Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բնականաբար վաւերական, մեծ մարդոց յատկանիշներէն է ներողամիտ ըլլալը, ներելը: Քանդիչ ողբերգութիւններ կրելէ ետք, կը գտնուին մարդիկ, որոնք կը կարողանան մէկ կողմ դնել իրենց զայրոյթն ու իրենց դէմ գործուած մեղքը եւ ողորմութիւն գտնել իրենց սիրտերուն մէջ: Անշուշտ անհատական գետնի վրայ հասկնալի եւ արդարանալի այս ներողամտութիւնը այնքան ալ ընդունելի պիտի չըլլայ հաւաքական ողբերգութիւններու եւ ջարդերու պարագային, որոնք, հաստատուած է, երբ անպատիժ մնացած են, կրկնուած են: Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը ներեց 1981 թուականին իր վրայ կրակած թուրքը, եւ ի՞նչ պատահեցաւ. Թուրքիա շարունակեց ու տակաւին կը շարունակէ պետական ահաբեկչութիւնը` ներխուժելով դրացի երկիրներ, սպաննելով հազարաւորներ:
Ստորեւ` անհաւատալի թուացող ներողամտութեան նորօրեայ քանի մը օրինակներ:
Ն.
Իրանցի Մայրը, Որ Խնայած Է
Իր Որդին Սպաննողը.
«Վրէժխնդրութիւնը Լքած Է Իմ Սիրտս»

Իր որդին սպանողին ներում շնորհելու գաղափարը Սամարէ Ալինեժատ առաջին անգամ իր երազին մէջ տեսաւ: Այդ պատգամ մըն էր, որ ան չէր ուզեր լսել: Սամարէի տղան` Ապտուլլա, իր ընկերոջ` Պալալի ձեռքով սպաննուած էր փողոցին մէջ, 2007-ին, երբ տակաւին 18 տարեկան էր: Ապտուլլա երկրորդ զաւակն էր, որ Սամարէ կը կորսնցնէր: Իր ամէնէն փոքր զաւակը զոհ գացած էր մոթոսիքլեթի արկածի մը, երբ հազիւ 11 տարեկան էր: Իր վշտին մէջ զայրացած` ան համոզուած էր, որ Պալալ պէտք է կախուի: Բայց երբ Պալալի մահապատիժի թուականը մօտեցաւ, Ապտուլլա իր մօր երազներուն մէջ աւելի յաճախ երեւցաւ:
«Մահապատիժէն 10 օր առաջ երազիս մէջ տեսայ տղաս, որ ինձմէ կը խնդրէր վրէժխնդիր չըլլալ, բայց ես չկարողացայ ինքզինքս համոզել ու ներել: Այդ օրէն երկու գիշեր առաջ ես կրկին տեսայ զինք երազիս մէջ, բայց այս անգամ ան չխօսեցաւ ինծի հետ», ըսաւ Սամարէ, որուն տունը մահապատիժի գործադրութենէն գիշեր մը առաջ եկան ազգականները, որոնք զգալով զաւակը կորսնցնելու անոր վիշտը` չփորձեցին զինք համոզել, որ ներէ, որովհետեւ Սամարէ հաստատ մնացած էր իր համոզումներուն վրայ: Այնպէս որ` ոչ ոք կը սպասէր, որ ան կը ներէ:
Որպէս Ապտուլլայի օրինական խնամակալ, Սամարէի ամուսինը` Ապտըլղանի, իրաւասու էր իրանեան օրէնսդրութեամբ մահապատիժը չեղեալ յայտարարելու, սակայն ան այդ պատասխանատուութիւնը զիջած էր իր կնոջը:
«Այդ գիշեր չկարողացանք քնանալ, բոլորս արթուն էինք մինչեւ առաւօտ: Մինչեւ վերջին վայրկեանը չէի ուզեր ներել: Միայն երկու օր առաջ ամուսինիս ըսած էի, որ չեմ կրնար ներել այս մարդուն, բայց թերեւս հաւանականութիւն ըլլայ, սակայն ես չկարողացայ ինքզինքս համոզել, որ ներեմ: Ամուսինս ըսաւ, որ Աստուծոյ յանձնեմ, եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ», ըսաւ Սամարէ:
Մահապատիժի գործադրութեան օրուան կանուխ ժամերուն Սամարէ կը գտնուէր Նուր բանտին դուրսը, ուր հաւաքուած էր բազմութիւն մը:
«Վերջին խօսքը դուն պիտի ըսես: Շատ տանջուած ես, ի՛նչ ըսես` այդ կ՛ընենք», ըսաւ ամուսինը:
Քուրանի ընթերցումէն ետք բանտի պահակները պարան կապեցին Պալալի վիզին, երբ ան կանգնած էր աթոռի վրայ` աչքերը կապուած, ձեռքերը կապուած: Իրանի օրէնքը տուժողի հարազատներուն թոյլ կու տայ անձամբ մահապատիժի ենթարկել այս գործով դատապարտուածը` մէկ կողմ հրելով աթոռը, որուն վրայ ան կանգնած էր:
Պալալ աղաչեց իր կեանքին համար եւ ողորմութեան կոչ ըրաւ. «Կը խնդրեմ, ներէ, միայն մօրս եւ հօրս համար»:
Սամարէ, որ բարկացած էր, պոռաց.- « Ինչպէ՞ս ներեմ, դուն ողորմութիւն դրսեւորեցի՞ր իմ տղուս մօրը եւ հօրը»:
Ամբոխի միւս անդամները, որոնք տագնապի մէջ կը դիտէին տեսարանը, նոյնպէս կոչ ըրին ընտանիքին` խնայելու Պալալի կեանքը:
«Ամմօ Ղանի, ներէ՛»,- պոռացին անոնք :
Պալալի ճակատագիրը ապա անսպասելի շրջադարձ ստացաւ: Սամարէ բարձրացաւ աթոռակի վրայ եւ աթոռը հրելու փոխարէն` ապտակեց զայն:

«Ատկէ ետք ես զգացի, որ զայրոյթը անհետացաւ իմ սրտիս մէջ: Ես զգացի, որ արիւնը կրկին սկսաւ հոսիլ երակներուս մէջ, – ըսաւ ան: – Ես լացի, ամուսինէս խնդրեցի, որ բարձրանայ եւ հանէ օղակը»:
Երբ ամուսինը հանեց պարանը Պալալի վիզէն, անոր նոյն երկվայրկեանին ներում շնորհուեցաւ:
Պալալի մայրը` Կոպրան, հեկեկալով, անցաւ մահապատիժի վայրէն ամբոխը բաժնող անցարգելի վրայէն եւ փաթթուեցաւ Սամարէին, ապա ծռեցաւ համբուրելու անոր ոտքերը` որպէս յարգանքի եւ երախտագիտութեան նշան:
«Ես թոյլ չտուի անոր այդ ընել, ես բռնեցի անոր թեւը եւ ստիպեցի անոր ոտքի կանգնիլ® ան, ի վերջոյ, ինծի նման մայր էր»:
Արաշ Խամուշի` լուսանկարիչ մը իրանեան Իսնա լրատու գործակալութեան, նկարած է այդ արտասովոր տեսարանները, նկարներու շարքով մը, որ հեղեղած է համացանցի կայքերը, թերթերը եւ պատկերասփիւռները ամբողջ աշխարհի մէջ:
Ամէնէն տպաւորիչ պատկերներէն են մայրերը, որոնք առաջին անգամ կանգնած են դէմ դիմաց ` իրարու փաթթուած:

«Ան անսահման երջանիկ էր, կարծես մէկը անոր թեւեր տուած էր թռչելու համար», ըսաւ Սամարէ:
Ժամեր ետք կնոջ մը տղուն խնայելէ ետք, ան գնաց իր զաւկին գերեզմանին վրայ լացաւ:
Ապտուլլան դաստիարակուած էր հաւատացեալ ընտանիքի մը մէջ: Սամարէ տանտիկին է, ամուսինը` հանգստեան կոչուած, թոշակառու անձ մը, որ կ՛աշխատէի որպէս ֆութպոլի մարզիչ տեղական ակումբին մէջ, ուր նախապէս կը խաղային Ապտուլլան եւ Պալալը: Կորսնցնելով երկու տղաները` զոյգը այժմ ունի միայն մէկ դուստր:
Պալալ կը մնայ բանտարկուած: Տուժողին ընտանիքը կրնայ փրկել միայն մարդասպանին կեանքը, բայց անոնք չեն կրնար հանել բանտային պատիժը, որ Իրանի դատական իշխանութեան հայեցողութեամբ է:
Տղուն սպանութենէն ետք Սամարէ բնաւ չէր խօսած Պալալի ընտանիքին հետ` նախքան մահապատիժի վայրին մէջ հանդիպումը:
«Այս տարիներուն ընթացքին ես ոչ մէկ բառ ըսած եմ անոնց, ոչ ալ` ուղղակի բողոքած, թէ ինչո՛ւ իրենց տղան սպաննած է իմ տղաս: Բայց անոնք կը հաղորդակցէին մեր ազգականներուն հետ», ըսաւ Սամարէ:
«Պալալ միամիտ պատանի մըն էր, չէր ուզեր սպաննել, այդ իր էութեան մէջ չէր, երկվայրկեաններու ընթացքին զայրացաւ, ձեռքին դանակ կար»:
Սամարէ անսպասելիօրէն ինքն իրեն գտնելով որպէս ոգեշնչող կերպար ամբողջ աշխարհի համար` մէկ դաս ունի. կը յուսայ, որ իր ողբերգութիւնը կ՛օգնէ ուրիշներուն սորվիլ. «Երիտասարդներուն համար, երբ դուրս կ՛ելլեն, դանակներ չառնեն իրենց հետ: Երբ անոնք կը սպաննեն անձ մը, անոնք պարզապէս այդ անձը չեն սպաններ. այդ սպանութեան հետեւանք` նոյնպէս կը մահանան մայրերն ու հայրերը»:
Ան բաւարարուած է, որ այնքան շատեր գոհ էին իր որոշումէն. «Ուրախ եմ, երբ մարդիկ հիմա զիս իրենց մայրը կ՛անուանեն»:
Պալալին ներելէ շաբաթ մը ետք Սամարէ գտաւ խաղաղութիւնը, որ կորսնցուցած էր իր տղուն մահով:
«Երեխայ կորսնցնելը կը նմանի մարմնէդ մաս մը կորսնցնելուն: Այս բոլոր տարիներուն ընթացքին ես շարժող մեռեալ մարմին մըն էի: Բայց այժմ ես շատ հանդարտ կը զգամ, խաղաղ կը զգամ: Ես կը զգամ, որ վրէժխնդրութիւնը դուրս եկած է մարմնէս», կ՛ըսէ Սամարէ:
«Կարտիըն»
Թշնամանքի Չէզոքացում
Մայիս 2014-ին Նիւ Եորք Թայմզ թերթի լուսանկարիչ Փիթըր Հիոքօ Ռուանտայի մէջ սկսաւ նկարչական շարադրութեան նախագիծ մը` ցոյց տալու ներողամտութիւնը հութուներու եւ թութցիներու միջեւ, երկու մշակոյթներու, որոնք ներգրաւուած էին 1994 թուականին Ռուանտայի ցեղասպանութեան մէջ, որ խլեց միլիոնաւոր կեանքեր: Լուսանկարներուն մէջ երկու մշակոյթներու անդամները կանգնած են կողք կողքի, ինչպիսիք են Ֆրանսին Մուքակասանան եւ Օլիվիէ Հապիարիմանան, վերի նկարին մէջ, ցոյց տալով ներման պատմութիւնը, եւ թէ ինչպէ՛ս այժմ հիմնովին միահիւսուած է անոնց կեանքը:
Կինը Կորսնցուցած Մարդը
Հրշէջ բաժանմունքին մէջ երկար հերթապահութիւն ընելէ ետք, Մեթ Սուացել ինքնաշարժը վարած ատեն քնացաւ եւ զարնուեցաւ այլ ինքնաշարժի մը` խլելով յղի մօր` Ժիւն Ֆիցճերալտի կեանքը եւ վիրաւորելով անոր 1,5 տարեկան դուստրը: Ֆիցճերալտին ամուսինը, որ քարոզիչ մըն էր, խնդրեց Մեթի պատիժի չափը նուազեցնել եւ սկսաւ անոր հետ հանդիպիլ` սուրճ խմելու եւ զրուցելու: Տարիներ ետք անոնք տակաւին կը մնան մտերիմներ:
«Դուք կը ներէք այնպէս, ինչպէս ձեզ ներած են», ըսաւ քարոզիչը:
«Թուտէյ»
Անսպասելի Հոգատարը
Իր մօր կողմէ բռնութեան ենթարկուած Փասքալ Քաւանախ ըսաւ, որ երբեք չէր պատկերացուցած, որ իր չափահաս կեանքին ընթացքին իր մօրը կը վերամիանայ: Սակայն 2010 թուականին անոր մայրը անցուց քանի մը կաթուած, որոնց պատճառով ան անկարող դարձաւ ինքզինք խնամելու: Որովհետեւ մայրը ուրիշ ոչ մէկ օգնական ունէր, Քաւանախ սկսաւ նստիլ մօր անկողինին քով եւ կարդալ անոր համար: Քաւանախ կ՛ըսէ, որ այս միջոցով այն ատելութիւնը, որ ինք ունէր մօրը հանդէպ, անհետացած է ներման եւ սիրոյ մէջ:
«Ռիլ Սիմփըլ»
Պատանիին Բարեկամը
Պատանի Ճորտի Հով դպրոց տարած է իր խորթ հօրը ատրճանակը եւ անսպասելիօրէն կրակած է Ատի Կուզմանի դստեր` Լուրտեսին վրայ, երբ ատրճանակը ցոյց տուած է ընկերներուն: Զարմացնելով դատաւորը եւ համայնքը` Կուզման ոչ միայն ներեց տղան, այլեւ խնդրեց, որ ան աւելի թեթեւ պատիժ ստանայ, լրագրողներուն ըսելով, որ կը կարծէ, թէ իր դուստրը այդպէս կ՛ուզէր: Հով միայն տարի մը մնաց անչափահասներու բանտին մէջ եւ Կուզմանի հետ այժմ կ՛այցելէ դպրոցներ` երեխաները զգուշացնելու զէնքի վտանգի մասին:
«Փիփըլ»
Կարեկցող Զոհը
Մերի Հեճես իր տղուն հետ կը գտնուէր առեւտրական կեդրոնի մը մէջ, երբ երկու տղայ աստիճաններու եզերքի ճաղին վրայ դրուած սայլը հրեցին, որուն պատճառով իր տղուն գլուխը ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ, աչքին մէկը կուրցաւ եւ աջ ոտքը անդամահատուեցաւ: Թէեւ տղան մահաքունի մէջ էր եւ շաբաթներ կ՛անցընէր կեանքին համար պայքարելով, Հեճես ներողամիտ էր: «Ես անոնց բարիք կը մաղթեմ: Ես շատ կը ցաւիմ անոնց համար: Իմ տղաս նոյնպէս 13 տարեկան է, եւ ան շատ լաւ տղայ է», ըսաւ ան:
«Էյ.Պի.Սի.»
Անսպասելի Կապ
Երկու երեխաներու մայր Սանտրա Ուոքըր կորսնցուցած է ամուսինը ինքնաշարժի արկածի պատճառով, եւ ուղեղի վնասուածք ստացած է: Արկածի գործով դատավարութեան ժամանակ Ուոքըր իր դատական յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ կը կարեկցի ինքնաշարժով իրենց բախած կնոջ, որ իր գրկած երեխան կորսնցուցած է արկածին պատճառով: «Ես գիտեմ, որ ան նոյնքան ցաւ կ՛ապրի, որքան ես: Կ՛ուզէի, թէ ան գիտնար, որ ես կը ներեմ զինք իր ըրածին համար», ըսաւ Ուոքըր :
«Վի.Էս.Պի.» Թի.Վի.
Կարեկից Սպան
Սթիվըն Մաքտոնալտ երիտասարդ ոստիկան էր 1986 թուականին, երբ անոր վրայ կրակեց պատանի մը Նիւ Եորքի Կեդրոնական զբօսայգիին մէջ: Ան անդամալոյծ եղաւ: «Ես ներեցի կրակողը, քանի որ կը կարծեմ, թէ միակ բանը, որ աւելի վատ է, քան ողնայարիս մէջ փամփուշտ ստանալը, վրէժ լուծելն էր իմ սրտիս մէջ», գրած է ան: Մինչ պատանին կը կրէր իր բանտարկութիւնը, Մաքտոնալտ անոր հետ կը նամակցէր` յուսալով, որ օր մը անոնք կրնան միասին աշխատիլ` դրսեւորելու ներողամտութիւն եւ ոչ բռնութիւն: Ցաւօք, երիտասարդը ազատ արձակուելէ երեք օր ետք մոթոսիքլեթի արկածի պատճառով մահացաւ, բայց Մաքտոնալտ դեռ կը շրջագայի երկրին մէջ` իր պատգամը տալու համար:
«Ռիտըրզ Տայճեսթ»
Անհաւանական Բարեկամութիւն
Մերի Ճոնսըն կորսնցուց իր տղան 1993 թուականին, երբ պատանի Օշէա անոր հետ կռուեցաւ երեկոյթի մը ժամանակ եւ կրակեց անոր վրայ: Ճոնսըն գնաց այցելելու Օշէային բանտին մէջ: Առաջին հանդիպումէն ետք ան Օշէային ըսաւ. «Ես սկսայ շարժում մը զգալ իմ ոտքերուս մէջ: Այդ բարձրացուց իմ ոտքերս եւ մարմինս: Երբ ես զգացի, որ այդ ինձմէ կը հեռանայ, անմիջապէս հասկցայ, որ այն ամբողջ զայրոյթը, ատելութիւնն ու թշնամանքը, որ ես ունէի իմ սրտիս մէջ քեզի հանդէպ 12 տարուան ընթացքին, աւարտեցաւ: Ամբողջովին ներած էի քեզ»: Անոնք այժմ կ՛ապրին որպէս դրացիներ, եւ Ճոնսըն հարցազրոյցներու մէջ նոյնիսկ Օշէան անուանած է «տղաս»: Իսկ Օշէա անոր ըսած է.«Ես կը սքանչանամ քեզմով, որ դուն բաւական խիզախ ես ներում շնորհելու համար, որ` բաւական խիզախ ես այդ քայլին դիմելու համար: Այդ զիս կը մղէ համոզուելու, որ ես մնամ ճիշդ ուղիի վրայ»:
«Պիսթ»