ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Նախագահ շէյխ Ամին Ժըմայէլի իշխանութեան շրջանի առաջին դահլիճը կազմուեցաւ Շաֆիք Ուազզանի վարչապետութեամբ, 7 հոկտեմբեր 1982-ին:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը, բազմազգեան ուժերուն ընկերակցութեամբ, ձեռնարկեց ապահովութեան միջոցառումներու, գխաւորաբար Պէյրութի արեւմտեան արուարձաններուն` Ռուէյսի, Հայ Սըլլոմի եւ Պուրճ Պարաժնէի մէջ: Ձերբակալուեցան մեծաթիւ օրինազանցներ, գլխաւորաբար` օտարահպատակներ: Գրաւուեցան զէնք, զինամթերք եւ հաղորդակցութեան յատուկ զանազան կազմածներ:
Բանակային ուժերու հետապնդումներուն եւ խուզարկութիւններուն յաջորդ դաշտն էին Սապրա եւ Շաթիլա գաղթակայանները, Թարիք Ժըտիտէն, Մազրաայի քոռնիշին կարգ մը թաղամասերը, Պիր Հասանի շրջանը, Քասքասն ու Թայունէն: Գրաւուեցաւ մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք:
Միւս կողմէ, բազմաթիւ քիլոմեթր երկարութեամբ փապուղիներու խորհրդաւոր ցանց մը գտնուեցաւ: Ցանցը իրարու կը միացնէր հարաւային Պէյրութի պաղեստինեան գաղթակայանները:
Ցանցին մուտքերէն մէկը կը սկսէր Շաթիլա գաղթակայանէն, քանի մը մեթր անդին այն փողոցներէն` ուր տեղի ունեցան սեպտեմբեր 16-17-ի ջարդերը:
Այդ մուտքը կը գտնուէր Մարզական աւանէն հարիւր մեթր անդին, բաց դաշտի մը մէջ: Անիկա դարպասի մը մեծութիւնը ունէր, ուրկէ դիւրաւ կրնար անցնիլ միջակ բեռնակառք մը: Երկաթէ դուռ մը կը գոցէր այդ մուտքը: Փականքը փոխարինուած էր երկաթէ հաստ թելով մը: Մուտքը պաշտպանուած էր աւազով լեցուն երկաթէ տակառներով:
Զառիվարը այնքան ցից էր, որ շուտով կարելի էր հասնիլ չորս մեթր խորութեան մը: Յիսուն մեթր անդին կը գտնուէր քառուղի մը: Ձախ կողմը խոշոր սրահ մը կը բացուէր, ուր շարուած էին փլասթիքէ անկողիններ: Այդ սրահին մէջ ֆետայիներ եւ գաղթակայաններու բնակիչները կը պատսպարուէին իսրայէլեան օդանաւերու ռմբակոծումներէն: Սրահին ճիշդ դէմը կը բացուէր փապուղի մը, ուրկէ կը սկսէր ստորերկրեայ քաղաքը, որուն շինութիւնը սկսած էր 1975-ին: Գետինը, կողմերը եւ առաստաղը պեթոնէ շինուած էին:
Առաջին մասը ունէր երկու մեթր բարձրութիւն եւ երկու հարիւր մեթր երկայնք: Անոր լայնքը երեք մեթր էր: Ամէն քսան մեթրի վրայ շինուած էր պատ մը, որ գոցէր անցքին կէս լայնքը:
Հոն խաւարը կատարեալ էր: Այդ առաջին երկու հարիւր մեթրի վերջաւորութեան կար ուրիշ քառուղի մը, որուն աջ եւ ձախ կողմերը կը բացուէին մէկական խոշոր սրահ: Իւրաքանչիւրի առաստաղին մէջ բացուած էր կլոր ծակ մը, որ կը շարունակուէր խողովակով մը: Այդ խողովակները օդ կը հայթայթէին սրահներուն:
Այդ երկու սրահները մթերանոցներ էին: Հաստ տախտակներու վրայ շարուած էին սնտուկներ, որոնք կը պարունակէին հակահրասայլային կազմածներ: Տասը մեթր անդին կը սկսէր առաջին ելքը, որ կը բացուէր գաղթակայանին բնակարաններէն մէկուն մէջ: Տան բակին մէջ, սնտուկի մը տակ կար օդ հայթայթող խողովակներէն մէկուն ծայրը:
