Վերականգնող Կոթող Մը` Սօսէ Մայրիկի Անմեռ Յիշատակին
Մօտ երեք բախտորոշ տասնամեակներ անցած են այն թուականէն, երբ ազատագրական արիւնալի պատերազմէն նոր դուրս եկած նորազատ Արցախի իշխանութիւնները Հայ օգնութեան միութեան կը նուիրէին թշնամի ռմբակոծումներէ կիսաքանդ շէնք մը` վերակառուցելու եւ ի սպաս դնելու զայն պատերազմի որբերու եւ օգնութեան կարօտ ընտանիքներու մանուկներուն որպէս ապաստան: Տարին չանցած` ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզ-մանկամսուրը գործի կ՛անցնէր երեքէն վեց տարեկան 87 երեխաներով:
Այսպէս, 1998 թուին, կիսանորոգ այդ շէնքին մէջ հիմը կը դրուէր, այսօր արդէն` պատմական դարձած, ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզներու հայրենի հողի վրայ կառուցուող ցանցին: Եւ ահա՛, տասնըինը տքնաջան տարիներ ետք, Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի այդ նո՛յն շէնքի տարածքին վրայ ամբողջովին վերակառուցուած ՀՕՄ-ի բազմայարկ Սօսէ մանկապարտէզ-նախակրթական կեդրոնը կը պատրաստուի պաշտօնապէս իր դռները բանալու ընթացին տարուան սեպտեմբեր ամսու 6-ին` որպէս վերակառոյց կոթո՛ղ մը հայ ժողովուրդի անպարտելի կամքին ու Սօսէ Մայրիկի մշտավառ յիշատակին:
Աւելի քան 19 տարիներու հետեւողական աշխատանքի անցեալ մը կայ «Սօսէ» մանկապարտէզներու մերօրեայ լուսաւոր իրականութեան ետին: Ներկայիս Հայ օգնութեան միութիւնը Արցախի Հանրապետութեան տարածքին ունի 8 մանկապարտէզներ` Ստեփանակերտի, Շուշիի, Տողի, Մեծ Թաղերու, Աշանի, Ականաբերդի, Քարեգահի եւ Խնձրիստանի մէջ. ութ լուսատու հաստատութիւններ, որոնց բարձրադիր փարոսը, կարելի է ըսել, Ստեփանակերտի Անդրանիկ, այժմ վերականգնուած «Սօսէ» մանկապարտէզն է իր պատմական, ՀՕՄ-ակառոյց անցեալով ու ներկայով:
Ամբողջացնելու համար այս հակիրճ պատմականը` աւելցնենք, որ երկու տարի առաջ, ՀՕՄ-ի Համահայկական 71-րդ Պատգամաւորական ժողովէն անմիջապէս ետք, 11 հոկտեմբեր 2015-ին տեղի կ՛ունենար Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի ներկայ շէնքի հիմնօրհնէքի արարողութիւնը` խանդավառ մասնակցութեամբ հայրենի թէ միութենական աւագանիին, տեղական թէ այցելու ՀՕՄ-ականներու, ծնողներու եւ աշակերտներու հոծ բազմութեան: Հոկտեմբեր 2015-էն մինչեւ մարտ ամսուան վերջը նոր կառոյցի շինարարական աշխատանքները անընդհատ ու հեզասահ կ՛ընթանային, մինչեւ ազերի զինեալ ուժերու ապրիլեան վայրագ, այլեւ ձախող, ներխուժման գազանային փորձը, որուն պատճառով իր վերջնական փուլին մէջ մտած աշխատանքը կանգ կ՛առնէր:
Թող թոյլ տրուի մեզի այժմ ըսելու, որ անպարտելի է ու ամրակերտ` հայ ժողովուրդի շինարար կամքն ու հաւատքը, եւ անոր արդիւնք` անհամար գիտութեան ու մատենագրութեան տաճարները, որոնց կիսաքանդ կառոյցները լուռ կը հսկեն հայրենի պատմական տարածքներուն վրայ` խրախուսելով մեզ շարունակելու մեր քաղաքակերտ ժողովուրդի առաքելութիւնը` լոյսի եւ յոյսի նոր կեդրոն մը աւելցնելու մեր հազարամեայ հունձքին վրայ:
Շուտով, չորեքշաբթի` 6 սեպտեմբեր 2017-ին, ՀՕՄ-ի նորակերտ «Սօսէ» մանկապարտէզը պաշտօնապէս պիտի բանայ իր դռները Ստեփանակերտի մէջ, հայրենի ազատ երկնքի տակ: Այս առթիւ շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ունինք անխտիր բոլո՛ր անոնց, որոնք անսակարկօրէն տրամադրեցին իրենց թանկարժէք ժամանակն ու կորովը` նիւթապէս թէ բարոյապէս սատարելով այս բացառիկ ծրագրի իրականացման:
Միաժամանակ արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՕՄ-ի այս նորակերտ ուսումնական օճախին ներկայ ու ապագայ աշխատակազմերուն, որոնց խնամքին պիտի յանձնուին Արցախի մանուկներուն հոգեկան ու մտաւոր պատրաստութեան սրբազան պարտականութիւնը:
