար դպրոց յաճախել: Բնականաբար կան այս երեւոյթին դէմ պայքարող գործիչներ, խմբակներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնց հիմնական թշնամիներն են արմատականները, ծայրայեղականները, ահաբեկչական խմբաւորումները, աւանդապաշտ մտածողութիւնը եւ աղքատութիւնը:

Պարմանուհի գործիչներ մանաւանդ իսլամներուն մէջ հազուագիւտ են: Իսկ տարբեր ազգային պատկանելիութիւն ունեցող յանձնառու իսլամ պարմանուհիներ, երբ միանան նոյն կենսական, բայց վտանգաւոր պայքարին, իրենց անշուշտ կը սպասէ «փշոտ ճանապարհ», նոյնիսկ` մահ…:

Վերջերս Անգլիոյ մէջ իրարու վերամիացած են այսպիսի երկու պարմանուհիներ` Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի արժանացած 18-ամեայ փաքիստանցի Մալալա Եուսաֆզայ եւ սուրիացի Մուզուն Ալմելլեհա:

Միացում
Միացում

Անոնց գործակցութիւնն ու գործունէութիւնը` աղջիկներու կրթութեան իրաւունքի պայքարին մէջ,  սրտառուչ եւ վարակիչ է:

Մալալա Եուսաֆզայ

Ան ծնած է 12 յուլիս 1997-ին, Փաքիստան: Իբրեւ երեխայ ան դարձաւ աղջիկներու ուսման ջատագով եւ պաշտպան, որուն պատճառով Թալեպան շարժումը մահուան սպառնալիք ուղղեց անոր: 9 հոկտեմբեր 2012-ին զինեալ մը կրակեց Մալալայի վրայ, երբ ան դպրոցէն տուն կը վերադառնար: Ան փրկուեցաւ եւ շարունակեց բարձրաձայնել կրթութեան, ուսման կարեւորութեան մասին: Մալալա 2013-ին Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի թեկնածու նշանակուեցաւ: 2014-ին ան կրկին նշանակուեցաւ եւ նուաճեց` դառնալով ամէնէն կրտսեր անձը, որ կը ստանայ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը: Մալալա յաճախած է հօրը` Զիաւտին Եուսաֆզայի հիմնադրած դպրոցը: Երբ Թալեպան սկսաւ Սուաթի մէջ յարձակիլ աղջիկներու վարժարաններուն վրայ, Մալալա խօսք մը արտասանեց Փաքիստանի Փէշաուար քաղաքին մէջ, սեպտեմբեր 2008-ին: Անոր խօսքին վերնագիրն էր` «Թալեպան ինչպէ՞ս կը յանդգնի  ուսման իմ տարրական իրաւունքս խլել»:

2009-ին Եուսաֆզայ «Պի. Պի. Սի.»-ի կայքին համար սկսաւ blogging-ի` ուսման իրաւունքը զլանալու Թալեպանի սպառնալիքին տակ ապրելու մասին: Ան օգտագործեց Կուլ Մաքայ ծածկանունը: Սակայն նոյն տարուան դեկտեմբերին բացայայտուեցաւ անոր ինքնութիւնը: Հանրային հարթակի ընդարձակումով, Մալալա շարունակեց խօսիլ բոլոր կիներու ուսման իրաւունքին մասին: Այս գործունէութեան համար ան 2011-ին թեկնածու նշանակուեցաւ Մանուկներու Խաղաղութեան միջազգային մրցանակին: Նոյն տարին անոր շնորհուեցաւ Փաքիստանի Ազգային երիտասարդական խաղաղութեան մրցանակը:

Թալեպանի թիրախ

Երբ 14 տարեկան էր, Մալալա եւ ընտանիքը տեղեկացան, որ  Թալեպան անոր դէմ մահուան սպառնալիք հրապարակած է: Թէեւ Մալալա վախցաւ հօրը (հակաթալեպան գործիչ) անվտանգութեան համար, բայց եւ այնպէս ընտանիքին հետ ենթադրեցին, թէ արմատական այդ խմբաւորումը իրականութեան մէջ վնաս չի հասցներ երեխայի մը: 9 հոկտեմբեր 2012-ին, երբ Մալալա դպրոցէն տուն կը վերադառնար, նոյն հանրակառքը բարձրացաւ մարդ մը եւ ուզեց գիտնալ, թէ ո՞ր աղջիկն է Մալալան: Երբ ընկերները դէպի Մալալան նայեցան, զինեալը կրակեց անոր վրայ: Մալալա գլուխէն եւ վիզէն ծանրօրէն վիրաւորուելով փոխադրուեցաւ Փէշաուարի զինուորական հիւանդանոցը: Յաւելեալ բուժման համար զայն տեղափոխեցին Պիրմինկհամ, Անգլիա:

Յարձակումէն ետք

Անգլիոյ մէջ բուժուելէ ետք, Մալալա մարտ 2013-ին սկսաւ յաճախել Պիրմինկհամի մէկ դպրոցը:

BACK-1_011516

Յարձակումը յառաջացուցած էր Եուսաֆզայի զօրակցութեան եւ աջակցութեան միջազգային ալիք մը, որ շարունակուեցաւ անոր բուժման ընթացքին: ՄԱԿ-ի մէջ Մալալա 2013-ին խօսք մը արտասանեց իր 16-րդ տարեդարձին օրը: Մալալա նաեւ գրեց իր ինքնակենսագրութիւնը. «Ես Մալալան եմ. կրթութեան համար պայքարող աղջիկը, որուն վրայ կրակած են»: Գիրքը հրատարակուեցաւ 2013-ին:

Դժբախտաբար, Թալեպանը այս պարմանուհին տակաւին թիրախ կը նկատէ: Հակառակ Թալեպանի սպառնալիքներուն,  Եուսաֆզա կը մնայ հաստատակամ պաշտպանը կրթութեան ուժին:

10 հոկտեմբեր 2013-ին, ճանչնալով եւ գնահատելով անոր աշխատանքը, Եւրոպական խորհրդարանը  Մալալա Եուսաֆզային շնորհեց Մտածումի ազատութեան Սախարով մրցանակը: Նոյն տարին  թեկնածու նշանակուեցաւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին: Ան չշահեցաւ մրցանակը, սակայն յաջորդ տարին (2014) կրկին թեկնածու  նշանակուեցաւ: Նոյն տարուան օգոստոսին «Լինին.Օրկ»-ը ուղղակի հաղորդուող  զրոյց մը սկսաւ Դիմատետրի վրայ, Շերիլ Սէնտպըրկի եւ Եուսաֆզայի հետ` ամբողջ աշխարհի մէջ աղջիկներու ուսման անհրաժեշտութեան մասին: Մալալա խօսեցաւ իր պատմութեան, ներշնչման, ընտանիքին, ապագայի ծրագիրներուն մասին եւ պատասխանեց ընկերային ցանցեր օգտագործողներու զանազան հարցումներուն:

Հոկտեմբեր 2014-ին Եուսաֆզա ստացաւ  Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը, Հնդիկ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպան գործիչ Կայլաշ Սաթիարթիի հետ: 17-ամեայ Եուսաֆզա դարձաւ ամէնէն երիտասարդ անձը, որ կը նուաճէ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը: Շնորհաւորելով Եուսաֆզայը` Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ ըսաւ. «Մալալա Փաքիստանի պարծանքն է, իր հայրենակիցներուն հպարտութիւն ներշնչած է: Մալալայի նուաճումը անզուգական եւ անհաւասարելի է: Աշխարհի աղջիկները եւ տղաքը պէտք է առաջնորդուին Մալալա Եուսաֆզայի պայքարով եւ յանձնառութեամբ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Մալալան նկարագրեց իբրեւ «խաղաղութեան խիզախ ու նուրբ ջատագով, որ դպրոց յաճախելու պարզ արարքով մը համաշխարհային ուսուցիչ դարձաւ:

Օպամա
Օպամա

18-րդ տարեդարձին օրը,  12 յուլիս 2015-ին, որ նաեւ կը կոչուի Մալալայի Օր, մանկամարդ գործիչը շարունակեց կրթութեան համաշխարհային աշխատանքը` Լիբանանի մէջ բացումը կատարելով սուրիացի գաղթական աղջիկներու դպրոցին, որուն ծախսերը կը հոգայ «Մալալա ֆոնտ»-ը: Դպրոցը նախատեսուած է 14-18 տարեկան շուրջ 200 աղջիկներու համար:

«Այսօր, իբրեւ չափահաս` իմ առաջին օրս, աշխարհի երեխաներուն անունով ես կը պահանջեմ ղեկավարներէն` փամփուշտներու փոխարէն ներդրումներ ընել գիրքերու», յայտարարեց Եուսաֆզայ դպրոցի դասարաններէն մէկուն մէջ: Նոյն օրը, «Մալալա ֆոնտ» կայքին միջոցով նաեւ իր համակիրներուն կոչ ուղղեց. «Տեղադրեցէ՛ք ձեր նկարը, ձեր նախասիրած գիրքը բռնած, եւ ըսէք, որ ինչո՞ւ դուք կ՛ընտրէք` #BooksNotBullets-ը, իսկ աշխարհի ղեկավարներուն ալ ըսէ՛ք, որ դրամական յատկացումներ ընեն փոփոխութեան իսկական զէնքին` կրթութեան»: Եուսաֆզա նաեւ գրեց.  «Ցնցող ճշմարտութիւնը այն է, որ աշխարհի ղեկավարները ունին գումարներ լիովին հոգալու ամբողջ աշխարհի մէջ տարրական եւ միջնակարգ ուսումը, սակայն անոնք կը նախընտրեն այդ գումարները յատկացնել այլ բաներու, ինչպէս` ռազմական պիւտճէներու: Արդարեւ, եթէ ամբողջ աշխարհը միայն 8 օր դադրեցնէ ռազմական ծախսերը, մենք տակաւին կ՛ունենանք 39 միլիառ տոլար, երկրագունդի իւրաքանչիւր երեխայի որակաւոր, անվճար կրթութեան համար»:

Հոկտեմբեր 2015-ին Եուսաֆզայի կեանքի մասին «Ան զիս Մալալա անուանեց» վաւերագրական շարժապատկերը հրապարակուեցաւ, բեմադրութեամբ Տէյվիս Կուկէնհէյմի («Էն Ինքոնվինիընթ Թրութհ», «Ուէյթինկ  Ֆոր Սիւբըրմէն» շարժապատկերներու բեմադրիչ):

 

Նախորդը

Հայ Աղջիկներու Կրթութիւնը

Յաջորդը

Սիրելի Ընկերոջս

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?