Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամէնէն Դժուար Պայմաններու Մէջ Իսկ Մարդիկ Դպրոց Կը Հիմնեն

Սեպտեմբեր 30, 2022
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ամէնէն նեղ, դժուար պայմաններու մէջ իսկ ապրողները կրթութեան, ուսումի հանդէպ դրական մօտեցում ունին: Բնազդօրէն կարծես կը գիտակցին, որ իրենց զաւակներուն համար կենսական է ուսումը, դաստիարակութիւնը, ընդհանրապէս` կրթութիւնը: Մայրաքաղաքներէն մինչեւ ամէնէն հեռաւոր աւաններու եւ գիւղերու բնակիչները նախանձախնդիր են այս առնչութեամբ: Հետաքրքրական է, թէ երբեմն ինչպէ՛ս զանազան պատճառներով ուսումէ զրկուած մարդիկ, նոյնիսկ նիւթական նեղ պայմաններ ունեցող, դպրոց կը հիմնեն: Նոյնպէս պէտք է նշել կամաւոր ուսուցիչներ, որոնք մեծ ներդրում կ՛ունենան կրթական առաքելութեան մէջ: Միջազգային կայքեր յաճախ անդրադարձած են այս երեւոյթներուն, երբեմն վերլուծական յօդուածներով, յաճախ` լրատուութեամբ:

Ն.

Հնդկաստան

Նարինջ ծախողը, որ դպրոց կառուցեց,
Փատմա Շրի պարգեւը ստացաւ

 

 Հարեքալա Հաճեպա կը պարգեւատրուի նախագահին կողմէ

Նարինջ ծախող Հարեքալա Հաճեպա անուս է: Այցելութիւնը անոր Հարեքալա գիւղը, Մանկալուրու, կը ստիպէ որեւէ անձի հանել գլխարկը` հիանալով գիւղի երեխաներուն կրթութեան առաքելութեան անոր ունեցած ներդրման համար, որովհետեւ անոր ջանքերը նիւթականացած են դպրոցի տեսքով:

Երբ 65-ամեայ Հաճեպա Նիւ Տելհիի մէջ ստացաւ «Փատմա Շրի» մրցանակը նախագահ Ռամ Նաթ Քովինտի կողմէ, ան ոտաբոպիկ քալեց դէպի նախագահը:

«Իմ խոնարհ խնդրանքս կառավարութենէն այն է, որ իմ գիւղիս մէջ քոլեճ բացուի: Այս իմ երազս է», ըսաւ Հաճեպա:

«Ուրախ եմ, որ ինծի նման աղքատ մարդը մեծարած են վարչապետն ու նախագահը: Վարչապետը ձեռքս սեղմեց», աւելցուց ան:

Հարեքալայի մէջ դպրոց մը կառուցելու իր երազը իրականացնելու համար Հաճապա իր վտիտ շահէն մաս մը մէկ կողմ դրած է:

Աղքատ ընտանիքի մը մէջ ծնած Հաճեպայի ուսանելու երազը չիրականացաւ, որովհետեւ շրջանին մէջ դպրոց չկար:

Հայրը հանքագործ էր, եւ մայրը պիտիս (ծխախոտի տեսակ) կը փաթթէր:

1976-ին, 16 տարեկանին, Հաճեպա սկսաւ նարինջ ծախել: Մեծաքանակի վաճառականէ մը փոխ առաւ շուրջ 20 քիլօ նարինջ եւ ծախեց Համբանկաթթայի մէջ: Երեկոյեան, վաճառականին վճարելէ ետք, իրեն մնաց միայն 75 ռուպի (նուազ քան մէկ տոլար): Այս դրամով ան կը հոգար իր հինգ անդամնոց ընտանիքին ծախսերը: Ինչ որ քիչ մը աւելնար, դպրոցի հիմնադրամին կ՛երթար:

Համագիւղացիներուն եւ մատրասա համայնքին օգնութեամբ 1995 թուականին ընթացք առաւ դպրոցը, որ 1 յուլիս 2001 թուականին պաշտօնական ճանաչում ստացաւ:

Եգիպտոս

Հեռաւոր գիւղի մը ընտանիքները
ինչպէ՞ս համայնքային դպրոց կառուցեցին

Մահմուտ իր կառուցած մէկ դասարաննոց դպրոցին առջեւ

Մահմուտ Իպրահիմ մէկն է այն 300 անձերէն, որոնք կը բնակին  Մոկամաա Իպրահիմ անապատային  գիւղին մէջ, որ հեռաւոր շրջան մըն է Եգիպտոսի հիւսիսարեւմտեան Մարսա Մաթրուհ նահանգին մէջ:

Գիւղը, որ բնակեցուած է միայն Իպրահիմ ընտանիքին անդամներով, ելեկտրականութիւն եւ հոսող ջուր չունի: Մարդիկ իրենց առօրեայ կարիքներուն համար կ՛ապաւինին անձրեւէն հաւաքուած ջուրերուն:

Չկան ասֆալթապատ ճամբաներ, որոնք կը կապեն գիւղը գլխաւոր քաղաքի կեդրոնին, ուր հասնելու աղտոտ ճամբաներ միայն կան: Ընտանիքները ոչխարներու եւ ուղտերու հովիւներ են եւ զանազան տեղեր` պատահական աշխատանք ընողներ:

Ամէն ուրբաթ անոնք կը բաժնեկցին փիքափ ինքնաշարժ մը վարձելու ծախսը, որպէսզի շուկայ երթան եւ շաբթուան մը սննդամթերք եւ այլ ապրանքներ գնեն:

Մոկամաա Իպրահիմի պահպանողական պետեւի բնակիչները մերժած են իրենց դուստրերը ուղարկել դպրոցներ, որոնք հեռու էին (ամէնէն մօտիկ դպրոցը գիւղէն 7 քմ հեռաւորութեան վրայ է) եւ փոխարէնը` զանոնք պահած են տունը:

Մահմուտի առաջին զաւակը` Հուտան, այն աղջիկներու շարքին էր, որոնք չկարողացան դպրոց երթալ:

Բայց միայն աղջիկները չէին, որ զրկուեցան կրթութեան իրաւունքէ: Բազմաթիւ ընտանիքներ կը պայքարէին միջոցներ գտնելու համար, որպէսզի վճարեն վարձակալուած փիքափին` իրենց տղաները դպրոց տանելու: Այդ տղաներէն շատեր անուս մնացին:

Մահմուտ կ՛ըսէ. «Ես կ՛ուզէի կրթել իմ աղջիկս եւ չկարողացայ, ճիշդ այդ ժամանակ սկսայ մտածել լուծել խնդիր մը, որ կը վերաբերի ոչ միայն ինծի, այլեւ` մեր շրջապատի բազմաթիւ ընտանիքներու»:

Ութ տարի առաջ ան թեւերը սոթտեց եւ մերկ ձեռքերով սկսաւ իր հայրենի գիւղին մէջ համայնքային դպրոց կառուցել:

Թէեւ աղջիկներու ուսումը երբեք առաջնահերթութիւն չէ եղած Մոկամաա Իպրահիմի ընտանիքներուն համար, սակայն Մահմուտ յաջողեցաւ համոզել իր մեծ հայրը` նուիրել իրեն պատկանող հողատարածքը` մէկ դասարանով դպրոց կառուցելու համար, ծառայելու իրենց հայրենի գիւղին:

Եւ այսպէս, դրացիներու օգնութեամբ գիւղի կեդրոնին մէջ  հիմնուեցաւ Աուլատ Իպրահիմ (Իպրահիմի երեխաները) դպրոցը :

Համայնքային դպրոց մը բազմադասարանային վայր է, որ կը գտնուի հեռաւոր գիւղական շրջաններու մէջ, ուր 2 քմ շառաւիղով նախկրթարաններ չկան: Այս դպրոցները հազուագիւտ ուսուցման հնարաւորութիւն կու տան այն երեխաներուն, որոնք անցած են նախակրթարան ընդունուելու տարիքը, նոյնպէս` բազմաթիւ ուրիշներու, որոնք չեն կրնար վճարել երթեւեկի ծախսը:

Այսօր Մահմուտի երեխաներէն չորսը` երկու աղջիկ եւ երկու տղայ, կը յաճախեն համայնքին դպրոցը, ուր Պարենի համաշխարհային ծրագիրը (World Food Programme) կ՛իրականացնէ դպրոցական կերակրման նախաձեռնութիւն: Ամէն օր, երբ երեխան կը յաճախէ դպրոց, կը ստանայ ուտելիք: Այս անոնց առօրեայ սննդային կարիքներուն 25 առ հարիւրն է:

Մահմուտ իր 9 զաւակներէն 6-ին հետ

Մահմուտ ամսական կը ստանայ 46 տոլար կանխիկ օգնութիւն, որ անոր կ՛օգնէ ընտանիքի համար ուտելիք դնել սեղանին:

Համաճարակի սկիզբէն ի վեր Մահմուտի բերած նուազագոյն եկամուտով բաւարարուիլը կը նշանակէր իր ընտանիքին համար աւելի քիչ սնունդ ապահովել եւ շարունակաբար պարտքեր ունենալ տեղական ուտեստեղէնի խանութին:

Այժմ Մահմուտ կը գործածէ դրամական օգնութիւնը` ամսուան մը հիմնական սննդամթերք գնելու համար. բրինձ, ալիւր, լոլիկի մածուկ, ձէթ եւ այլն:

Աուլատ Իպրահիմ համայնքի դպրոցը, որ ունի աւելի քան 20 աշակերտ, եւ որ այժմ պաշտօնապէս ընդունուած է, Պարենի համաշխարհային ծրագիրին շնորհիւ  վերջերս նորոգուեցաւ, յատկապէս` տանիքը, ուրկէ ջուր կը կաթէր:

Մահմուտ կ՛ըսէ. «Կրթութիւնը կենսական տարր է մեր կեանքին մէջ, այն նման է օդի, որ մենք կը շնչենք, եւ ես մեծ երազներ ունիմ, որ երեխաներս օր մը դառնան բժիշկներ, ճարտարապետներ եւ ուսուցիչներ»:

Քամպոտիա

Կամաւոր ուսուցիչը կրթութիւն կը բերէ
հեռաւոր Քամպոտիա

 

Դ. դասարանի աշակերտներ Օ՛Թմար գիւղի դպրոցին մէջ:

Օ՛Թմարը հեռաւոր կցուած գիւղ մըն է Պաթամպանկ նահանգին մէջ, որ կը գտնուի պաշտօնական գիւղէն մօտ 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Քամպոտիոյ մէջ կցուած գիւղերը ոչ պաշտօնական բնակավայրեր են, յաճախ` հեռաւոր կամ աշխարհագրականօրէն մեկուսացուած, հիմնուած` հիմնականին մէջ բնակչութեան տեղաշարժի եւ աճի պատճառով: Անոնց ոչ պաշտօնական կարգավիճակը սովորաբար կը նշանակէ, որ անոնք կտրուած են ծառայութիւններէ, որոնց շարքին` ուսումէ:

Ինչպէս միւս կցուած գիւղերուն, Օ՛Թմարի մէջ ալ քիչ ծառայութիւններ կան: 160 ընտանիքները տակաւին յոյս ունին կենցաղային գործածութեան համար անձրեւի ջուրերու հաւաքման վրայ: Միայն երկու ընտանիք ունի արտաքնոց իրենց տուներուն մէջ:

Բայց անոնք ունին դպրոց շնորհիւ մարդու մը վճռակամութեան` ուսում տալ իր համայնքի երեխաներուն:

Անոր անունը Սոք Չան է, որ 1993-ին վերադարձած է իր հայրենիքը, 1980-ականներէն Թայլանտի գաղթակայաններուն մէջ ապրելէ ետք: Ան ընտրեց Օ՛Թմարը որպէս իր նոր տունը` յոյս ունենալով եկամուտ ստանալ անտառին մէջ ծառահատումի գործէն:

Պրն. Սոք Չան նոր հաստատուած դասարանի գրատախտակին առջեւ

«Երբ ես առաջին անգամ եկայ, այս տարածքին մէջ միայն քանի մը ընտանիք կ՛ապրէր: Ընդհանրապէս շուրջ տասը երեխայ կար, բայց դպրոց չկար: Ուրեմն որոշեցի այդ երեխաներուն սորվեցնել: Ես փորձառութիւն ունէի, քանի որ գաղթակայանին մէջ ապրելու ատեն երեխաներուն կը դասաւանդէի», ըսաւ ան:

Պարոն Սոք սկսաւ դասեր տալ դրացի տան մէջ, 1996 թուականին: Որոշ ընտանիքներ, որոնք ի վիճակի էին վճարել, անոր խորհրդանշական վճարումներ կ՛ընէին, բայց շատ աղքատ երեխաներ կը յաճախէին անվճար: Սոք իր ժամանակը կը բաժնէր ցերեկը դասաւանդելու եւ գիշերը աշխատելու միջեւ: Անոր աշակերտներուն թիւը կ՛աւելնար` ի վերջոյ հասնելով հարիւրէ աւելի երեխաներու:

Գիւղապետին աջակցութեամբ, 10 տարի առաջ կառուցուած է փոքր դասարան մը:

Պարոն Սոքը ստիպուած էր օրը բաժնել կարճատեւ դասերու, որպէսզի կարողանար դասաւանդել առաջինէն հինգերորդ դասարաններուն: Ան չէ հետեւած ուսումնական տարեշրջանի պաշտօնական օրացոյցին: Փոխարէնը` ան կ՛աշխատէր ամբողջ տարին, շաբաթը վեց օր: Դասագիրքերն ու այլ ուսումնական ու ուսուցողական նիւթերը ինք կը գնէր:

2014-ին ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի աշխատակիցները գացին այցելելու համայնք` իրենց շարունակական աշխատանքի ծիրին մէջ, գնահատելու հեռաւոր կցուած գիւղերուն մէջ ապրող երեխաներուն վիճակը եւ հանդիպեցան պարոն Սոքի սքանչելի  նախաձեռնութեան: Անոնք իրենց տեսածը հաղորդեցին տեղական իշխանութեան հիմնական անդամներուն, նահանգապետին, կրթութեան նահանգային գրասենեակին, նոյնպէս` շրջանի նահանգապետին: Անոնք կազմակերպեցին դասարան այցելութիւն` այն տեսնելու համար:

Սոք  Չան եւ շրջանի կառավարիչ Չէա Սամպաթ` դպրոցի
ուժեղ ջատագովը, 4-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ:

«Երբ ես տեսայ շուրջ հարիւր երեխայ թխմուած փոքր դասարանի մը մէջ, ես հազիւ զսպեցի լացս», ըսաւ շրջանի կառավարիչ Չէա Սամպաթ, որ այդ ժամանակէն դարձած է դպրոցի ուժեղ ջատագովը:

Կրթութեան նահանգային գրասենեակի բարձրաստիճան պաշտօնատարները ուսումնասիրեցին հարցը եւ որոշեցին, որ պարոն Սոքի դպրոցը պէտք է նկատուի պաշտօնական նախակրթարան: Այս կը նշանակէ, որ այն իրաւունք ունի կառավարութենէն ստանալու դրամական եւ ուսումնական աջակցութիւն, նոյնպէս` պետական ուսուցիչներ:

Կառուցուեցան յաւելեալ դասարաններ: Դպրոցը այժմ պաշտօնական կրթական համակարգին մաս կը կազմէ` հետեւելով ուսումնական պետական ծրագիրին: Նոր ուսուցիչներ միացած են դպրոցին, իսկ պարոն Սոք, որ այժմ պայմանագիրով ուսուցիչ է, կը շարունակէ դասաւանդել իր աշակերտներուն:

Նոր կառուցուած դասարանները Օ՛Թմար գիւղին մէջ

«Ուրախ եմ, որ պաշտօնապէս ճանչցուեցայ որպէս ուսուցիչ: Այժմ, երբ ես պայմանագիր ունիմ Կրթութեան շրջանային գրասենեակին հետ, ես պէտք չէ կասկածիմ իմ մանկավարժական հմտութիւններուս: Ես ամէն հինգշաբթի կը հանդիպիմ այլ ուսուցիչներու հետ` տեղեկութիւններ փոխանակելու եւ իրարմէ սորվելու համար»:

Հարցումին, թէ ի՞նչ բան զինք կը մղէ շարունակել իր աշխատանքը որպէս ուսուցիչ, պարոն Սոք կ՛ըսէ, թէ որքա՛ն հպարտ է տեսնելով իր աշակերտներուն յաջողութիւնները: «Ես երջանիկ կը զգամ, երբ միւս ուսուցիչները ինծի կ՛ըսեն են, որ իմ նախկին աշակերտներս շատ լաւ կ՛ուսանին երկրորդական վարժարանի մէջ: Կ՛ուզեմ, որ անոնք շարունակեն բարձրագոյն ուսում ստանալ, ուսուցիչներ դառնան, նպաստեն երկրի զարգացման»:

Նախորդը

Անկրկնելի Հալէպը. Սուրիահայութեան Պարապմունքները

Յաջորդը

«Ես Տեսել Եմ Դժոխքը» Ասում Է Եռաբլուրում Յուղարկաւորութիւն Կատարող Հոգեւորականը

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?