Մշակութային եւ Այլազան

Միջազգային Լրատուամիջոցներու Արձագանգը Պայտընի Ուղերձին

Միջազգային Լրատուամիջոցներու Արձագանգը Պայտընի Ուղերձին

Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Սքուփ» Ճօ Պայտըն, ճանաչում եւ Հայոց ցեղասպանութիւն Պինոյ Քամփմարքի յօդուածին մուտքը. Անուններ վերագրելը դաժան գործողութիւններուն, որոնք մարդիկ իրարու կը պատճառեն, երբեք առանց խնդիրներու չ՛ըլլար: Կան ահաբեկչութեան  աստիճանաւորումներ, վայրագութեան եւ դաժանութեան չափեր: Ատոնց մէջ կը  թագաւորեն իմաստակները, ծայրայեղները: Վէճերը կը փրփրին եւ կատղի կը դառնան այն բանին շուրջը, թէ արդեօ՞ք «կոտորած» մը  լաւագոյնս կարելի է անուանել որպէս մարդկութեան...

Դոկտ. Վարդան Գրիգորեանի Մահուան Միջազգային Արձագանգ

Դոկտ. Վարդան Գրիգորեանի Մահուան Միջազգային Արձագանգ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 15 ապրիլին իր մահկանացուն կնքեց ամերիկահայ պատմաբան, ակադեմական, բարեսիրական գործիչ Վարդան Գրիգորեանը: Ան ծնած է Իրան, ուր ստացած է իր տարրական կրթութիւնը, ապա միջնակարգ կրթութիւնը շարունակած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ: Անկէ ետք մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր շարունակած է իր բարձրագոյն կրթութիւնը եւ մինչեւ մահը ունեցած է հարուստ ասպարէզ ու բեղուն գործունէութիւն: Իր մահուան առիթով...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

 «Պատմական» Կիրօ Գարավարդանեան Եւ Սերժ Մանուկեան - Ի՞նչ է ձեր ծրագիրը: Ուրեմն մեր ծրագիրը կը կոչուի «Պատմական» եւ, ինչպէս որ անունը կը յուշէ, պատմութեան մասին նախագիծ մըն է, աւելի ճիշդ` հայոց պատմութեան մասին եօթը գծանկարային ժապաւէններու (animation film) շարք մը: Այս եօթը ժապաւէններուն ընդմէջէն հայոց պատմութեան մասին պիտի խօսինք ո՛չ թէ հիմնուելով ժամանակագրական տրամաբանութեան մը կամ դէպքերու շարունակականութեան վրայ, այլ...

Նոր Մարդ` «Քորոնա»-էն Ետք

Նոր Մարդ` «Քորոնա»-էն Ետք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մարդկութիւնը կ՛անցնի  նոր եւ աննախընթաց փորձառութենէ արագօրէն տարածուող «Քորոնա»-ի համաճարակի լոյսին տակ: Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ ո՛վ է «հիւանդ զերօ»-ն` առաջին մարդը, որ վարակուած է եւ ժահրը փոխանցած ուրիշներուն: Աշխարհը անակնկալի բերած այս ժահրի սաստկութիւնը կը կայանայ ոչ միայն արդիւնաւէտ պատուաստ գտնելու գիտնականներու ուշացման մէջ, այլ նաեւ այն փաստին մէջ, որ ատոր հակազդելու համար ձեռնարկուած միջոցները...

Անպատիւ Մուրացկաններ

Անպատիւ Մուրացկաններ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մուրացկանութիւնը Անգլիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ունի երկար, բարդ պատմութիւն, իսկ արհեստավարժ մուրացկանները յաճախ կ՛ընկալուէին որպէս մարդիկ, որոնք արժանի չէին օգնութեան: Մուրացկանները մարդկային հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունին պատմութեան առաջին օրէն: Փողոցային մուրացկանութիւնը տեղի  ունեցած է աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, թէեւ ատոր չափերը եւ  ձեւերը տարբեր են: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ այժմ պետական օրէնքով արգիլուած է մուրացկանութիւնը, սակայն ճարպիկները...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Ղարպիյէ» Գուրգէն Փափազեան Ի՞նչ է քու ծրագիրդ: Ծրագիրս արեւմտեան Պէյրութի անցեալի եւ ներկայի հայութեան մասին առցանց հրապարակուելիք կարճ հարցազրոյցներու շարք մըն է: Ծրագիրին նպատակն է արեւմտեան Պէյրութի նախկին եւ ներկայ կարգ մը բնակիչներու յուշերուն ընդմէջէն յայտնաբերել շրջանի հայութեան կեանքը բնորոշող յատկանշական հիմնական երեւոյթներ (ժամանակագրական զանազան հանգրուաններով): Կ՛ըսուի, որ անցեալ դարու կէսին արեւմտեան Պէյրութի մէջ ապրած է 40 հազարէ աւելի հայ...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

Վազրիկ Շողակ Յովհաննէսեան - Ի՞նչ է ծրագիրդ: Քիչ մը պատմէ այդ մասին: Ծրագիրս կը կեդրոնանայ նկարչական վէպ մը (շարանկար) ստեղծելու վրայ: Շարանկարը ուրեմն պատկերներու եւ գրութեան միաձուլում մըն է, ուր անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր գործառոյթը: Պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ Պուրճ Համուտի մէջ եւ կը ներկայացնէ հոն բնակող հայ ծագում ունեցող Վազրիկ Լուցկիին կեանքին մէկ ակնթարթը, որ կը մեկնաբանուի զուգահեռ աշխարհներու դիտանկիւնէն:...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

Սփիւռքահայ Գրողներ Յարութ Կիւլիւզեան - Ի՞նչ է ծրագիրդ: Ծրագիրս սփիւռքահայ վեց գրողներու` Անդրանիկ Ծառուկեանի, Աբրահամ Ալիքեանի, Պօղոս Սնապեանի, Պէպօ Սիմոնեանի, Սարգիս Կիրակոսեանի եւ Յակոբ Մանուկեանի մասին վաւերագրական տեսերիզներ պատրաստել է: Իւրաքանչիւր գրողի պարագային, սկզբունքով, խօսք պիտի առնեն անոր ընտանիքի անդամներէն մէկը, գրչընկեր մը կամ գրականագէտ մը ու մտաւորական մը: Միջանկեալ պէտք է ըսեմ, որ կարգ մը գրողներու պարագային, ինչպէս` Ալիքեանի...

Բողոքի Ցոյցերը Արդիւնաւէ՞տ Են, Թէ՞ Ոչ

Բողոքի Ցոյցերը Արդիւնաւէ՞տ Են, Թէ՞ Ոչ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ   Եմէնի մէջ ցոյց` 2011  թուականին Մարդիկ կը բողոքեն բազմաթիւ պատճառներով, բայց մենք չենք գիտեր, թէ որքա՛ն արդիւնաւէտ են բողոքի ցոյցերը: Ինչո՞ւ մարդիկ փողոցներու մէջ կը մասնակցին բողոքի երթերու, հաւաքներու, եւ արդեօ՞ք ատիկա  իսկական, ակնկալուած  փոփոխութիւնը կը բերէ: 21-րդ դարուն բազմացած եւ երբեմն աւելի անկարգ դարձած են բողոքի շարժումները, որոնց մասին մասնագէտներ, յատկապէս հոգեբաններ զանազան ուսումնասիրութիւններ պատրաստած...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Կռունկ» Գօգօ Աւեսեան Եւ Սերժ Մանուկեան - Ի՞նչ է ձեր ծրագիրը: Երբ ծրագրին մասին լսեցինք, Սերժին հետ բաւական մտածեցինք, թէ ի՛նչ ծրագիրով կրնանք մասնակցիլ: Բաւական տարբեր գաղափարներ ունէինք, բայց որոշեցինք կեդրոնանալ Երամի հեղինակած գրութիւններուն վրայ եւ որոշեցինք անոնցմէ երկուքը ընտրել եւ զանոնք վերածել երկհարթ (2D) animation-ի: Նախքան դիմելը` մենք մեզի համար պզտիկ օրինակ մը պատրաստեցինք, որպէսզի հասկնանք, թէ գործը ի՛նչ...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նշմար» ՍԱՐԻՆ ՊԱՃԱՔԵԱՆ Ի՞նչ է ծրագիրդ: Ծրագիրս լուսանկարչութեան հետ կապուած է: Տասը տարիէ աւելի հետաքրքրուած եմ լուսանկարչութեամբ եւ յաճախ կատարած եմ փորձեր` ինծի հանդիպած մեծ ու փոքր պատկերները անշարժացնելու: Երբ «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ին յայտը տեսայ, մտածեցի, որ լաւ առիթ մը կրնայ  ըլլալ տարիներու նախասիրած զբաղումիս քիչ մը լուրջ բնոյթ մը տալու: Միշտ սիրած եմ ամէնէն սովորական երեւոյթներուն մէջ գեղեցիկը նշմարել...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Պտոյտ Մը Լիբանանահայ Թերթերու Հին Ծանուցումներուն Մէջ» Արմէն Պագգալեան Հաճիս, քիչ մը պատմէ ծրագիրիդ մասին: Ծրագիրը կը կոչուի «Պտոյտ մը լիբանանահայ թերթերու հին ծանուցումներուն մէջ»: Ամէն անգամ, երբ առիթը ունեցած եմ հին թերթեր սերտելու` հետազօտութեան մը համար նիւթ մը կամ յօդուած մը գտնելու նպատակով, միշտ աչքիս զարկած եւ ուշադրութիւնս գրաւած են այդ օրուան ծանուցումները: Այդ սեւ-ճերմակ (իրականութեան մէջ` դեղինցած) ծանուցումներուն...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Կարմիր Մոմ» Կարէն Տարագճեան Եւ Սուրէն Խտըշեան  Ի՞նչ է ձեր ծրագիրը: Մեր ծրագիրը թատերական ներկայացում մըն է, բայց, սովորական սրահի մը մէջ տեղի ունենալու փոխարէն, անիկա պիտի ներկայացուի համացանցի վրայ: Համաճարակին պատճառով համաշխարհային բազմաթիւ թատերախումբեր դիմեցին համացանցին. մենք ալ ներշնչուեցանք այս ալիքէն եւ որոշեցինք մեր համեստ պայմաններով փորձ մը կատարել: Ներկայացումը նաեւ հանդիսատեսին հնարաւորութիւն պիտի տայ ընտրելու իր ուզած վերջաբանը`...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ն Ու Անոր Առաջին Մասնակիցները

Փետրուար 2020-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը մեկնարկեց «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը, որ ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել եւ նորարար ծրագիրներ իրագործել: «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկը ըլլալով, իբրեւ հիմնական նպատակ ունի արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններու կիրարկութիւնը խթանել: Ծրագիրին առաջին տարուան ընթացքին հիմնարկութիւնը 17 դիմումներ ստացաւ Լիբանան ապրող 18-35...

Ժպիտով  Աշխատանք

Ժպիտով Աշխատանք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ  ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Աշխատանքի մը, առեւտրական կամ որեւէ այլ գործի մը երկարակեցութիւնը մեծ մասամբ կախեալ է անհատներու յարատեւելու ոգիէն: Անշուշտ այլ գործօններու դերակատարութիւնն ալ պէտք չէ զանց առնել: Ահաւասիկ` ընտանեկան արհեստ մը, այս պարագային` լուսանկարչութիւն, որ յաճախ արուեստի յատկանիշներ կ՛ունենայ եւ տասնամեակներ կը գոյատեւէ, որովհետեւ աշխատանքը կատարողները հետեւողական են, կը ձգտին նոյն մակարդակը պահպանել եւ ամէնէն կարեւորը... կը ժպտին: Յօդուածը...

Տարօրինակ Արեւմուտքը

Տարօրինակ Արեւմուտքը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Զաւակներ մեծցնելը, անոնց դաստիարակութեամբ եւ ուսումով զբաղիլը գիտակից ծնողներու համար միշտ հիմնական եղած է: Մարդիկ փնտռած են մանկավարժական ճիշդ մօտեցումներ` լաւագոյն արդիւնքը ստանալու համար: Աշխարհի ներկայ պայմաններուն մէջ այս հարցը աւելի հրատապ դարձած է եւ աւելի յաճախ կը քննարկուի մասնագէտներու կողմէ: Երբեմն արեւմտեան եւ արեւելեան մօտեցումները շատ կը տարբերին իրարմէ: Պի.Պի.Սի. Ֆիւչըր կայքի հրապարակած այս յօդուածը հետաքրքրական...

Կեանքը «Քորոնա»-էն Ետք. Մեր Աշխարհը Նոյնը Պիտի Ըլլա՞յ

Կեանքը «Քորոնա»-էն Ետք. Մեր Աշխարհը Նոյնը Պիտի Ըլլա՞յ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Վստահաբար «Քորոնա» համավարակը պիտի աւարտի, եւ քաղաքներ, մարդիկ, գիտութիւնը, արուեստը, մշակոյթը ընդհանրապէս, մարմնամարզը պիտի փորձեն բնականոն հունի վերադառնալ: Հարցումը, սակայն, կը մնայ այն, որ այդ «բնականոն հունը» նո՞յնը պիտի մնայ, թէ՞... Այս հարցումին պատասխանած են խումբ մը մասնագէտներ, որոնց կարծիքները հրապարակած է «Կարտիըն» թերթի կայքը: Կը ներկայացնենք համադրաբար եւ համառօտ: Ն. Քաղաքներ «Քորոնա»-ն անշուշտ փոխեց բազմաթիւ բաներ:...

Դիմակաւորներու  Յարաբերութիւններ

Դիմակաւորներու Յարաբերութիւններ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Քորոնայէն պաշտպանուելու համար աւելի շատ մարդիկ  դիմակներ կը կրեն: Բնականաբար նախազգուշական միջոցառումներու ծիրին մէջ ասիկա կենսական նշանակութիւն ունի : Դիմակները, սակայն, կը փոխեն ուրիշներու հետ մեր փոխադարձ յարաբերութիւնները, մանաւանդ երբ կարելի չէ դիմացինիդ  դէմքի արտայայտութիւնը տեսնել: Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» Ֆիւչըր կայքը այս մասին  հրատարակած  է յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ:  Ն. Դիմակները  Ինչպէ՞ս  Կ՛ազդեն Մեր  Հաղորդակցութեան Վրայ...

«Քորոնա»-էն Ետք Թուային Դասաւանդումը Բնականոն Պիտի Ըլլա՞յ

«Քորոնա»-էն Ետք Թուային Դասաւանդումը Բնականոն Պիտի Ըլլա՞յ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Քորոնա»-ն շատ բաներ արդէն իսկ ամբողջովին փոխած է: Եղափոխութիւնը թափով կը շարունակուի. դրակա՞ն է ընթացքը, թէ՞ ժխտական, տակաւին ոչ ոք հաստատ կարծիք կրնայ յայտնել: Բազմաթիւ բաներ անհատական մօտեցումներէ, ըմբռնումներէ կախեալ են: Յստակը այն է, որ բոլոր ասպարէզներուն մէջ այլեւս նոյնը չենք... Մանաւանդ կրթութիւնը, ուսումը, ընդհանրապէս դպրոցը նոր պայմաններու, երեւոյթներու մթնոլորտին մէջն են: «Քորոնա»-էն ետք շարունակե՞լ առցանց դասաւանդումը,...

«Քորոնա». Ընդհանուր Փակում, Հետեւանքներ

«Քորոնա». Ընդհանուր Փակում, Հետեւանքներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Աշխարհի ամէնէն հրատապ հարցը կը մնայ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարը, որուն ծիրին մէջ պետութիւններ ամբողջական փակումի կ՛ենթարկեն երկիրները: Այս միջոցառումը, անշուշտ իր դրական ազդեցութեան կողքին ունի, անպատեհութիւններ, որոնք պէտք չէ անտեսել: Մտային առողջութիւն ընկերակցութիւնը պատրաստած է զեկոյց մը , որ հրապարակած է իր կայքին մէջ (Մենթըլ Հելթ.օրկ): Թարգմանաբար կը ներկայացնենք ամփոփումը, նոյնպէս` «Պի.Պի.Սի.»-ի հրապարակած  խորհուրդները, այս պայմաններուն...

Page 11 of 35 1 … 10 11 12 … 35

Արխիւներ