Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Մէջ Անտուն Մարդոց Պահապանը

Հոկտեմբեր 21, 2022
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աշխարհի ամէնէն բարգաւաճ երկիրներուն մէջ իսկ գոյութիւն ունին անտուն մարդիկ, որոնք զանազան պատճառներով, բառին բուն իմաստով փողոցը մնացած են: Անշուշտ միշտ ալ կը գտնուին օգնութեան ձեռք մեկնողներ: Թորոնթոյի մէջ ատաղձագործ մը այդ փորձը կատարած է: «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին կայքը հրապարակած է այս առնչութեամբ  Քաթրին Փորթըրի յօդուածը:

 Ն.

Ատաղձագործը, Որ Տնակներ Կառուցած Է
Թորոնթոյի Անօթեւաններուն 

Խալիլ Սիվրայթ իրեն  համար փայտէ տնակ մը կառուցած է` բնակելով Թորոնթոյի Արեւմտեան ափ շրջանին մէջ: Յետոյ ան սկսաւ նման կացարաններ կառուցել Թորոնթոյի մէջ անօթեւաններու համար` ձմրան  գոյատեւելու նպատակով:

Խալիլ Սիվրայթ  կառուցած է մօտ 100 փոքր ապաստարան` Թորոնթոյի անօթեւան բնակչութեան համար

Շինարարութեան վայրը աշխատելու երթալու ճամբուն վրայ  Խալիլ Սիվրայթ նշմարած է  միջքաղաքային մայրուղիի եւ հանրային պարտէզներու մէջ բազմացող վրանները, որոնք  յարմարաւէտ չեն թուիր:

Ինչպէ՞ս կրնային այս մարդիկ գոյատեւել Թորոնթոյի խոնաւ, ցուրտ ձմեռներուն, առաւել` «Քորոնա»-ի համաճարակի ատեն, որ բազմաթիւ անձեր դուրս մղած էր խճողուած ապաստարաններէն:

Ան յիշեց փոքրիկ տնակը, որ ժամանակին կառուցած էր փայտի տաշեղներով,  երբ կը բնակէր այլ շրջանի մը մէջ:

Ուրեմն, ան ելեկտրածին նոր շարժակ մը զետեղեց իր ինքնաշարժին մէջ, 800 տոլար արժողութեամբ փայտ կապեց ինքնաշարժին տանիքին վրայ եւ գիշերուան կէսին իջաւ քաղաքի ձորերէն մէկը` կառուցելու փայտէ տուփ մը եւս, 2×1 մեթր չափերով:

Արտաքին կողմը այնպէս  ծեփեց, որ ըստ իր  մանրակրկիտ հաշուարկին, անիկա տաք կը պահէր այն գիշերները, երբ ջերմաստիճանը կ՛իջնէր մինչեւ նուազ 15-ի: Ան լոյսի համար պատուհան մը միայն բացաւ եւ ծուխի ու բնածխական կազի չափը ստուգող սարք տեղադրեց: Աւելի ուշ վրան փակցուց գրութիւն  մը, ուր գրուած էր. «Ոեւէ անձ կրնայ մնալ այստեղ»:

Այդ ժամանակէն ի վեր 28-ամեայ Սիվրայթ  կառուցած է մօտ 100 նման ապաստարաններ, 40 կամաւորներէ բաղկացած անձնակազմով եւ աւելի քան 200.000 տոլար նուիրատուութիւններով:

Ան զանոնք տարած է Թորոնթոյի հանրային այն պարտէզները, ուր  տեղադրուած են անօթեւաններու վրանները`  համաճարակի անհաւասար հետեւանքներու սարսափելի յիշեցումները:

Փոքր ապաստարաններ` Թորոնթոյի Ալեքսանտրա հանրային պարտէզին մէջ

Քաղաքի դիւանակալները, պետական պաշտօնատարները, ատոնք անուանեցին ապօրինի ու անապահով, եւ շատերուն ուղարկեցին խախտման եւ վտարման ազդարարագիրներ` տեղեկացնելով իրենց բնակիչներուն, որ քաղաքապետարանը անոնց համար պանդոկի սենեակներ վարձակալած է:

