Մշակութային եւ Այլազան

Երաժշտութեան, Երգերու Վատ Ազդեցութի՞ւն

Երաժշտութեան, Երգերու Վատ Ազդեցութի՞ւն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Պարզ է, որ դասական, ժողովրդական կամ այլ տեսակի երգեր եւ երաժշտութիւն անպայման ունկնդիրներուն վրայ ազդեցութիւն կ'ունենան: Նոյնպէս հաստատուած է, որ այդ ազդեցութիւնը կրնայ դրական կամ ժխտական ըլլալ: Այս մասին հետաքրքրական յօդուած մը հրապարակած է «Ֆիւչըր» կայքը: Ն.   Ինչո՞ւ Ուրախ Երաժշտութիւնը Կը Ստիպէ Վատ Բաներ Ընել Զարմանալի մութ կողմ մը կրնայ հաճելի ըլլալ` դիւրին  ունկնդրութեան եւ լաւ զգալու ընթացքին...

Օսմանեան Բռնագրաւումի Տակ Չմնացած Յունական Շրջանը

Օսմանեան Բռնագրաւումի Տակ Չմնացած Յունական Շրջանը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Կարգ մը երկիրներու կամ շրջաններու աշխարհագրական դիրքերը այնպէս եղած են, որ բռնագրաւող ուժերը չեն յաջողած իրենց հակակշիռին տակ առնել այդ վայրերը, որոնք անկախ կամ կիսանկախ մնացած են` հակառակ ամբողջ երկրին բռնագրաւումին: Երբեմն բնակիչները մարտունակ եղած են, լաւ պաշտպանութիւն կազմակերպած են, եւ տարածքը անառիկ մնացած է: Մեր պատմութեան մէջ անշուշտ ունինք այդպիսի օրինակներ: Այս պարագային Յունաստանի Ակրաֆա շրջանին մասին է...

Հերոսները Եւ Մենք

Հերոսները Եւ Մենք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հերոսները ոգեշնչող են, կը փրկեն, կը բարելաւեն մեր կեանքերը: Հերոսները բարոյական կորով կու տան մեզի, մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւններ, բարեկամութիւններ հաստատելու կը մղեն: Անշուշտ հերոսութիւնը նոյնպէս վարակիչ է, յատկապէս ուրիշներու օգնելու: Հերոսներու մասին պատմութիւնները, գրական ստեղծագործութիւնները բոլոր տարիքի անձեր մեծ հաճոյքով կը կարդան, եւ անպայման իրենց մէջ բան մը կը ծնի: Յատկապէս` վերջին 150-ամեակի մեր հերոսներուն նուիրուած երգերը երբ լսենք,...

Ուրուական Քաղաքներ

Ուրուական Քաղաքներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ուրուական քաղաք կամ լքուած քաղաք կ՛անուանուին այն նախկին բնակավայրերը, ուր ժամանակին ապրած եւ այժմ լքած բնակիչներու շէնքերը, ենթակառոյցները եւ այլ մնացորդացներ տակաւին տեսանելի են: Անշուշտ ամբողջովին լքուած քաղաքներ կը զարմացնեն եւ կը սարսափեցնեն հաւասարապէս: Հակառակ ատոր,  սակայն, որոշ ուրուական քաղաքներ, յատկապէս անոնք, որոնք կը պահպանեն ժամանակաշրջանին բնորոշ ճարտարապետութիւնը, դարձած են զբօսաշրջային վայրեր: Ն. ԱՆԻ  Հայաստանի սահմանին, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ...

Գրամեքենան Տակաւին Կը Ծաղկի…

Գրամեքենան Տակաւին Կը Ծաղկի…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հնդկաստանի որոշ  խանդավառ անձերու համար անցեալի որակաւոր գրամեքենաները հինցած  սարքեր  չեն, այլ` գործնական  եւ նուիրական ունեցուածք: Հետաքրքրական է,  որ արհեստագիտական նորարարութիւններու այս  ժամանակաշրջանին, երբ  օրական բազմաթիւ սարքեր կը հնարուին, մարդիկ  տակաւին  հաճոյքով կ՛ուզեն գործածել գրամեքենաները: Աշխարհին մէջ, ուր մեքենաներու  արհեստագիտութիւնը շատոնց արդէն փոխարինուած է թուայինով, եւ ուր դիւրին փոխադրուող համակարգիչները եւ  նոյնիսկ պլանշետները այժմ աւելի մատչելի են, քան երբեւէ,...

Ժան-Փոլ Պելմոնտօ Այլեւս Առանձին Չէ

Ժան-Փոլ Պելմոնտօ Այլեւս Առանձին Չէ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Աւելի քան ամիս մը առաջ մահացաւ հայոց բարեկամներէն, ֆրանսական շարժապատկերի մեծագոյն աստղը` Ժան-Փոլ Պելմոնտօ, որուն մասին սկսան խօսիլ մարդիկ, որոնք վերջին 20 տարիներուն զայն առանձին ձգած էին: Այս առնչութեամբ շատ յատկանշական է Պելմոնտոյի դերակատարութեամբ 2008-ին պատրաստուած «Մարդը եւ անոր շունը»-ը (Un homme et son chien) շարժապատկերը, որուն մէջ Պելմոնտօ իր դէմքով ցոյց կու տայ ծերութեան դէմքը` անզօր, առանց երիտասարդները...

Մեծահարուստը, Որ Աղքատներուն Նուիրեց Իր  Ամբողջ Հարստութիւնը

Մեծահարուստը, Որ Աղքատներուն Նուիրեց Իր Ամբողջ Հարստութիւնը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Գեղեցիկ հեքիաթի մը մթնոլորտը ստեղծող այս վերնագիրը իրական կեանքի մէջ պատահած դրական մեծ երեւոյթ մըն է, որ անպայման կրնայ վարակիչ ըլլալ: Անշուշտ բառերը չեն կրնար ըստ արժանուոյն դրուատել հերոսը, որ ոչ միայն հասաւ իր նպատակին, այլեւ այդ նպատակը ծառայեց շատերու կեանքի բարելաւումին: Ի՞նչ բան զայն մղած է այդ արարքին, եւ ի՞նչ ապրումներ ունեցած է ան, այլեւս պատմութեան մէջ մեծատառ...

Ոգեշնչող Վերադարձ Դպրոց

Ոգեշնչող Վերադարձ Դպրոց

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Դպրոցական առաջին օրէն մինչեւ վերջին պահը ձեր կրթութիւնը հիմնական մասն է ձեր կեանքին: Ամբողջ ծանր աշխատանքն ու զուարճալի պահերը փորձել ամփոփելը կրնայ քիչ մը բարդ ըլլալ: Այսպիսով, անկախ անկէ, թէ աւարտական կատարեալ վերնագիր կը փնտռէք, կամ կը փորձէք պարզել, թէ ի՛նչ գրել տարեգիրքին մէջ, ահաւասիկ  դպրոցական մէջբերումներ, որոնք  կ՛օգնեն ձեզի գտնել ճիշդ բառերը: Պարզապէս որոշեցէք ձեր նախընտրածը ստորեւ նշուածներէն,...

Ա՜խ Այս Մոռացկոտութիւնը

Ա՜խ Այս Մոռացկոտութիւնը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մարդիկ արդէն բազմաթիւ պատճառներ ունէին մոռացկոտ ըլլալու, յիշողութիւնը կորսնցնելու, այդ պատճառներուն վրայ եկաւ աւելնալու համաճարակը, որուն հետեւանքներէն  է յիշողութեան մասնակի կորուստը: Սակայն բարեբախտաբար կը նախատեսուի, որ լաւ օրերու յայտնուելուն հետ յիշողութիւնը կը վերադառնայ: Այս բնաբանով  բրիտանական «Պի.Պի. Սի.»-ն  վերջերս հրապարակած է յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ: Ն. Համաճարակը Վնաս Պատճառա՞ծ  Է Մեր  Յիշողութեան Ձեր յիշողութիւնը աւելի վատ եղա՞ծ...

Խնդացէք… Ծիծաղեցէք… Առողջ Մնացէք

Խնդացէք… Ծիծաղեցէք… Առողջ Մնացէք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Պարզ է, որ խնդուքն ու ծիծաղը առողջութեան օգտակար են եւ աշխարհը աւելի հաճելի վայր մը կը դարձնեն: Խնդացնողները, մեզ ծիծաղեցնողները դրական մարդիկ են: Ինչպէս որ կան մարդիկ, որոնք խնդացնելու կարողութենէ զուրկ են, նոյնպէս ալ կան ուրիշներ, որոնք չեն խնդար, չեն ծիծաղիր: Յիշենք Յ. Պարոնեանի խօսքը. «Կարգ մը մարդիկ երդում ըրած են բնաւ չխնդալ»: Հաւանաբար շատ հաճելի չ՛ըլլար այդպիսիներու հետ...

Եթէ Կ՛ուզէք Երջանիկ Ըլլալ, Փորձեցէք Երջանկացնել Այլ Անձ Մը

Եթէ Կ՛ուզէք Երջանիկ Ըլլալ, Փորձեցէք Երջանկացնել Այլ Անձ Մը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մարդիկ արդարօրէն եւ հասկնալիօրէն կը ձգտին երջանկութեան: Զանազան բաներու եւ ձեւերու մէջ կը փնտռեն երջանկութիւնը, բայց կը գտնե՞ն... կը հասնի՞ն անոր: Իւրաքանչիւր անձ միայն ինք կրնայ այդ պատասխանը տալ: Երբեմն ալ չի կրնար տալ: Նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ ուրիշներու համար լաւ բան մը ընելը կարեւոր ճամբայ մըն է դէպի երջանկութիւն: «Ինչ որ ըլլայ, կը թուի, թէ...

Ինչո՞ւ Որոշ Մարդիկ Դաժան Կը Վերաբերին Ուրիշներուն Հանդէպ

Ինչո՞ւ Որոշ Մարդիկ Դաժան Կը Վերաբերին Ուրիշներուն Հանդէպ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Դաժան կը թուի, երբ անձ մը ցաւ կամ վնաս կը պատճառէ ուրիշին: Ատիկա աւելի անհանդուրժելի կը դառնայ, երբ դիմացինը ի վիճակի չէ նոյնը ընելու: Այս վերաբերմունքը կարծուածէն աւելի տարածուած է: Ուրկէ՞ կու գայ այս վարքը եւ ի՞նչ նպատակներու կը ծառայէ: Կարելի՞ է սրբագրել: «Ֆիւչըր» կայքը այս մասին հրապարակած է յօդուած մը:  Ն. «Մարդիկ տիեզերքի փառքն ու աղբն են», եզրակացուցած...

Յունաստանի Անհետացող Սուլալեզուն (Whistled Language)

Յունաստանի Անհետացող Սուլալեզուն (Whistled Language)

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մարդիկ դարեր առաջ հեռաւոր վայրերէ իրարու հետ հաղորդակցելու համար գործածած են սուլոցը, որ կարգ մը վայրերու մէջ զարգանալով` վերածուած է սուլալեզուի (whistled language): Հեռաւոր լեռնային շրջաններու մէջ տակաւին կան  այդ լեզուն գործածողներ, սակայն  անոնց  թիւը  սկսած է նուազիլ, մանաւանդ որ  արդի արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներու, յատկապէս` բջիջայիններու դարուն, սուլալեզու սորվիլ փափաքողներ քիչ պիտի ըլլան: «Պի.Պի.Սի.» կայքի յօդուածագիր  Էլիոթ Սթէյն այցելած...

Ձանձրանալէ  Խուսափիլ

Ձանձրանալէ Խուսափիլ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այն պահուն, երբ «Քորոնա»-ի համաճարակը իր զանազան ձեւերով կը ձգձգուի, կը քաշքշուի, մեկուսացումը իր բոլոր անպատեհութիւններով կը տնտնայ, դուք վստահաբար կը ձանձրանաք եւ ատիկա կրնայ վատ ըլլալ: Ըստ վերջերս «Պի.Պի.Սի.»-ի կայքին մէջ տպուած յօդուածի մը, դրամին միւս երեսն ալ կայ... Ն. Ձանձրոյթը  Ինչպէ՞ս  Կրնայ  Լաւ Կամ  Վատ  Ուժ  Դառնալ Մինչեւ համաճարակը 29-ամեայ Էնտի Հըսուն իր ժամանակը կ՛անցընէր համերգներով եւ...

Դրական Վերաբերմունքը Աշխատանքը Կը Թեթեւցնէ

Դրական Վերաբերմունքը Աշխատանքը Կը Թեթեւցնէ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մասնագէտներու եւ հոգեբաններու կողմէ մանաւանդ վերջին տասնամեակին  յաճախ կը կրկնուի ընդհանրապէս դրական մնալու, անոր անհրաժեշտութեան եւ օգուտներու մասին: Ըսելը դիւրին է, բայց գործադրելը որքա՜ն դժուար է: «ՈւենԱյՈւորք» պլոկը կը ներկայացնէ պարզ միջոցներ, ձեւեր` դրական վերաբերմունք պահպանելու համար: Ն. Աշխատանքի մէջ դրական վերաբերմունք պահպանելու պարզ եղանակներ Երբ մարդիկ կը մտածեն դրական վերաբերմունք ունենալու մասին, անոնք հաւանաբար կը կարծեն, թէ ատիկա...

Արհեստական Բանականութեամբ Մահացու Զէնքը

Արհեստական Բանականութեամբ Մահացու Զէնքը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Վերջին պատերազմներու մէջ յաճախակի օգտագործուած անօդաչու սարքերու սերունդ մը սկսած է ինքնուրոյն գործել` աւելի վտանգաւոր դառնալով: «Ուիք» կայքը այս մասին վերջերս հրապարակած է յօդուած մը, ուր նոյնպէս կը նշուի ապագայ պատերազմի մասին: Ն. Անօդաչու Սարքերով Պատերազմի Ապագան Անօդաչու սարքերը կը փոխեն պատերազմի դաշտը եւ կը սկսին  ինքնուրոյն «մտածել»: Անօդաչու սարքեր օգտագործուած են տասնամեակներ շարունակ: Հեռուէն կառավարուող Պի-24-երը Համաշխարհային Բ....

Առցա՞նց Աշխատիլ, Թէ՞ Գրասենեակի Մէջ

Առցա՞նց Աշխատիլ, Թէ՞ Գրասենեակի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Այնպէս կը թուի, որ հեռակայ, առցանց աշխատանքը, գոնէ մասամբ, այլեւս մնայուն բնոյթ պիտի ստանայ, բայց աշխարհի ամէնէն մեծ ընկերութիւններու սեփականատէրեր, տնօրէններ եւ պատասխանատուներ հետզհետէ աւելի ու աւելի կը խօսին պաշտօնեաները գրասենեակներ  վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին: Ամէն պարագայի, պէտք է ընդունիլ, որ համաճարակէն ետք մարդոց մօտեցումները, ակնկալութիւնները, պատրաստակամութիւնը, համբերութիւնը  եւ այլն, այլեւս նոյնը չեն, աշխատանքը առցանց ըլլայ, կամ գրասենեկային:...

Ամէն Տեղ Հայ Կայ… Նոյնիսկ` Կազայի Մէջ

Ամէն Տեղ Հայ Կայ… Նոյնիսկ` Կազայի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Երբ այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութենէն հայերու գաղթի մասին մտահոգիչ թիւեր կը հրապարակուին, հետաքրքրական է անդրադառնալ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ (անցեալին կամ ներկայիս) հայերու յայտնաբերումին մասին եւ մանաւանդ շեշտել, որ առանց կազմակերպուած ազգային հաւաքական կեանքի` շատ դժուար կ՛ըլլայ գոյատեւելը: «Վայս Արապիա» կայքը հրապարակած է Տանա էլ Շէյխի յօդուածը 1940-ական թուականներուն Կազա գաղթած հայ լուսանկարիչի մը մասին, որուն թոռը...

Իսրայէլ-Կազա Հակամարտութեան Վերաբերեալ Երիտասարդներու Կարծիքները

Իսրայէլ-Կազա Հակամարտութեան Վերաբերեալ Երիտասարդներու Կարծիքները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Կասկած չկայ, որ աշխարհի յառաջատար եւ ամէնէն տարածուած լրատուամիջոցները կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակից Իսրայէլի (կամ մեծահարուստ հրեաներու) հակակշիռին տակ: Այդ պատճառով յատկապէս պաղեստին եւ իսրայէլեան հակամարտութեան լրատուութիւնն ու մեկնաբանութիւնը միշտ ի նպաստ Իսրայէլի կ՛ըլլայ. «Պաղեստինցիները ահաբեկիչ են, հրեաները` անմեղ զոհեր: Կը թուի, թէ ներկայ ժամանակներու արհեստագիտական միջոցները երբեմն ճեղք մը կը յառաջացնեն այդ պատնէշին...

Արհեստագիտական Նորարարութիւններ

Արհեստագիտական Նորարարութիւններ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ  ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ուրախալի երեւոյթ է, որ  հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, զանազան ասպարէզներու մէջ հայեր միջազգային մակարդակով յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն: Նորարարութիւններու հետ քայլ պահելը, անոնցմէ քայլ մը առջեւ անցնիլն ալ կենսական է մեր ընդհանուր պայքարին մէջ: Բացի հայկականէն` նոյնպէս կը ներկայացնենք արհեստագիտական միջազգային նորութիւններ` քաղելով  Հայթեք, Ֆիւչըր, Ա.Էֆ.Փէ.,Պի.Պի.Սի. եւ Ուինտոզլէյթեստ կայքերէն:  Ն. Հայ Արհեստագիտական Մշակած  3Տի Ակնոցը Աւելի  Յառաջադէմ  Է Աշխարհի...

Page 10 of 35 1 … 9 10 11 … 35

Արխիւներ