ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ




Հայանուն վարձկան տարրեր ուրբաթ, 31 յունուար 1986-ի երեկոյեան Ուաթ Ուաթ թաղին մէջ, Ալեք Մանուկեան ակումբին առջեւ փորձեցին առեւանգել Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Լեւոն Պէրպէրեանը, Ներսէս Խիւտավերտեանը եւ Յակոբ Պարսումեանը, որոնք Արա Երեւանեան ակումբէն իրենց տուները կ՛ուղղուէին քալելով:
Զինեալները փորձեցին ինքնաշարժով մը առեւանգել զանոնք, որոնք սակայն դիմադրեցին առեւանգման փորձին, որուն վրայ զինեալները կրակ բացին եւ սպաննեցին Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Լեւոն Պէրպէրեանը եւ Ներսէս Խիւտավերտեանը, իսկ Յակոբ Պարսումեանը առեւանգեցին:
Վարդգէս Տէր Կարապետեան ծնած էր 1928-ին, Պէյրութ եւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն վկայուած քաղաքական գիտութեանց եւ իրաւաբանութեան կաճառներէն. 1966-էն ի վեր մաս կը կազմէր ազգային գաւառական ժողովին:
Լեւոն Պէրպէրեան ծնած էր 1927-ին, Պէյրութ եւ յաճախած Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը: Վարած էր պատասխանատու պաշտօններ եւ մասնակից եղած էր ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներուն ու մարտնչումներուն:
Ներսէս Խիւտավերտեան ծնած էր 1956-ին, Պէյրութ: Յաճախած էր Նշան Փալանճեան ճեմարանը, իսկ Ամերիկեան համալսարանէն վկայուած իբրեւ մեքենագէտ երկրաչափ:
Յակոբ Պարսումեան ծնած էր 1936-ին, Հալէպ: Դոկտորայի վկայականը ստացած էր Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանէն: Պատմութեան դասախօս էր Հայկազեան համալսարանին եւ Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ: Միաժամանակ կը վարէր Հայ դատի յանձնախումբին ատենապետութիւնը:
***
Կիրակի, 2 փետրուար 1986-ի երեկոյեան ժամը 8:45-ին, իրարմէ մէկ վայրկեանի տարբերութեամբ, երեք ականներ պայթեցան Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ, պատճառելով երեք թեթեւ վիրաւոր եւ նիւթական մեծ վնասներ:
Ականները զետեղուած էին Սանթրալ սրահին կից անցքին մէջ գտնուող հայու մը սափրիչի խանութին, Քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ գտնուող եւ տնային պիտոյքներ վաճառող այլ հայու մը վաճառատան եւ Սանթր Պլանքոյի մէջ գտնուող զբօսավայրի մը առջեւ:
***
Երկուշաբթի, 3 փետրուարին հայկական կրթական գրեթէ բոլոր հաստատութիւնները ընդհանուր դասադուլի դիմեցին:
Միւս կողմէ, քաղաքական եւ զինուորական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ այցելեցին ՀՅ դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կամ հաղորդակցութեան մէջ մտան անոր հետ, իրենց ցասումը արտայայտելու համար Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, Լեւոն Պէրպէրեանի եւ Ներսէս Խիւտավերտեանի ոճրագործներուն եւ Յակոբ Պարսումեանի առեւանգեալներուն դէմ:
***
Համատարած սուգի, ցասումի, վիշտի եւ դաւադիր բոլոր սադրանքներուն դէմ թումբ կանգնելու վճռականութիւն արտայայտող մթնոլորտի մը մէջ հայութիւնը չորեքշաբթի, 5 փետրուարին յարգանքի իր վերջին տուրքը մատուցեց Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, Լեւոն Պէրպէրեանի եւ Ներսէս Խիւտավերտեանի:
Ժողովրդային յուղարկաւորութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, նահատակներուն եռագոյնով ծածկուած դագաղներուն Սուրբ Նշան Մայր եկեղեցի ժամանումով: Արեւմտեան Պէյրութի բնակիչ հազարաւոր հայեր ներկայ էին եկեղեցի, իրենց յարգանքը արտայայտելու համար յատկապէս իրենց թաղամասերու եւ առհասարակ հայութեան բարօրութեան համար իրենց կեանքերը անսակարկ նուիրաբերած իրենց համաթաղեցիներուն եւ վշտակից ըլլալու անոնց ընտանեկան պարագաներուն:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, յուղարկաւորներու թափօրը, բանակային զրահապատներու եւ ջոկատներու առաջնորդութեամբ, ուղղուեցաւ արեւելեան Պէյրութ: Նորաշէն թաղի մուտքին, նահատակ երեք հայորդիներուն դագաղները վար առնուեցան ինքնաշարժներէն եւ մեծ թափօրով մը ուսամբարձ տարուեցան դէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, անցնելով Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի հրապարակէն եւ Սարդարապատ ակումբին առջեւէն: Թափօրը կ՛առաջնորդուէր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին կողմէ, որուն կը հետեւէին քահանայից եւ դպրաց դասերը, նահատակներուն ընտանեկան պարագաները եւ բազմահազար հայորդիներ:
Յուղարկաւորներու թափօրը Պուրճ Համուտի հրապարակ հասնելէ առաջ, քար լռութիւն կը տիրէր հոն. փակ վաճառատուներուն առջեւ, մայթերուն վրայ համախմբուած հայորդիներուն դէմքերուն վրայ աղաղակող էր ցասումն ու զայրոյթը: Արհամարհելով տեղատարափ անձրեւը, բոլորը լուռ կանգնած էին, սպասելով թափօրի անցքին: Թափօրը կը ծաւալէր իւրաքանչիւր քայլափոխի:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, կրօնական արարողութեան ներկայ էին պաշտօնական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ:
Եկեղեցական արարողութիւնը կատարեց Արամ եպիսկոպոս Քէշիշեան: Արարողութեան աւարտին առաջնորդ սրբազանը արտասանեց հակիրճ խօսք մը, անդրադառնալով վիշտ առթող այն իրողութեան, որ երեք վաստակաւոր եւ բոլորանուէր հայորդիներ երէկ կային ու այսօր չկան: Ան նաեւ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ կարելի է սպաննել անձը, սակայն անոնց գաղափարը կարելի չէ սպաննել:
Եկեղեցական արարողութեան լրումէն ետք, երեք նահատակներուն դագաղները ուսամբարձ տարուեցան Պուրճ Համուտի գերեզմանատունը: Հակառակ տեղատարափ անձրեւին, աւելի քան 20 հազար յուղարկաւորներ հետեւեցան պաշտօնական թափօրին, որ անցաւ Կիլիկիա թաղէն, Պօղոս Արիսի շրջանէն, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին առջեւէն եւ Սին էլ Ֆիլի օթոսթրատէն:
Գերեզմանատան մատրան մէջ , եկեղեցական վերջին արարողութենէն ետք, դամբանականներ արտասանեցին Բիւզանդ Թորիկեան եւ Կարօ Յովհաննէսեան:
Այնուհետեւ, նահատակ հայորդիներուն դագաղները ուսամբարձ փոխադրուեցան Դաշնակցութեան պանթէոնը: Հրազէնի 21-ական հարուածներ պատռեցին քար լրութիւնը, երբ դագաղները հանգչեցան իրենց վերջին հանգրուանին մէջ: «Վէրքերով լի» երգով ժողովուրդը հրաժեշտ տուաւ արժանաւորներու փաղանգին միացած երեք հերոսներուն:
***
Երկուշաբթի, 10 փետրուար 1986-ի կէսօրէ առաջ Ուաթ Ուաթ թաղին մէջ առեւանգուեցաւ Նշան Ճոզիկեան: Անծանօթ զինեալներ, շրջանի քաղաքական մէկ կազմակերպութեան մէկ պատասխանատուին իբրեւ ներկայացուցիչները ներկայացան Ճոզիկեանի գրենական պիտոյքներու վաճառատունը եւ խնդրեցին իրենց ընկերանալ, որոշ հարցի մը մասին լուսաբանութիւններ տալու համար խնդրոյ առարկայ պատասխանատուին: Երբ Ճոզիկեան ուշացաւ վերադառնալու, անոր եղբայրը դիմեց Արա Երեւանեան ակումբ եւ պատահածը հաղորդեց պատասխանատուներուն, որոնք անմիջապէս ուղղուեցան մատնանշուած պատասխանատուին կեդրոնատեղին, հետաքրքրուելու համար հարցով: Մեծ եղաւ անոնց զարմանքը, երբ խնդրոյ առարկայ պատասխանատուն յայտնեց, թէ ինք ոեւէ մէկը չէ ղրկած Նշան Ճոզիկեան վաճառատունը կամ այլուր եւ թէ` տեղեակ չէ հարցէն:
Ակումբի պատասխանատուները այնուհետեւ կապի մէջ մտան շրջանի այլ կազմակերպութեանց հետ, զանոնք տեղեակ պահելու համար դէպքէն եւ հետապնդելու Ճոզիկեանի հետքը: Տարուած աշխատանքները մնացին ապարդիւն:
***

Երկուշաբթի, 3 մարտ 1986-ին հայանուն վարձկաններ անգամ մը եւս դիմեցին ազգադաւ արարքի մը, Այնճարի մէջ անարգօրէն սպաննելով շրջանի պատասխանատուներէն Զաւէն Թաշճեանը:
Ոճիրը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Զաւէն Թաշճեանի վաճառատան մէջ: Անծանօթ մը մուտք գործելով վաճառատունը ձայնարգել զէնքով մը երկու փամփուշտ արձակեց այդ պահուն առանձին գտնուող Զաւէն Թաշճեանի գլխուն ու յաջողեցաւ խոյս տալ գաղտագողի: Քանի մը վայրկեան ետք վաճառատուն մտնող հայորդի մը նկատեց արիւնլուայ Զաւէն Թաշճեանը, որ անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, սակայն արդէն ուշ էր:
Կարճ ատեն մը ետք, ոճիրին մօտակայ վայրի մը մէջ, դրան մը սեմին գտնուեցաւ արարքին ստանձնումը յայտարարող նամակ-հաղորդագրութիւն մը, որ կը կրէր հայանուն անգոյ կազմակերպութեան մը ստորագրութիւնը:
Զաւէն Թաշճեան ծնած էր Այնճար, 1944-ին: Յաճախած էր Ազգային Յառաջ վարժարանը, ուր ստացած էր իր նախնական կրթութիւնը: Ազգային եւ հասարակական բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի առաջին տարիներուն, երբ Այնճար ուտեստեղէնի անմիջական տագնապ ունեցաւ, ան, իբրեւ օրուան յանձնախումբին մէկ անդամը, իր կարելին ըրաւ ապահովելու համար անհրաժեշտ կենսանիւթերը, անսակարկ վտանգի ենթարկելով իր կեանքը:
Լիբանանեան տագնապի զանազան հանգրուաններուն, երբ Պէյրութէն եւ Պուրճ Համուտէն բազմաթիւ հայրենակիցներ ապաստան կը փնտռէին Այնճարի խաղաղ ովասիսին մէջ, Զաւէն Թաշճեան, իբրեւ պատասխանատու մարմինի անդամ` ոչինչ խնայեց, օժանդակութեան հասնելու համար հայորդիներուն:
1982-ին, իսրայէլեան ուժերու ներխուժումի օրերուն, Զաւէն Թաշճեան իբրեւ պատասխանատու, մօտէն հետեւեցաւ անցուդարձերուն, մնալով Այնճարի պաշտպան մէկ պահակը:
Ազգային եւ հասարակական կեանքին առընթեր, ջերմ պաշտպանը եղաւ հայ ժողովուրդի պապենական մշակոյթին: Եղաւ Համազգայինի Այնճարի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն: Մանաւանդ թատրոնի հանդէպ իր սէրը վարակիչ դարձաւ Այնճարի նոր սերունդին համար:
Զաւէն Թաշճեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 5 մարտին: Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Այնճարի ժողովուրդը հաւաքուեցաւ կեդրոնական հրապարակին վրայ. գիւղին երեք եկեղեցիներուն զանգերը, իրենց տխուր ղօղանջներով, կը ցոլացնէին համատարած վիշտը:
Ժամը 1:00-ին, Սուրբ Պօղոս եկեղեցին կը յորդէր բազմութեամբ, իսկ դուրսը` հրապարակը, ողողուած էր բազմահազար ժողովուրդով, միութեանց անդամներով եւ գիւղին երեք վարժարաններուն աշակերտներով:
Եկեղեցւոյ մէջ, թաղման կարգին նախագահեց Ներսէս եպիսկոպոս Բախտիկեան: Արարողութենէն ետք, սրբազանը կուռ դամբանականով մը վեր առաւ նահատակ հայորդիին բարեմասնութիւնները: Իր խօսքին մէջ սրբազանը շեշտեց, որ նահատակները կը կազմեն մեր ազգին խարիսխը եւ թէ` անոնք են որ կ՛ապահովեն մեր գոյութիւնը: Ան թելադրեց շարունակել նահատակ Զաւէն Թաշճեանի եւ իր նմաններուն նուիրումի ոգին եւ աշխատանքը, որպէսզի օղակը չփշրուի եւ մեր գոյատեւումը շարունակուի ալեկոծ այս ծովուն մէջ: Ապա ան յորդորեց այս թոհուբոհին մէջ պահել պաղարիւնութիւնը:
Զաւէն Թաշճեանի դագաղը դուրս բերուեցաւ եկեղեցիէն: Թափօրին առջեւէն կը քալէին գիւղին բոլոր միութեանց ներկայացուցիչները, աշակերտները եւ փողերախումբը:
Գերեզմանատան մէջ, կրօնական արարողութենէն ետք դամբանականներ կարդացուեցան: Ապա, հրազէնի 21 հարուածներով դագաղը գերեզման իջեցուցին: Այնուհետեւ ներկաները արցունքոտ աչքերով երգեցին «Վէրքերով լի ջան ֆետա» երգը:
***
Կիրակի, 30 մարտ 1986-ի գիշերուան ժամը 9:30-ին, Նոր Սիսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ շրջանին մէջ, երբ թաղի հայ պահակ տղոցմէ չորսը` Փիեռ Պէրպէրեան, Մարտիրոս Սանոսեան, Արշակ Տէմիրճեան եւ Բաբգէն Մանոյեան թաղային պահակութեան իրենց պարտականութիւնը կը կատարէին, անակնկալօրէն թիրախ դարձան անծանօթ ու մութ ձեռքերու կողմէ արձակուած ձեռնառումբի մը, որուն պայթումին հետեւանքով անոնք վիրաւորուեցան եւ անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրուեցաւ:
Փիեռ Պէրպէրեան եւ Մարտիրոս Սանոսեան լուրջ վէրքեր ստացած էին: Արշակ Տէմիրճեան ոտքէն վիրաւորուած ըլլալով անդամահատուեցաւ ոտքը: Իսկ Բաբգէն Մանոյեան թեթեւ վէրքեր ստացած էր:
***
Արեւմտեան Պէյրութի մէջ 26-էն 28 մայիս 1986-ին, հակահայ մթնոլորտի պայմաններուն տակ իրերայաջորդ ահաբեկչական արարքներ տեղի ունեցան:
Երկուշաբթի, 26 մայիսին, առտուան ժամը 9:00-էն քանի մը վայրկեան առաջ Սանայայի պարտէզին մօտ, Եունիոն շէնքին առջեւ անծանօթ զինեալ մը կրակ բացաւ եւ վիրաւորեց Գրիգոր եւ Կարօ Աբրահամեան եղբայրները:
Երեկոյեան, Զարիֆի շրջանին մէջ, անծանօթ զինեալներ մուտք գործեցին ատաղձագործ Յակոբ Գրիգորեանի վաճառատունը, կրակ բացին նաեւ հոն գտնուող Կարապետ Թոմպազեանի վրայ ու զայն վիրաւորեցին, իսկ վաճառատան տէրը սպաննեցին:
Երեքշաբթի, 27 մայիսի առաւօտուն անծանօթ մը մուտք գործեց Ներսէս Մխճեանի վաճառատունը, Ապու Թալէպ շրջան, գնում ընելու պատրուակով, սակայն վաճառատունէն դուրս գալու պահուն կրակեց Ներսէս Մխճեանի վրայ, որ թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ:
Կէսօրին, Անդրանիկ Միհրանեան սպաննուած գտնուեցաւ իր դերձակատան մէջ, Սուրբ Նշան Մայր եկեղեցւոյ դիմաց:
Չորեքշաբթի, մայիս 28-ին անարգ ոճիրի զոհ գացին Գրիգոր Տաղլեան եւ տոքթոր Վահէ Չէօփճեան: