Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Նահապետի Աշունը» Անունով Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Ռուբէն Յովսէփեանի Յիշատակին
Վերջերս Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Նահապետի աշունը» խորագրով յուշ-երեկոյ` նուիրուած անուանի գրող, թարգմանիչ, հրապարակախօս Ռուբէն Յովսէփեանի յիշատակին: Երեկոյի կազմակերպիչն էր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, որուն տակաւին երիտասարդ տարիներէն իսկ կ՛անդամակցէր անուանի մտաւորականը:
Երեկոյին ելոյթ ունեցան դոկտոր Վիգէն Թիւֆենքճեանը` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Էդուարդ Միլիտոնեանը` Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ, Արտաշէս Շահպազեանը` ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի պատասխանատու եւ Դաւիթ Մուրատեանը` Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի նախագահ: Անոնք ներկայացուցին Ռուբէն Յովսէփեան գրողը, թարգմանիչը, համազգայնականը եւ կուսակցական ընկերը, մտաւորականը, հայ մարդը` նահապետը: Յայտնենք, որ խորագրին ընտրութիւնը պայմանաւորուած էր այս բոլորէն մեկնելով:
Յուշ-երեկոյին ներկայ էին գրողին ընկերները, ընտանիքի անդամներն ու ընթերցասէրները` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն:
Մշակութային այս ձեռնարկին իրենց բացառիկ կատարումներով հանդէս եկան Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ սոփրանօ Արմէնուհի Սէյրանեանը, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ թենոր Պերճ Քարազեանը, սոփրանօ Արծուիկ Դեմուրչեանը, պարիթոն Անդրանիկ Մալխասեանը, սոփրանօ Տիանա Յարութիւնեանը, ալթօ Հայկազ Կարապետեանը, նուագով մասնակցեցաւ ԵՊԿ փրոֆեսէօր Մարգարիտ Սարգսեանը:
Ռուբէն Յովսէփեանի «Նռներ» պատմուածքներու ժողովածուէն հատուածներ կարդացին Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնի դերասաններ Արման Նաւասարդեանը եւ Տաթեւ Ղազարեանը: Իսկ «Արթ սինեմա» մենակատարներու համոյթի գեղարուեստական ղեկավար` Աշոտ Խոյեցեան նուագեց Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւններէն «Կտոր մը երկինք» ժապաւէնին երաժշտութիւնը:
«Բագին» Գրական Հանդէսին 55-ամեակին Նուիրուած Երեկոյ Երեւանի Մէջ
Սփիւռքի եւ առհասարակ հայկական իրականութեան մշակութային կեանքին մէջ անգնահատելի է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Բագին» գրական հանդէսին դերը:
«Բագին»-ի անդրանիկ թիւը լոյս տեսած է 1962-ին Պէյրութի մէջ` խմբագրութեամբ Կարօ Սասունիի: Տարբեր տարիներու ամսագիրի խմբագիրները եղած են` Եդուարդ Պոյաճեանը, Պօղոս Սնապեանը, Յակոբ Պալեանը, իսկ 2016-ին այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց երիտասարդ գրող, մանկավարժ Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեանը:
«Բագին»-ի 55-ամեայ յոբելեանը հայրենիքի մէջ նշուեցաւ 22 սեպտեմբերին` «Ակումբ» սրահին մէջ` զրոյց-քննարկումով, որուն ներկայ էին «Բագին»-ի խմբագիրը, խմբագրական խորհուրդէն անդամներ, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ` մտաւորականներ եւ մշակութասէրներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ գրականագէտ, «Բագին»-ի խմբագրական խորհուրդի անդամ Արքմենիկ Նիկողոսեանը, որ նաեւ օրուան հանդիսավարն էր: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, «Բագին»-ի խմբագրական խորհուրդի անդամ, դոկտոր Վիգէն Թիւֆենքճեանը ներկայացուց հանդէսի հակիրճ պատմականը: «Բագին»-ի այսօրուան եւ ապագայի ուղենիշներուն մասին խօսեցաւ խմբագիր Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեանը: Խօսքերուն յաջորդեց աշխուժ հարց ու պատասխան:
Զրոյցին իրենց մեկնաբանութիւններով մասնակից դարձան` գրականագէտ, թարգմանիչ Մարք` Նշանեանը, բանասէր, պատմաբան Յակոբ Չոլաքեանը, սփիւռքահայ մտաւորական Եսայի Հաւաթեանը, արձակագիր, պատմաբան Յովհաննէս Զատիկեանը, արձակագիր, «Բագին»-ի խմբագրական խորհուրդի անդամ Արամ Պաչեանը եւ ուրիշներ:
Աւարտին ներկաները առիթ ունեցան ծանօթանալու «Բագին»-ի վերջին թիւերուն եւ անոնցմէ տանելու իրենց հետ:
Տեղի Ունեցաւ Սուրիահայերու Հիմնական Հարցերը Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնախումբին Հերթական Նիստը
Հոկտեմբեր 6-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբին հերթական նիստը` նախագահութեամբ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին պատճառով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հարցերը մնայուն գտնուած են Հայաստանի կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը: «Սուրիահայերու հետ մեր ամէնօրեայ աշխատանքի ընթացքին նկատեցինք, որ վերջիններս բաւարար չափով տեղեակ չեն Հայաստանի օրէնսդրութեան մասին, լաւ չեն գիտեր իրենց իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները. ուստի, որոշեցինք Սուրիայէն եւ այլ հակամարտութեան վայրերէ Հայաստան տեղափոխուած մարդոց համար կազմակերպել յաճախ տրուող իրաւական հարցումներու տեղեկատուական ձեռնարկ», նշեց նախարարը:
Այնուհետեւ սուրիահայերուն ցուցաբերած աջակցութեան եւ նախատեսուող ծրագիրներուն մասին զեկուցեց ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի փոխտնօրէն Յովիկ Էօրտեքեանը: Ան նշեց, որ սուրիահայ ուսանողներու վարձավճարներու փոխհատուցման ծրագիրը Հայաստանի կառավարութեան եւ այլ կառոյցներու հետ համագործակցաբար պիտի շարունակուի նաեւ 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին:
«ԱՄՔՈՐ Հայաստան» հիմնադրամի սուրիահայերու աջակցութեան ծրագիրներու համակարգող Անահիտ Գասպարեանը խօսեցաւ իրենց հիմնադրամին կողմէ սուրիահայերուն տրամադրուող աջակցութեան մասին:
Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան նախագահ Աննա Ստեփանեանը ներկայացուց Երեւանի դպրոցներու մէջ սուրիահայ փոքրիկներու ընդունման գործընթացին ներկայ իրավիճակը: Ան տեղեկացուց, որ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն սուրիահայ փոքրիկները ներառելու տարբեր ձեռնարկներու մէջ:
Քննարկուեցաւ երեւանեան որոշ դպրոցներու մէջ արեւմտահայերէնի դասընթացքներ կազմակերպելու հարցը:
Սուրիահայ փոքրիկներու ամառնային հանգիստի կազմակերպման մասին զեկուցեց սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան նախագահ Լեւոն Անտոնեանը: Անդրադառնալով կազմակերպչական աշխատանքներուն` զեկուցողը ըսաւ, որ ամէն տարի, ամառնային ճամբարներու նախաշեմին, սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ հանդիպումներ կը կազմակերպուին գործընկեր կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ, ուր կը քննարկուին ճամբարներու կազմակերպման հարցին մէջ համագործակցութեան կարելի տարբերակները: «Այս տարի սուրիահայ փոքրիկները հանգստացան «Արի տուն» ծրագրի շրջանակներու մէջ իրենց համար կազմակերպուած ամառնային ճամբարին մէջ, ինչպէս նաեւ` Սեւանի, Հանքաւանի «Արագած» եւ «Շողիկ», Լոռիի մարզի Վահագնաձոր գիւղի «Գուգարք» ճամբարներու մէջ: Ընդհանուր առմամբ 2017 թուականին կազմակերպուեցաւ 171 սուրիահայ փոքրիկներու հանգիստը», նշեց Անտոնեան:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շեշտեց Հայաստանի տարբեր ճամբարներու մէջ սուրիահայ փոքրիկներու հանգիստի կազմակերպումը` նշելով, որ անիկա կը նպաստէ անոնց հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութեան ամրապնդման, մտաւոր զարգացման եւ բերկրանքի պահեր կը հաղորդէ փոքրիկներուն:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց գործընկեր կառոյցներուն, որոնք այս տարիներուն ընթացքին մնայուն գտնուած են սուրիահայ փոքրիկներու կողքին, եւ յորդորեց վերջիններս յառաջիկայ տարուան պիւտճէն կազմելու ժամանակ` նախատեսուող ծրագիրներուն մէջ ընդգրկել առանձին բաղադրիչ` սուրիահայ փոքրիկներու ամառնային ճամբարներու կազմակերպման համար:
Երգահանդէս` Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Երգիչներու Մասնակցութեամբ
Հոկտեմբեր 3-ին «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բա՛ց գիրկդ, երկի՛ր, քեզ մօտ եմ գալիս» խորագրով երգահանդէսը, որուն մասնակցեցան երգիչներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայ էր երգահանդէսին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան` ամերիկաբնակ սիրուած երգիչ Պապին Պօղոսեանը, Արմէն Յովհաննիսեանը, Հերմինէ Ամիրեանը, Էմմա Թովմասեանը, Սալբի Մայիլեանը, Հայաստանէն` Վարդան Բադալեանը, Անահիտ Սահակեանը, Մաւր Մկրտչեանը, Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբը` Նորայր Դաւթեանի ղեկավարութեամբ:
Երգահանդէսի ընթացքին երգիչներէն իւրաքանչիւրը ներկայացաւ իր երգացանկով, հնչեցին հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններէն, ինչպէս նաեւ` գուսանական, աշուղական երգեր:
Նշենք, որ խումբին համերգային շրջագայութիւնը Հայաստանի մէջ կազմակերպած էր Յասմիկ Զալեանը:
Երեկոյի աւարտին խօսք արտասանեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը: Ան Պապին Պօղոսեանին յանձնեց 2016 թուականին անոր շնորհուած Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալը, որուն արժանացած էր արուեստագէտը սփիւռքի մէջ հայկական արուեստը տարածելուն, այդ ոլորտին մէջ ստեղծագործական եւ կատարողական բարձր վարպետութեան եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ զգալի ներդրում ունենալուն համար:
Հաղորդենք, որ արուեստագէտներ Սալբի Մայիլեան, Էմմա Թովմասեան, Հերմինէ Ամիրեան եւ Արմինէ Յովհաննիսեան պարգեւատրուեցան սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրերով:
«Տաշիր» Հիմնադրամին Միջոցներով Ստեփանակերտի Մէջ Մշակոյթի Նոր Կեդրոն Կը Կառուցուի
«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամին միջոցներով Ստեփանակերտի կեդրոնը սկսած են արդի չափանիշներու համապատասխան մշակոյթի կեդրոնի նոր շէնքի մը կառուցման աշխատանքները: Այս մասին յայտնած է Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը:
«Արցախի նախագահի յանձնարարութեամբ մեկնեցայ Մոսկուա, հանդիպեցայ «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչներու հետ. անոնք յանձն առած են իրականացնել մշակոյթի այդ կեդրոնի նոր շէնքի կառուցման աշխատանքներուն ֆինանսաւորումը, որ արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր սկսած է», ըսած է քաղաքաշինութեան նախարարը: Ըստ Կ. Շահրամանեանի, կառոյցը պիտի ներկայացնէ համալիր շէնք մը, ուր տեղակայուած պիտի ըլլայ 630 տեղ ունեցող համերգային դահլիճ մը: «Մենք կը նախատեսենք այդ դահլիճը նաեւ օգտագործել թատերական ներկայացումներու համար, որովհետեւ թատրոնի շէնքը տակաւին վերանորոգուած չէ», ըսած է նախարարը:
Կը նախատեսուի նաեւ հարիւր տեղ ունեցող շարժպատկերի եւ թատրոնի սրահի մը կառուցումը` ժամանակակից քուլիսներով եւ բեմայարդարման սենեակներով: պիտի ունենանք նաեւ սիմփոզիումներ կազմակերպելու համար տարածքներ. համալիրին մէջ պիտի գործէ նաեւ սրճարան: Այնտեղ պիտի ունենանք նաեւ բացօթեայ շարժպատկերի եւ թատրոնի սրահ եւ կանգառներ: Կը նախատեսուին նաեւ ընդհանուր տարածքի բարեկարգման աշխատանքներ: Ծրագիրը պիտի աւարտի 2-3 տարուան ընթացքին:
Թաւջութակահար Անասթասիա Ուշակովանի Նուագահանդէսը` Երեւանի Մէջ
Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբի նուագահանդէսը, որ ղեկավարեց նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար, գլխաւոր խմբավար Վահան Մարտիրոսեանը: Իբրեւ մենակատար հանդէս եկաւ Պ. Ի. Չայքովսքիի անուան միջազգային երիտասարդական մրցոյթի «թաւջութակ» անուանակարգին մէջ առաջին մրցանակակիր, շարք մը միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, թաւջութակահար Անասթասիա Ուշակովան` Ռուսիայէն: Հակառակ երիտասարդ տարիքին` Անասթասիան արդէն բազմաթիւ ելոյթներով հանդէս եկած է Ռուսիոյ, Չեխիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրիոյ, Հարաւային Քորէայի, Ամերիկայի մէջ եւ այլուր: Ան կը հանդիսանայ նաեւ Չայքովսքիի անուան Միջազգային երիտասարդական «Մոսկուա Քլին-2017» փառատօնի նախաձեռնողը, կազմակերպիչը եւ մասնակիցը:
Նուագահանդէսի ծրագրին մէջ ընդգրկուած են Փականինիի «Վարիացիաներ Մովսէսը Եգիպտոսի մէջ նիւթով», Չայքովսքիի «Նոքթիւրն թիւ. 4» եւ Պոքերինիի թաւջութակի ներկայացումը:
Գերմանահայերը Կ՛ուզեն 2018-ին Հայաստանի Մէջ Դասընթացքներ Իրականացնել Շողաքննութեան Մասնագէտ Բժիշկներու Համար
2018-ին Եւրոպացի եւ հայ մասնագէտներու ընկերակցութիւնը կ՛ուզէ Հայաստանի մէջ դասընթացքներ իրականացնել շողաքննութեան մասնագէտ բժիշկներու համար: Այս մասին հաղորդած է ընկերակցութեան նախագահ Միքայէլ Մինասեանը:
Ընկերակցութիւնը դասաւանդելու համար կ՛ուզէ մասնագէտ հրաւիրել Գերմանիայէն, որ պիտի աշխատի տեղացի բժիշկներու հետ:
«Վերջին տարիներուն երկիրը անհրաժեշտ սարքեր ունեցած է, սակայն, ցաւօք, մասնագէտներու վերապատրաստում դեռ չէ կատարուած: Հիմա մենք կ՛ուզենք այս բացը լրացնել», շեշտած է ան: