Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա՜խ Այս Հայերը

Հոկտեմբեր 7, 2022
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 

Աշխարհի զանազան ասպարէզներու եւ բնագաւառներու մէջ անպայման հայ մը կը գտնուի, որ առնուազն խօսիլ կու տայ իր մասին: Անուանացանկերու մէջ մեր աչքերը բնազդաբար հայերու անուններ կը փնտռեն: Ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած` մենք զիրար կը փնտռենք: Շատ քիչեր հաւանաբար գիտէին, որ 1920 թուականի ամառնային Ողիմպիական խաղերուն Միացեալ Նահանգներու խումբին մաս կազմած ջրացատկորդ Հալ Փրիսթ հայ էր` Հայկ Քէշիշեան, որ առաջին Ողիմպիական դրօշը շուրջ 80 տարի իր մօտ պահած է, եւ ոչ ոք գիտցած է:

Ամերիկեան հեղինակաւոր թերթեր «Նիւ Եորք Թայմզ», «Ուաշինկթըն Փոսթ» այս մասին յօդուածներ գրած են եւ հետը հարցազրոյցներ ունեցած են:

Հայ մարզիկ մը ինչպէ՞ս Ողիմպիական առաջին դրօշը քովը պահած է,
80 տարի ետք վերադարձուցած եւ մետալ ստացած է

Խաղաղութեան խորհրդանիշ էր, Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք վերանորոգուած յոյսի նշան էր, եւ երբ Ողիմպիական դրօշը աշխարհի հինգ ցամաքամասերը ներկայացնող հինգ օղակներով առաջին անգամ բարձրացաւ Պելճիքայի Անթուերպ քաղաքին մէջ, 1920 թուականի ամառնային Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց:

Սկսաւ մարզական եւ մարդասիրութեան նոր էջ մը: Բայց մրցաշարքի աւարտին Ողիմպիական առաջին դրօշը խորհրդաւոր ձեւով անհետացաւ: Գնաց: Չքացաւ:

Յաւիտեան կորսուեցաւ:

Բացման հանդիսութիւն, 1920 Ողիմպիական խաղեր

Հալ Փրիսթ (Հայկ Քէշիշեան) ծնած է  Քալիֆորնիա  նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, հայ գաղթականներ Հայկանուշի եւ կօշկակար Մամասի (Մարք) ընտանիքին մէջ: Անոնց իսկական մականունը Քէշիշեան էր, որ թրքերէն քահանայ կը նշանակէ:

Հայկին ծնողները Միացեալ Նահանգներ գաղթած են Հայկի ծնելէն առաջ` 1896 թուականին, փախչելով Օսմանեան կայսրութեան կոտորածներէն, հաւանաբար մականունի փոփոխութիւնն ալ (Փրիսթ, անգլերէն լեզուով` քահանայ) հալածանքէ զգուշանալու նպատակ հետապնդած է:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ Փրիսթ ծառայած է նաւատորմին մէջ, ուր ի յայտ եկած են անոր լողալու եւ սուզուելու բնատուր կարողութիւնները:

Նաւատորմէն հեռանալու ատեն անոր խորհուրդ տուած են ուժերը փորձել Ողիմպիական խաղերու մէջ: Ան այդպէս ալ ըրած է. Քալիֆորնիոյ մէջ ան մասնակցած է փորձերուն, ապա զտումներուն եւ ջրասուզումի մէջ դարձած է առաջինը` յաղթելով ազգային ախոյեան Քլայտ Սուենտսընին:

Լոս Անճելըսի մարզական ակումբը վճարած է Նիւ Եորք անոր ուղեւորութեան համար, Նիւ Եորքի «Աթլեթիք» ակումբին մէջ մարզուելու եւ Ողիմպիական խաղերուն պատրաստուելու համար:

1920 թուականի խաղերուն Հայկ Փրիսթ ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու ջրասուզումի խումբը եւ նուաճած` պրոնզէ մետալ:

Հայկ Փրիսթ, 1920

Ողիմպիական դրօշի անհետացման առեղծուածը

Հայկ Փրիսթի անունը կապուած է հետաքրքրական պատմութեան մը հետ:

Չպարզուած պատճառով Անթուերպի ամառնային Ողիմպիական խաղերու աւարտէն ետք մարզադաշտէն անհետացած էր 1920 թուականի Ողիմպիական խաղերու գլխաւոր դրօշը, որ չէր գտնուած մինչեւ 1997 թուականը:

Ողիմպիական խաղերը երբ կ՛աւարտէին, անոր ընկերը` Տիւք Քահանամոքու, որ նոյնպէս մետալ նուաճած էր,  Հայկ Փրիսթի մարտահրաւէր նետեց, որ Ողիմպիական դրօշը չի կրնար առնել:

Հայկ ընդունեց մարտահրաւէրը:

Ան մագլցեցաւ շուրջ 5 մեթր բարձրութեամբ ձողը եւ քաշեց Ողիմպիական առաջին դրօշը, որ Հայկ Փրիսթ Պելճիքայէն իր մետալին հետ տարաւ Լոս Անճելըսի իր տունը:

Այդ թուականէն դրօշին հետքը կորսուած էր:

«Ես կրնամ օգնել ձեզի, այն իմ պայուսակիս մէջն է»

Եւ ահա, 77 տարի ետք, 1997 թուականին, երբ Փրիսթ 100 տարեկան էր, որպէս աշխարհի Ողիմպիական խաղերու մետալակիրներէն ամէնէն տարեցը` հրաւիրուած էր Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական կոմիտէին կազմակերպած ճաշկերոյթին, որուն աւարտին, երբ լրագրողները 1920 թուականի խաղերուն մասնակցած եւ ողջ մնացած միակ մասնակիցին հարցուցած են անհետացած դրօշին մասին, Փրիսթ բացայայտած է առեղծուածը:

«Ես կրնամ օգնել ձեզի, այն իմ պայուսակիս մէջն է», ըսած է Հայկ:

Ոչ ոք տեղեակ եղած է, որ ան դրօշը 77 տարիէ ի վեր պայուսակին մէջ կոկիկ կը պահէ:

«Այն շատ գեղեցիկ է, ունի բազմաթիւ օղակներ», ըսած է Փրիսթ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի թղթակիցին:

Ան չէր կարծեր, որ դրօշը արժէքաւոր է կամ վերադարձնելու արժանի, քանի դեռ լրագրողը անոր չէր տեղեկացուցած, որ Ողիմպիական միջազգային կոմիտէն չէ կարողացած գտնել Անթուերպի կորսուած դրօշը` հինգ օղակներով առաջին դրօշը:

Բայց ան գիտէր, որ եկած է դրօշը վերադարձնելու ժամանակը:

«Ես այդ շատոնց ունէի: Իմ ընկերներէս ոմանք այդ տեսած են: Կարելի չէ եսասէր ըլլալ այս բաներուն նկատմամբ: Այդ ինծի համար լաւ չէ: Ես չեմ կրնար այն կախել իմ սենեակիս մէջ: Մարդիկ իմ մասիս աւելի լաւ կը մտածեն` զայն տալով, քան` պահելով»:

«Մտածեցի, որ ես այլեւս շատ կեանք չունիմ, լաւ չէր ըլլար, որ դրօշը պայուսակին մէջ մնար»

Երբ անոր յայտնեցին, որ դրօշը պէտք է յանձնել Ողիմպիական կոմիտէի նախագահին, Հայկ Փրիսթ հարցուց. «Ան ի՞նչ պիտի ընէ դրօշը»:

Փոխնախագահ Անիթա տը Ֆրանց զայն ներկայացուց հանդիպման` որպէս «կենդանի առասպել», աւելցնելով, որ ան վազած է Ողիմպիական կրակի փոխանցում-վազքին, 1996 թուականին Աթլանթայի մէջ, 100 տարեկանին:

Այդ տարիքին ան  տակաւին մարզանքի կը հետեւէր:

Քիչ մը գունաթափ, սակայն ընդհանրապէս լաւ վիճակի մէջ ան վերադարձուց 2000 թուականին, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ Ողիմպիական կոմիտէի տարեկան հանդիպման սկիզբը, նախքան այդ տարուան ամառնային Ողիմպիական խաղերու մեկնարկը:

Հայկ Փրիսթ կը յանձնէ դրօշը

Տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան ժամանակ 103-ամեայ Փրիսթ դրօշը յանձնեց կոմիտէի նախագահ Խուան Անթոնիօ Սամարանշին, որ մարզիկին նուիրեց Ողիմպիական յուշամետալ մը, տուփի մը մէջ: Հայկ Փրիսթ հարցուց.

– Ի՞նչ է այս, քլինե՞քս:

Դերասանական գործունէութիւն

Հետագայ տարիներուն Հայկ Փրիսթ իր գործունէութիւնը շարունակած է բեմի վրայ եւ շարժապատկերի մէջ:

Ան մասնակցած է անխօս շարժապատկերներու նկարահանումներու, կատակերգական դերեր կատարած է Պրոտուէի բեմին վրայ, շրջիկ կրկէսի մէջ լարախաղաց եղած է եւ սառոյցի վրայ ներկայացման մէջ գեղասահորդի դերեր ստանձնած է:

Հայկ Փրիսթ նոյնպէս նկարահանուած է 25 շարժապատկերներու մէջ` աշխատելով Հարոլտ Լոյտի եւ Չարլի Չափլինի նման հսկաներու կողքին:

Ան նկարահանման տաղաւարներուն մէջն էր, երբ ստեղծուած է Լորել եւ Հարտի կատակերգակ զոյգը:

Աշխուժ ծերուկը

Հայկ Փրիսթ գործուն ֆիզիքական վիճակի մէջ եղած է մինչեւ խոր ծերութիւն:

«Անոր  համար ամբողջ կեանքը եղած է կատակերգական առօրեայ», կ՛ըսէ Քարոլին ԼաՄայնան` երկարամեայ ընկերուհին, որ վերջին տարիներուն զայն կը խնամէր:

«Ան պարեց աղջիկներու հետ եւ ինքն իրեն հիանալի ժամանակ անցուց», աւելցուց Քարոլին` խօսելով Ողիմպիական դրօշը յանձնելու օրուան իրադարձութեան մասին:

Ըստ անոր, Հայկ Փրիսթ ամբողջ կեանքին ընթացքին հիանալի վիճակի մէջ եղած է, բայց նոյնպէս վայելած է փիցցա ու  գարեջուր եւ երբեմն տուրմով պատուած ելակ:

… եւ վերջին հանգրուան

Հայկ Փրիսթ մահացաւ 19 ապրիլ 2001 թուականին` Նիւ Ճըրզի նահանգի Քեմտըն քաղաքին մէջ:

104-ամեայ հայ մարզիկը այդ պահուն աշխարհի մէջ Ողիմպիական ամէնէն տարեց մրցանակակիրն էր:

Ողիմպիական առաջին դրօշը այժմ կը ցուցադրուի Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքի Ողիմպիական թանգարանին մէջ:

Նախորդը

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Վրէժից Տոգորուած Ներուժով` Դէպի Նոր Յաղթանակներ

Յաջորդը

Ռուսիա-«Յեղափոխութիւններ» Աշխարհաքաղաքականութիւնը Եւ Սերկէյ Լաւրովի ՄԱԿ-ի Մէջ Մամլոյ Ասուլիսը

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?