Ինշպէս միշտ, Հայ օգնութեան միութիւնը, իր համահայկական կազմով, կը մնայ կանգուն անոնց կողքին` հաւատարիմ իր մարդասիրական հայրենանուէր առաքելութեան:
Գաբրիէլ Փանոսեանի «Լոյսը Խաւարին Մէջ» Գիրքի Շնորհահանդէս
Յունիս 28-ին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին նախաձեռնութեամբ, Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը լիբանանահայ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի «Լոյսը խաւարին մէջ» պատկերագիրքին, ուր տեղ գտած են նաեւ ԵՊՀ իրաւագիտութեան բաժանմունքի ուսանող Մերի Բադալեանի եւ Միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի ուսանող Գայեանէ Թադեւոսեանի ստեղծագործութիւնները:
Ներկայ էին Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը, ԵՊՀ ուսանողներու, շրջանաւարտներու եւ հասարակութեան հետ կապերու գծով փոխնախագահ Ռուբէն Մարկոսեանը, դասախօսներ, ուսանողներ:
Ողջոյնի խօսք արտասանած է Սերժ Սրապիոնեանը, որ դիտել տուած է, թէ գիրքը պատահական մտայղացում չէ: «Այս գիրքը այսօր կը վկայէ այն մասին, որ Գաբրիէլ Փանոսեանը ունի լուսանկարչական իւրայատուկ տեսողութիւն, ասիկա պարզապէս խաւարին մէջ լոյսը եւ լոյսի շարժումը տեսնելու կարողութիւնը չէ: Այս գիրքի պատկերներուն մէջ մենք արդէն կ՛առնչուինք աստուածաշնչեան յայտնի աշխարհաստեղծման միտքին հետ` եղիցի լոյս: Գաբրիէլ Փանոսեանի ամէն մէկ լուսանկարին մէջ առկայ է անհատական մօտեցում: Նայելով լուսանկարներուն եւ ընթերցելով անոնց ուղեկցող ստեղծագործութիւնները, պարզ կը դառնայ գիրքին առաքելութիւնը` յայտնաբերել մարդուն մէջ ծուարած բանաստեղծական տաղանդը: Գիրքը այս առումով իւրայատուկ ազդակ է», ըսաւ Սերժ Սրապիոնեան, որ նկատել տուաւ, թէ հեղինակները խօսած են սրտի լեզուով: «Այս պատկերագիրքին մէջ կայ սրտի զրոյցը: Ես կ՛ուզեմ շնորհաւորել բոլորս, որ այս նիւթականացող աշխարհին մէջ կարելիութիւն ունինք առնչուելու արուեստի սքանչացնող ուժին հետ», դիտել տուաւ նախարարի տեղակալը:
ԵՊՀ փոխնախագահ Ռուբէն Մարկոսեան ըսաւ. «Պատկերագիրքը կազմուած է նոր ձեւաչափով. արդէն փորձառու լուսանկարիչի աշխատանքներուն կողքին տեղ գտած են իրենց ուղին նոր հարթող տաղանդաշատ ուսանողներու ստեղծագործութիւնները: Մերին եւ Գայեանէն, ուսանելով Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, նաեւ ԵՊՀ-ի մշակոյթի կեդրոնի սաներ են, եւ անոնց միտքը հարստացած, զարգացած է նաեւ համալսարանական մշակութային կեանքին մասնակցելու շնորհիւ»:
«Լոյսը խաւարին մէջ» պատկերագիրքի հեղինակ Գաբրիէլ Փանոսեան ջերմօրէն ողջունեց ներկաները, որոնցմէ շատեր սփիւռքի տարբեր գաղութներուն ներկայացուցիչներ էին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան եւ ԵՊՀ-ին, որոնք սիրայօժար կերպով աջակցեցան գիրքին: «Յատկապէս երախտապարտ եմ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, որուն շնորհիւ ես այսօր ընտրած եմ այս ուղին: Կ՛ըսեն` երբ ծառը իր արմատներէն կտրես, օտար հող տեղափոխես, անիկա չի շարունակեր աճիլ: Կեանքիս մեծ մասը անցընելով օտար հողին վրայ, վերջին տասը տարիներուն տեղափոխուած եմ հայրենիք: Օտարութեան մէջ կեանքս որեւէ արժէք չէ ունեցած, որեւէ ստեղծագործութիւն չեմ կատարած, սակայն երբ արմատներս հայրենի հող վերադարձան, ես այլ մարդ դարձայ: Իմ հայրենի հողիս կը պարտիմ այն, որուն հասած եմ այսօր: Երջանիկ են այն մարդիկը, որոնք Հայաստանի մէջ ծնած են», դիտել տուաւ լիբանանահայ լուսանկարիչը:
Մերի Բադալեան իր կարգին ըսաւ, որ Գաբրիէլ Փանոսեան տեսած եւ արժեւորած է իրենց ստեղծագործութիւններուն ու լուսանկարներուն լուռ երկխօսութիւնը, որ հետագային տուած է իր պտուղները: «Ես վստահ եմ` կեանքի մէջ պատահական հանդիպումներ չեն ըլլար: Բախտորոշ էր Գաբրիէլ Փանոսեանի հետ հանդիպումը, անիկա նոր գոյն ու երանգ հաղորդեց մեր կեանքին», ըսաւ ան:
Գիրքի համահեղինակ Գայեանէ Թադեւոսեան նկատել տուաւ, որ «Լոյսը խաւարին մէջ» պատկերագիրքին նպատակը մարդոց լոյս ու ջերմութիւն փոխանցելն է: «Ես շատ կը փափաքիմ, որ դուք այստեղէն դուրս ելլէք ձեր լոյսի բաժինը ստացած: Եկէք միայն ընթանանք լոյսի հետքերով», շեշտեց ան:
Շնորհահանդէսին ընթացքին ընթերցուեցան հատուածներ պատկերագիրքին մէջ տպագրուած ստեղծագործութիւններէն, երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան ԵՊՀ Մշակոյթի կեդրոնի սաները եւ այլ անձեր:
Սփիւռքի Նախարարը Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Սփիւռքահայ Գործիչներու Հետ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի այցելեցին տարբեր նպատակներով Հայաստան գտնուող սփիւռքահայ գործիչներ:
Յունիս 30-ին նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց լիբանանահայ քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեանը եւ կարեւոր նկատեց հայ քանդակագործին մշակութային հայանպաստ, ազգասիրական գործունէութիւնը` մասնաւորաբար անդրադառնալով անոր նոր ծրագիրներուն:
Րաֆֆի Թոքաթլեան հանգամանօրէն պատմեց իր վերջին աշխատանքներուն մասին, նշեց, որ կը պատրաստուի իր ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացում կատարել նաեւ Երեւանի մէջ: Նոր ցուցադրութիւնը, որ պատրաստ պիտի ըլլայ այս տարուան աւարտին, պիտի նուիրուի 2018 թուականի համահայկական կարեւորագոյն յոբելեաններուն` Առաջին հանրապետութեան եւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի հերոսամարտերու 100- ամեակին ու Երեւանի 2800-ամեակին:
Քննարկուեցան հետագայ համագործակցութեան եւ կազմակերպական այլ հարցեր:
***
Նոյն օրը լիբանանահայ գործիչներ Սարգիս եւ Զուարթ Նաճարեանները ընդունեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որ բարձր գնահատեց Զուարթ Նաճարեանի` «Հայկական Քարիտաս» բարեսիրական կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրթական խորհուրդին եւ Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամին մէջ ծաւալած մեծածաւալ գործունէութիւնը: Բարձր գնահատելով Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան մատուցած ծառայութիւնները, մատաղ սերունդի, երիտասարդութեան ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան առումով ձեռք բերած յաջողութիւնները եւ ազգային հասարակական գործունէութիւնը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան Զուարթ Նաճարեանը պարգեւատրեց նախարարութեան «Ոսկի մետալ»-ով:
Այնուհետեւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան անդրադարձաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոն»-ին եւ լրատուական գրասենեակի վարիչ-քարտուղար, «Մասիս» ամսաթերթի խմբագիր Սարգիս Նաճարեանի օգտաշատ եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան` զայն պարգեւատրելով Հայաստանի լրագրողներու միութեան «Հաւատարիմ մասնագիտութեան» մետալով:
«Մշակութային Վերածնունդ»-ը Հրատարակած Է Եկմալեանի Պատարագը
Հայ ժողովուրդը հազարամեակներու ընթացքին կերտած է հարուստ, ինքնատիպ երաժշտութիւն, որուն նուրբ հիւսուածքներուն մէջ Արեւմուտքի միտքն ու աւանդոյթը շաղախուած են արեւելեան խորհրդաւոր հմայքով:
Մեր հոգեւոր երաժշտական ժառանգութիւնը քրիստոնէական աշխարհի հնագոյններէն է, իսկ ժողովրդական երաժշտութեան որոշ ինքնատիպ օրինակներ մեզ հասած են դեռեւս նախաքրիստոնէական ժամանակներէ:
Դժբախտաբար բազմազան ու պատմական եւ գեղարուեստական մեծ արժէք ներկայացնող այս երաժշտութեան ծանօթ չէ միջազգային երաժշտասէր հանրութիւնը: Նոյն վիճակին մէջ կը գտնուի հայ երաժշտութեան ձայնանիշներու ոլորտը: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ առ այսօր ձայնանիշներու համաշխարհային շուկային վրայ հայ ազգային երաժշտութիւնը ներկայացնող նմուշներ գրեթէ չկան:
Կոմիտասի, Մաշտոցի, Շնորհալիի, Նարեկացիի եւ միւս հայ հսկաներու հանճարեղ գործերը դեռեւս կը սպասեն համաշխարհային երաժշտական գրադարաններու մէջ իրենց արժանի տեղը գրաւելու:
Նկատի առնելով այս բոլորը` 2013-ին «Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամին կողմէ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբը, որ բաղկացած է Հայաստանի առաջատար երաժշտագէտներէ, ստանձնեց ժողովրդական, աշուղական եւ հոգեւոր երաժշտութեան` ձեռագիր եւ նախապէս տպագրուած ձայնանիշներու ուսումնասիրութիւնը: Այս ծիրէն ներս ընտրուեցան երաժշտական ամէնէն արժէքաւոր նմուշները եւ սկսաւ անոնց թուայնացման ու վերահրատարակման գործընթացը: Այս ընթացքին շուրջ 3000 էջ ձայնանիշներ թուայնացուեցան:
Շնորհիւ այս նախագիծին, վերջապէս, 100 տարի ետք ի կատար ածուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի ծրագիրը. լոյս տեսաւ իր կողմէ կազմուած «Հազար ու մի խաղ» 100 ժողովրդական երգերու ընտրանին, որ անվճար յատկացուած է գրադարաններու, ուսումնական եւ հոգեւոր հաստատութիւններու, աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու:
Հարիւրէ աւելի մասնագէտներու արդիւնաւէտ համագործակցութեան շնորհիւ ստեղծուեցաւ առցանց երաժշտական ձայնադարան, տեսադարան եւ գրադարան` http://www.armenianmusic.am հասցէով, ուր զետեղուած են հայ ժողովրդական, հոգեւոր եւ աշուղական երաժշտութեան հարիւրաւոր գոհարներ` Հայաստանի լաւագոյն երաժիշտներու բարձրաճաշակ հեղինակային կատարումներով: Բոլոր հոգեւոր եւ ժողովրդական ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են նաեւ համապատասխան ձայնանիշներով:
«Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամի աշխատանքային խումբը իրականացուցած է ծրագիրի երկրորդ փուլը: Համաշխարհային հանրութեան հասանելի տեսքով եւ ձեւակերպումով հրատարակուած են հայ հոգեւոր երաժշտական կարեւորագոյն մատեաններ: Առաջինը Մակար Եկմալեանի` երգչախումբի համար գրուած Սուրբ պատարագն է` եռաձայն արական, քառաձայն արական եւ քառաձայն խառն կազմերու համար, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1896-ին` Լայփցիկի մէջ: Այժմ, շուրջ 120 տարի ետք, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի օրհնութեամբ, Սուրբ պատարագի բազմաձայնումը վերահրատարակուած է ձայնանշային ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան, լատինատառ տառադարձութեամբ, երաժշտագիտական նախաբանով, վերլուծութիւններով եւ անոնց անգլերէն թարգմանութեամբ` հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր ծէսի այս կարեւորագոյն նմուշը միջազգային հանրութեան եւ սփիւռքին հասանելի դարձնելու համար:
Այսպիսով, առաջին անգամն ըլլալով, հայ հոգեւոր երգասացութիւնները հասանելի պիտի դառնան աշխարհին եւ իրենց արժանի տեղը գրաւեն համաշխարհային հոգեւոր երաժշտութեան անդաստանին մէջ:
Այս նախաձեռնութեան գաղափարի հեղինակն է «Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամի հիմնադիր-նախագահ Արթուր Ջանիբեկեանը: