Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երկար ատենէ ի վեր աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ բազմաթիւ մարդիկ կը լքեն իրենց ծննդավայր գիւղերը եւ աւելի բարենպաստ պայմաններ, բարեկեցիկ, դիւրին կեանք փնտռելով` կը հաստատուին քաղաքներու, յատկապէս մայրաքաղաքներու մէջ, դատարկելով գիւղերը եւ խճողելով քաղաքները: Բայց միշտ ի յայտ կու գան խենթեր, որոնք «կը գտնեն հնար»:
Վոլթըր կայքը ներկայացուցած է այդպիսի օրինակ մը:
Ն.
Ստեղծագործական խենթութիւնը փրկեց
Ալպուա գիւղը դատարկուելէ .
«Ոչ ոք առանձին մնացած է»
Հազուագիւտ են այն գիւղերը, որոնք ունին սեփական ելեկտրակայան, գիւղի խանութ եւ ելեկտրական ինքնաշարժ:
Ֆինլանտայի Փոքր, 450 բնակիչ ունեցող Ալպուան օրինակ մըն է գիւղի մը, որ կը քալէ այլ ուղղութեամբ:
Գիւղը, որ կը մտնէ Ռաահէ քաղաքի շրջանին մէջ, դժուարութիւնները վերածած է յաղթանակի եւ միաժամանակ նոր նշանակութիւն տուած է «ֆինլանտական յամառութիւն» բառերուն:
Հիւսիսային այս գիւղի յաջող ջանքերը նոյնպէս նշուած են ազգային մակարդակով: Անհետացող գիւղերու ծովուն մէջ բնակչութեան աճին հետ Ալպուային 2015 թուականին շնորհուեցաւ «Տարուան գիւղ» մրցանակը:
«Ճանաչումը հաճելի էր եւ մեզի տուաւ այն մղիչ ուժը, որ անհրաժեշտ էր ապագային համար: Աշխատանքը գիւղին եւ գիւղացիներուն համար կը շարունակուի: Մենք տակաւին բազմաթիւ նուաճումներ կ՛արձանագրենք», ուրախութեամբ կը նկարագրէ գիւղի նախկին ղեկավար եւ ներկայիս գիւղական գործիչ Թիմօ Ռանքինէն:
Ֆինլանտայի Ալպուա գիւղը այսօր Ռաահէ քաղաքին մէկ մասն է: Սաարա,
Կոթիլա եւ Թիմօ կ՛ըսեն, որ գիւղացիները դեռ կ՛ապրին իրենց սեփական կեանքով:
Ամառնային ամէնէն գեղեցիկ օրուան կէսին Ալպուայի գիւղական ճամբան հանդարտ է: Հեռուէն, տեղէ մը միայն կը լսուին խոտ հնձելու մեքենային ձայնը եւ մայրուղիին վրայ գտնուող ինքնաշարժներու բզզոցը:
Կը նստիմ գիւղի հմայիչ դրամատան աստիճաններուն վրայ` օշարակ մը խմելու եւ վայելելու թռչուններու մատուցած համերգը:
Պահ մը ետք հեծանիւ վարող գիւղացին կը խախտէ լռութիւնը:
«Բարե՛ւ ձեզ: Արդեօք դրամի՞ պէտք ունիք: Այս դրամատան դուռը զարնելը իմաստ չունի: Անոնք փակ են: Դրամատնային ծառայութիւնները ամբողջութեամբ կը փոխանցուին Վիհանթիին: Այնտեղէն գումար ստանալը կը նշանակէ գրեթէ 30 քիլոմեթր ճամբայ, այնպէս որ, անիմաստ է այնտեղ երթալ», կ՛ըսէ մարդը եւ կը նստի քովս:
Նոյնիսկ գիւղի ելեկտրական ինքնաշարժը կը սնանի փայտանիւթի արտադրած ուժանիւթով
Միասին աշխատելով` հակայարձակում
Գիւղացին կը ներկայանայ որպէս Հեսու, կը վառէ ծխախոտը եւ կը սկսի զրուցել:
Հեսու կ՛ըսէ, որ ինք արդէն երրորդ սերունդի ամուրի է:
«Կիներու պակաս ունինք, նկատի ունիմ առանձինները, նոյնիսկ` այս գիւղին մէջ: Պէտք է աւելի հեռու երթաս, եթէ կ՛ուզես քեզի համար կին գտնել: Ես որոշած եմ հաւատարիմ մնալ ամուրիի կեանքին: Ես իմ որոշումս կը հիմնաւորեմ պարզապէս փրկելու պատճառներով: Առանց կնոջ` դուն կը խնայես քու դրամդ եւ ջիղերդ», կը ծիծաղի Հեսու, աչք կ՛ընէ եւ կը ցատկէ իր հեծիկին վրայ ու կը շարունակէ ճամբան:
Դրամատան աստիճաններէն կը շարժիմ դէպի գիւղին խանութը, որ կը գտնուի ճամբուն միւս կողմը, ուր արդէն բաւական շատ մարդիկ հաւաքուած են:
Ալպուա գիւղի միութեան նախկին նախագահ Թիմօ Ռանքինէն գոհունակութեամբ կը նայի շուրջը եւ կը ժպտի:
«Այսպէս նախատեսուած էր: Հակայարձակումը կատարուեցաւ միասնաբար, եւ այդ մեզի բերաւ մեր ուզած արդիւնքը: Մեր գիւղին համար կռուիլը դիւրին չէր, ժամանակ առ ժամանակ անհրաժեշտ էր բարձրանալ պատուանդանի վրայ, որպէսզի լսեն: Անկեղծօրէն ըսեմ, որ նպատակներուն հասնիլը կը պահանջէր շատ ելոյթներ, բայց` աւելի շատ գործողութիւններ», կը նկարագրէ Ռանքինէն:
Ալպուայի բնակիչը կ՛ըսէ, որ խմբային ամուր ոգին տակաւին գիւղին փրկութիւնն է:
«Մեր խմբային ոգին այնքան ուժեղ է, որ մեզի օգնած է յաղթահարել թէ՛ փոքր, թէ՛ մեծ դժբախտութիւնները: Լաւ օրինակ է մեր գիւղին խանութը, որ քանի մը անգամ փակուելու սպառնալիքի տակ էր: Նոյնիսկ վերջերս կը թուէր, թէ այն վերջնականապէս պիտի փակէ իր դռները, բայց խանութը կը շարունակէ եռանդով»:
Գիւղին սիրտը կը բաբախէ կամաւորական ոգիով
Ալպուայի դիմադրութիւնը սկսած է 2011 թուականին, երբ փակուած է գիւղին դպրոցը: Այդ հսկայական ետքայլ էր, եւ գիւղին մէջ ամէն բան ամբողջովին իրար անցաւ:
«Պահ մը ուղղակի շունչ քաշեցինք եւ հրաշքի յոյս ունէինք: Այդ, սակայն, երբեք տեղի չէ ունեցած, եւ որոշում տուողներէն ոչ ոք մեզի աջակցութիւն առաջարկած է: Այդ պահուն մեր մարտական ոգին սկսաւ գլուխ բարձրացնել, մենք միացուցինք ուժերը եւ սկսանք աշխատիլ: Առաջին հերթին մենք հիմնեցինք Ալպուայի Զարգացման ընկերակցութիւնը եւ գնեցինք դպրոցին շէնքերը», ըսաւ Ռանքինէն:
Դպրոցական շէնքերը գնելը մեկնարկային կէտ էր ամբողջ գիւղի վերականգնման համար: Նախկին դպրոցին տարածքները այժմ վերստին կը գործածուին, այժմ, այլ բաներու շարքին, կը գործեն ծխական ակումբներ, շուկայ եւ մարզասրահ:
Բացի ատկէ` ժամանակաւոր աշխատողներու համար նախատեսուած են կացարաններ, այնտեղ կը կազմակերպուին զանազան ձեռնարկներ:
Հետագային կը նախատեսուի դպրոցին տարածքը վերածել զանազան գործունէութեան սպասարկման կեդրոնի:
«Մենք գործի անցած ենք: Մեր ստեղծած համագործակցական ընկերութիւնը կը ղեկավարէ գիւղին ճաշարանը եւ մանկապարտէզը: Ան նոյնպէս կ՛առաջարկէ ծառայութիւններ, որոնք յատկապէս կ՛աջակցին իրենց տուներուն մէջ ապրող տարեցներուն», կ՛ուրախանայ Ռանքինէն:
Բայց գիւղին սիրտը առանց դրամի եւ կամաւորական ոգիի չի բաբախեր: Նոյնիսկ դպրոցի կրթաթոշակը միայն 100 եւրօ էր, գոյքի տարեկան գործառնական ծախսերը կը կազմեն 20.000 եւրօ:
Գիւղին ամայանալուն դէմ հակայարձակումը ցանկալի արդիւնք տուաւ:
Ալպուայի մէջ այնքան ալ մատչելի կալուածներ չկային, եւ արտագաղթը աճած էր:
Ուժանիւթ սեփական ելեկտրակայան
Սակայն Ալպուայի գիւղացիները լուծում գտած են:
Անոնք ներդրումներ կատարած են սեփական ելեկտրակայանի մէջ:
«Կրակը կը ստացուի գիւղի սեփական փայտով, քանի որ ուժանիւթը կը ստանանք կազի արտադրման արհեստագիտութեամբ, փայտի կտորներէ: Ատով մենք ինքնաբաւ ենք դպրոցական շէնքերու ջեռուցման եւ ելեկտրականութեան հարցին մէջ», կը հաստատէ Ռանքինէն:
Գիւղացիներն աւելորդ ելեկտրականութիւնը կը վաճառեն հանրապետական ցանցին:
Սեփական ելեկտրակայան ունենալէ բացի` գիւղի խմբային ոգին կ՛արտացոլացնէ այն փաստը, որ անոնք յաջողած են կասեցնել գիւղի արտագաղթի կորուստը:
«Մենք աւելին ունինք առաջարկելու այցելուներուն, քան` պարզապէս ձեռք սեղմելը եւ կանաչ միջավայրը: Շատ չեն այն գիւղերը, որոնք գիւղական խանութներ ունին, որոնք ունին լիարժէք սպասարկում եւ ժամանցի զանազան կարելիութիւններ: Գիւղը նոյնպէս ունի հոքէյի գեղեցիկ սահադաշտ, պէյսպոլի դաշտ, արագաշարժ ուղի` շուներու համար եւ զբօսավայր` երեխաներու համար: Նոյնպէս տրամադրելի է դաշնամուր եւ դաշնամուրի հմուտ ուսուցիչ: Այս ամէնով գիւղացիներու վարժութիւններն ու մշակութային կարիքները անշուշտ բաւարարուած են», գոհունակութեամբ կը նշէ Թիմօ Ռանքինէն:
Ըստ Մերճա Ճուննիլայի, որ նոյնպէս գիւղի գործիչ է, տեղի ունեցած է փոփոխութիւն դէպի լաւը, քանի որ, բացի նոր բնակիչներէն, գիւղը նոյնպէս արտագաղթ ապրած է:
«Բազմազան ձեռնարկներու օրացոյցը ամբողջացած է նոյնիսկ baby shower-ներով, եւ ասիկա շատ բան կ՛ըսէ գիւղի ներկայ վիճակի մասին», ժպտելով կը բացայայտէ ան:
Դրացնութիւնը կ՛օգնէ ուժեղ ըլլալ
Գիւղացիները, յարմարաւէտութենէ բացի, նոյնպէս հոգ կը տանին իրարու բարեկեցութեան: Ոչ ոք առանձին կը մնայ: Նոյնիսկ` ջուրի խանգարուած սարքի համար:
«Մենք կ՛ուզենք հոգ տանիլ բոլորին, ուստի ներկայիս կը մշակենք գիւղի առանձին դռնապանի ծառայութիւն: Այդ հնարաւորութիւն կու տայ տարեցներուն կարելի եղածին չափ երկար ապրիլ իրենց տուներուն մէջ», կ՛ըսէ Ռանքինէն:
Նաեւ գիւղի գործիչներ` Մերճա Ճուննիլան, Սաարա Ռանքինէն եւ Էսքօ Քոտիլան կը խորհին, որ գիւղի դռնապանի ծառայութեան գաղափարը լաւ է:
Թէեւ թաղային օգնութիւնը այնքան ուժեղ է, սակայն բազմակողմանի դռնապանը նոյնպէս ապահովութիւն կը բերէ առօրեայ կեանքին:
«Ամէնէն հեռաւոր գիւղերուն մէջ ապրող բազմաթիւ տարեցներ առաջինը չեն, որ օգնութիւն կը խնդրեն: Ո՛չ դրացիէն, ո՛չ ալ անցնող նամակաբաշխէն», կը պատմեն գիւղին գործիչները:
Գիւղին գործիչները կը պատմեն, որ Ալպուայի գիւղացիները
քրտնաջան կ՛աշխատին գիւղը աշխուժ պահելու համար:
«Մենք հպարտ ենք, որ հայրենակից ենք»
Ալպուայի գիւղացիները նոյնպէս յատկանշուած են իրենց հասարակական բարեկեցութեան պահպանման հարցին մէջ: Ամէնէն ժողովրդական իրադարձութիւններէն մէկը ամէն ամիս կայացող Alpha Lounge-ն է:
Թմրեցուցիչներէն զերծ այս ձեռնարկին մարդիկ կրնան հանդիպիլ իրարու, զրուցել սուրճի գաւաթի մը շուրջը եւ միաժամանակ ծանօթանալ նոր մարդոց :
«Գործունեայ մնալու կարողութիւնները պահպանելու լաւագոյն հնարաւոր միջոցն է այս», կը հաւաստէ Մերճա Ճունիլա:
Կամաւոր գործունէութեանց եւ ձեռնարկներու ժամանակ Ալպուան հաւանաբար միակ գիւղն է, որ աւելի շատ կամաւորներ ունի, քան` աշխատանք:
Անոնք միշտ միասին աշխատած են ընդհանուր նպատակի համար:
«Մենք հպարտ ենք մեր արմատներով եւ չափազանց ուրախ, որ հայրենակից ենք: Թէեւ մենք վերջին չորս տարիներուն ընթացքին եղած ենք Ռահէ քաղաքին մէկ մասը, սակայն այն փաստը, որ որոշումները կը տրուին մեզմէ 50 քմ հեռաւորութեան վրայ, մեզ չի դարձներ քաղաքի մարդիկ: Մեր միակ ցանկութիւնն է, որ մեր ձայնն ալ լսելի դառնայ», կ՛ըսեն գիւղին գործիչները: