«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պէյրութի Ուղղութեամբ Իսրայէլեան Ուժերու Յառաջխաղացք Երեք Առանցքներու Վրայ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի դուռերուն գտնուող իսրայէլեան բանակին եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ կռիւները 1982 օգոստոսի առաջին օրերուն կեդրոնացած էին օդակայան-Պուրճ Պարաժնէ-Քոքոտի եռանկիւնին վրայ, ուր հրետանիի բախումներն ու հրթիռարձակումները կը շարունակուէին անընդհատ: Իսրայէլեան ուժեր, օդակայանէն դէպի Քոքոտի շրջան յառաջխաղացք արձանագրելէ եւ նոր գրաւուած շրջաններուն մէջ իրենց դիրքերը ամրապնդելէ ետք, չորեքշաբթի, օգոստոս 4-ի կանուխ առաւօտուն, ժամը 2:00-էն սկսեալ յարձակման անցան երեք...



















