Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարելի՞ Է Շանաձուկին Հանդէպ Մարդոց Տպաւորութիւնն ու Վերաբերումը Փոխել

Օգոստոս 12, 2022
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 

Մարդոց այս կամ այն գործունէութեան պատճառով վտանգուած են ոչ միայն կենսոլորտը, շրջակայ միջավայրը, այլեւ` անասուններ: Անշուշտ քիչ չէ թիւը այն նուիրեալներուն, որոնք կը թիավարեն հոսանքն ի վեր` մարդոցմէ փրկելու բնութիւնն ու անոր անբաժան մասը հանդիսացող կենդանական աշխարհը: «Կարտիըն» թերթի կայքին մէջ հրապարակած յօդուածի մը մէջ Փոլ տը Կելտեր կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս շանաձուկը խածած է իր ձեռքն ու ոտքը, եւ այժմ ինք կ՛աշխատի անհետացումէ փրկել «ովկիանոսներու առողջութիւնը պահպանող այս յատուկ արարածները, որոնք կը ջարդուին»:

 Ն.

«Շանաձուկը Խածած Է Ձեռքս Ու Ոտքս: Հիմա Ես Կ՛ուզեմ
Անհետացումէ Փրկել Անասունի Այդ Տեսակը»

Շանաձուկերու յարձակումէն գրեթէ մահացու վիրաւորուած եւ փրկուած, ծովային անասուններու կրքոտ պաշտպան, պատահական բնապահպան Փոլ տը Կելտեր առաքելութիւն ունի փոխել աշխարհի ամէնէն թիւրըմբռնուած գիշատիչին հանդէպ մարդոց տպաւորութիւնը եւ կեցուածքը:

Մինչ տարբեր կենդանական տեսակներու մասին համբաւներ կան, շանաձուկերը լաւ համբաւ չեն վայելեր: Ինչպէս ձեզի պիտի ըսէ որեւէ լաւ հրապարակախօս, «յարձակումը» իրականութեան մէջ այն բառը չէ, որ դուք կ՛ուզէք, որ սերտօրէն կապուած ըլլայ ձեր տեսակին հետ: Սակայն աւստրալիացի բնապահպան Փոլ տը Կելտեր մարդ մըն է, որ առաքելութեան մէջ է: Ան վճռած է փոխել մեր մտածելակերպը ծովու այս շատ չհասկցուած գիշատիչներու մասին:

«Խնդիրն այն է,- կ՛ըսէ տը Կելտեր,- որ մարդոց մեծամասնութիւնը կեանքի մէջ երբեք շանաձուկ չի տեսներ, ուստի անոնց ընկալումները կը բխին լուրերէն, մանկութեան վախերէն եւ  երեւակայական պատմութիւններէն»:

Որպէս պատկերասփիւռային «Տիսքաւըրի» կայանի յայտնի «Շանաձուկի շաբաթ» (Shark Week) յայտագիրի հաղորդավար` 44-ամեայ տը Կելտեր աւելի շատ ժամանակ անցուցած է այս արարածներու շուրջը, քան շատերը, եւ ան անոնց ամէնէն մեծ պաշտպաններէն մէկն է:

«Մտածեցէ՛ք մոլորակի որեւէ վայրի անասունի մասին,- կ՛ըսէ ան: – Արջ, առիւծ, վագր, գետաձի: Ասոնցմէ ոչ մէկը ձեզի թոյլ կու տայ իր տարածքը բաժնեկցիլ իրեն հետ. անոնք կը յարձակին ձեր վրայ եւ կը սպաննեն ձեզ:  Միաժամանակ տը Կելտեր կը պնդէ, որ շանաձուկը` ովկիանոսի ամէնէն գիշատիչ անասունը, գրեթէ միշտ թոյլ կու տայ ձեզի բաժնեկցիլ իր միջավայրը, եթէ յարգալից վերաբերում ունենաք:

«Անոնք չարագործ, մարդակեր հրէշներ չեն: Անոնք պարզապէս շանաձուկեր են, որոնք ովկիանոսի մէջ շանաձուկերու գործունէութիւն կ՛ունենան` փորձելով ապրիլ իրենց կեանքը, մինչ մենք անոնց նեղութիւն կը պատճառենք»:

Պաշտօնական տուեալներով, տարեկան կը սպաննուի 100 միլիոն շանաձուկ: Ըստ տը Կելտերի, այդ ցուցանիշը իրականութեան մէջ շատ աւելի բարձր է: «Այս միայն արձանագրուած թիւերն են,- կ՛ըսէ ան,- ամէն տարի կը ջարդուին սնունդի, դեղերու եւ պատահական որսի համար»:

Տը Կելտեր կը նշէ, որ պէտք է նկատի առնել ապօրինի եւ չկարգաւորուած ձկնորսութեան ծաւալը, որ տեղի կ՛ունենայ ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ այդ թիւը դիւրաւ կրնայ կրկնապատկուիլ: «Եթէ դուք նոյնը ընէիք ցամաքային վայրի բնութեան եւ անասուններուն հետ, այն, ինչ որ կ՛ընենք շանաձուկերու հետ, դուք ատոր համար անկասկած կը բանտարկուէիք: Բայց քանի որ ատիկա անտեսանելի է, այնտեղ, խոր կապոյտ ծովուն մէջ անիկա աննկատ կը մնայ: Ժամանակ անցուցէ՛ք անոնց հետ, եւ դուք կը համոզուիք, որ այդ բարբարոսութիւն է»:

Աչքի հաղորդակցութիւն. առաջին հանդիպում վագրային շանաձուկի հետ

Շանաձուկերը ոչ միայն չարագործներ չեն, կ՛ըսէ տը Կելտեր, այլեւ անոնք ովկիանոսի կենսական տարրերէն են, որոնք այժմ շատ մեծ վտանգի տակ են: «Շանաձուկերը առանցքային տեսակ են ծովային ստորին հատուածին մէջ: Վերցուցէ՛ք այդպիսի բազմաթիւ տեսակներէն շատերը, եւ ամբողջ համակարգը կը տապալի»:

Վերջին հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ ովկիանոսային շանաձուկերու եւ կատուաձուկերու բնակչութիւնը 1970 թուականէն ի վեր նուազած է 71 առ հարիւրով: «Կը ջարդուի յատուկ արարածը, որ կը պահպանէ մեր ովկիանոսի առողջութիւնը: Այդ ուղղակի պէտք է փոխուի, այլապէս բնապահպանական կործանում կ՛ըլլայ», կ՛ըսէ տը Կելտեր:

Տը Կելտեր յոյս ունի, որ իր նոր գիրքը` «Շանաձուկը», կ՛օգնէ մարդկութեան խուսափելու այդ կործանումը պատճառելէ: Գիրքը ձօն մըն է այս կենդանական տեսակին` անոնց նշանակութեան մասին փաստերով եւ շանաձուկերու հետ հանդիպումներու պատմութիւններով: «Մարդիկ պէտք է շանաձուկները այլ լոյսի ներքեւ տեսնեն, ինչպէս ես զանոնք կը տեսնեմ, երբ մենք դէմ դիմաց կու գանք, կամ երբ ես կը տանիմ յայտնի մարդիկ` երգիչներ, դերասաններ` սուզուելու անոնց հետ», կ՛ըսէ ան:

Տը Կելտերի կիրքը աւելի տպաւորիչ կը դառնայ, երբ կը տեղեկանաք շանաձուկի հետ անոր առաջին, գրեթէ ճակատագրական հանդիպման մասին:

«Ողջ ողջ ուտուիլը փոխեց իմ մարմինս, բայց շանաձուկերու հետ ժամանակ անցընելը փոխեց իմ միտքս»:

Ծնած եւ մեծցած Մելպուրնէն դուրս գտնուող ափին` տը Կելտեր իր մանկութիւնը անցուցած է ովկիանոսին վրայ եւ մէջ:

«Եթէ ես ծովափին չըլլայի, ես մեծ հօրս հետ ձկնորսութեան կ՛երթայի: Որքան կը յիշեմ, ես կը սարսափէի շանաձուկերէն», կ՛ըսէ ան:

Տը Կելտերի վախը շատ հեռու էր տրամաբանական կասկածէ: «Ես այն մարդոցմէն էի, որոնք կը կարծէին, որ եթէ մենք սպաննենք բոլոր շանաձուկերը, կեանքը աւելի հաճելի կ՛ըլլար: «Jaws» շարժապատկերը դիտելը անշուշտ վնաս պատճառեց: Ես անոնցմէ վախցայ բաղնիքի լոգարանին մէջ,- կ՛ըսէ ան քմծիծաղով: – Ես պետական մակարդակի լուղորդ էի եւ կը կարծէի, որ իմ մրցումներուս մեծ մասը յաղթած եմ, քանի որ համոզուած էի, որ շանաձուկ մը կը հետապնդէ զիս»:

Երիտասարդութեան տը Կելտեր շատ կը պտտէր` աշխատելով գիշերային զբօսավայրերու մէջ եւ որպէս երգիչ` համեստ յաջողութիւններ գտնելով: 2000 թուականին ան աւստրալիական բանակին միջոցով. սկիզբը՝ որպէս պարզ զինուոր, ապա ընդունուեցաւ ծովուժի նաւատորմի հեղինակաւոր ստորաբաժանում` որպէս վկայեալ սուզորդ:

«Ես անընդհատ ովկիանոսին մէջն էի,- կը բացատրէ ան,- անցնելով սեւ, պղտոր շանաձուկերով լեցուած ջուրերով® Աւելորդ է ըսել, որ քարացած էի: Բարեկա՛մ, դուն հանդիպա՞ծ ես ոեւէ աւստրալիացիի,- տը Կելտեր  կը ծիծաղի:- Ե՛ւ աւստրալիական, ե՛ւ ռազմական մշակոյթի մէջ մենք թոյլ չենք տար, որ մեզ վախցնող բաները մեզ խանգարեն ընել այն, որ կը սիրենք»:

11 փետրուար 2009 թուականին տը Կելտեր եւ անոր խումբը կը մարզուէին Սիտնիի նաւահանգիստի ջուրերուն մէջ: Այդ պարզապէս ջրաղացային զօրավարժութիւն էր նոր հակաահաբեկչական արհեստագիտութիւն փորձարկելու համար, Կարտըն կղզիի մեծ խարիսխին մօտ:

Անոր առաջադրանքը պարզ էր. լողալ Ա կէտէն Բ կէտ` կռնակի վրայ, ջուրի երեսին, հագնելով թաց տարազ եւ լողակներ: «Մօտ հինգ վայրկեան ետք իմ տակէս դուրս եկաւ 10 ոտնաչափ ցուլ-շանաձուկ: Երկուքս ալ տեսողական կապ հաստատեցինք:  Այնուհետեւ ան բռնեց զիս իր ծնօտով` իմ աջ ազդրի ետեւի մասէն եւ իմ աջ ձեռքէս: Ցաւը այնքան տանջալի էր, որքան դուք կրնաք երեւակայել: Հիմա, ես ինծի ըսի, հաստատ ողջ դուրս չեմ գար այստեղէն», կ՛ըսէ տը Կելտեր:

Սպիտակ  շանաձուկը ազատ կ՛արձակուի անվնաս

Շանաձուկը պոչը կը շարժէր եւ ինք կը ցնցուէր: Այդ ցնցումը զինք վերադարձուց իրականութեան: Բնազդն ու մարզումը սկսան գործել: Տը Կելտեր գիտէր, որ պէտք է փախչի արիւնով ներկուած ջուրէն, այլ շանաձուկերու ժամանումէն առաջ:

«Ես սկսայ լողալ մեր անվտանգութեան նաւակին ուղղութեամբ: Ճիշդ այդ ժամանակ ես առաջին անգամ հասկցայ, որ ձեռքս կը բացակայի, ուստի թեւս բարձրացուցի: Երբ զիս քաշեցին նաւակին  վրայ, իմ գործընկերներս գործի անցան մինչեւ բժիշկներու ժամանումը: Ասիկա մարդու մը համար աշխատավայրին մէջ անիծեալ օր մըն էր: Եւ նկարները ԵուԹիւպին մէջն են, եթէ ոեւէ մէկը կ՛ուզէ ստուգել այն»:

Այն ժամանակ եւ հիմա տը Կելտեր գործնապաշտ է: Ան հարցուցած է այդ օրը ներկայ ոստիկաններուն, թէ ինչո՞ւ այդ դէպքը կրնար տեղի ունենալ: Ոստիկաններէն մէկը ըսած է, որ նախորդ օրը ծովէն դիակ մը դուրս բերած էին:

«Շանաձուկը հաւանաբար կարծած է, որ ես հերթական դիակ եմ: Կամ ես նման էի վիրաւոր փոկի, որ կը տապլտկի ջուրի մակերեսին», կ՛ըսէ տը Կելտեր:

«Ես ընտրած էի այս բացառիկ վտանգաւոր կեանքը,- կ՛աւելցնէ ան: – Այդ գրեթէ անխուսափելի էր: Եթէ շանաձուկ չըլլար, այդ կրնար իմ մոթոսիքլեթս ըլլալ: Ես չէի մեղադրեր շանաձուկը, բայց անշուշտ չէի ուզեր կրկին առերեսուիլ անոր հետ»:

Ինը շաբաթ հիւանդանոցին մէջ մնալէ ետք տը Կելտեր դուրս եկաւ: Վեց ամիս ետք ան վերադարձաւ զինուորական պատրաստութեան: Տեղւոյն լրատուամիջոցներուն հետաքրքրութիւնը միջադէպին նկատմամբ, սակայն, չէր մարած:

«Լրագրողները կ՛ուզէին գիտնալ ոչ միայն իմ ապաքինման մասին, այլեւ այն, թէ ինչո՛ւ շանաձուկը յարձակած է իմ վրաս, ինչպէ՞ս միւսները կրնան ապահով մնալ ջուրին մէջ»:

Ան սկսաւ շանաձուկերու մասին սորվիլ բաւական շատ գիտելիքներ ունենալու համար: Յարձակումի ենթարկուածի իր  հոգեբանութիւնը հասկնալու մեծ ցանկութիւն չկար, վստահ է տը Կելտեր` «Ես ուղղակի չէի ուզեր պատկերասփիւռային հաղորդումի մէջ յիմարի տեսք ունենալ»:

Քանի մը տարի ետք, պատկերասփիւռի հաղորդավարներէն մէկը հրաւիրեց տը Կելտերը` միանալ իրենց, Ֆիճիի մէջ տեղի ունեցած նկարահանման: Արտադրիչները կ՛ուզէին նկարել զայն, ցուլ-շանաձուկերու հետ վայրի բնութեան մէջ դէմ դիմաց: «Շանաձուկերը զիս չէին հետաքրքրեր: Ինծի համար այս պարզապէս առիթ մըն էր անվճար արձակուրդի` լաւ ժամանակ անցընելու ընկերուհիիս հետ», կ՛ըսէ ան:

Նկարահանման վերջին օրը տը Կելտեր ձեռքով կերակրեց նոյն տեսակի շանաձուկերը, որոնք հաշմանդամ դարձուցած էին զինք: «Զանոնք բնական միջավայրի մէջ տեսնելը ինծի համար ամէն բան փոխեց: 10 վայրկեանի ընթացքին տեսադաշտիս մէջ կար 150 շանաձուկ: Եւ ոչ մէկը իմ վրաս կը յարձակէր: Իմ նախապաշարումներս յօդս ցնդեցան: Այն բոլորը, որ ես ըրած էի բանակին մէջ` հրթիռային կայաններ, երկնային սուզումներ, խոր ծովային սուզումներ, հազիւ կը համեմատուէին այս փորձառութեան հետ: Ողջ ուտուիլը կրնայ փոխել իմ մարմինս, բայց այս արարածներուն հետ ժամանակ անցընելը իսկապէս փոխեց իմ միտքս», կ՛աւելցնէ ան:

Հսկայ շանաձուկ Մեքսիքայի մէջ

Վերադառնալով Աւստրալիա` տը Կելտեր դարձաւ հաւատաւոր համակիր շանաձուկերու` կլանելով իւրաքանչիւր յօդուած, հետազօտութիւն եւ վաւերագրական շարժապատկեր, որ կրնար գտնել: Դեռ նաւատորմին մէջ, տը Կելտեր միաժամանակ հասկցաւ, որ երբեք չի վերադառնար գործուն ծառայութեան: Ան կրնար զինուորական սուզորդներ պատրաստելու մարզիչ դառնալ, սակայն չէր փափաքեր:

Ընկերութիւնները պարբերաբար կը կապուէին` հարցնելով, թէ արդեօք ան կը խօսի՞ իրենց ձեռնարկներու ժամանակ կամ կու տա՞յ հանրային դասախօսութիւններ: «Բայց միակ բանը, որմէ ես աւելի շատ կը վախնայի, քան` շանաձուկերը, այդ ալ հանրային ելոյթն էր», կը  բացատրէ ան: Ան մինչ այդ մնաց բանակին մէջ: «Իմ միակ հմտութիւններս եղած են ռումբեր որսալը, սպաննելը եւ  վնասազերծելը® Մէկ ձեռքով, մէկ ոտքով վեթերանի համար շատ տարբերակներ չկային: Թերեւս, մտածեցի, կրնայի բանակէն այն կողմ ապագայ ունենալ, եթէ առերեսում կատարէի կեանքին մէջ իմ միւս մեծ վախիս հետ»:

2014-ին Discovery Channel-ը անոր հետ համաձայնութիւն կնքեց սպիտակ շանաձուկերու մասին հաղորդաշարը միասին ներկայացնելու համար:

«Ատկէ ետք ես տարուեցայ: Ես սկսայ ներկայացնել «Shark Week» հաղորդաշարը համացանցին մէջ եւ տեղափոխուեցայ Լոս Անճելըս: Առաջադրանքները եղած են դժուար, բայց` հատուցող», կ՛ըսէ ան:

Երկու օր ու գիշեր ան անցուց Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ` առանց սնունդի եւ ջուրի, շրջապատուած խումբ մը շանաձուկերով, որոնք յայտնի են որպէս ծովու գայլեր:

«Անոնք, ենթադրաբար, պատասխանատու էին պատմութեան մէջ շանաձուկերու ամէնէն մեծ յարձակման համար,- կ՛ըսէ տը Կելտեր:- 1945 թուականին, երբ «Ինտիանափոլիս» մարտանաւը ընկղմեցաւ Ֆիլիփիններու մէջ` փրկուածները ձգելով ծովուն մէջ  օրերով արգելափակուած, ըստ որոշ տեղեկութիւններու, շանաձուկերը անոնց շուրջը պտտելով յարձակած եւ կերած են մինչեւ 150 մարդ»:

Այդուհանդերձ, տը Կելտեր կը կարծէ, որ շանաձուկերու փրկութիւնը իր ամէնէն դժուար մարտահրաւէրն է: Պարզ է, որ շատ աւելի դժուար է, քան` գրեթէ ողջ ուտուիլը: «Մարմնապէս այդ յարձակումը եւ այն, որ անոր յաջորդեց, ինծի համար դաժան էր,- կ՛ըսէ ան,- անտանելի ցաւեր, փրոթեզի վրայ քալել սորվիլ: Մտային եւ զգացական տեսանկիւնէն, անկեղծօրէն, այդ պատահածը դժուար չէր»: Ան երբեք չէ տառապած վախով, մտահոգութեամբ կամ մղձաւանջներով:

«Զիս սխալ մի՛ հասկնաք: Ես վատ օրեր ունեցած եմ. ես կու լայի, որ ցաւը մեղմանայ, ու ես քնանամ: Վախէն աւելի շատ գիշերներ անքուն մնացած եմ: Բայց ես երբեք թոյլ չեմ տուած, որ այդ իմ միտքիս վրայ ազդէ»:

«Շանաձուկերու հետ մօտէն ժամանակ անցընելը կեանքը փոխող փորձառութիւն է: Ես շանաձուկերուն ծանօթացուցած եմ շատ տարբեր մարդիկ, եւ ամէն անգամ, երբ անոնք դուրս կու գան ջուրէն, կ՛ըսեն, որ բան մը փոխուած է իրենց մէջ: Այդ չի նշանակեր, որ դուք լողալու ատեն եթէ հանդիպիք շանաձուկի մը, պէտք է հանգիստ մնաք եւ վայելէք պահը»:

«Այդ պարագային, եթէ կրնաս, աչքդ պահէ անոր վրայ: Շանաձուկերը գիտեն, որ կը նայիք իրենց: Անոնք դարանակալ գիշատիչներ են, պատեհապաշտ որսորդներ: Անոնք չեն ուզեր պայքարիլ կամ կռուիլ:

Եթէ ան յարձակողական ըլլայ, ըրէ՛ք այն, որ կրնաք, ատկէ ետք խուսափելու համար: Եթէ ան պարզապէս կը ստուգէ ձեզ, ցոյց տուէ՛ք, որ դուք նոյնպէս ուժեղ էք: Ձեր ձեռքը դրէ՛ք անոր գլխուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային հրեցէ՛ք զայն: Յետոյ ուղղակի ափ հասէք, որքան կրնաք արագ»:

Նախորդը

Մանրապատումներ

Յաջորդը

Դիմադրութիւն

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?