Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այս օրերուն մանաւանդ Լիբանանի մէջ ականատես կ՛ըլլանք մարդոց, որոնք կա՛մ կը փորձեն վաճառատուներ կողոպտել, կա՛մ ալ օր ցերեկով ներխուժելով դրամատուն մը, պատանդներ բռնելով` իրենց պահ դրած գումարը կը պահանջեն: Դրամատուն կողոպտելը, ներխուժելը անշուշտ նոր երեւոյթ մը չէ, սակայն գիտէի՞ք, որ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ դրամատուներ կողոպտած ամէնէն արդիւնաւէտ անձը եղած է… Քարլ Ղուկասեանը:
Ara the Rat կայքը տեղեկութիւններ հրապարակած է:
Ն.
Քարլ Ղուկասեան. Միացեալ Նահանգներու Պատմութեան Մէջ
Դրամատուներ Կողոպտած Ամէնէն Արդիւնաւէտ Անձը
2001 թուականին Փենսիլվանիա նահանգի Ռատնոր քաղաքի անտառներուն մէջ խաղացող երկու տղաներ գտան պեթոնէ մեծ խողովակներ, որոնց մէջ անոնք յայտնաբերեցին փաստաթուղթեր, որոնք կ՛առնչուին բազմաթիւ դրամատուներու կողոպուտներուն, եւ` բացատրութիւններ, թէ ինչպէ՛ս մաքրել պարեթթա ատրճանակը:
Տղաները իրենց գտածը տարին ոստիկանութիւն, եւ երբ սպան անոնց հետ վերադարձաւ անտառ, գտաւ երեք մեթր խորութեամբ ամբար մը, որ լեցուած էր խողովակներով:
Ամբարը պարզապէս գետնի վրայ բացուած փոս մը չէր: Այն խնամքով փորուած էր եւ երեսը պատուած` աղիւսներով եւ պեթոնէ կաղապարներով: Անիկա կը պարունակէր` գիրքեր, քարտէսներ, նոթեր` Վիրճինիայէն մինչեւ Քոնեքթիքաթ 160 դրամատուներու մասին, 5 ատրճանակ, 500 փամփուշտ եւ Հալոուինի 8 դիմակ:
Կանչուեցաւ Էֆ. Պի. Այ.-ը:
Շատ չանցած` անոնք հասկցան, թէ ո՛վ կանգնած է այս բոլորին ետին:
Իրաւապահներուն յարգանքին արժանացած գողը
Գրեթէ երեք տասնամեակ անձ մը յաջողութեամբ կը կողոպտէր դրամատուները` բարձր արհեստավարժութեամբ, որ կ՛արժանանար իրաւապահներու դժգոհութեան եւ յարգանքին: Ոչ ոք գիտէր յանցագործին ինքնութիւնը, բայց անոր գողութիւնները զայն առասպելական դարձուցած էին:
Ան Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ դրամատուն կողոպտող ամէնէն բեղմնաւոր անձն էր, որ «շահեցաւ» շուրջ 2 միլիոն տոլար` գերազանցելով յայտնի գողեր Ճոն Տիլինճըրը, Պոննին եւ Քլայտը միասին:
Գործողութեան եղանակը գրեթէ միշտ նոյնն էր: Ան առանձին կ՛աշխատէր: Զինուած, լայն հագուստով եւ ամուր դիմակով` ան միշտ կը գործէր ուրբաթ երեկոյեան` դրամատունը փակուելէ շուրջ 10 վայրկեան առաջ:
Զայն կ՛անուանեն «Ուրբաթ գիշերուան դրամատան կողոպտիչ»:
«Ուրբաթ գիշերուան դրամատան կողոպտիչ»
Անոր թուացեալ գերմարդկային ֆիզիքականը նոյնքան տագնապալի էր, որքան` հրացանն ու բարձր ձայնը: Կանգնած դիրքէն ան ճարպիկ կը ցատկէր դրամատան պաշտօնեայի սեղանին, հրացանը դէպի դարակները, կ՛առնէր կանխիկ գումարը, նոյնպէս` թաքստոցներէն, որոնք նախատեսուած են կողոպուտը սահմանափակելու համար, եւ դուրս կու գար: Այս ամբողջ գործողութիւնը 2 վայրկեանէն նուազ կը տեւէր:
Կողոպուտները սովորաբար տեղի ունեցած են հոկտեմբերէն ապրիլ, երբ կանուխ կը մթննայ: Դրամատուները բոլորը կը գտնուէին անտառներու մօտ: Կողոպուտէն ետք դիմակաւոր գողը կը վազէր մութ անտառին մէջ եւ կ՛անհետանար:
Զինուորական անցեալ
Դրամատուն կողոպտելը միշտ մանրակրկիտ ծրագրուած էր եւ` մասնագիտական ոճով իրականացուած: Յանցագործութիւններու վերլուծութեան հիման վրայ իրաւապահները կրնային գնահատել անոր տարիքը, հասակը եւ դրամատնային սեղաններու վրայէն անոր հմուտ ցատկելու ձեւին պատճառով որոշեցին, որ ան նոյնպէս շատ լաւ մարզական վիճակի մէջ էր եւ արագաշարժ: Անոնք նոյնպէս ենթադրեցին, որ ան կրնար զինուորական անցեալ ունենալ: Բայց ոստիկանութիւնը իրական տուեալ մը չունէր անոր ինքնութեան մասին:
Գ. աստիճանի սեւ գօտի
Ամբարներէն մէկուն մէջ ոստիկանները նոյնպէս գտան մարտարուեստի մարզումի գիրքեր եւ թռուցիկներ` մարտարուեստի դպրոցներու համար:
Ի վերջոյ անոնք ունեցան առաջնորդող տուեալ մը: Թռուցիկներէն մէկը մօտակայքին մէջ քարաթէի դպրոցի համար էր: Գործակալները կապուեցան տիրոջ հետ եւ հետաքրքրուեցան, թէ արդեօք անոնք միջին տարիքի եւ մարզական վիճակ ունեցող աշակերտներ ունի՞ն:
Կար մէկը` 55-ամեայ, Գ. աստիճանի սեւ գօտի` Քարլ Ղուկասեան անունով:
Քննիչները գիտէին, որ գտած են իրենց մարդը:
Կենսագրական տուեալներ
Քարլ Ղուկասեան ծնած է 12 հոկտեմբեր 1947-ին, Փենսիլվանիա, հայ ծնողներէ` Անդրանիկ եւ Սանասան: Երբ ան 15 տարեկան էր, անոր վրայ կրակած էին անուշավաճառի խանութը կողոպտելու փորձի ատեն եւ 18 ամիսով զայն ուղարկած` պետական պատանեկան հաստատութիւն:
Միջնակարգ դպրոցը աւարտելէ ետք ան ուսանած է եւ` ելեկտրականութեան մասնագէտի վկայական ստացած, իսկ 1971 թուականին ընդունուած է բանակ: Զինուորական ծառայութեան ընթացքին ան ստացած է մարտավարական զէնք եւ յատուկ նշանակութեան ջոկատայիններու պատրաստութիւն: Այնուհետեւ ան շարունակած է ուսումը եւ ստացած` համակարգերու վերլուծութեան մագիստրոսի կոչում, որուն յաջորդած է դոկտորական աշխատանք` վիճակագրութեան եւ հաւանականութեան (statistics and probability) ոլորտին մէջ:
Քարլ Ղուկասեանի տարեգրքի լուսանկար, 1971 թ.
Ղուկասեանը յաճախ կը տեսնէին թաղին մէջ, կը վազէր ծանրաբեռնուած ուսապարկով` ուժ եւ տոկունութիւն զարգացնելու համար: Ան կը զբաղէր եոկայով, մտախոհութեամբ (meditation) եւ առողջարար ուտելիք կը նախընտրէր:
Ան կը սիրէր ճամբորդել: Ղուկասեան այցելած է Փարիզ, Ափրիկէ եւ Հայաստան:
Ըստ հարկային մարմինի տուեալներուն, ան վիճակագրական խորհրդատու էր եւ արհեստավարժ խաղամոլ (բախտախաղ), որով ալ կը բացատրուէր, թէ ինչո՛ւ դրամատան մէջ կէս միլիոն տոլար ունի:
Ձերբակալութիւն
7 փետրուար 2002-ին Ղուկասեան ձերբակալուեցաւ Ֆիլատելֆիոյ գրադարանին մէջ: Ան տարիներ շարունակ կ՛այցելէր գրադարան` ուսումնասիրելով եւ ընդօրինակելով տեղագրական քարտէսները:
Ղուկասեան ապշած մնաց եւ սկիզբը լուռ մնաց, բայց հետագային ընդունեց իր յանցագործութիւնները: Էֆ. Պի. Այ.-ի գործակալները Ղուկասեանի երկու եղբայրներուն, անոր 79-ամեայ մօրն ու ընկերուհիին վերագրած են անոր միտքը փոխելը: Անոնցմէ ոչ ոք գիտէր Քարլի գաղտնի կեանքին մասին:
Քարլ Ղուկասեան կողոպտած է շուրջ 50 դրամատուն, գողցած` 2 միլիոն տոլար: Ան կրակած է երկու անձի վրայ պատահաբար (երկուքն ալ ողջ մնացած են):
Այս յանցագործութիւններուն համար ան կրնար 115 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ: Բայց եւ այնպէս, քանի որ ան այդքան օգտակար էր քննիչներուն եւ դատարանին մէջ իսկապէս զղջացած կը թուէր, ան միայն 17 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ:
Այն ժամանակ Լինուուտ Ռայթ անունով դաշնակցային դատախազը ըսած է, որ Ղուկասեան Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ դրամատուն կողոպտող ամէնէն արդիւնաւէտ անձն է:
Դիմակ Ղուկասեանի նախընտրած դիմակը` Ֆրետի Քրուկըր
Դատավարութիւն
Անոր դատավարութեան ներկայ էին դրամատան երեք պաշտօնեաներ, որոնց վրայ ան յարձակած էր բազմաթիւ ուրիշներու շարքին: Առաջին անգամն էր, որ ան առանց դիմակի դէմ դիմաց եկաւ իր զոհերուն հետ:
«Քա՛րլ, վերջին անգամ, երբ մենք հանդիպեցանք, դուն պահուըտած էիր դիմակի ետին եւ ատրճանակ կ՛ուղղէիր ինծի,- ըսաւ Տաուն Պրեսլըր, որ Ղուկասեանի Տելաւերի մէջ կողոպտած դրամատան տնօրէնն էր: – Որքա՜ն հաճելի է հանդիպիլ քեզի Ֆրետի Քրուկըր, այսօր այս պայմաններուն մէջ: Կը յուսամ, որ դուն կը վայելես բանտին մէջ յաջորդ 17 տարիները: Կը յուսամ, որ դուն մղձաւանջներ կը տեսնես, ինչպէս` ես»:
Ղուկասեան յատակին նայեցաւ:
Ան մէկ էջնոց նամակ գրած էր` ներում հայցելով կողոպուտներու եւ մարդիկը սարսափեցնելուն համար: Ղուկասեան նամակը բարձրաձայն կարդալու ատեն յուզուած էր:
«Ես միշտ արդարացուցած եմ իմ ըրածս` մտածելով, որ դրամատուներու կողոպուտը զոհեր չէ պատճառած,- ըսաւ ան:
– Ես հիմա այդպէս չեմ խորհիր»:
Աւելի նուազ` 17 տարուան բանտարկութեան գործարքին մէկ մասը այն էր, որ Ղուկասեան նոր ասպարէզ կը սկսի որպէս Էֆ. Պի. Այ.-ի «բանտարկուած խորհրդատու»:
Այդ ատենէն ան հարցազրոյց տուած էր տեսերիզով դրամատուներու կողոպտման ձեւերու դէմ պայքարի ուսուցողական շարժանկարի համար, որ Էֆ. Պի. Այ.-ի կողմէ ուղարկուեցաւ ոստիկանութեան ակադեմիաներու եւ իրաւապահ դպրոցներու:
Ան արդէն օգնած էր Էֆ. Պի. Այ.-ի մարդոց` դիմագիծներու ճշդումի ստորաբաժանման, եւ գործակալները առաջնորդած էր Փենսիլվանիոյ մէջ գտնուող իր 27 ամբարները:
Բանտին մէջ ան թուաբանութիւն կը սորվեցնէր այլ բանտարկեալներու:
Քարլ Ղուկասեանին լուսանկարը` նախքան ձերբակալութիւնը
Հարցումին, թէ ինչո՞ւ ընտրած է դրամատուն կողոպտողի ասպարէզը, Ղուկասեան բացատրած է, որ երբ 15 տարեկանին զինք ձերբակալած եւ ուղարկած են պետական պատանեկան հաստատութիւն` անուշավաճառի խանութէն գողութիւն ընելու համար, ինք չէր գիտեր, որ իր նման անչափահասներու մասին արձանագրութիւնները կը ջնջուին:
Ան կարծած է, թէ բնաւ չի կրնար իրական աշխատանք գտնել եւ զգացած էր, որ այլընտրանք չունի, քան` դիմել յանցագործութեան կեանքին:
Մասնագիտացած կողոպուտ
Ղուկասեան քննիչներուն ըսած է, որ իր մեթոտները կատարելագործած է 1973 թուականին իր առաջին կողոպուտէն ետք:
Տեղագրական քարտէսներու օգնութեամբ ան յայտնաբերած է փոքր քաղաքներու ծայրամասերը, որոնք կը գտնուին անտառներու եւ մայրուղիի մօտ:
Ան կը սպասէր այն ամիսներուն, երբ կանուխ կը մթնննար, յետոյ ծառերու ետեւէն քանի մը օր կը դիտէր դրամատուներն ու պաշտօնեաները` անոնց վերաբերմունքին մասին պատկերացում մը ունենալու համար:
Ան ըսաւ, որ ընտրած է ուրբաթ երեկոները, դրամատուներու փակման ժամանակէն անմիջապէս առաջ, քանի որ կը խորհէր, որ այս այն պարագան է, երբ կ՛ըլլան աւելի քիչ յաճախորդներ, բայց` աւելի շատ կանխիկ գումար:
Դիմակը ամուր կ՛անցընէր գլխուն, ուստի նոյնիսկ անոր մորթին գոյնը չէր երեւեր, եւ ան կը հագնէր լայն հագուստ` իր կազմուածքը քողարկելու համար: Կողոպուտէն ետք ան կը վազէր անտառ օգտագործելով հոտ արգիլող միջոց` քողարկելու իր երթուղին եւ թաքցնելու ապացոյցները պահոցին մէջ: Ապա ան կը ցատկէր հեծանիւին վրայ եւ կ՛ընթանար ծառերուն մէջէն դէպի մայրուղիին մօտ կանգնեցուցած իր վանը, կը տեղաւորէր հեծանիւը եւ կը փախչէր:
«Ես նախապէս նման բան չեմ տեսած Էֆ. Պի. Այ.-ի հետ իմ բոլոր տարիներուս ընթացքին, – կ՛ըսէ գործակալը, որ կ՛աշխատէր Էֆ. Պի. Այ.-ի դիմագիծներու ճանաչման բաժանմունքին մէջ: – Ան իսկապէս իր արհեստին վարպետն է»:
15 տարի պատիժը կրելէ ետք Քարլ Ղուկասեան կանուխ ազատ արձակուեցաւ` 5 մայիս 2017-ին, 69 տարեկանին, իր լաւ վարքին համար: