Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 20, 2017
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Իրաքի Հոգեւոր Առաջնորդները

Սեպտեմբերի 11-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ընդունեց Իրաքի քրիստոնէական աւանդապահութեանց նախարար Ռաատ Քաչաչիին եւ Իրաքի եկեղեցիներու առաջնորդները` ուղեկցութեամբ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի:

Աւագ արքեպիսկոպոս վեհափառին ներկայացուց պատկառելի պատուիրակութեան անդամները` ուրախութիւն յայտնելով անոնց Հայաստան այցելելու կապակցութեամբ եւ ներկայացնելով անոնց տպաւորութիւնները հոգեւոր կեանքին մէջ վերջին շրջանին արձանագրուած ձեռքբերումներուն մասին:

Այնուհետեւ ներկաներուն իր օրհնութիւնն ու պատգամը յայտնեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոցը` ընդգծելով, որ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներն ու ժողովուրդները մնայուն իր աղօթքներուն մէջն են:

Վեհափառը նաեւ գնահատանք յայտնեց Աւագ սրբազանին` այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար,  աւելցնելով, որ այսպիսի այցելութիւններն ու մէկտեղումները կը զօրացնեն զիրար: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը մաղթեց, որ Աստուած ամուր, անսասան եւ օրհնեալ պահէ եղբայրական կապերն ու գործակցութիւնը` քրիստոնէական տարբեր եկեղեցիներու եւ այլ կրօններու միջեւ:

Զրոյցի ընթացքին հանդիպման համար իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Իրաքի քրիստոնէական աւանդապահութեանց նախարար Ռաատ Քաչաչին` փոխանցելով նաեւ Իրաքի պետութեան ջերմ ողջոյնները եւ Իրաք այցելելու հրաւէրը: Նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ պետութեան հետ կրօնական համայնքներու կապերու եւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ` պետութեան կողմէ իրականացուող վերականգնողական եւ կառուցողական աշխատանքներուն եւ ցուցաբերուող զօրակցութեան: Այս առնչութեամբ նորին սրբութիւնը հաստատեց, որ այսօրուան պայմաններու մէջ հոգատար վերաբերմունքը համայնքներու նկատմամբ առաւել չափով կարեւոր է:

Մուսուլի, Քերքուքի եւ քրտական մարզի Ասորի եկեղեցւոյ առաջնորդ Նիկոդիմոս արք. Տաուտ Շարաֆը, Իրաքի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ժան արք. Բենիամին Սուլէյմանը, Իրաքի Կաթողիկէ ասորի եկեղեցւոյ առաջնորդ Եփրեմ Եուսուֆ արքեպիսկոպոսը, Երիցական եկեղեցւոյ երէց Եուսուֆ Ճեմիլ Սագգան եւս իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին Ամենայն Հայոց հայրապետին` հանգամանօրէն ներկայացնելով Իրաքի մէջ տիրող դժուարին իրավիճակը, քրիստոնէական համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Հոգեւոր առաջնորդները հայցեցին նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի աղօթքները` Իրաքի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման համար:

Յայտնենք, որ հանդիպման ներկայ էր արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանը:

Քլոտ Մութաֆեան Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Սեպտեմբեր 13-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ֆրանսահայ ուսողագէտ, պատմաբան, հայագէտ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, Երեւանի պետական համալսարանի   պատուաւոր դոկտոր, Սորպոնի համալսարանի փրոֆեսէօր Քլոտ Արմէն Մութաֆեանը:

Ողջունելով հիւրը` նախարարը շեշտեց յայտնի հայագէտ պատմաբանին հայկական պատմական մշակութային արժէքներու ուսումնասիրութեան եւ պահպանման ուղղուած գիտական հետազօտական գործունէութիւնը: Քննարկուեցան «Հայաստան-սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովի նպատակներուն, բնաբաններու ուղղութիւններուն եւ սպասուող արդիւնքներուն վերաբերող հարցեր:

Յայտնի հայագէտը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ներկայացուց Երուսաղէմի մէջ թանգարան հիմնելու իր ծրագիրը, անդրադարձաւ Սուրբ Երկրին մէջ հայոց ներկայութեան պատմական արմատներուն, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի հաստատման եւ ուխտագնացութեան դէպի Տէրունական վայրեր:

Ախուրեանի «Մօր Եւ Մանկան» Առողջապահական Կեդրոնը Քսան Տարեկան Է

Ախուրեանի «Մօր եւ մանկան» առողջապահական կեդրոնին գործունէութիւնը սկսած է 1997 թուականին: Բարեգործական, շահոյթ չհետապնդող առողջապահական այս հիմնարկութիւնը բժշկական ծառայութիւններ կը մատուցէ Ախուրեանի եւ շրջակայ 6 գիւղերու` մօտաւորապէս 22 հազար բնակիչներուն:

Ողջունելով հիւրերը եւ շնորհաւորելով բժշկական կեդրոնի անձնակազմը տօնական օրուան առիթով` Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանը նշած է, որ Ախուրեանի առողջապահական կեդրոնի ստեղծումը հայ հնագոյն բարեսիրական կազմակերպութիւններէն մէկուն` Հայ օգնութեան միութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուած նախաձեռնութիւններէն մէկն է. «ՀՕՄ-ի եւ ՀՕՄ-ուհիներու աշխուժ ֆինանսական եւ բարոյական աջակցութեամբ կը գործէ այս հաստատութիւնը, որ կը հանդիսանայ թէ՛ մարզի, թէ՛ հանրապետութեան լաւագոյն կեդրոններէն մէկը, բուժանձնակազմը պարբերաբար կը հետեւի վերապատրաստման դասընթացքի, որպէսզի կարենայ բարձրորակ ծառայութիւններ մատուցել մեր ազգաբնակչութեան: Թէ՛ առողջապահական, բժշկական ցուցանիշներով, թէ՛ ֆինանսական եւ կառավարման ցուցանիշներով հաստատութիւնը օրինակելի է եւ կը գտնուի մնայուն ՀՕՄ-ի ուշադրութեան եւ աջակցութեան կեդրոնը»:

Կեդրոնը ունի` 3 մանկաբուժական, 2 կնոջական բաժանմունքներ, դարմանատնային եւ այլ տարրալուծարաններ, ձայնագրական, մամոկրաֆիի եւ այլ բաժանմունքներ: Անցած 5 տարիներուն կեդրոնի մասնագիտական բարձր որակաւորում ունեցող բուժանձնակազմը սպասարկած է աւելի քան 40 հազար հիւանդներու, քսան տարիներու ընթացքին բժշկական կեդրոնի այցելուներուն թիւը հասած է 145 հազարի, իսկ ծննդաբերութիւններու թիւը` մօտաւորապէս 14 հազարի:

Տեղի Ունեցաւ «Շուշի. 48 Ժամ» Եռալեզու Պատկերագիրքին Շնորհահանդէսը

11 սեպտեմբերին Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշի. 48 ժամ» եռալեզու պատկերագիրքին շնորհահանդէսը: Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեան յայտնեց, որ գիրքը հրապարակուած է յունիս 2017-ին եւ լոյսին եկած է Համազգայինի լուսանկարչական նախագիծին շնորհիւ, որ նուիրուած էր Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին:

Նախաձեռնութեան նպատակն էր 48 ժամուան մէջ ցոյց տալ Շուշիի քաղաքային կեանքի բազմազանութիւնը` երիտասարդ լուսանկարիչներու աչքերով:

«Շուշին մեր Երուսաղէմն է. ամէն հայ պարտաւոր է թէկուզ երկու օր` 48 ժամ ապրիլ այնտեղ», կ՛ըսէ Սպարտակ Ղարաբաղցեան` աւելցնելով, որ Շուշիի վերականգնումը մշակութային վերընձիւղման ամէնէն մեծ վկայութիւնն է:

«Շուշի. 48 ժամ» նախագիծը իրականացած է նաեւ վաւերագրող լուսանկարիչ, վաւերագրական լուսանկարչութեան համար «Ֆիֆթի Քրազ» միջազգային հիմնադրամի մրցանակակիր Գերման Աւագեանին հետ գործակցաբար:

Հաղորդենք, որ նախագիծին մասնակից լուսանկարիչներուն մէջ կային սկսնակներ եւ փորձառուներ` Արցախէն, Հայաստանէն եւ Վրաստանէն:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան խորհուրդի անդամ, լրագրող, մեկնաբան Միքայէլ Հաճեան, խօսելով «Շուշի. 48 ժամ» ծրագիրին մասին ըսաւ, որ պատկերագիրքը ուխտագնացութիւն է դէպի հայոց սրբութիւն սրբոց քաղաքներէն մէկը` Շուշի, ու բոլոր անոնց համար, որոնք տարիներ ետք պիտի տեղեկանան, որ 2017-ի յունիս 30-ին եւ յուլիս 1-ին, 48 ժամուան ընթացքին, ինչպիսին եղած է Շուշին:

Ըստ ծրագիրին մասնակից լուսանկարիչ, Վրաստանի մշակոյթի նախարարի նախկին տեղակալ Եուրի Մեճիտովի, Շուշին զարմանահրաշ քաղաք է, ուր ամէն օր նոր բացայայտումներ տեղի կ՛ունենան: «Պատկերագիրքին մէջ ներկայացուած լուսանկարները կատարուած են ազատ ոճով, եւ ամէն լուսանկարի համար կան մակագրութիւններ», յայտնեց Եուրի Մեճիտով:

Տեղեկացնենք, որ ձեռնարկին ընթացքին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կողմէ պարգեւատրուեցան լուսանկարիչներ Գերման Աւագեանը եւ Եուրի Մեճիտովը:

Շնորհահանդէսին ներկայ էին` Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Նարինէ Աղաբալեանը, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Կարէն Միրզոյեանը, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարի պաշտօնակատար Սլաւա Ասրեանը, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, պատգամաւորներ, Շուշիի քաղաքապետը եւ այլ հիւրեր:

Սիւնիքի Մէջ Սկսած Են Օդակայանի Կառուցման Աշխատանքները

«Սիւնիք» օդակայանի վերագործարկման ուղղուած աշխատանքներու ծիրին մէջ սկսած է նաեւ օդակայանի շէնքի կառուցման գործընթացը, «Դիմատետր»-ի իր էջին վրայ  կը տեղեկացնէ Սիւնիքի մարզպետի խորհրդական Ռոպերթ Հայրապետեանը: Ան տեղադրած է նաեւ շէնքի նախագիծին լուսանկարները:

Նշենք, որ նախապէս Սիւնիքի մարզպետ Վահէ Յակոբեանը յայտնած էր, որ կարեւոր է աշխատանքներու արագութիւնը, բայց առաւել կարեւոր է որակը:

«Սիւնիքի մարզային կեդրոնի հեռաւորութիւնը մայրաքաղաքէն կը դարձնենք 40 վայրկեան», կ՛ըսէ Յակոբեան` օդակայանի կառուցման առիթով արձանագրուած տեսանիւթին մէջ:

Օդակայանի վերակառուցման աշխատանքները սկսած են այս տարուան մարտին: Այս առիթով լրագրողներու հետ զրուցած է Սիւնիքի մարզպետի խորհրդական Սահակ Յակոբեանը: Ան ըսած է, որ «Օդակայանի շէնքը պիտի ունենայ մօտաւորապէս 900 քառ. մեթր մակերես: Կը նախատեսուի, որ շէնքին մէջ ժամական 100 ուղեւոր սպասարկուի: Անիկա պիտի համապատասխանէ անվտանգութեան բոլոր չափանիշներուն: Նոյն շէնքին մէջ պիտի գործէ նաեւ օդանաւերու «Նեւիկէյշըն» կեդրոնը: Աշխատանքները կը ծրագրենք աւարտել մինչեւ 2018-ի առաջին կիսամեակի աւարտը»:

Մարզպետին խորհրդականը կը տեղեկացնէ, որ օդակայանը կը ծրագրեն շահագործման յանձնել մինչեւ 2018-ի կէսերը: Յայտնենք, որ օդակայանի շէնքի կառուցման նախագիծին հեղինակը «Տրանսնախագիծ» ընկերութիւնն է:

 «Էօրնեկեան» Հանրակրթական Դպրոցի Նոր Մասնաշէնքի Բացում

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, բարերար Էտուարտօ Էռնեկեանի, շարք մը պաշտօնատար անձերու եւ այլ հիւրերու հետ 14 սեպտեմբերին ներկայ գտնուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էօրնեկեան» հանրակրթական ուսումնական հաստատութեան նոր մասնաշէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Դպրոցի օծումը կատարեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը: Հանրակրթական ուսումնական այս հաստատութիւնը հիմնադրուած է Գարեգին Բ.ի կողմէ եւ Էտուարտօ Էռնեկեանի բարերարութեամբ` 1 սեպտեմբեր 2009-ին, Վաղարշապատի թիւ 13 հանրակրթական դպրոցի հենքին վրայ: Դպրոցի ուսումնառութեան պայմանները բարելաւելու նպատակով, վեհափառ հայրապետի նախաձեռնութեամբ եւ Էտուարտօ Էռնեկեանի հովանաւորութեամբ, Էջմիածինի մէջ կառուցուած է «Էօրնեկեան» հանրակրթական ուսումնական հաստատութեան նոր եւ կահաւորուած դասասենեակներով եւ տարրալուծարաններով յագեցած շէնքը, որ կրնայ իր յարկին տակ ընդունիլ 500 եւ աւելի աշակերտ:

Հանրապետութեան նախագահը շրջեցաւ նորաբաց դպրոցին մէջ, ծանօթացաւ իրականացուած աշխատանքներուն եւ ուսումնառութեան համար ստեղծուած պայմաններուն, ապա մասնակցեցաւ դպրոցի բակին մէջ կազմակերպուած ծառատունկին:

Տեղի Ունեցաւ «Աղաւնի» Արհեստի Կեդրոնին Եւ Հիւրատան Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

«Աղաւնի» արհեստի կեդրոնը Յովհաննէս Օյունճեանի հերթական բարեգործութեան արդիւնքն է: Կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած էին` Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանը, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանը, Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանը, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանը եւ այլ հիւրեր:

Ողջունելով ներկաները` Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանը նշեց. «Ամբողջ մարզին եւ իմ անունովս կը խոնարհիմ ձեր առջեւ, սիրելի՛ դոկտոր Օյունճեան, ձեր մեծ գործին եւ հոգիի բարձրութեան համար, որովհետեւ նուիրումով, եւ անշահախնդրօրէն կը ծառայէք մեր ժողովուրդին, մատաղ սերունդներուն, կը ստեղծէք կարելիութիւններ, որ փոքրիկները ուսում ստանան, արուեստներու եւ արհեստներու հմուտ մասնագէտներ դառնան, կերտեն իրենց ապագան, մնան մեր հայրենիքին մէջ եւ ծաղկեցնեն զայն, չլքեն ու օտար ափեր չերթան, սա ամէնէն կարեւորն է»:

Նիւեորքաբնակ հայ բժիշկը 1988-էն ետք հիմնեց «Օյունճեան» բարեգործական հիմնադրամը, որ անցած 20 տարիներու ընթացքին Գիւմրիի մէջ մօտաւորապէս 7 միլիոն տոլարի ներդրում կատարած է. 2000 թուականին, վերանորոգումէն ետք, բացուած է «Օյունճեան» թիւ 21 դպրոցը, 2014-ին` «Վարդուհի» արուեստի դպրոցը, իսկ «Աղաւնի» արհեստի կեդրոնին ու յարակից հիւրատան կառուցման աշխատանքները իրականացուած են երկու տարիներու ընթացքին: Նշենք, որ ձեռնարկի  ժամանակ տեղի ունեցած է նաեւ Յովհաննէս Օյունճեանի կիսանդրիին բացման արարողութիւնը:

 

Նախորդը

Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ. Քորէա` Արեւելքի Հնագոյն Պետութիւններէն

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եւ Դատապարտման Գործընթացը, Հետեւանքների Վերացման Խնդիրները

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?