Ստորերկրեայ քաղաքին այդ ամբողջ մասը խճողուած էր ռումբերով եւ քաթիուշա հրթիռներով լեցուն սնտուկներով:
Փապուղիին մէկ մասն ալ կը ծառայէր արագ երթեւեկի` քաղաքին մէկ թաղամասէն միւսը: Նեղ փապուղիին ծայրը կար Պուրճ Պարաժնէի գաղթակայանը:
***
Իսրայէլեան գրաւումէն ետք, «Լիբանանեան ուժեր»-ու միլիսներ թափանցեցին Ալէյի եւ Շուֆի գիւղերը, որմէ ետք, հոկտեմբերի սկիզբը, անոնց եւ ընկերվարական յառաջդիմական տիւրզի զինեալներուն միջեւ բախումներ սկսան:
Ալէյի մօտակայ Քֆար Մաթթա, Ապէյ, Տագգուն եւ Պահորթա գիւղերուն մէջ բախումները հոկտեմբեր 13-ին սաստկացան: Այնուհետեւ, Ալէյ-Սուք էլ Ղարպ-Քֆար Մաթթա գօտին ռազմաճակատ դարձաւ:
Բանակային միաւորներ ուղարկուեցան կռիւներու թատերաբեմ դարձած շրջաններ, սակայն Քֆար Մաթթա-Ապէյ շրջանին մէջ իրենց դիրքերը ամրապնդող բանակային ուժերը յարձակման ենթարկուեցան տիւրզի զինեալներու կողմէ:
Յաջորդող օրերուն բախումներ սկսան Պհամտունի եւ Պաալ Շմէյի շրջաններուն մէջ:
Նոյեմբերի սկիզբը լարուածութեան գօտին փոխադրուեցաւ դէպի Շուֆի կարգ մը գիւղերը, յատկապէս` Պրիհ, Այն Զհալթա, Քֆար Նապրախ, Շուրիթ եւ Ռըշմայա: Իսրայէլեան զօրաբաժին մը մուտք գործեց Քֆար Նապրախ եւ հետապնդումներ ու ձերբակալութիւններ կատարեց: Իսրայէլեան ուժեր նաեւ արգելք հանդիսացան լիբանանեան բանակային ուժերու Քֆար Մաթթայի եւ Ապէյի դիրքերու ամրապնդման:
Լեռնալիբանանի կռիւներուն հետ միաժամանակ բուռն բախումներ ծայր առին Թրիփոլիի մէջ:
Միւս կողմէ, բանակը դիրքեր հաստատեց նաեւ Պէյրութի արեւելեան գօտիէն եւ արուարձաններէն ներս:
Նոյն օրերուն, ներքին ապահովութեան ուժերը Ռաուշէի, Սանայայի եւ Պասթայի շրջաններուն մէջ կառուցուած ապօրինի կրպակներու` «պասթա»-ներու քանդումին ձեռնարկեցին:
Նոյեմբեր 11-ին, Սուրի իսրայէլեան զինուորական կառավարիչին կեդրոնը թիրախ դարձաւ ռմբային խափանարարութեան:
Շաբաթ, նոյեմբեր 27-ին, Պուրճ Համուտի մէջ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, երբ ելեկտրականութեան հոսանքը ընդհատուած ըլլալով ամբողջ շրջանը մութի մէջ էր, Սարդարապատի շրջանէն պատասխանատու խմբապետ Խաչիկ Պասմաճեան (ծնած` 1935-ին), երեկոյեան ժամը 6:00-ին, իր տան առջեւ ահաբեկումի ենթարկուեցաւ եւ մահացաւ իր ստացած վէրքերուն պատճառով:
Դեկտեմբեր 1-ին, Քանթարի փողոցի վրայ Ուալիտ Ժոմպլաթ մահափորձէ մը փրկուեցաւ: Յաջորդող օրերուն, Լեռնալիբանանի մէջ բախումները սաստկացան: Ծայր առին առեւանգումներ: Շուէյֆաթ-Խալտէ-Արամուն գօտին դարձաւ ռազմաճակատ:
***
Կուսակցական գործիչ եւ մարտական պատասխանատու Աբօ Աշճեան չորեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 1982-ի առաւօտ կանուխ, Էշրեֆիէի իր բնակարանէն Պուրճ Համուտ գտնուող գործատեղին ուղղուելու պահուն առեւանգուեցաւ անծանօթներու կողմէ: Դէպքէն ետք, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն ձեռնարկեց փնտռտուքներու եւ երեսփոխանական պլոքին հետ գործակցաբար, անհրաժեշտ դիմումները կատարեց, ապահովելով պետական իշխանութեանց եւ քաղաքական պատասխանատու այլ շրջանակներու գործակցութիւնը:
