ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արեւմտեան Պէյրութի մէջ կռիւները անպակաս էին հակամարտ խմբակցութիւններուն միջեւ: 1985 ապրիլին Ամալ, ընկերվարական յառաջդիմականները եւ համայնավարները միանալով յարձակման անցան մուրապիթուններուն դէմ եւ յաջողեցան հաշուեյարդարի ենթարկել անոնց կռուող ուժերը:
Այնուհետեւ սկսաւ գաղթակայաններու պատերազմը` Ամալի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ: Ամալի միացաւ նաեւ մեծամասնութեամբ շիիներէ բաղկացած լիբանանեան բանակի վեցերորդ զօրագունդը, որ կը գտնուէր զօրավար Ապտէլ Հալիմ Քանժի հրամանատարութեան տակ: Կռիւները մերթ սաստկացան, մերթ մեղմացան եւ Սապրա, Շաթիլա ու Պըրճ Պարաժնէ գաղթակայանները մեծ մասամբ աւերուեցան:
«Լիբանանեան ուժեր»-ու հակակշիռին ենթակայ արեւելեան շրջաններուն մէջ եւս ներքին հակամարտութիւնները սրեցան: «Լիբանանեան ուժեր»-ը սկիզբը կազմուած էին 1976 յունուարին, շէյխ Փիեռ Ժըմայէլի եւ Քամիլ Շամունի կողմէ, իբրեւ քրիստոնէական ուժերու համախմբում, ուր գերիշխողը փաղանգաւորներն էին: 1980 յուլիսին շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ հաշուեյարդարի ենթարկած էր ազատական ուժերը եւ քրիստոնէական բոլոր ուժերը միաւորած էր «Լիբանանեան ուժեր»-ու հրամանատարութեան մէջ: Պեշիրի նախագահ ընտրութենէն ետք, եւ անոր սպանութենէն մէկ օր առաջ, 13 սեպտեմբեր 1982-ին Ֆատի Ֆրեմ փոխարինեց շէյխ Պեշիրը իբրեւ «Լիբանանեան ուժեր»-ու հրամանատար: Նախագահ շէյխ Ամին Ժըմայէլի ճնշումին վրայ Ֆատի Ֆրեմ 1984-ին հրաժարեցաւ եւ շէյխ Ամինի քրոջ` Քլոտի որդին` Ֆուատ Ապու Նատէր դարձաւ «Լիբանանեան ուժեր»-ու հրամանատար:
Էլի Հպէյքա, Սամիր Ժահժահ եւ Քարիմ Բագրատունի միանալով 1985 մարտին ինթիֆատա բարձրացուցին Ֆուատ Ապու Նատէրի դէմ, որմէ ետք Էլի Հպէյքա դարձաւ «Լիբանանեան ուժեր»-ու հրամանատար: 1985 դեկտեմբեր 29-ին Դամասկոսի մէջ եռակողմանի համաձայնութիւն մը կնքուեցաւ Էլի Հպէյքայի, Նեպիհ Պըրրիի եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ: Այնուհետեւ, Հպէյքայի եւ Ժահժահի միջեւ յարաբերութիւնները սրեցան: Ժահժահ 1986 յունուարին Հպէյքան հեռացուց եւ ստանձնեց «Լիբանանեան ուժեր»-ու հրամանատարութիւնը:
* * *
Կիրակի, 1 փետրուար 1987-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նշան Փալանճեան ճեմարանին մօտ, տուն վերադարձի ճամբուն վրայ արագ ոճրափորձի ենթարկուեցաւ Դրօ Գալայճեան:
Դիմացէն սուրացող անծանօթ ինքնաշարժ մը գնացիրով կրակ բացաւ անոր վրայ, ապա ինքնաշարժը փախուստ տուաւ անյայտ ուղղութեամբ:
Դրօ Գալայճեան, որ երեք վէրք ստացած էր, անմիջապէս Ամերիկեան հիւանդանոց փոխադրուեցաւ:
* * *
Կիրակի, 15 փետրուար 1987-ին արեւմտեան Պէյրութի Ուաթ-Ուաթ թաղին մէջ ծայր առին բախումներ, որոնք իրարու հակադրեցին մէկ կողմէ` Ամալի հետեւորդները եւ միւս կողմէ` համայնավար եւ ընկերվարական յառաջդիմական կուսակցութեանց զինեալները: Բախումները Ուաթ Ուաթէն տարածուեցան դէպի Զարիֆ եւ Սանայա:
Երկուշաբթի, փետրուար 16-ի երեկոյեան կռիւները արձագանգ գտան Թարիք Ժըտիտէի, Քոլայի, Ապու Շաքէր եւ Քոմոտոր-Սատաթ շրջաններուն մէջ: Կէս գիշերին, բախումները սաստկացան, իսկ երեքշաբթի, փետրուար 17-ի արեւածագէն ետք վարակեցին արեւմտեան Պէյրութի գրեթէ բոլոր թաղամասերը:
Ամէնէն սաստիկ եւ քանդիչ կռիւներուն դաշտերն էին Մըր աշտարակի եւ Սփիրսի շրջանը, Ուաթ Ուաթը եւ Զարիֆը, Քարաքոլ Տրուզը, Պարպուրը, Թարիք Ժըտիտէի եւ Արաբական համալսարանի շրջանը, Համրան եւ անոր կողմնակի փողոցները, Ռաս Պէյրութը, մինչեւ Քարլթոն ու Ինթըրքոնթինենթըլ պանդոկներու շրջանը, Թալլէթ Խայաթն ու Այն Մըրէյսին:
Բազմաթիւ բնակարաններ, վաճառատուներ եւ հաստատութիւններ հրոյ ճարակ դարձան կամ ամբողջութեամբ ու կիսովին քանդուեցան: Տեղի ունեցաւ նաեւ լայնածաւալ կողոպուտ: Վնասուած հաստատութիւններու շարքին էին Արա Երեւանեան ակումբը, «Բագին» ամսագիրի պահեստանոցը, Ալեք Մանուկեան կեդրոնը, իսկ կողոպուտի արարքներու զոհ գացին «Ազդակ»-ի տպարանը, Հայ աւետարանական քոլեճն ու Ա. եկեղեցին:
Բախումները շարունակուեցան մինչեւ շաբաթ, 21 փետրուարի գիշերը, խլելով բազմահարիւր զոհեր եւ վիրաւորներ:
Շաբաթ, 21 փետրուարէն կիրակի, 22 փետրուար լուսցող գիշերը սուրիական բանակէն 4 հազար զինուորներ, աւելի քան հարիւր հրասայլեր, զրահապատներ եւ զինուորական այլ կազմածներ Տահր Պայտար-Մտէյրէժ շրջանէն շարժեցան դէպի Պէյրութ: Կիրակի, փետրուար 22-ի առաւօտուն այդ ուժերը հասան Խալտէ, ուրկէ սկսաւ անոնց տարածումը դէպի հիւսիս: Առաջին հերթին, այդ ուժերէն մաս մը ուղղուեցաւ Ուզահի եւ օդակայանի շրջանը, իսկ երկրորդ թեւ մը հասաւ Պէյրութի հարաւային շրջանը, տարածուելու համար Թարիք Ժըտիտէի եւ Արաբական համալսարանի շրջանին մէջ:
Այնուհետեւ, այդ ուժերը հանգրուան առ հանգրուան տարածուեցան շրջանի բոլոր թաղամասերէն ներս, մինչեւ սահմանագիծ եւ հարաւային արուարձաններ:
Միւս կողմէ, բանակի վեցերորդ զօրաբաժինէն եւ ներքին ապահովութեան ուժերէն միաւորներ տարածուեցան Պէյրութի սահմանագիծին արեւմտեան կողմին վրայ, Թանգարանէն եւ Ռաս Նապաայի շրջանէն մինչեւ Պշարա Խուրի եւ Հաժ Տաուտ երկարող շրջանին մէջ:
* * *
Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ երկուշաբթի, 1 յունիս 1987-ին զոհ գնաց ռմբային ոճիրի մը, այն պահուն, երբ Ֆիթրի տօնի արձակուրդէն ետք, Թրիփոլիէն Պէյրութ կը վերադառնար ուղղաթիռով, ընկերակցութեամբ` ներքին գործոց նախարար Ապտալլա Ռասիի եւ զինուորական ու քաղաքային պաշտօնատարներու:
Փոքր ական մը պահուած էր ուղղաթիռին մէջ, Քարամէի աթոռին տակ: Պայթումը խլեց վարչապետին կեանքը, ինչպէս նաեւ վիրաւորեց օդանաւորդն ու Ռասին: Օգնական օդանաւորդը մեծ դժուարութեամբ յաջողեցաւ ուղղաթիռը հասցնել Հալաթի զինուորական օդակայանը, ուրկէ վարչապետին մարմինն ու վիրաւորները Ժիպէյլի Սէն Մարթէն հիւանդանոցը փոխադրուեցան:
Ռաշիտ Քարամէ զաւակն էր Լիբանանի անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչներէն Ապտէլ Համիտ Քարամէի: Ծնած էր Թրիփոլիի մօտակայ Միրիաթա գիւղը, 1921-ին: Քաղաքական ասպարէզ մուտք գործած էր 1951-ին, իբրեւ Թրիփոլիի երեսփոխան եւ վերընտրուած էր բոլոր հանգրուաններուն: 1951-ին առաջին անգամ նշանակուած էր վարչապետ, եւ այնուհետեւ ութ անգամ վարած էր վարչապետի պաշտօնը:
Քարամէի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, յունիս 3-ին, Թրիփոլիի մէջ, պաշտօնական եւ ժողովրդային հսկայական թափօրով մը, որ կազմուած էր շուրջ 300 հազար սգաւորներէ: Եօթնօրեայ սուգի զգացումը արտայայտութիւն գտաւ ընդհանուր գործադուլով եւ դասադուլով, որ աննախընթաց տարողութիւն ստացաւ:
***
Նախկին նախագահ Քամիլ Շամուն մահացաւ ուրբաթ, 7 օգոստոս 1987-ին: Անոր քաղաքական գործունէութիւնը կ՛երկարէր աւելի քան 50 տարիներու վրայ եւ իբրեւ նախագահ, երեսփոխան, նախարար եւ քաղաքական ճակատներու տիրական ղեկավար անառարկելի բաժին ունեցած էր Լիբանանի պատմութեան ու դիմագիծի կերտումին մէջ:
Քամիլ Շամուն ծնած էր Տէյր Քամար, 1900-ին: Իրաւաբանութեան վկայական ստացած էր 1923-ին: Առաջին անգամ երեսփոխան ընտրուած է 1934-ին, իսկ նախարարական առաջին պաշտօնը ստանձնած էր 1938-ին: 1952-էն 1958 եղած ր հանրապետութեան նախագահ: Ան նախագահն էր Լիբանանեան ճակատին:
Շամունի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, օգոստոս 9-ին: Անթիլիասի Մար Իլիաս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութենէն ետք մարմինը փոխադրուեցաւ Տէյր Քամար, ուր եկեղեցական արարողութիւն տեղի ունեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
***
Նախագահ շէյխ Ամին Ժըմայէլի պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտէր 23 սեպտեմբեր 1988-ին, եւ ան աշխատանք կը տանէր վերընտրուելու համար:
Իր պաշտօնավարութեան լրումի նախօրակին, 21 սեպտեմբերին Ժըմայէլ Դամասկոս այցելեց եւ չորսուկէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատի հետ: Լիբանան վերադարձէն ետք ան տեսակցութիւն ունեցաւ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին եւ երեսփոխաններու հետ:
Յաջորդ օր, հինգշաբթի, 22 սեպտեմբերի գիշերը, իշխանութեան իր ժամանակաշրջանի լրումէն 10 վայրկեան առաջ, նախագահ Ամին Ժըմայէլ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Միշէլ Աունը վարչապետ նշանակեց, իսկ զինուորական գերագոյն խորհուրդի անդամներով կազմեց փոխանցման կառավարութիւն մը:
Այսպիսով, հանրապետութեան նախագահի պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտէր առանց յաջորդի մը ընտրութեան:
Իսլամական յարանուանութեանց պետերը, ինչպէս նաեւ` «արեւմտեան» շրջանակները բացարձակապէս դէմ էին նման քայլի մը: Համայնքապետերու հաղորդագրութիւնը Ժըմայէլը զգուշացուցած էր Ազգային ուխտի խզման որեւէ քայլէ: Ըստ սահմանադրութեան, նախագահի բացակայութեան որեւէ պարագայի, անոր իրաւասութիւնները կը փոխանցուին կառավարութեան, որուն պետը, ըստ Ազգային ուխտին սիւննի է, մինչդեռ փոխանցման կառավարութեան պետը այսպիսով կ՛ըլլար մարոնի մը:
Փոխանցման կառավարութեան կազմութենէն ետք Սելիմ Հըս յայտնեց, որ ինք առաջարկած էր վերականգնել իր հրաժարեալ կառավարութիւնը, անոր կազմէն ներս առնելով նոր անդամներ:
Այսպիսով Լիբանան մնաց առանց նախագահի եւ երկու կառավարութիւններով: Արեւելեան շրջաններուն մէջ` զօրավար Միշէլ Աունի զինուորական կառավարութիւնը, իսկ արեւմտեան Պէյրութի մէջ` Սելիմ Հըսի քաղաքային կառավարութիւնը:
***
Զօրավար Միշէլ Անուն, օրինական պետութեան հեղինակութիւնը ամրապնդելու առաջադրանքով, եւ մերժելով բանակին եւ միլիսներուն միջեւ հաւասարութիւն տեսնելու մօտեցումը, զէնքերը ուղղեց «Լիբանանեան ուժեր»-ուն դէմ:
Ուրբաթ, 10 փետրուար 1989-ին, Ժըտէյտէի եւ Ֆանարի շրջաններուն մէջ, բանակին եւ «Լիբանանեան ուժեր»-ուն միջեւ տեղի ունեցան զինեալ միջադէպեր, որոնք լարուած վիճակ ստեղծեցին «արեւելեան» գօտիի բազմաթիւ թաղամասերու մէջ, Այն Ռըմմանիէն մինչեւ Սին էլ Ֆիլ, Քարանթինա եւ Ժըտէյտէ:
Երեքշաբթի, 14 փետրուարի յետմիջօրէին զինեալ տարրեր դիրք գրաւեցին Մոնթէ Վերտիի շրջանին մէջ գտնուող բանակային դիրքի մը մօտակայ շէնքի մը վրայ: Բանակի ոստիկանութենէն ուժեր միջամտեցին ու ձերբակալեցին զինեալները: Կարճ ատեն մը ետք, Մանսուրիէ – Պէյթ Մերի ճամբուն վրայ բանակայիններ ինկան զինեալներու մէկ թակարդը եւ զոհեր ու վիրաւորներ տուին: Միաժամանակ, բանակային դիրքեր թիրախ դարձան զինեալ յարձակումներու, պաշարուեցան եւ զանոնք գրաւելու փորձեր կատարուեցան:
Գիշերը, Արդարութեան պալատին մօտ բանակային դիրքերը զինեալ յարձակումի ենթարկուեցան:
Աւելի ուշ, Լեռնալիբանանի ճակատին վրայ, Սուք էլ Ղարպի, Պտատունի եւ Հումալի մէջ, բանակային դիրքերը ռմբակոծուեցան եւ այդ շրջանի բանակային ուժերու օգտագործման ճամբաները կտրուեցան:
Իր կարգին, բանակը Քֆար Շիմայի ճակատին վրայ ռմբակոծեց «Լիբանանեան ուժեր»-ու դիրքերը: Իսկ Հատէթի եւ Հազմիէի մէջ բանակային ուժեր յարձակում գործեցին փաղանգաւորներու կեդրոններուն վրայ: Բանակային ուժեր նաեւ փորձեցին Աուքարէն եւ Ռապիէէն` զօրավար Աունի բնակարանին շրջանէն ծովեզերք իջնել: Բախումներ արձանագրուեցան նաեւ Ժսըր Պաշայի, Սին էլ Ֆիլի եւ Ժըտէյտէի մէջ:
Միւս կողմէ, բանակի ոստիկան ուժերէն տարրեր, երկու զրահապատներով մուտք գործեցին «Լը նուվօ ռեվէյ» թերթի Սին էլ Ֆիլի խմբագրատունը, իրենց հետ տարին երկու խմբագիր եւ արգիլեցին թերթին լոյս ընծայումը:
Չորեքշաբթի, փետրուար 15-ին բախումները սաստկացան: Ամէնէն սաստիկ ճակատումներու դաշտերը եղան Մեթնի հարաւային գօտին եւ Նահր Մոթ, Անթիլիաս, Աուքար եւ Տըպպայա առանցքները, նաեւ` Սին էլ Ֆիլի շրջանը, ուր կային երկու գլխաւոր ճակատներ, առաջինը` Մքալլէս-Հայէք բոլորակ-Սալոմէ, իսկ երկրորդը` Թանգարան-ելեւմուտքի նախարարութիւն-Սին էլ Ֆիլի կայարան գիծերը:
Բախումները տարածուեցան մինչեւ Քֆար Շիմա, Հատէթ, Հազմիէ, Պուլվար Քամիլ Շամուն, Թահուիթա, Այն Ռըմմանէ եւ Ֆըրն Շըպպէք: Բանակային ուժեր այդ գօտին ամբողջութեամբ իրենց հակակշիռին տակ առին:
Լեռնային շրջաններուն մէջ, Մքալլէսէն Պրումմանա եւ Պաապտա երկարող գիծը կը գտնուէր բանակի հակակշիռին տակ:
Բանակային ուժեր փորձեցին Նահր Մոթի, Ֆաուար Անթիլիասի, Ռապիէի, Աուքարի եւ Տըպպայայի առանցքներէն հասնիլ ծովեզերեայ մայրուղին, սակայն «Լիբանանեան ուժեր»-ը ետ մղեցին այդ յարձակումները: Ծովեզերեայ գիծը, Քարանթինայէն մինչեւ Ժունիէ եւ Ժիպէյլ, կը մնար «Լիբանանեան ուժեր»-ու հակակշիռին տակ:
Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարք հաղորդակցութեան մէջ մտաւ զօրավար Միշէլ Աունի եւ Սամիր Ժահժահի հետ եւ անոնցէ զինադուլի խոստում ստացաւ, որմէ ետք երեկոյեան զինադուլի համաձայնութիւն մը գոյացաւ:
Հինգշաբթի, փետրուար 16-ի կէսօրին բախումները վերսկսան: Բախումներու եւ ռմբակոծումներու դաշտերը կը մնային Այն Ռըմմանէն, Ֆըրն Շըպպէքը, Քամիլ Շամուն մայրուղին, Հատէթը, Հայէք-Սալոմէ առանցքը, Անթիլիաս-Ռապիէ-Աուքար եռանկիւնը, իսկ աւելի հիւսիս` Ատմայի խարիսխին շրջանը:
Երեկոյեան, դարձեալ Պքերքէի նախաձեռնութեամբ զինադուլ հաստատուեցաւ:
Մինչ այդ, բանակը ամբողջական կերպով հակակշիռ հաստատած էր արեւելեան գօտիի չորս անցքերէն երեքին` Թանգարանի, Մոնթէ Վերտիի եւ Այն Տըլպի (Պիքֆայա) անցքերուն վրայ եւ անոնցմէ հեռացուցած ապօրինի տուրքեր գանձող զինեալներուն անցարգելները:
«Լիբանանեան ուժեր»-ը իրենց զինեալներն ու զինական կազմածները հեռացուցին Մքալլէսէն, Սալոմէէն, Նահր Մոթէն, Անթիլիասէն, Ռապիէէն, Աուքարէն եւ Տըպպայայէն:
Բանակային միաւորներ եւս վերադասաւորեցին իրենց դիրքերը:
Զօրավար Աուն օրին «Լիբանանեան ուժեր»-ը ամբաստանեց ըսելով, որ անոնք կը ծրագրէին «երկրորդ Էհտէն մը» կազմակերպել իր ընտանիքին դէմ, Ռապիէի մէջ: Ան աւելցուց, որ «Լիբանանեան ուժեր»-ը ապօրինի տուրքեր գանձելով, արտաքին օժանդակութիւններով, թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ, անբարոյ վայրերու շահագործումով եւ բնակարանային գործողութեանց արձանագրութիւններէն շահաբաժին ապահովելով հսկայական շահեր կ՛ապահովէին, ընկերային բարօրութիւն եւ դիմադրութիւն ընելու անուան տակ:
Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի նախաձեռնութեամբ յանձնախումբ մը կազմուած էր լիբանանեան տագնապի լուծման ենթահողը պատրաստելու առաջադրանքով: Բանակցութիւնները, քանի մը հանգրուանով, տեղի ունեցան Քուէյթի մէջ: Համայնքային դրութեան ջնջումը եղաւ բանակցութեանց գլխաւոր առանցքը: