Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եզրաբանութիւն Եւ… Ահաբեկչութիւն

Յունուար 8, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Արեւմտեան մամուլը եւ ընդհանրապէս լրատու միջոցները դժբախտաբար միշտ չէ, որ իսկապէս առարկայական եւ խորքային մօտեցում ցուցաբերած են մանաւանդ Միջին Արեւելքի տագնապներուն մասին իրենց հաղորդումներուն ընթացքին: Մեծ պետութիւններու շահերը յաճախ աւելի կարեւոր դասուած են, քան`  ժողովուրդներու տառապանքը: Լրագրողներ, մեկնաբաններ, հաղորդավարներ, առանց խղճի խայթի, օր ցերեկով ի նպաստ իրենց պետութիւններուն եւ տէրերուն, խեղաթիւրած են իրականութիւնները` ասպարէզի բացայայտ անպարկեշտութեամբ: Սեւին սպիտակ ըսող քաղաքական գործիչներ, պետութիւններու պատասխանատու պաշտօնատարներ, այո՛,   բազմաթիւ են, սակայն որքա՜ն երկար է շարքը լրագրողներու, մեկնաբաններու, որոնք միտումնաւոր կը ծածկեն իրականութիւնները, կը կեղծեն, կը զրպարտեն: Սակայն երբ լռելեայն իրենց պաշտպանածը կը կոխէ իրենց պոչին վրայ, երգչախումբը տարբեր երգեր կը սկսի երգել:Վերջին ժամանակներուն ահաբեկչութիւնը (մանաւանդ պետական` Իսրայէլ, Թուրքիա, Ազրպէյճան եւյլն.), եղած է իսկական փորձանք մը, որուն հանդէպ արեւմուտքը քիչ մը մակերեսային մօտեցում կը դրսեւորէր, մինչեւ որ Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները սկսան իրենց մորթին վրայ ուղղակի զգալ:

Անգլիական «Օպսրվըր»-ը եւ «Կարտիըն»-ը կ՛անդրադառնան ահաբեկչութեան եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու մասին գրուող, հաղորդուող լուրերուն մէջ օգտագործուող բառերու եւ եզրերու: Ստորեւ` հատուած մը.

Լարուած, ծանր ժամանակներ են: Անգլիական օդուժին պատկանող կործանիչներ Սուրիոյ վերեւ կը գտնուին, իսկ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու  մէջ անվտանգութեան ծառայութիւնները բարձր ահազանգային վիճակի մէջ են` ընդդէմ ահաբեկչութեան մագլցումին: Թերթերու տարածումը, շրջանառութիւնը եւ համացանցի եռուզեռը  միշտ աճ կ՛արձանագրեն, երբ թմբկահարումը կը սկսի, ընդգծելով այն երեւոյթը, որ հաստատուած տեղեկատուական մարզը տակաւին վստահելի աղբիւր մըն է  միլիոնաւորներու համար, բայց նաեւ` մեզի յիշեցնելով, որ  բառերը կրնան զէնքերու չափ ուժեղ ըլլալ, երբ ռումբերը սկսին տեղալ:

Ուրեմն լրագրողները ինչպէ՞ս պիտի գործադրեն Անգլիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի որոշումը, ըստ որուն` «Իսլամական պետութիւն» եզրը  պէտք չէ օգտագործել, այլ` ՏԱՀԵՇ (փոխարէնը` ենթադրեալ վիրաւորա՞նք): ՏԱՀԵՇ արաբերէն յապաւումն է`  «ալ-տաուլա ալ-իսլամիյա ֆիլ Իրաք ուա աշ-Շամ»-ի, որ նոյնահունչ է «տաաս» բառին. կոխկռտել, ճզմել: Սուրիոյ մէջ օդանաւային հարուածները արդարացնելով` Անգլիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն երկրի խորհրդարանին ըսաւ, թէ ինք կը հաւատայ, որ սխալ է «իսլամական» կամ  «պետութիւն» եզրերը օգտագործել  նկարագրելու համար զինեալները:  «Իմ փափաքս է, որ  Պի.Պի.Սի դադրի օգտագործելէ  «իսլամական պետութիւն» եզրը, որովհետեւ ատիկա իսլամական պետութիւն մը չէ, այլ` սոսկալի, բարբարոս հասարակարգ մը», ըսած էր Քամերոն, Պի.Պի.Սի. ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

«Օպսրվըր» եւ «Կարտիըն» միասնաբար կ՛օգտագործեն ուղեցոյց մը, որուն խմբագիրն է Տէյվիտ Մարշ: Խօսելով Քամերոնի այն պնդումին մասին, թէ  պէտք է ՏԱՀԵՇ անուանել, Մարշ  ըսաւ. «Վարչապետը ամիսներէ ի վեր այդ խմբաւորումը  «ԻՍԻԼ» կ՛անուանէր` հետեւելով Միացեալ Նահանգներու (բայց ուրիշ ոչ ոքի), եւ որոշ յաջողութեամբ մը փորձելով Պի.Պի.Սի.-ն մղել խմբաւորումը անուանել` «այսպէս կոչուած, Իսլամական պետութիւն», կամ` նման բան մը: Այժմ յանկարծ Քամերոն  որդեգրած է ֆրանսացիներո՛ւն նախընտրած անունը: Վարչապետին հետեւիլը մեր ընթերցողներուն պիտի յղէ շատ տարօրինակ պատգամ մը, թէ մենք կ՛արտօնենք վարչապետին, որ  որոշէ, թէ մենք ինչ բառեր եւ եզրեր  պիտի օգտագործենք, յատկապէս երբ վարչապետին սեփական որոշումը հիմնուած է նեղ քաղաքական նկատառումներու վրայ»: «Ատիկա պիտի շփոթեցնէ մեր ընթերցողները, որոնք ընտելացած են Իսլամական պետութիւն եւ ԻՍԻՍ եզրերուն, մինչ ՏԱՀԵՇ-ը  անծանօթ կը մնայ: Ատիկա նաեւ պիտի շփոթեցնէ այն անձը, որ պիտի ուզէ մեր կայքին վրայ պրպտում կատարել Իսլամական պետութեան մասին: Ուրեմն մեր ոճը անփոփոխելի կը մնայ»:

Պրիւքսելի արուարձանին մասին (ուր ժիհատականները ծրագրած էին  փարիզեան յարձակումները) գրուած պարբերութենէ մը դժգոհ մնացած է ընթերցող մը: Լրատուութեան մէջ գրուած է. «Մոլենպիք եղած է այնքան աղքատ վայր մը, որ Պրիւքսելի այլ վայրերու մէջ եղողները Մոլենպիքի բնակիչները անուանած են զուարճալի ծաղրանունով` «Զիննեք», որ առնուած է Սեն գետի հեղեղի դէմ կառուցուած ջրանցքէն եւ կը նշանակէ` «խառնածին»: Ընթերցողը կը դատապարտէ  «զուարճալի»-ն` իբրեւ  անպատասխանատու նկարագրութիւն մը խառնածին բառին, վիրաւորական մակդիր մը` լաւագոյն պարագային: «Ես մէկն եմ բազմաթիւ իսլամներէն, որոնք կը գարշին եւ կը վախնան ԻՍԻՍ-էն (ՏԱՀԵՇ), մանաւանդ որ շիի եմ: Եթէ Մոլենպիքը ժիհատականներու բազմացման վայրն է, իշխանութիւնները անմիջապէս այդ հարցով պէտք է զբաղին: Այդուհանդերձ, լրատու պատասխանատու կազմակերպութիւններ պէտք է ուշադիր ըլլան իրենց օգտագործած եզրերուն»: Խմբագիրը կ՛ըսէ, որ ընթերցողին նկատողութիւնը ճիշդ գտնելով` «զուարճալի» բառը առցանց տարբերակին վրայ յայտնուելէ կարճ ժամանակ ետք վերցուած է: Աւելի ուշ վերցուած է ամբողջ ակնարկութիւնը:

Բառերու ընդմէջէն առցանց հսկողութիւն

Նկար-1-(1)_010816

Միացեալ Նահանգներու ներքին անվտանգութեան նախարարութիւնը, ենթարկուելով տեղեկատուութեան պահանջի ազատութեան օրէնքին, քանի մը տարի առաջ հրապարակեց ցանկ մը բանալի բառերու եւ նախադասութիւններու, որոնք ինք կ՛օգտագործէ հսկելու, հետեւելու ընկերային ցանցերու եւ լրատու կայքերու` Միացեալ Նահանգներու դէմ ահաբեկչական վտանգներու նշաններու:

Հետաքրքրական ցանկը կը ներառէր բացայայտ ընտրանքներ, ինչպէս` «յարձակում», «Քաիտա», «ահաբեկչութիւն» եւ «ռումբ» բառերը, ինչպէս նաեւ նման անմեղ բառեր` «խոզի միս», «ամպ», «խումբ», «Մեքսիքա»:

Հրապարակուած տեղեկութիւնը կը բացայայտէր, որ  կառավարութեան մեկնաբաններուն, վերլուծողներուն  ինչպիսի յանձնառարութիւններ տրուած են հսկելու համացանցը` փնտռելով ներքին եւ արտաքին վտանգներ, սպառնալիքներ:

Նկար-2-(1)_010816

Պաշտօնատարներ կը պնդեն սակայն, որ այս յատուկ միջոցառումը չի նպատակադրեր ոստիկանական գործունէութիւն ունենալ համացանցին մէջ` բացայայտելու համար կառավարութեան մասին նուաստացուցիչ նկատողութիւններ, կամ` ընդհանուր այլախոհութեան նշաններ, այլ` ապահովելու  իրազեկութիւն որեւէ հաւանական վտանգներու, սպառնալիքներու մասին:

Ինչպէս ահաբեկչութիւնը` վերլուծողներուն յանձնարարուած է փնտռել ապացոյցներ յառաջացող բնական աղէտներու, հանրային առողջապահական վտանգներու եւ լուրջ ոճիրներուն` շուկայի, վաճառատուներու համալիրներու, դպրոցներու հրացանաձգութեան, թմրեցուցիչի խոշոր մաքսանենգութեան:

Ցանկը առցանց հրապարակած է Անձնական տուեալներու գաղտնիութեան ելեկտրոնային տեղեկատուութեան կեդրոնը (այս մարզի իրաւունքներու պաշտպանը):

Նկար-3-(1)_010816

Ներքին անվտանգութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ հետախուզութեան խորհրդարանական ենթայանձնախումբին յղուած նամակի մը մէջ կեդրոնը բառերու ընտրութիւնը նկարագրած է իբրեւ «ընդարձակ, անորոշ եւ երկիմաստ» :

Ներքին անվտանգութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ըսած է, որ միջոցառումը սկիզբ մըն է տեղեկութիւն ունենալու բնական եւ մարդոց կողմէ ստեղծուած սպառնալիքներուն: Ան հերքած է, որ կառավարութիւնը կը հսկէ, կը հետեւի այլախոհութեան նշաններու:

Թէեւ գործակալութիւնը խոստովանած է, որ օգտագործուած լեզուն տարտամ ու անորոշ է եւ պէտք է թարմացուի:

 

 

 

Նախորդը

Նոր Տարին Բերէ՛ Բարին

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?