Նշեցինք, Պահանջեցինք, Արձագանգեցին… Յետո՞յ…
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այս հարցումն է, որ մեզ միշտ պիտի մղէ կրաւորականութեան չվերադառնալու, չբաւարարուելու ճանաչումներով, նպաստաւոր կարծիքներով, մեզի ուղղուած կարեկցանքի, զօրակցութեան կամ գնահատանքի արտայայտութիւններով: Մինչ այդ, անշուշտ, շահեկան է գիտնալ, թէ աշխարհը այս անգամ ինչպէ՛ս արձագանգեց: Միջազգային լրատու միջոցներ` թերթեր, կայքեր, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններ աշխարահռչակ օսկարակիր դերասան, գործիչ Ճորճ Քլունիի` միջազգային «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու նպատակով Երեւան այցելութեան անդրադարձան` նշելով,...


















