Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունիս 7, 2017
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սիպիլի Եւ Անտրէ Սիմոնեանի Նոր Երգը` Հայրենադարձութեան Ազդակ

Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու աջակցութեամբ,  «Պատասխան` 100 տարի անց» ծրագրի նախաձեռնութեամբ, «Սինեմա սթար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի եւ «Տը Պիութիֆուլ փրոժեքթ» ռոք խումբի հիմնադիր եւ մեներգիչ Անտրէ Սիմոնեանի «Քեզ եմ երգելու» երգի տեսահոլովակին շնորհահանդէսը: Երգին հեղինակն է Յասմիկ Հախվերտեանը, տեսահոլովակի բեմադրիչը` Դաւիթ Այվազեանը: Նախաձեռնութեան աջակցած են նաեւ հոլանտական «Պրուններա» հիմնադրամը եւ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնը:

Շնորհահանդէսին սկիզբը ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Սիպիլը եզակի երգչուհի է, որովհետեւ ան Թուրքիոյ պետական բեմերու վրայ հայերէն երգելու իրաւունքը ունի, անոր երգերը պիտի հնչեն թրքական պատկերասփիւռներով եւ մեծ տարածում պիտի վայելեն: Այսպիսով, մենք, ի դէմս Սիպիլի, Թուրքիոյ մէջ ունինք հզօր դեսպան մը, որ արուեստով կրնայ մեղմացնել այն բոլոր բացասական տրամադրութիւնները, որոնք առկայ են Թուրքիոյ մէջ հայուն նկատմամբ: Եւ այս ամէնը Սիպիլի թովիչ ձայնին եւ նրբաճաշակ երգացանկին շնորհիւ է:

Արդէն տասը տարի էր, որ Սիպիլը ճանաչում կը վայելէր Պոլսոյ մէջ, երբ պատահաբար անոր ներկայացուցին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին: Այդ հանդիպում-զրոյցը այնքան ոգեւորած էր նախարարը, որ ան երգչուհին հրաւիրեց Հայաստան, եւ այդ մէկը շրջադարձային եղաւ Սիպիլի կեանքին մէջ: Այս երգչուհին մեզի համար բացառիկ է, եւ այդ բացառիկութիւնը առաւել ընդգծուեցաւ Անտրէ Սիմոնեանի համագործակցութեան շնորհիւ, երբ շունչ ստացաւ այս հրաշալի երգը: «Քեզ եմ երգելու» ստեղծագործութիւնը հայրենիք վերադառնալու կոչ ըլլալէ բացի` հաղորդակցութիւն է օտար եզերքներու ապրող հայերու սրտերուն միջեւ: Երգը նաեւ զրոյց է հոգիի հետ, երբ մարդու մէջ կ՛արթննայ ինքնութեան գիտակցութիւնը»:

Այնուհետեւ երգը կատարողներ Սիպիլ եւ Անտրէ Սիմոնեան ներկայացուցին հայրենիքի հետ կապուած իրենց պատմութիւնները եւ երգի ստեղծման ուղին: «Առաջին անգամ Հայաստան եկայ 1996 թուականի սեպտեմբերին: Անկախութեան օրուան նախապատրաստութիւնները կ՛ընթանային, Հանրապետութեան հրապարակին մէջ երիտասարդները հաւաքուած էին, իսկ Երեւանը մթութեան մէջ էր: Ինծի կը թուի, թէ ճիշդ այդ օրը սիրահարեցայ հայրենիքիս: Պապիկս կ՛երազէր, որ իր թոռներէն մէկը Հայաստան ապրէր: Ես իրագործեցի իր երազը, եւ ահա արդէն 11 տարի է` այստեղ կ՛ապրիմ: Այս ընթացքին միշտ կը փափաքէի հայրենասիրական երգ երգել, եւ երբ լսեցի «Քեզ եմ երգելու» երգը, կարծես հայրենադարձութեանս պատմութիւնը ըլլար: Արդիւնքը եղաւ իմ եւ Սիպիլի այս համագործակցութիւնը: Ուրախ եմ, որ առաջ կրցայ արտայայտել հայրենասիրութիւնս», նշեց Անտրէ Սիմոնեան:

Սիպիլ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մանկութիւնս անպատասխան հարցումներով անցուցած եմ, որովհետեւ չէի հասկնար` ինչո՞ւ դուրսը չի թոյլատրուիր հայերէն խօսինք, ինչո՞ւ պատկերասփիւռէն հայերէն երգ եւ երաժշտութիւն չի հնչեր եւ յար ու նման հարցեր: Սակայն, երբ հետագային պատմութիւնը ուսումնասիրեցի եւ իրականութիւնը իմացայ, սկսայ աւելի ամուր լարերով կապուիլ հայ մշակոյթին, մասնաւորապէս` հայ երգարուեստին: Տարիներ շարունակ կ՛երգէի եկեղեցական երգչախումբէն, սակայն կ՛երազէի երգերը, մտքերը աւելի մեծ թիւով հանրութեան հասցնելու: Այսպէս հրապարակեցի առաջին ալպոմս` «Սիպիլ», եւ անիկա մեծ արագութեամբ հասաւ Հայաստան եւ տարածուեցաւ սփիւռքի մէջ: Վերջերս «Քեզ եմ երգելու» երգը լսեցի մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ եւ շատ հաւնեցայ: Ես միշտ երախտապարտ պիտի մնամ երգի հեղինակին` Յասմիկ Հախվերդեանին, որ այս երգը նուիրեց ինծի ու Անտրէին»:

Այնուհետեւ հանդիսատեսին առաջին անգամ ներկայացուեցաւ «Քեզ եմ երգելու» երգին տեսահոլովակը:

Ելեկտրական Շարժանիւներուն Լիցքաւորման Շրջիկ Կայան Կը Գործէ Երեւանի Մէջ

Տեղեկացնենք, թէ Կրին Մոպիլիթի նախագիծի ծիրին մէջ, յունիս 1-ին Երեւանի կենդանաբանական պարտէզի նախամուտքին գործի դրուած է արեւային ուժանիւթով սնուցուող ելեկտրական շարժանիւներու լիցքաւորման շրջիկ կայան:

Ամերիկայէն Եկած 42 Կամաւորներ Հայաստանի Դպրոցներուն Մէջ Անգլերէն Պիտի Դասաւանդեն

Ամերիկայէն Երեւան այցելած «Խաղաղութեան կորպուս»-ի  42 նոր կամաւորներ մասնակից եղան Երեւանի ամերիկեան դեսպանատան մէջ կազմակերպուած երդման արարողութեան:

Նշենք, որ ամերիկացի կամաւորները Հայաստանի դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ անգլերէն պիտի դասաւանդեն:

Ի՛նչ Նպատակի Համար Ծախսեց «Աւրորա»-ի Մրցանակակիրը` Պարգեւ Ստացած 100 Հազար Տոլարը

«Աւրորա»-ի մարդասիրական մրցոյթի առաջին մրցանակակիրը` Մարկարիթ Պարանքիցէ Գիւմրիի մէջ անդրադառնալով Հայաստանի մէջ առաջին անգամ իրականացուած մրցանակաբաշխութեան, որով «100 Կեանք» նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Ռուբէն Վարդանեան, Նուպար Աֆէեան եւ Վարդան Գրիգորեան իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն անոնց, որոնց Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ վտանգելով  սեփական կեանքը` փրկած են հայերն, ան պարզաբանեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ իրեն համար այդ մրցանակը. «Ինչպէս Մարիամ Գաբրիէլ հրեշտակապետէն լսեց, որ իր մէջ պիտի կրէ Աստուծոյ որդին, եւ ըսաւ` թող կատարուի Աստուծոյ կամքը, այնպէս ալ ես ընդունեցի իմ մրցանակս` իբրեւ Աստուծոյ կամք եւ ըսի` ամէն ինչ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ է, թող կատարուի անոր կամքը: Ես հայրենիք չունիմ, լքած եմ իմ երկիրս, ու այդ մրցանակը ես ընդունեցի` իբրեւ Աստուծմէ եկած ուղերձ մը, որ կ՛ըսէր` մի՛ վախնար: Նուիրաբերուած գումարով ես կրցայ բոլոր փոքրիկներուն յոյս տալ, որոնք կորսնցուցած էին իրենց յոյսը… Ինծի համար շատ կարեւոր է, որ  հայկական սփիւռքը կրնար այդ գումարը օգտագործել հայ ժողովուրդի տարբեր հարցերը լուծելու համար, բայց եւ այնպէս անոնք դիմեցին այդպիսի մեծահոգի քայլի եւ օգնութեան: Ես այս կեցուածքին մէջ վեհութիւն կը տեսնեմ եւ յատկապէս այս կը գնահատեմ»:

Մարկարիթ Պարանքիցեն նաեւ ըսաւ, որ  երբ յուսահատի,  կը դիմէ խաչուած Քրիստոսին, որ  իրեն կ՛ըսէ` մի՛ վախնար եւ օ՛ն, առա՛ջ:

Շարլ Ազնաւուրին Յանձնուեցաւ Իր Տուն-Թանգարանի Բանալին

Քասքատի մէջ կայացաւ «Ազնաւուր» հիմնադրամին հիմնելիք «Ազնաւուրի տուն-թանգարան»-ի բանալիներու յանձնման արարողութիւնը:

Տօնական այս արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, աշխարհահռչակ երգիչ-երգահան եւ Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրը, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանտեանը, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէն եւ նախագիծին գործընկերները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, հիւրերուն ներկայութեան, Շարլ Ազնաւուրին յանձնեց թանգարանի շէնքի խորհրդանշական բանալին: Այս առիթով նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ, որ այսօր կը գտնուիմ այստեղ, այս լաւ, ջերմ միջավայրին` Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանին մէջ, որուն առկայութիւնը Երեւանի մէջ պատիւ կը բերէ ո՛չ միայն Երեւանին, այլեւ` մեր ամբողջ հասարակութեան»:

Ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Շ. Ազնաւուր կը պատկանի ո՛չ միայն Ֆրանսային ու Հայաստանին, այլեւ` համա՛յն մարդկութեան:

Շարլ Ազնաւուր իր կարգին, այս առիթով ըսաւ, թէ իրեն համար պատիւ եւ ուրախութիւն է գտնուիլ հոն եւ ստանալ տուն-թանգարանին բանալիները:

«Վստահութամբ եւ մեծ հանգստութեամբ կայացուցած եմ այս որոշումը, եւ որդիիս` Նիքոլա Ազնաւուրի հետ հիմնած եմ «Ազնաւուր» հիմնադրամը, որ պէտք է շարունակէ 1988-ին սկսած բարեգործական գործունէութիւնս: «Ազնաւուր» հիմնադրամին առաջին նախագիծը պիտի ըլլայ այս թանգարանին հիմնումը, որ պիտի ըլլայ ո՛չ միայն ներգործող թանգարան, այլեւ` երիտասարդական կեդրոն եւ զբօսաշրջային կարեւոր վայր: Մե՛ծ վստահութեամբ կայացուցած եմ այս որոշումը, որովհետեւ տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ իրերայաջորդ կերպով կեանքի կը կոչուին կրթական, պատմական մշակութային շատ կարեւոր, յառաջընթաց ապահովող ծրագիրներ:

Այո՛, Շարլ Ազնաւուր անունը հանրաճանաչ է, մեծ ճանաչում ունի ամբողջ աշխարհին մէջ, սակայն այդ անուան պարունակած մշակոյթը եւս պէտք է գայ Հայաստան: Ո՛չ միայն Ազնաւուրին, այլ աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութեան բոլոր գործերը պէտք է թարգմանուին, ըլլան այստեղ: Կարեւոր է անպայման, որ մենք մշակոյթը թարգմանենք, բերենք Հայաստան, որպէսզի սփիւռք-Հայաստան կապուին նաեւ այդ կերպով», ըսաւ արուեստագէտը:

Ան նաեւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստանի նախագահին, մշակոյթի նախարարութեան եւ բոլոր աջակիցներուն, ինչպէս նաեւ` IDeA հիմնադրամին եւ անոր համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանին, որոնք բոլորը իրենց ջանքերը ներդրած են` կեանքի կոչելու համար այս ծրագիրը:

«Այս նախաձեռնութիւնը Հայաստանի ապագային հանդէպ իմ նուիրուածութեան վկայութիւնն է, եւ յոյսով եմ, որ անիկա կը խրախուսէ սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը եւ կը հետաքրքրէ այցելուները` աշխարհի բոլոր կողմերէն», աւելցուց Շ.Ազնաւուր:

Մեծ երգիչը նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայերը պէտք է միաւորեն իրենց ջանքերը` ստեղծելու համար այնպիսի նախագիծներ ու կենսակայուն ծրագիրներ` Հայաստանի մէջ` որպէսզի հայ երիտասարդները կարելիութիւն ունենան իրենց երազանքները իրագործելու Հայաստանի մէջ` շրջապատուած հարազատներով:

Յիշեցնենք, որ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր իր որդիին` Նիքոլայի հետ յայտարարեց «Ազնաւուր» հիմնադրամի ստեղծման մասին, որուն նպատակն է երգահանին ստեղծած ժառանգութեան պահպանումն ու հանրայնացումը, ինչպէս նաեւ` կրթական, մշակութային եւ ընկերային ծրագիրներու մշակումն ու իրականացումը:

Հաղորդենք, որ Շ. Ազնաւուր ներկայ գտնուած է նաեւ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի Ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած Ռուտոլֆ Խառատեանի «Լա պոհեմ» պալէի առաջին ներկայացմանը, որ նուիրուած էր Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 93-րդ տարեդարձին:

Ազնաւուրին պատկանող 12 երգերէ բաղկացած սոյն ներկայացումը, ըստ Խառատեանի, կը պատմէ Ազնաւուրի մասին, անոր անցած ճանապարհին ու պոհեմային կեանքի մասին: «Երգերու եւ ներկայացման միջոցով կը պատմենք Ազնաւուրի մասին: Ներկայացման սկիզբը կը պատմէ, թէ 18 տարեկանին Ազնաւուր ինչպէ՛ս եկաւ «Փարիզը գրաւելու», ապա կ՛աւարտի անոր յիշողութեամբ, երբ Ազնաւուր կը յիշէ Մոնմարթի մէջ ապրած իր տարիները, եւ թէ ինչպէս այդ ժամանակ ուտելու բան չունէր, անօթի էր, բայց միաժամանակ երջանիկ էր, որովհետեւ ունէր ամէնէն գլխաւորը` երիտասարդութիւն», կը պատմէ Խառատեան:

Նշենք, որ յունիս 1-ին եւ 2-ին տեղի պիտի ունենայ «Քեզի համար, Ազնաւո՛ւր» երգահանդէսը, որուն նոյնպէս, ամենայն հաւանականութեամբ, ներկայ գտնուի Շ. Ազնաւուրը անձնապէս:

Արցախի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Աճած Է 11,5 Տոկոսով

Արցախի մէջ այս տարուան մարտին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը, 2016-ի մարտ ամսուան համեմատ, աճած է 7,8 տոկոսով, իսկ 2017-ի Փետրուարին համեմատ` 6,2 տոկոսով: Նաեւ 2017-ի յունուար-մարտ եռամսեայ շրջանին ցուցանիշը, 2016-ի յունուար-մարտին համեմատ, աճած է 11,5 տոկոսով:

Արցախի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ 2017-ի յունուարէն մարտ երկարող շրջանին Արցախի համախառն ներքին արտադրութիւնը կազմած է 43,3 միլիառ դրամ: Համախառն ներքին արտադրութեան աճը եղած է 8,1 տոկոս:

Արցախի Հանրապետութեան արդիւնաբերական արտադրանքի կառուցուածքը, ըստ ճիւղերու, հետեւեալն է.

Հանքագործական արդիւնաբերութիւն եւ բաց հանքերու շահագործում` 31,3 տոկոս, մշակող արդիւնաբերութիւն` 24,5 տոկոս, ելեկտրականութեան, կազի,  մատակարարում` 42,8 տոկոս, ջրամատակարարում, կոյուղի, թափօններու կառավարում եւ վերամշակում` 1,4 տոկոս:

Իսկ գիւղատնտեսութեան եւ ձկնորսութեան համախառն արտադրութիւնը 2017 յունուար-մարտին կազմած է 5,1 միլիառ դրամ:

Ծխելը Պիտի Արգիլուի Երեւանի Հասարակական Վայրերուն Մէջ

Հայաստանի տարածքին ծխելը պիտի արգիլուի հասարակական վայրերու մէջ. այս մասին յայտարարեց Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեանը, լրագրողներու հետ իր զրոյցի ընթացքին: Նախարարը յայտնեց, որ Հայաստանի բնակչութեան չափահաս տղամարդոց աւելի քան 55 տոկոսը ամէնօրեայ ծխողներ են, իսկ կիներուն 3 տոկոսը կը ծխէ:

Ալթունեան շեշտեց, որ այս տարի պիտի իրականացուին օրէնսդրական խիստ փոփոխութիւններ, որոնց շնորհիւ` ծխելը պիտի արգիլուի հասարակական վայրերու մէջ:

«Ճաշարաններու մէջ պիտի չըլլան առանձին խցիկներ, որովհետեւ պայքարը ոչ թէ չծխողներու մօտ չծխելն է, այլ ընդհանրապէս չծխելն է: Փոփոխութիւններու ծրագիրը, հակառակ որ տակաւին ամբողջութեամբ պատրաստ չէ, այնուամենայնիւ նպատակ ունի Հայաստանի մէջ ծխողներու թիւը 30-40 տոկոսով կրճատել: Պիտի արգիլուի ծխախոտի գովազդը ամբողջութեամբ, տուփերու վրայ պիտի ըլլան սարսափելի նկարներ, պիտի իրականացուին բազմաթիւ ծրագիրներ` ծխելը ձգելու համար, եւ որ ամէնէն արդիւնաւէտը պիտի ըլլայ այն, որ ծխախոտին գինը բարձրանայ», յայտնեց Ալթունեան:

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Իրաքի Հայ Համայնքը 20-րդ Դարուն» (Հեղինակ` Սեդա Տաճատ Օհանեան)

Յաջորդը

Մահուան Դէմ Ծիծաղ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?