Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 18, 2017
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սփիւռքի Նախարարը Հանդիպեցաւ Գրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովի Մասնակիցներուն Հետ

Հոկտեմբեր 12-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Գրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի մասնակից սփիւռքահայ հայագիր եւ օտարագիր գրողներուն` Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանի գլխաւորութեամբ:

Է. Միլիտոնեանը սփիւռքի նախարարին ներկայացուց հոկտեմբեր 8-12 Ծաղկաձորի մէջ կայացած համաժողովին արդիւնքները` նշելով, որ անդրադարձ կատարուած է հայ գրականութեան արդի հարցերուն:

Ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարը նշեց, որ հայկական մամուլը աշխուժօրէն լուսաբանեց համաժողովին աշխատանքները եւ այդպիսով հայ հասարակութեան կարելիութիւն ընձեռեց ծանօթանալու սփիւռքահայ գրողներուն եւ անոնց ստեղծագործութիւններուն: Նախարարը շեշտեց նաեւ օտար լեզուով հայ գրականութիւնն ու միտքը աշխարհին ներկայացնելու հանգամանքը: «Ժամանակակից հայ գրականութիւնը մեծ հարստութիւն ստեղծած է, որուն հասու պիտի ըլլայ ո՛չ միայն հայ, այլեւ օտար ընթերցողը: Այս իմաստով շատ կարեւոր է մեր օտարագիր գրողներուն դերը: Սփիւռքահայ գրողներէն շատերը մասնակցեցան նաեւ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին,- այս երկու համաժողովները լաւագոյն կարելիութիւններն էին ինչպէս գրող-ընթերցող, այնպէս ալ հայաստանցի եւ սփիւռքահայ գրողներու միջեւ նոր կապերու ստեղծմանը», նշեց նախարարը:

Սփիւռքի նախարարը աւելցուց, որ հայ գրողներն են մտաւորականութեան զարդը, որովհետեւ անոնք ո՛չ միայն կը ստեղծեն նոր գործեր, այլեւ մայրենի լեզուի կրողներն ու պահապաններն են օտար երկիրներու մէջ:

Բարձր գնահատելով ամերիկահայ գրող, թարգմանիչ եւ խմբագիր Սարգիս Վահագնի` սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի տարածման նպաստող գործունէութիւնը եւ ստեղծագործական գործունէութեամբ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման բերած աւանդը` նախարար Հրանուշ Յակոբեանը պարգեւատրեց զայն սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ պարգեւին համար` Սարգիս Վահագնը նշեց, որ հպարտ է սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեամբ:

Վրաստանի մէջ հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ, վրաց խորհրդարանի նախկին երեսփոխան Ժորա Սնխչեան ընդգծեց, որ սփիւռքի նախարարութեան հետ աշխուժ համագործակցութեան շնորհիւ` միութիւնը կրնայ արագ լուծել իր հարցերը:

Իրանահայ գրող Վարանդը իր ստեղծագործութիւններուն վերջին ժողովածուն նուիրելով սփիւռքի նախարարին` նկատեց, որ համաժողովի ձեւաչափով հանդիպումները գրողներուն լաւագոյն կարելիութիւն կ՛ընձեռեն միասին աշխատելու, գրական-մշակութային ծրագիրներ մշակելու եւ իրագործելու:

Ռումանահայ գրող Մատլեն Գարագաշեանը շեշտեց, որ «Արի տուն»-ը լաւագոյն հայադարձութեան ծրագիրն է, եւ այս տարի իրենց համայնքէն ծրագրին մասնակցած երկու աղջիկ վերադարձած են Ռումանիա եւ աշխուժօրէն ներգրաւուած են համայնքին իրականացուող հայապահպանական ծրագիրներուն, հանդէս եկած են հետաքրքրական նախաձեռնութիւններով:

Լիբանանահայ գրող, հրապարակախօս Խաչիկ Տէտէեան իր կարգին շնորհաւորեց սփիւռքի նախարարը` վերջերս տպագրած «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհի մէջ» հանրագիտարանային նշանակութիւն ունեցող աշխատութեան համար: Ան նշեց. «Տիկի՛ն Յակոբեան, դուք նոյնպէս կը գրէք եւ կը ստեղծագործէք, եւ մենք ուրախ ենք, որ սփիւռքի բոլոր համայնքներուն վերաբերող ձեր գիրքը այսուհետեւ պիտի օգնէ մեզի` բազմազան հարցերու լուծումներ գտնելու»:

Ամերիկահայ Ֆիրա Ակեանը նշեց, որ նախարարութեան մէջ ստացաւ այն ջերմութիւնը, որ անհրաժեշտ է գրողին` լաւագոյն զգացումներով լիցքաւորուելու համար:

Քննարկուեցան յառաջիկային իրանահայ, վիրահայ, պոլսահայ գրողներու օրերը Հայաստանի մէջ անցընելու, ինչպէս նաեւ` երիտասարդ գրողներու ընդլայնուած խորհրդակցութեան կազմակերպման վերաբերող հարցերը:

Հանդիպման աւարտին սփիւռքի նախարարը գրողներուն նուիրեց «Գրական սփիւռք 2016» տարեգիրքը:

ՀՕՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղը Իւրօրինակ Բերքի Տօն Կազմակերպեց Զինուորներուն Համար

Արցախի մէջ մեծ շուքով նշուող գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան կամ բերքի տօնին ընդառաջ` Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մասնաճիւղը նախաձեռնած է հերթական այցելութիւնը Արցախի զօրամասերէն մէկը: «Եկած ենք Արցախի այգիներու բերքն ու բարիքը, մեր ձեռքով պատրաստուած քաղցրեղէնը անձամբ հասցնելու մեր պաշտպաններուն, նաեւ` մեր մայրական սէրն ու ջերմութիւնը փոխանցելու անոնց, որովհետեւ մեր ամէն մէկ խաղաղ վայրկեանին համար պարտական ենք անոնց», նշած է ՀՕՄ-ի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Սվետլանա Յարութիւնեանը:

ՀՕՄ-ի «Այցելութիւն դիրքապահ զինուորին» ծրագրին աջակցած է Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը: «Ուրախ եմ, որ իւրօրինակ բերքի տօն կազմակերպեցինք զինուորներուն համար: Կը կարծեմ, որ այս տօնը պէտք է շարունակական ըլլայ: Զինուորական ծառայութիւնը զինուորներու կեանքի այն շրջանն է, երբ անոնք անհրաժեշտ է, որ լաւ սնունդ ստանան եւ զինուորներուն ամէնօրեայ ճաշացանկին մէջ միրգեր ընդգրկուին», շեշտած է ԱՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՕՄ-ի անդամ Ռիթա Մնացականեանը:

«Այսպիսի այցելութիւնները աւելի կը գօտեպնդեն, ուժ կու տան զինուորներուն,  որովհետեւ անոնք կը զգան, որ մինակ չեն եւ այստեղ ո՛չ միայն զինուորականներու հաւաքատեղի է, այլեւ` ազգի», նշած է զօրամասի հրամանատարի անձնակազմի հետ տարուող աշխատանքներու գծով տեղակալ, փոխգնդապետ Արա Քամալեանը:

Վերջերս զօրակոչուած Գագիկ Եկմալեանը վստահեցուցած է, որ ամէն գնով պիտի պահեն հողը, թշնամին ինչ որ ալ ընէ. «Զինուորին համար այլ իրականութիւն է, երբ կը գիտակցիս, որ մինակ չես, որ քու կողքիդ կանգնած է ամբողջ ազգը: Ինչպէս Նժդեհը կ՛ըսէ, երբ ազգը բանակ կը դառնայ, անոր յաղթելը անկարելի է. մենք հիմա այդ ճամբուն վրան ենք»:

Անցնելով դիրքէ դիրք, ծանօթանալով զինուորներուն առօրեայ պայմաններուն` ՀՕՄ-ուհիները ականատես եղան, թէ զինուորները ինչպիսի՛ հոգածութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ կը վերաբերին իրենց վստահուած հողակտորին, եւ վստահեցուցին, որ թշնամիին դէմ յանդիման կանգնած զինուորը միշտ կը գտնուի հայ մայրերուն, կիներուն եւ քոյրերուն ուշադրութեան կեդրոնը:

 «Աստուածաշունչ»-ի Տպագրութեան 350-ամեակին Ձօնուած Գիտաժողով

«Աստուածաշունչ»-ի հայատառ տպագրութեան 350-ամեակին առիթով Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանի «Մաշտոց» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էին «Տպագրութեան մարգարիտ» խորագրով գիտաժողով եւ ցուցահանդէս մը, որոնք տեղի ունեցան Մատենադարանի նիստերու դահլիճին մէջ:

Ժողովը սկսաւ Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեանի բացման խօսքով: Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Աշոտ Յովակիմեանը, Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանը, իսկ Զաքարիա ծ. վրդ. Բաղումեանը կարդաց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին պատգամը:

Ապա գումարուեցաւ առաջին նիստը` Գոհար Մուրատեանի նախագահութեամբ: Նիստի ընթացքին «Փարիզ 8» համալսարանէն Յարութիւն Գէորգեանը զեկուցեց «Ոսկան Երեւանցի եւ հայ-լատինական դպրոցի մը ստեղծման ծրագիրը», Օքսֆորտի համալսարանէն Թէօ վան Լինտ` «Եզեկիէլի մարգարէութիւնը եւ հայ մեկնողները` Ստեփանոս Սիւնեցի եւ Եսայի Նչեցի, աստուածային գահի տեսիլքի մասին» եւ Ազգային գրադարանէն Մայա Գրիգորեան` «Աստուածաշունչի տպագրութեան ազգային օճախները» խորագրով:

Այս եւ յաջորդ երկու նիստերու ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան զեկուցողներուն հարցումներ ուղղելու` անոնց նիւթերուն մասին:

Կէսօրուան ընդմիջումէն ետք ներկաները մասնակցեցան Աստուածաշունչի հրատարակութիւններու ընտրանիի ցուցադրութեան բացման: Ցուցանմուշները բերուած էին Մաշտոցի անուան մատենադարանէն, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն եւ Ազգային գրադարանէն: Այցելուները շրջեցան սրահը, տեսան Ոսկան Երեւանցիի տպագրած Աստուածաշունչի մէկ օրինակը, Երուանդ Քոչարի կողմէ պատրաստուած Ոսկան Երեւանցիի դիմանկարի կրկնօրինակը, առաջին հրատարակութեան բնագիր ծառայած Հեթում Բ. թագաւորի ձեռագիր Աստուածաշունչը:

Երկրորդ նիստը կայացաւ յաջորդ օրը` նախագահութեամբ Վարդան Դեւրիկեանի: Զեկոյցներ կարդացին Պոլսոյ պատրիարքարանէն Վաղարշակ սրկ. Սերովբեան` «Ոսկան եպսկ. Երեւանցի, Աստուածաշունչի տպագրութիւնը եւ Կ. Պոլիս», Մատենադարանէն Վարդի Քէշիշեան` «Որոշ դիտարկումներ հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան նախափորձերու վերաբերեալ», իսկ Հայաստանի Ազգային գրադարանէն Արմէն Խաչատրեան` «Աստուածաշունչի Ոսկանեան տպագրութիւններու առեղծուածը» խորագրով: Իսկ Երեւանի պետական համալսարանէն Գայեանէ Պօղոսեանի «Բոյսերու անուանումները Աստուածաշունչի Ոսկանեան հրատարակութեան մէջ» խորագրով զեկոյցի ամփոփումը կարդաց Վարդան Դեւրիկեան:

Վերջին նիստը կայացաւ նախագահութեամբ Թէօ վան Լինտի: Զեկոյցներ կարդացին Մատենադարանէն Արմէն Տէր Ստեփանեան` «Աստուածաշունչ թէ սուրբգրային ժողովածու», Անի Ենովքեան` «Ռուսահայ առաջին տպարանը. նկարազարդումներու առանձնայատկութիւնները», Միհրան Մինասեան` «Հայերէն նորայայտ հնատիպ հրատարակութիւններ» խորագրով:

Հուսկ, բոլոր զեկուցողներուն ու մասնակիցներուն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Վահան Տէր Ղեւոնդեան` նշելով, որ հետագային լոյս պիտի տեսնեն զեկոյցները` զանոնք աւելի լայն հասարակութեան եւս ծանօթացներու նպատակով:

Հայաստան «Նորարարական Նուաճում Արձանագրող» Երկիրներու Խումբին Մէջ Է

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Զոհրապ Մնացականեանը մասնակցեցաւ «Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ 2017» կլոր սեղան-քննարկման, որ կազմակերպուած էր Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութեան, «Ինսիտ» գործառնութեան դպրոցին եւ «Քոռնել» համալսարանին կողմէ, Նիւ Եորքի մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նորարարութեան ոլորտի առաջատար փորձագէտներու, ակադեմական շրջանակներու, ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին քննարկուած են նորարարութեան դերը տնտեսական աճ եւ կայուն զարգացում խթանելու աշխատանքին մէջ, 2017-ի վարկանշումի արդիւնքներն ու մեթոտաբանութիւնը:

Հայաստանի օրինակով արձանագրուած է, որ նորարարութիւնը չի սահմանափակուիր տնտեսութեան ոլորտին մէջ աշխարհի առաջատար երկիրներով:

«Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ 2017» վարկանիշին համաձայն, Հայաստան կ՛ընդգրկուի «Նորարարական նուաճում արձանագրող» երկիրներու խումբին մէջ, ուր ներկայացուած են 17 զարգացող երկիրներ` նորարարութեան արդիւնաւէտութեան եւ կատարողական կարողութեան բարձր ցուցանիշներով: «Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ» զեկոյցը վարկանիշ կու տայ երկիրներու տնտեսութիւններու նորարարական ներուժին:

«Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ 2017» վարկանիշը կազմուած է 81 չափորոշիչներու հիման վրայ` 127 երկիրներու տնտեսութիւններուն համար:

Պետական Ակադեմական Երգչախումբը Ելոյթ Ունեցաւ Տաթեւի Վանական Համալիրին Մէջ

16 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11։00-ին Տաթեւի վանական համալիրի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պետական ազգային ակադեմական երգչախումբին երգահանդէսը` խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի ղեկավարութեամբ:

Երգահանդէսը տեղի ունեցաւ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամին հովանաւորութեամբ, «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ծիրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ 16 հոկտեմբերին կ՛ամբողջանայ «Տաթեւեր» ճոպանուղիի գործարկման 7-րդ տարին:

Երգահանդէսի ընթացքին հնչած են հայ, ռուս, եւրոպացի երգահաններու ստեղծագործութիւններ: Երգահանդէսը կազմակերպուած էր Տաթեւի վանքի յարակից համայնքներու բնակիչներու, զբօսաշրջիկներու եւ բոլորին համար:

Յայտնենք, որ «Տաթեւի վերածնունդ» նախագիծը կը նպատակադրէր վանական եւ զբօսաշրջութեան բաղադրիչներու համադրման միջոցով բարձրացնել Տաթեւի վանական համալիրի դերն ու նշանակութիւնը եւ տարածաշրջանը դարձնել զբօսաշրջութեան գրաւիչ կեդրոն:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?