Անոնք պարոն Սիվրայթին հրամայեցին դադրեցնել կառոյցները քաղաքային սեփականութիւն հանդիսացող հողատարածքներու վրայ հաստատելը:

Բայց այդտեղ բնակող մարդոց համար ապաստարանները փոքր սենեակներ են, որոնք կը պաշտպանեն հիւանդութիւններէն եւ վտանգներէն: Եւ անոնք ապտակ են օրէնսդիրներուն, հզօր յիշեցում Քանատայի` վերջին 25 տարիներու ընթացքին ժողովրդային բնակարաններ կառուցելու ձախողութեան մասին:

«Այս մարդը հերոս է», ըսաւ Տոմենիկօ Սաքսիտան, որ կը բնակէր քաղաքին կեդրոնը գտնուող հանրային պարտէզին փոքր ապաստարաններու խմբակին մէջ, քանի տակաւին «Քորոնա»-ն կը տարածուէր քաղաքին մէջ:

«Ան Քանատայի կառավարութեան յիմարի երեւոյթ մը տուաւ: Մարդ մը` իր սեփական ժամանակով եւ միջոցով»:

Կիրակի մը աւելի քան 200 մարդ հաւաքուած էր հանրային պարտէզին մէջ` բողոքելու համար վտարման ծանուցագիրներու դէմ եւ լսելու Սիվրայթը, որ այնքան առանձնացած եւ ներամփոփ է, որ անոր ընկերային  ցանցերու հաշիւները երկար ժամանակ կեղծ անուններով էին:

Բայց Սիվրայթը կը մղեն անոր դաւանած բարոյական հրամայականները, նոյնպէս` իր սիրելի փիլիսոփաներու գրածները:

«Մարդոց համար այստեղ ապրիլը աւելի ու աւելի անմատչելի կը դառնայ,- ըսաւ ան հաւաքուածներուն: – Կարծես մենք բոլորս կանգնած ենք կարգով` սպասելով, որ մեզ դուրս մղեն: Եւ բոլոր անոնք, որոնք  կը մնան այստեղ` դուրսը, այդ գիծի վերջաւորութիւնն են»:

Սիվրայթ զգացած է անօթեւանութիւնը, թէեւ աւելի շատ որպէս ինքնապահովման փորձ, քան` դժբախտութեան հետեւանք:

2017 թուականին ան վրան լարեց Պերնապի լիճի մեծ պարտէզին մէջ, Վանքուվըրի կեդրոնէն 30 վայրկեան  հեռաւորութեան վրայ, երբ կ՛աշխատէր շինարարական ընկերութեան մը մէջ:

Հինգ ամսուան ընթացքին ան գիտցաւ, թէ ի՛նչ է դողալով արթննալը, երբ ձիւնը փլած էր նայլոնէ առաստաղը, եւ  չէր կրցած քնանալ` շնագայլերու  յարձակման պատճառով:

Ան ոգեշնչուած  Հենրի Տէյվիտ  Թորոյի յայտնի փորձառութենէն`  փաստագրուած 1854 թուականին «Ուոլտեն» գիրքէն, որ կը վերաբերէր «միայն կեանքի էական փաստերուն», եւ տեղափոխուած է անտառին մէջ գտնուող փայտէ տնակ մը:

«Ինծի համար շատ հետաքրքրական էին այն գաղափարները, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ բանի կարիք ունիք ապրելու համար, – ըսաւ Սիվրայթ: – Այդ  ընելէ ետք, ես աւելի քիչ կը վախնամ, որ կը կորսնցնեմ տեղս կամ չեմ գիտնար, թէ ո՛ւր պիտի քնանամ»:

Կին մը, որ տուած է միայն իր անունը` Սամանթա, կ՛ապրի պարոն Սիվրայթի եւ անոր կամաւորներու խումբին կառուցած ապաստարաններէն մէկուն մէջ:

Ան նոյնպէս անձնական փորձառութեամբ գիտէ վարկով առնուող բնակարաններուն կարեւորութիւնը:

