Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մալալան

January 15, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մուզուն
Մուզուն

Մալալա Եուսաֆզա երբ երկու տարի առաջ ճամբորդեց Յորդանանի հետ Սուրիոյ սահման` հանդիպելու համար պատերազմէն փախչող գաղթականներու, ան լսեց աղջկան մը մասին, որուն  մարդիկ կ՛անուանեն` «Սուրիոյ Մալալան»:

Պարմանուհի Մուզուն Ալմելլեհա գաղթակայանին մէջ վրանէ-վրան կը շրջագայէր` յորդորելով ջղագրգիռ ծնողները` իրենց դուստրերը դպրոց ղրկել, ամուսնացնելու փոխարէն: Գաղթակայանին մէջ, երբ Մալալա կը զրուցէր խումբ մը աղջիկներու հետ, անոր մօտեցաւ պարմանուհի մը եւ ըսաւ. «Սքանչելի է քեզի հանդիպիլը, բայց դուն չէ, Մուզունը զիս մղած է ուսանելու»:

Պարմանուհիներ Մալալա եւ Մուզուն արագօրէն բարեկամացան, եւ երբ Մուզուն ընտանիքով փոխադրուեցաւ Անգլիա, անոնք վերամիացան Պիրմինկհամ քաղաքին մէջ: Երկու պարմանուհիներն ալ մեծցած են  պահպանողական իսլամ ընտանիքներու մէջ: Անոնց հայրերը ուսուցիչներ էին, որոնք անոնց մէջ հաստատած են ուսման հանդէպ սէրը: Պարմանուհիներուն կեանքերը ընդմիշտ փոխուած էին երկու տարբեր հակամարտութիւններու պատճառով: Այժմ անոնք աշակերտուհիներ են Անգլիոյ մէջ: Անոնց կեանքերը սկսած են փոխուիլ:

Պիրմինկհամի ընթերցասրահի մը մէջ, ուր անոնք ընտանիքներով հաւաքուած էին լրագրողներու հետ հանդիպման համար, Մալալա յայտարարեց. «Մենք կ՛ուզենք Մալալա-Մուզուն բանակ մը, ոգեւորելու պարմանուհիները, որպէսզի պաշտպանեն իրենց իրաւունքները»: Մուզուն գլխու շարժումով հաստատեց. «Մենք միշտ ուզած ենք միասնաբար աշխատիլ եւ այժմ կրնանք»:

Սուրիոյ աղջիկներու կրթութեան անոնց նախաձեռնած ծրագիրը պիտի սկսի գործել փետրուարի սկիզբը, Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք  խորհրդաժողովին ընթացքին: Մուզունի ամէնէն մեծ մտահոգութիւններէն մէկը տակաւին պարմանուհի հարսնցուներն են: Ըստ օժանդակութիւն յատկացնող գործակալութիւններուն, գաղթական պարմանուհիներու ամուսնութիւնները սկսած են ահազանգային չափերով աւելնալ` այժմ կազմելով գաղթակայաններու մէջ ամուսնութիւններու մէկ երրորդը:

«Բազմաթիւ ծնողներ իրենց կրթութեան եւ սովորութիւններուն պատճառով կը կարծեն, թէ  ամուսնացնելով իրենց դուստրերը, անոնց լաւ ապագայ մը պիտի տան: Այդպիսի ծնողներ կիսատ ձգելով իրենց աղջիկներուն ուսումը, չեն անդրադառնար, որ զանոնք պաշտպանելու լաւագոյն ձեւը ուսում ջամբելն է», կ՛ըսէ Մուզուն:

Կարելի չէ ուրանալ Մալալայի եւ Մուզունի գիտակցութիւնը, նպատակի զգացումը, հակառակ իրենց փոքր տարիքին: «Եթէ մենք կը յուսանք օր մը նոր Սուրիա կառուցել, ատիկա չենք կրնար ընել, եթէ 2 միլիոն գաղթական երեխաները ամբողջութեամբ զրկուին կրթութենէ», կը բացատրէ Մալալա:

Իրենց միտքերուն մէջ կայ այլ նախաձեռնութիւն մը եւս:

«Մենք կը յուսանք ընթացք տալ նոր նախաձեռնութեան մը, որ 2016 թուականը պիտի նշանաւորէ իբրեւ պատերազմի աւարտի եւ խաղաղութեան հաստատման տարի», կը նշէ  Մալալա:

«Մենք պէտք է դրական ըլլանք եւ յոյս ունենանք, որ իմ երկիրս պատերազմէ զերծ պիտի ըլլայ», կ՛աւելցնէ Մուզուն:

Սուրիան պատուհասող պատերազմը այս տարի դադրեցնելը փորձաքար մը պիտի ըլլայ աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ առաջնորդներուն եւ ամէնէն փորձառու դիւանագէտներուն համար:

Բայց մինչ այդ, աղջիկներու կրթութեան արշաւին մասնակից երկու պարմանուհիները բաւական աշխատանք ունին ընելիք, ներառեալ` իրենց դասերն ու տնային պարտականութիւնները:

«Այս տարի ի՞նչ դասընթացքներու պիտի հետեւիս»,  Մալալա հարցուց Մուզունի, երբ անոնք ընթերցասրահին մէկ անկիւնը սկսան առանձին զրուցել: Ասիկա սկիզբն է իրենց նոր զրոյցին, որուն մէկ մասը աշխարհի մէջ պիտի լսուի:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (15 Յունուար 1966)

Յաջորդը

Հայ Աղջիկներու Կրթութիւնը

RelatedPosts

Թուրքիոյ Մէջ Կը Մերժեն Փողոցը Անուանակոչել Հայ Բժիշկին Անունով
Մշակութային եւ Այլազան

Թուրքիոյ Մէջ Կը Մերժեն Փողոցը Անուանակոչել Հայ Բժիշկին Անունով

November 28, 2025
Greatbritain News-ը` Սամուէլ Կարապետեանի Բանտարկութեան Եւ Եկեղեցւոյ Դէմ Յարձակումներու Մասին
Մշակութային եւ Այլազան

Greatbritain News-ը` Սամուէլ Կարապետեանի Բանտարկութեան Եւ Եկեղեցւոյ Դէմ Յարձակումներու Մասին

November 21, 2025
Պատմութեան Մէջ Քանդիչ Դաւաճանութիւններ
Մշակութային եւ Այլազան

Պատմութեան Մէջ Քանդիչ Դաւաճանութիւններ

November 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.