Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Սփիւռքի Նախարարը Հանդիպեցաւ Գրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովի Մասնակիցներուն Հետ Հոկտեմբեր 12-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Գրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի մասնակից սփիւռքահայ հայագիր եւ օտարագիր գրողներուն` Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանի գլխաւորութեամբ: Է. Միլիտոնեանը սփիւռքի նախարարին ներկայացուց հոկտեմբեր 8-12 Ծաղկաձորի մէջ կայացած համաժողովին արդիւնքները` նշելով, որ անդրադարձ կատարուած է հայ գրականութեան արդի հարցերուն: Ողջունելով հիւրերը`...




