Սիվրայթ մեծցած է Թորոնթոյի արուարձաններու ծայրամասին գտնուող ցած  եկամուտ ունեցող համագործակցականին մէջ, Ճամայքայէն  աշխատաւոր դասակարգի գաղթական ընտանիքի մը միջնեկ զաւակն է:

Անոր մայրը դպրոցի տնտեսուհի է, իսկ հայրը` վարպետ ելեկտրագործ, որ սկսաւ Սիվրայթը եւ անոր կրտսեր եղբայրը` Ալին, իրեն հետ տանիլ աշխատավայր, երբ անոնք 12 եւ 11 տարեկան էին:

Երկրորդական վարժարանէն ետք Սիվրայթը աշխատանք գտաւ` կառուցելով տուներ:

Անոր վարպետը զայն աշխատանքի կը մղէր  խոստումով. իւրաքանչիւր նոր հմտութեան, որուն  կը տիրապետէ, ան կը ստանար յաւելեալ տոլար մը: Քանի մը տարուան ընթացքին ան բաւական սորվեցաւ ղեկավարել իր անձնակազմը:

Ապա ան միացաւ հիւսիսային Բրիտանական Քոլոմպիա աւանի փոքր համայնքի մը, ուր սորվեցաւ ինչպէս մորթել հաւերը, բացայայտել սունկը, կառուցել ջերմոց եւ այլ աշխատանք:

Ան առաւօտները կանուխ կ՛արթննար անտառին մէջ ոտաբոպիկ քալելու համար, որպէսզի կարողանար «մօտիկ  կապ զգալ  բնութեան հետ»:

Երբ դրամը վերջացաւ, ան աշխատանք գտաւ քաղաքին մէջ:

«Ինչպէս կ՛ուզէի ապրիլ, – ան ըսաւ: Այդ ամբողջովին ինձմէ կախուած էր: Ես ստիպուած չէի կարգի մտնելու»:

Անոր ընկերները, քոյրերն ու եղբայրները Սիվրայթը  կը նկարագրեն որպէս կրքոտ աշխատող, ինքնազարգացող: Ան ջուրին մակերեսին վրայ լողացող մը  չէ, ան կը սուզուի:

Միջնակարգ դպրոցին մէջ ան դաշնամուրի կը հետեւէր եւ օրական ժամերով կը նուագէր, մինչեւ որ յաջողեցաւ նուագախումբ հիմնել եւ շրջագայիլ զանազան շրջաններ:

Ան «տարուած» էր ճատրակով եւ այնքան կը խաղար, որ այժմ դասեր կ՛առաջարկէ առցանց:

Ան ինքն իրեն սորվեցաւ նկարել եւ այնքան յաջող եղաւ, որ իր աշխատանքները վաճառեց մեթրոյի կայարաններուն մէջ:

Վերջերս ան կ՛անդրադառնար Ֆրետրիխ Նիցչէի յաւերժական վերադարձի գաղափարին, որ մարդիկ կարողանան ոգեւորուիլ իրենց կեանքը բազմիցս վերապրելու հայեցակարգով, «Groundhog Day» ոճով:

«Ինծի հաճելի կը թուի անոր զարմանքը կեանքի մէջ, այն զգացումը, որ կը բաւարարէ քու կեանքդ վատագոյն բաներով եւ հիանալի ճամբորդութիւն  կ՛ընէ այն ամէնէն, որ դուն կ՛ընես», ըսաւ ան:

Այդ գաղափարը եղած է ապաստարաններ կառուցելու իր ոգեշնչման մէկ մասը:

Այսպիսով, մինչ անոր ընկերներէն քիչերը կը կանխատեսէին անոր վերջին հետապնդածը, անոնք չզարմացան անկէ:

Թորոնթոյի թենիսի դաշտին մօտ վրաններ տեղադրուած են: Աւելի քան 80 հազար մարդ  կը գտնուի քաղաքի սպասարկման ցուցակին մէջ` հանրային բնակարաններու համար

Սիվրայթ իր երկրորդ փոքրիկ կացարանէն ետք, շաբաթը եօթը օր նուիրուեցաւ նախագիծին` տենդագին նետուելով վարձակալած պահեստի աշխատանքին:

Նախաձեռնութիւնը իրարանցում մը ստեղծեց ե՛ւ  քաղաքային պաշտօնատարներու, ե՛ւ սովորական քաղաքացիներու շրջանակներուն մէջ: Անոնցմէ շատեր համաճարակի պատճառով հաւաքուած էին տունը, հեռու` խառնաշփոթ հարցերէ:

Սիվրայթ միացուց ուժերը խումբ մը  երաժիշտներու եւ արուեստագէտներու հետ, որոնք կը կոչուին Encampment Support Network` տրամադրելով ուտեստեղէն եւ պաշարներ շուրջ 75 ճամբարներու մէջ, ուր, ըստ կառավարութեան, կը բնակին մինչեւ 400 անձեր:

Ան ստորագրահաւաք սկսաւ` կոչ ընելով քաղաքի հանրային պարտէզներէն չհեռացնելու իր ապաստարանները, ջանք մը, որ ստացաւ աւելի քան 100 հազար ստորագրութիւն:

Ստորագրահաւաքին հետեւեցան բազմաթիւ  ուրիշներ` բժշկական ոլորտին մէջ աշխատողներ, երաժիշտներ, եկեղեցական խումբերու անդամներ, իրաւաբաններ, ակադեմականներ, արուեստագէտներու եւ գրողներ:

«Ես դարձած եմ բանի մը դէմքը, որ ինձմէ շատ աւելի մեծ է», ըսաւ ան:

Թորոնթոյի մէջ մատչելի բնակարաններու համար կազմակերպուած հանրահաւաքը, որ կազմակերպած էր Encampment Support Network-ը:

Առայժմ քաղաքի իշխանութիւնը եւ քաղաքական գործիչները չեն տուժած:

Ապաստաններուն մէջ բռնկած հրդեհները, որոնցմէ մէկը մահացու ելք ունեցաւ, խստացուցին անոնց ընդդիմութիւնը:

Օրէնքը իրենց կողմն է. Օնթարիոյի դատաւորը որոշեց, որ ճամբարները կը խոչընդոտեն հանրային պարտէզներու տարածքներու գործածութիւնը, եւ որ քաղաքը իրաւունք ունի հեռացնել զանոնք:

«Ես չեմ կրնար ընդունիլ,  որ խոչընդոտուի հանրային պարտէզներուն մէջ մարդոց զբօսնելու առիթը», կ՛ըսէ Թորոնթոյի փոխքաղաքապետ Անա Պաիլաօ` աւելցնելով, որ` քաղաքը ունի 2040 մատչելի բնակարաններ, որոնք այժմ կը կառուցուին:

Այս զգալի աճ է նախորդ տարիներու համեմատ,  բայց չի կրնար լուծել խնդիրը, որովհետեւ ժողովրդային բնակարաններու դիմումներու ցուցակին մէջ արձանագրուած են 80 հազար անձեր:

Սիվրայթ մտահոգ է, որ երբ հանրային պարտէզները դատարկուին, մատչելի բնակարաններու մասին հրատապ խօսակցութիւնը արագ կը մոռցուի:

Ան փաստաբաններ վարձած է` սահմանադրական հիմունքներով քաղաքի արգելքի դէմ պայքարելու համար: Մինչ ան կը սպասէ  դատի օրուան,  դադրեցուցած է ապաստարաններ պատրաստելը:

Ան նաեւ յետաձգած է իր ծրագիրները` տեղափոխուելու երկրի արեւելեան ափը` կառուցելու իր սեփական շրջապատը, աւելի քիչ կանոններով, երաժշտութիւն նուագելու, արուեստով զբաղելու եւ ընթերցելու:

«Այդ կ՛արժէ, – ըսաւ ան:- Ես զուարճալի միտք մը ունէի. կեանքը երկար է: Քիչ մը սպասելը այնքան ալ սարսափելի չէ»:

Ապաստարան մը Ալեքսանտրա հանրային պարտէզին մէջ

 

Նախորդը

ՋԱՀ Լրատուական – Թիւ 7. Հայաստանի Բնական Հարստութիւններն ու Անոնց Պահպանման Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Նշմար. Նշոյլ Մը

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?