Դեկտեմբեր 30-ի կանուխ առաւօտուն գտնուեցաւ Աշճեանի ինքնաշարժը: Հայկական երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն միջեւ խորհրդակցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ եւ հրապարակուեցաւ կոչ մը, ուր կ՛ըսուէր, որ հարուածը ուղղուած էր բովանդակ հայութեան դէմ եւ առ այդ զայն պէտք էր դիմագրաւել միահամուռ եւ միասնական կեցուածքով:
Հայ ազգային երեք կուսակցութիւններուն հրապարակած հաղորդագրութիւնը, մամուլով եւ թղթիկներով, լոյս տեսաւ դեկտեմբեր 31-ին: Հաղորդագրութիւնը կոչ կ՛ուղղէր հայահոծ թաղերու ժողովուրդին երկու ժամուան խորհրդանշական գործադուլով փակելու բոլոր հաստատութիւնները:
Իր կարգին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Արամ եպս. Քէշիշեան կոչ ուղղեց հայ վարժարաններուն փակ պահելու իրենց դռները:
ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն հայկական հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները հրաւիրեց ցնոր տնօրինութիւն առկախելու հրապարակային ձեռնարկները:
Տեղեկատուութեան նախարար Ռոժէ Շիխանի, երեսփոխան Միշէլ Սասին, Արամ եպս. Քէշիշեան եւ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Անդրէաս եպս. Պետողլեան 2 յունուար 1983-ին Սարդարապատ ակումբ այցելեցին եւ դատապարտեցին Աբօ Աշճեանի առեւանգման արարքը:
Հայ երեք կուսակցութիւնները կոչ մը հրապարակելով հրաւիրեցին ժողովուրդը ընդհանուր գործադուլով մը փակել բոլոր հաստատութիւնները եւ ներկայ գտնուիլ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակը տեղի ունենալիք ժողովրդային հաւաքին:
Հաւաքը տեղի ունեցաւ 3 յունուարին, կէսօրուան ժամը 11:00-էն 12:00: Հակառակ տեղացող անձրեւին` շուրջ տասը հազար հայեր հրապարակին վրայ արտայայտեցին իրենց ընդվզումը: Ժողովրդային նմանօրինակ հաւաք մը տեղի ունեցաւ նաեւ Այնճարի մէջ:
Հայկական երեսփոխանական պլոքը այցելեց նախագահ շէյխ Ամին Ժըմայէլի, Քամիլ Շամունի եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Զահի Պուսթանիի: Իսկ փաղանգաւոր կուսակցապետ շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ հաղորդակցութեան մէջ մտան ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին հետ եւ դատապարտեց ոճրային արարքը:
Յունուար 4-ին Արա Երեւանեան ակումբ այցելեց նախկին վարչապետ Ռաշիտ Սոլհ եւ դատապարտեց ոճրային արարքը:
Առաջնորդ Արամ եպիսկոպոս Քէշիշեանի հրահանգով Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով տեղի ունենալիք բոլոր հրապարակային ձեռնարկները եւ պաշտօնական շնորհաւորութիւնները ջնջուեցան:
Յունուար 5-ին երեսփոխան մեթր Խաչիկ Պապիկեան տեսակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Շաֆիք Ուազզանի հետ, խորհրդակցելով ոճրային արարքէն ետք տարուած աշխատանքներուն շուրջ: Միւս կողմէ, Կեդրոնական կոմիտէին այցելեցին նախկին վարչապետ Թաքիէտտին Սոլհ, երեսփոխան Օսման Տանա եւ Ռեմոն Էտտէի ներկայացուցիչ տոքթոր Էմիլ Սալհապ:
Յունուար 7-ին, Կեդրոնական կոմիտէն տեսակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօրավար Եուսէֆ Թաննուսի հետ, իսկ հայկական երեսփոխանական պլոքը` շէյխ Փիեռ Ժըմայէլի եւ Ֆրանսայի ու Միացեալ Նահանգներու դեսպաններուն հետ:
Յունուար 10-ին, հայկական երեսփոխանական պլոքը տեսակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ շէյխ Ամին Ժըմայէլի հետ:
«Ազդակ», 12 յունուար 1983-ի թիւով եւ «Հեղինակը եւ նպատակը» խորագիրով խմբագրականով կ՛ըսէր, որ բոլոր փնտռտուքները, բոլոր քննութիւններն ու նշանները ցոյց կու տան, որ դաւին հեղինակը թուրքն է, թուրք պետական իշխանութիւններն են, իրենց գաղտնի սպասարկութեանց միջոցներով:
Յունուար 13-ին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան մամուլին եւ միջազգային լրատու գործակալութիւններուն յղուած հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ամբաստանեց թուրք կառավարութիւնը:
Յունուար 18-ին համաժողովրդային մեծ միթինկ մը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ:
***
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոս վախճանեցաւ չորեքշաբթի, 9 փետրուար 1983-ի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի վեհարանի իր առանձնասենեակին մէջ, սրտի կաթուածի հետեւանքով:
Վախճանեալ վեհափառին մարմինը փետրուար 14-ին ամերիկեան հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Սուրբ Նշան մայր եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ աջահամբոյր:
Ապա յուղարկաւորներու ինքնաշարժներու թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մար Մըխայէլ: Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ, յուղարկաւորները զինուորական պատիւներով դիմաւորուեցան «Լիբանանեան ուժեր»-ու ջոկատի մը կողմէ:
Յուղարկաւորներու թափօրը հետիոտն Մար Մըխայէլէն ճամբայ ելաւ դէպի Պուրճ Համուտ: Մայր պողոտան արդէն փակուած էր ինքնաշարժներու երթեւեկին դիմաց. բազմահազար հայեր կանգնած էին ճամբեզրին: Հայկական վարժարաններու աշակերտներ, երկաթէ կամուրջէն մինչեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակը` կանգնած էին ճամբուն երկու կողմերուն, կազմելով շղթայ մը:
Վախճանեալ հայրապետին ուսամբարձ դագաղին առջեւէն կը քալէին Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Կիլիկիոյ միաբանութեան հայրեր, քահանայից դասը, դպրեվանքի սաները, եկեղեցիներու դպրաց դասերը, ծաղկեպսակ կրող աշակերտներ եւ սկաուտներ, ՀՄԸՄ-ի նուագախումբը, աշակերտներ եւ ներքին ապահովութեան ուժեր, իսկ դագաղին կը հետեւէին հայ երեսփոխաններ, ազգային իշխանութեանց եւ մարմիններու պատասխանատու անդամներ, կուսակցական մարմիններու եւ հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներ: Պաշտօնական անձնաւորութեանց այս խումբը կը գլխաւորէր ժողովրդային թափօրը:
Մար Մըխայէլէն մինչեւ Պուրճ Համուտ եւ Տորա, թափօրը հետզհետէ ստուարացաւ եւ ծաւալեցաւ, երբ անոր միացաւ ճամբեզրին կանգնած սգակիր ժողովուրդին կարեւոր մէկ համեմատութիւնը:
Մօտաւորապէս երեք ժամ երթէն ետք, թափօրը հասաւ մայրավանք, ուր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ աջահամբոյր:
Վախճանեալ հայրապետին վերջին օծման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 15 փետրուարին, մայր տաճարին մէջ, սուրբ պատարագի ընթացքին, զոր մատուցեց Զարեհ եպիսկոպոս: Օծման արարողութիւնը կատարեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս: Պատարագին եւ օծման արարողութեան ներկայ եղան բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ պատուիրակութիւններ:
Օծման արարողութեան աւարտին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս կարդաց դամբանական գիր մը` ֆրանսերէն լեզուով:
Վախճանեալ կաթողիկոսին դագաղը ուսամբարձ փոխադրուեցաւ Զարեհեան դամբարան, ուր հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Խորէն Ա. վեհափառին անշունչ մարմինը հողին յանձնուեցաւ:
***
Շուֆի մէջ անողոք պատերազմ մը կը մղուէր քրիստոնեայ «Լիբանանեան ուժեր»-ու միլիսներուն եւ տիւրզի ընկերվարական յառաջդիմական միլիսներուն միջեւ: Խառն բնակչութիւն ունեցող գիւղերը արիւնալի բախումներու կռուադաշտ դարձած էին:
Պէյրութի արեւելեան գօտիէն «Լիբանանեան ուժեր» կը ռմբակոծէին Շուֆի եւ Ալէյի տիւրզի շրջաները, իսկ Շուֆէն, տիւրզիներու դիրքերէն` արեւելեան շրջանները:
Պատերազմը աղիտալի հետեւանքներ ունեցաւ Շուֆի եւ Ալէյի տնտեսութեան վրայ: 1982-ի աշնան, ձիթապտուղի եւ պտուղներու բերքահաւաքը արդէն խանգարուած էր եւ ապրանքներու փոխանակութիւնը` խափանուած: Պէյրութի մէջ գործող պաշտօնեաներ չէին կրնար իրենց աշխատավայրերը իջնել, իսկ ոմանք ալ չէին կրնար գիւղ վերադառնալ, ճամբաներու անապահովութեան պատճառով: Ելեկտրականութեան հոսանքը կտրուած էր եւ շատ մը գործատեղիներ իրենց դռները փակած էին:
18 ապրիլ 1983-ին, Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատունը թիրախ դարձաւ ռմբային ահաւոր խափանարարութեան մը, խլելով 40 զոհ եւ 95 վիրաւոր:
Յաջորդող օրերուն, Պէյրութի արեւելեան շրջաններն ու արուարձանները սաստկօրէն ռմբակոծուեցան: Բանակը ահազանգի վիճակի մէջ դրուեցաւ:
Իրենց կարգին, մուրապիթունները սպառնացին «վերստին զէնքի դիմել, դարմանելու համար զինուորական հաւասարակշռութեան այն խախտումը, որ հետեւանք էր փաղանգաւոր միլիսներու ներկայութեան»: Անոնք յայտնեցին, որ արդէն իսկ վերասարքաւորած են իրենց զինեալները եւ կը սպասէին, զինուորապէս դիմագրաւելու համար որեւէ մարտահրաւէր:
1983 օգոստոս 22-էն ռմբակոծումները սաստկացան: Ընկերվարական յառաջդիմական կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտարարեց, որ «Լիբանանեան ուժեր»-ուն եւ բանակին կողմէ յարձակում մը կ՛ակնկալէ Լեռնալիբանանի վրայ եւ շեշտեց, որ իր ուժերը ուժգնօրէն պիտի հակադարձեն նմանօրինակ որեւէ յարձակումէ: