Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան` Կեանք Փրկող Նախագա՞հ

Յունուար 29, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

sahman_NK

Քարոզչութիւնը, ծանուցումը նոր երեւոյթ չէ: Պատմութեան ընթացքին ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ գործարարական շրջանակներ տարբեր դրսեւորումներով, երանգներով եւ խորութեամբ դիմած են քարոզչութեան:

Ինքնաշարժի «Ֆորտ» ընկերութեան հիմնադիր Հենրի Ֆորտին (1863-1947) կը հարցնեն, թէ ի՞նչ կ՛ընէ, եթէ իր ամբողջ հարստութիւնը չքանայ եւ միայն 100 տոլար մնայ, Ֆորտ կը պատասխանէ. «90 տոլար ծանուցումի կը յատկացնեմ, 10 տոլարով գործ կը դարձնեմ»: Աշխարհի բոլոր երկիրներուն եւ բոլոր մարզերուն մէջ խոշոր գումարներ կը յատկացուին քարոզչութեան համար, որուն սահմանը ներկայ արհեստագիտութեամբ մարդկային երեւակայութիւնն է, ոմանց պարագային նաեւ` նենգութիւնը:

Միջազգային լրատու միջոցները անցեալ դեկտեմբերի վերջաւորութեան տարածեցին լուր մը, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ նախագահը հրաշքով փրկած է անձ մը, որ անձնասպան պիտի ըլլար: Թրքական «Սապահ» օրաթերթի կայքը հրապարակած է տեսերիզ մը, ուր Էրտողան կը կանգնեցնէ ինքնաշարժներու իր շարասիւնը, դէպի մզկիթ ուրբաթօրեայ աղօթքի ճամբուն վրայ, փրկելու համար մարդ մը, որ կամուրջէն վար պիտի ցատկէր: Անշուշտ փառաբանողներու կողքին եղան նաեւ այս «հրաշքը» չընդունող… անհաւատներ:

«Ռաշըն Սփրինկ» կայքը 29 դեկտեմբեր 2015-ին իր հրապարակած յօդուածը վերնագրեց այսպէս.

Էրտողան դիմակազերծուած. անձնասպանութիւնը» կամուրջին վրայ, վերստին նկարահանումն էր Ֆրանք Քափրայի  «Հրաշալի կեանք մըն է» շարժապատկերին:

Թուրքիոյ մէջ խեղճ մարդ մը, որ ընտանեկան խնդիրներ ունէր, բաւական բախտաւոր էր` գտնուելով այն կամուրջին վրայ, ուրկէ նախագահ Էրտողան կ՛անցնէր: Քրիստոսի ծննդեան օրը հրապարակուած տեսերիզի մը մէջ նախագահական ինքնաշարժներու շարասիւնը կը տեսնուի  Պոլսոյ Վոսփորի կամուրջին վրայ, այն պահուն, երբ մարդ մը կը նշմարուի կամուրջի եզրի ճաղերու ետին, դէմքը դէպի ծով: «Տողան» լրատու գործակալութեան նկարահանած տեսերիզին մէջ նախագահին թիկնապահները կը մօտենան մարդուն` ըստ երեւոյթին անոր ըսելով, որ Թուրքիոյ նախագահը ինքնաշարժին մէջն է, եւ ինք պէտք է երթայ հոն: Մարդը տակաւին ճաղերու ետին կը շարժի եւ շփոթած երեւոյթ մը ունի, սակայն թիկնապահները կը համոզեն զայն. «Այո՛, ճիշդ է, նախագահը հոն է»:

gamourch1_NK

Ի վերջոյ մարդը կ՛անցնի կամուրջին ապահով կողմը եւ բաւական համոզիչ կերպով թիկնապահները զինք կ՛առաջնորդեն դէպի սեւ Մերսետես: Տեսերիզին մէջ կը նշմարուին այս հրաշք հանդիպումը նկարող լուսանկարիչներու սարքերուն փայլատակումները:

Երբ ինքնաշարժին դուռը կը բացուի տառապողին առջեւ, իսկապէս կը տեսնուի նախագահ Էրտողան, որ իր ամէնէն արդիական iPhone-ով կը զրուցէ` միաժամանակ քանի մը բառ խօսելով անձնասպանական մարդուն հետ: Ուրբաթօրեայ աղօթքէն ետք գրասենեակը ուղղուող Էրտողան, ըստ երեւոյթին, հանգստացնող բան մը ըսած է մարդուն, որ նախքան բաժանումը կը համբուրէ անոր ձեռքը:

tzernevil_NK

Էրտողանի գրասենեակը ըսաւ, որ մարդը նախագահին հետ զրուցելէ ետք հրաժարած է անձնասպան ըլլալու իր մտադրութենէն: Կացութեան ծանօթ աղբիւր մը արեւմտեան լրատու գործակալութեան մը ըսաւ, որ Էրտողան խոստացած է օգնել դժուարութիւն դիմակալող քաղաքացիին: Լուրերուն մէջ հաղորդուեցաւ, որ մարդը անձնասպան պիտի ըլլար ընտանեկան պատճառներով, եւ թէ Էրտողան խոստացած է լուծել այս խնդիրները:

Պատմութիւնը հրատարակուեցաւ 25 դեկտեմբերին, Սուրբ Ծննդեան օրը, հետեւելով Չարլզ Տիքընզի Կաղանդի պատմութեան ոգիին: Սակայն աւելի ուշ բացայայտուեցաւ, որ անձնասպանութեան մէջ ձախողած մարդը թրքական գաղտնի սպասարկութեան բարձրաստիճան գործակալ է: Թրքական շարք մը լրատու աղբիւրներ եւ պլոկըրներ անոր նկարները հրապարակեցին:

kortzagal_NK

Ասիկա կը նշանակէ, որ  Չարլզ Տիքընզի «A Christmas Carol»-ի թրքական տարբերակէն թատերական արտադրութեան հոտ կու գայ:

Բայց կ՛արժէ յարգանքի տուրք մատուցել այս ներկայացումը կազմակերպողներուն: Եթէ անոնք աւելի նուազ «գունագեղ» դերասան մը ընտրէին անձնասպանի դերին համար, ատիկա կրնար մտնել թրքական պատմութեան տարեգրութեան մէջ: Ընկերային ցանցերու օգտատէրերէն մէկը իրաւացիօրէն հարցուց. «Բայց Էրտողանին մի՞շտ կ՛ընկերանայ լրագրողներու խումբ մը, կամ անոնք ճիշդ տեղն են միայն անձնասպանական հանդիպումներո՞ւ ատեն: Այո՛, լրագրողները  պատրաստ էին կամուրջին վրայ… պատահաբար»:

Եւ ո՞վ հովանաւորեց այս մեծ թատերախաղը: Կասկածը կը յառաջանայ ընկերային ցանցերու օգտատէրերուն շրջանակին մէջ: Նկատի առնելով, որ զրոյցի ընթացքին Էրտողան հետեւողականօրէն կը տեսնուէր iPhone-ը ձեռքին, ուրեմն ներկայացման  հովանաւորը կրնայ ըլլալ Apple ընկերութիւնը: Այնպէս որ, պէտք է կազմակերպել արտադրութեան լայնածաւալ ծանուցում, գովազդ:

Հրապարակուած տեսահոլովակին մասին ընկերային ցանցերուն մէջ չուշացան արձագանգները, որոնցմէ ստորեւ կը ներկայացնենք յատկանշական հատուածներ:

– «Յաջորդին Էրտողան իր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնէ ջուրին վրայ քալելուն… Ի՜նչ կրկէս: Նոյնիսկ թուրքերը այդքան տխմար չեն ատոր հաւատալու համար»:

– «Սիրելի՛ նախագահ, ես Ճափոնի վարչապետէն պիտի խնդրեմ նոր յարաբերութիւններ մշակելու ձեզի հետ, որպէսզի փրկէ մեր քամիքազներուն կեանքերը»:

– «Կը մաղթէի, որ փոխարէնը ինք վար նետուէր»:

– «Ան կամուրջէն վար ցատկող անհատ մը կը փրկէ, բայց կը ֆինանսաւորէ ՏԱՀԷՇ-ը` գնելով անոնց քարիւղը եւ սպաննելով աւելի քան 130 անձեր Ֆրանսայի եւ 14 ուրիշներ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ասիկա բաւական բան կ՛ըսէ Էրտողանի մասին»:

– «Եթէ դուք կը պատրաստուիք լուսանկարչական հնարք մը ընել, առնուազն հեռաձայնը վար դրէք…»:

– «Նոյն ատեն, Ուաշինկթընի մէջ, Օպամա Միացեալ Նահանգները պասին տակ նետեց»:

– «Բոլոր ամերիկացիները պահանջեցին Օպամայէն, որպէսզի վեզիրին տեղը առնէ»:

– «Օպամա նոյն բանը պիտի ընէր: Թուրքիոյ նախագահը ինքզինք կը ցուցադրէ մեր ղեկավարներուն: Ճոն Քերրի եւ այլ պաշտօնատարներ կը լսեմ, որ ամէն  տարի կը փրկեն մարդիկ, որոնք Փոթոմաք գետը կը փորձեն նետուիլ…»:

– «Էրտողան, Հիլըրի, Օպամա եւ Պրայն Ուիլիամս փրկեցին զինք: Անոնցմէ ոչ ոք այս անիմաստ, յուզական բեմադրութիւնը իբրեւ քարոզչութիւն պիտի մերժէր»:

– «Նաեւ հասկնալի է, որ պահակագունդին եւ աջ բազուկին հետ Էրտողան  պաշտօնական լուսանկարիչ ունի իրեն հետ…»:

–  «Կարաւանը կանգնեցուցէ՛ք: Հերոսական բան մը պէտք է ընեմ: Քամերաները պատրա՞ստ են: Ուշադի՛ր եղէք, զիս լաւ նկարեցէ՛ք»:

– «ՑԱՏԿԷ՛, ԷՐՏՈՂԱ՛Ն, ՑԱՏԿԷ՛»:

– «Անձնասպանութեան մոլագարը գօտեմարտիկի նման իր թեւերը պէտք է հանգուցէր Էրտողանի մէջքին եւ ապա ցատկէր»:

– «Եթէ ես ապրէի Էրտողանի Թուրքիոյ մէջ, ես ալ կը մտածէի ցատկելու մասին»:

mi-tzadger_NK

–  «Էրտողանի կաթիլ մը արցունքը կրնայ աղահանքի վերածել աշխարհի ովկիանոսները… Էրտողան ժամանակին ֆութպոլի խաղի ատեն այնքան բարձր հարուածեց գնդակը, որ ատիկա այս օրերուն լուսին կ՛անուանենք…»:

– «Այս միջադէպը պատկերասփիւռային «Սաթրտէյ նայթ լայվ»-ի գրողներուն համար է, որոնց  նիւթերը սպառած են… Ոսկիի հանք` ճոքերու…»:

– «Ուաո՜ւ…: մարդու մը կեանքը խնդրոյ առարկայ է, եւ Էրտողան նոյնիսկ չի  մտածեր իր հեռաձայնը փակել: Ասիկա միտքս կը բերէ պարմանուհի մը…»:

– «Ճշմարտութիւնը երեւակայութենէն երբեմն կարելի չէ զանազանել…»:

– «Եթէ մարդը իսկապէս կ՛ուզէր անձնասպան ըլլալ, ինչո՞ւ երկու ժամ սպասած է, մինչեւ այն վայրկեանը, երբ նախագահական շարասիւնը անցած է: Ինչո՞ւ լրատու միջոցները զուգադիպութեամբ հոն էին այս միջոցառումը վաւերագրելու համար, եւ աւելի յարմարաւէտ ձեւով` նախագահին ինքնաշարժին մէջէն: Ոստիկանները երկու ժամէ կը փորձէին, որպէսզի ան վար չնետուի, սակայն առանց զգուշութեան ձգեցին, որ  մտային խանգարում ունեցող մարդը մօտենայ նախագահին ինքնաշարժին…»:

– «Եթէ նախագահին շարասիւնի ուղիին վրայ ոստիկանական կացութեան մը վերաբերեալ տեղեկագիր մը ըլլայ, ՄԻՇՏ հրամայական է ճամբան փոխել` խուսափելու համար այդ կացութենէն: Անշուշտ` բացի եթէ կասկածելին վճարուած դերասան մըն է նախագահին ժողովրդականութիւնը աւելցնելու համար: Տեսէք, լուսանկարողը քարտուղար մը կամ անցորդ մը չէր իր բջիջայինով, այլ` «Նախագահական մամլոյ ծառայութիւն»-ը (Yasin Bulbul, Presidential Press Service Pool): Բացայայտօրէն յօրինուած, դասաւորուած է:

– «Գռեհիկ պատմութիւն մը` ծեփուած Էրտողանի վարչակարգին կողմէ, քարոզչական նպատակներով: «Խեղճ մարդը» անվտանգութեան ծառայութեան  «նապաստակն» է…»:

– «Մե՜ղք, որ ինք չէ համոզած Էրտողանը, որպէսզի կամուրջէն վար նետուի»:

– «Էրտողան պաշտօնազրկեց ծանուցումի ձեր գործակալը, կը լսեմ, որ Թոնի Պլեր նոր աշխատանք մը  կը փնտռէ»:

– «Թրքական կատակերգութիւն… դերակատարութեամբ Էրտողանի` իբրեւ պատերազմի ոճրագործ, իբրեւ Կաղանդ պապա, եւ  այլ դերակատարի մը` գաղտնի սպասարկութեան գործակալ, որ կը ներկայացնէ իր կերպարը իբրեւ ամբողջական պարտեալ մը: Պոյքոթի ենթարկեցէ՛ք թրքական արտադրութիւնները»:

– «Հա հա հա՜… ի՜նչ բացառիկ շարժապատկեր: Էրտողան անոր ըսա՞ւ, որ գիշերը Կաղանդ պապան պիտի ղրկէ իր հաշուոյն` բոլոր փափաքները իրականացնելու համար: Այսինքն ըսել կ՛ուզեմ` «ՏԱՀԵՇ»-Կաղանդը»:

– «Բոլոր թուրքերը պէտք է ուսումնասիրեն այս յատուկ ժամանակը եւ սկսին կամուրջին վրայ անձնասպանութիւն փորձել, որպէսզի իրենց բաժինը առնեն գողցուած քարիւղէն»:

———————————-

Կաղանդի Տաղ

Charles-Dickens_012916

Անգլիացի աշխարհահռչակ գրող Չարլզ Տիքնզի (1812-1870) «Կաղանդի տաղ» նորավէպը, որ հրատարակուած է 1843-ին, մինչեւ այսօր իր ժողովրդականութիւնը չէ կորսնցուցած եւ կը մնայ ներշնչման աղբիւր:  Տիքնզ գրած է պատմութիւնը դառնացած ագահ մարդու մը` Սքրուճ, որ կերպարանափոխուելով` կը դառնայ գթասիրտ, ազնիւ անձ մը, երբ իրեն կ՛այցելԷ ոգին իր նախկին գործընկերոջ, ինչպէս նաեւ ոգիները` անցեալի, ներկայի եւ գալիք կաղանդներու:

———————————

Հրաշալի Կեանք Է

itsa3

Կաղանդի բնաբանով 1946-ին պատրաստուած «Հրաշալի կեանք է» շարժապատկերին բեմադրիչն է Ֆրանք Քափրա (1897-1991): Գլխաւոր դերասանն է Ճէյմս Սթիւըրտ, որ կը մարմնաւորէ Ճորճ Պէյլիի դերը: Ձախողութեան մատնուած Պէյլի որոշած է Կաղանդի գիշերը անձնասպան ըլլալ: Անոր պահապան հրեշտակը կը միջամտէ…

«Հրաշալի կեանք է» շրջապատկերը ամէնէն գնահատուած ժապաւէններէն մէկն է: 5 Օսքարի թեկնածու նշանակուած էր եւ ճանչցուած` ամերիկեան լաւագոյն 100 ժապաւէններէն մէկը (1998-ին գրաւելով այդ ցանկի 11-րդ դիրքը):

Նախորդը

Նամակ Երկրէն. Առաջնահերթը` Հայաստանի Քաղաքացին

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է «Այնթապի Գոյամարտը» Գիրքի Թրքերէն Թարգմանութիւնը

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?