Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀՄԱՄՃԵԱՆ
Քանատահայերը Մասնակից` «Դուն Ի՞նչ Կ՛ընես Արցախի Համար» Սփիւռքի Նախարարութեան Ծրագրին
Օգոստոս 23-ին «Հորիզոն»-ի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան հանդիպում ունեցաւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հետ, նախարարութեան շէնքին մէջ: Հանդիպման ընթացքին նախարարին հետ քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք-Արցախ յառաջիկայ խորհրդաժողովի ծիրին մէջ հարցեր, ինչպէս նաեւ` նախարարութեան անմիջական հովանաւորութեան տակ իրականանալիք «Հորիզոն»-ի կազմակերպած «Արցախ-2017» շրջապտոյտին առնչուող հարցեր:
Նշենք, որ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ ըրած ես Արցախի համար» համազգային կոչին ընդառաջելով` «Հորիզոն»-ի նախաձեռնութեամբ 30 քանատահայ զբօսաշրջիկներ ներկայ պիտի ըլլան սեպտեմբեր 2-ի Արցախի անկախութեան հանդիսութեանց, Ստեփանակերտի մէջ:
Քերոլայն Քոքսի Անուան Վերականգնողական Կեդրոնը Կ՛ընդլայնէ Բուժման Կարելիութիւնները
Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնին մէջ այս տարի բացուեցաւ օթիզմի ախտանշաններով մինչեւ 16 տարեկան փոքրիկներու բուժման համար նախատեսուած ենթակեդրոն:
Կեդրոնի ղեկավար Վարդան Թադէոսեան կը յայտնէ, որ անիկա կարեւոր նշանակութիւն ունի այդպիսի հարցեր ունեցող փոքրիկներու ընտանիքներուն համար, որովհետեւ յագեցած է բուժման համար անհրաժեշտ բոլոր սարքերով:
«Բացի նշուած հիւանդութենէն կեդրոնին մէջ, ամէն տարի կը բուժուին մինչեւ 1000 անձեր, որոնք ունին ֆիզիքական եւ մտային հարցեր: Կեդրոնը ունի 21 մահճակալ` մնայուն բուժում ստացողներուն համար, իսկ օրական բուժում ստացողներուն թիւը կը հասնի 30-ի:
Այժմ վերականգնողական կեդրոնը ունի մօտաւորապէս 60 աշխատակից: Կը գործէ նաեւ կրթական բաժանմունք մը, ուր մէկ տարուան ընթացքին կը պատրաստուին եւ կը վերապատրաստուին համապատասխան մասնագէտներ` ստանալով տեսական եւ գործնական գիտելիքներ», կը տեղեկացնէ Վ. Թադէոսեան եւ կ՛աւելցնէ, որ կեդրոնը արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ունի ֆրանսական մասնագիտական ֆիզիոթերափի կազմակերպութեան եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին հետ:
Անդրադառնալով հաշմանդամներու հանգիստին` կեդրոնին ղեկավարը ընդգծեց, որ յուլիս 27-էն օգոստոս 7 տեղի ունեցաւ ամառնային ճամբար մը, որուն աջակցեցաւ Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը: «Անիկա կազմակերպուած էր «Հայկական ճամբար» հասարակական կազմակերպութեան հետ միատեղ, Սեւանի ափին, Արտանիշ գիւղին մօտ, ուր համապատասխան պայմաններ կային սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող մարդոց համար: Ծրագիրին մասնակցեցաւ 20 հոգի», յայտնեց Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնին տնօրէնը:
Նշենք, որ Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնը կը գործէ 23 սեպտեմբեր 1998-էն ի վեր: 1998-2000 թուականներուն կառուցուած է շէնքը, իսկ 1999-2000 թուականներուն կազմակերպուած են միամեայ անմիջական դասընթացքներ` համապատասխան մասնագէտներու պատրաստման համար: Յունիս 2000-էն սկսած է շրջիկ եւ մնայուն բուժում իրականացնել:
Սփիւռքահայ Երիտասարդներու Աջակցութեամբ Ջրաշէնի Մէջ Մանկապարտէզ Մը Բացուեցաւ
Աւելի քան 25 տարի անց Արարատի մարզի Ջրաշէն գիւղին մէջ մանկապարտէզ մը բացուեցաւ: Ծրագիրը իրականացուցած են Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն երիտասարդներ` տեղացի երիտասարդներու օգնութեամբ: «Թաքնուած ճանապարհ նախաձեռնութիւն» կազմակերպութեան երիտասարդները նախագիծին իրականացման համար տրամադրած են 2 տարի ժամանակ: Գաղափարին հեղինակը Լոս Անճելըս բնակող Յասմիկ Պաղտասարեանն է, որ ընկերներուն հետ սկսած է գումարը հաւաքել զանազան դրամահաւաքներու միջոցով:
«Թաքնուած ճանապարհ նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը ստեղծելու միտքը յառաջացած է 2009-ին, երբ խումբի ղեկավար Նանոր Պալապանեան կամաւորական աշխատանքով մեկնած էր Գեղարքունիքի մարզի Ախպրաձոր համայնք` փոքրիկներուն համար ամառնային ճամբար կազմակերպելու: Այստեղ անոր ջանքերով բացուած է համակարգչային սենեակ` ապահովելով հեռաւոր ու վատ ճանապարհներով գիւղին համար կապ աշխարհին հետ: Ծրագիրէն ետք որոշած է օգնել միւս թաքնուած համայնքներուն: Այսպէս, յատկապէս Միացեալ Նահանգներ բնակող ուսանողներով հիմնեցին կազմակերպութիւնը», կը յայտնէ Յասմիկը:
«Թաքնուած ճանապարհ նախաձեռնութիւն» կազմակերպութեան անդամները, «Ալֆա Կամա Ալֆա» կազմակերպութեան անդամներուն հետ հաւաքած են անհրաժեշտ 9000 տոլար գումարը, որուն շնորհիւ առանձնացուցած ու նորոգած են համայնքի միջնակարգ դպրոցի 2 սենեակներ:
Մանկապարտէզը կը սպասարկէ 30 փոքրիկներու, 3-6 տարեկան: «Մանկապարտէզին երկար սպասած ենք, չէինք յաջողեր կառուցել` համայնքի պիւտճէին սղութեան պատճառով, ստիպուած` փոքրիկներուն Նուպարաշէնի, Մխչեանի եւ մօտակայ այլ համայնքներու մանկապարտէզներ կը տանէին», կ՛ըսէ Ջրաշէն համայնքի ղեկավար Արտեոմ Ղազարեանը:
Ջրաշէնի մէջ մանկապարտէզային տարիքի աւելի քան 80 փոքրիկ կայ: Համայնքի ղեկավարը յոյս ունի, որ յառաջիկային կարելիութիւն պիտի ստեղծուի ընդլայնելու մանկապարտէզին տարածքը եւ ընդունելու բոլոր փափաքողները:
Արցախի Ականազերծման Աշխատանքներուն Աշխուժ Մասնակցութիւն Կը Բերեն Նաեւ Կիները. «Հալօ Թրասթ»-ի Ղեկավար
«Հալօ Թրասթ» (Halo Trust) բրիտանական կազմակերպութիւնը Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներ կը կատարէ 2000 թուականէն ի վեր: Արցախի մէջ կազմակերպութեան տարածաշրջանային ղեկավար Աշ Պոտի կը յայտնէ, որ ամէն տարի ունեցած են մօտաւորապէս 100 աշխատող, սակայն այս տարի աշխատողներուն թիւը հասած է 210-ի:
«Հալօ Թրասթ»-ի մէջ կ՛աշխատին նաեւ կին սակրաւորներ: «Առաջին խումբը կազմուած է 2015-ին, Քաշաթաղի շրջանի Քարեգահ գիւղէն: Այժմ կան երեք այդպիսի խումբեր, որոնց մէջ կիներուն թիւը կը գերակշռէ, եւ կը փորձեն մինչեւ յաջորդ տարուան վերջը անոնց թիւը աւելցնել», կը տեղեկացնէ Ա. Պոտի:
Ան կը բացատրէ, որ «Հալօ Թրասթ»-ի մէջ աշխատելու համար պէտք է անցնիլ 5 շաբթուան փորձաշրջանէ: Առաջին չորս շաբաթներուն ընթացքին ծրագիրին մէջ ընդգրկուած է ականազերծման փորձի ուսուցում, իսկ հինգերորդ շաբաթը` բժշկական նախնական օգնութիւն: Ամէն փուլէ ետք մասնակիցները կը յանձնեն համապատասխան քննութիւն, եւ այդ ընթացքին կ՛որոշուի, թէ աշխատանքը նպատակայարմա՞ր է, թէ՞ ոչ:
Կին սակրաւոր, 40-ամեայ Լիլիկ Մարտիրոսեանը Ստեփանակերտէն է: «Հալօ Թրասթ»-ի մէջ սկսած է աշխատելու այս տարուան ապրիլ 2-ին: «Աշխատանքը բարդ է եւ վտանգաւոր: Սակայն մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, որ միւսներուն համար չէզոքացնենք այդ վտանգը: Մեր խումբը բաղկացած է 7 սակրաւորներէ, որոնցմէ 5-ը կիներ են», կ՛ըսէ Լիլիկ եւ կ՛աւելցնէ, որ աշխատանքին մասին տեղեկացած է ամուսինէն, որ նոյնպէս կ՛աշխատի «Հալօ Թրասթ»-ի մէջ` իբրեւ ականազերծող: Ըստ Լիլիկին, ամուսիններով նոյն խումբին մէջ կ՛աշխատին եւ ամէն անգամ ականազերծման երթալու ատեն առաջին հերթին կը մտածեն, որ պարտաւոր են ամէն ինչ ընել, որպէսզի անփորձանք վերադառնան, որովհետեւ տունը զիրենք կը սպասեն իրենց անչափահաս զաւակները:
Արցախի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Գինիի Չորրորդ Փառատօնը
Սեպտեմբեր 16-ին Տող գիւղին մէջ Մելիքական ապարանքի տարածքին վրայ տեղի պիտի ունենայ արցախեան գինիի չորրորդ փառատօնը, որուն պիտի մասնակցին տասնեակ գինեգործներ Արցախէն եւ Հայաստանէն: Արդէն աւանդական դարձած փառատօնի ծիրին մէջ կը նախատեսուի գինիի եւ գիւղատնտեսական արտադրանքի տօնավաճառ, արուեստի գործերու ցուցահանդէս, «Տողի Մելիքական ապարանքի գանձերը» ցուցահանդէս, ազգագրական համերգ, ժամանակակից երաժշտութիւն յայտնի DJ-ներու կատարումով, խմբային արշաւներ եւ զանազան այլ ձեռնարկներ: Փառատօնի հիւրերը նաեւ պիտի համտեսեն արցախեան խոհանոցի ուտելիքներ:
Յիշեցնենք, որ այս տարի եւս փառատօնին մուտքը անվճար պիտի ըլլայ:
«Երեւան Սիթի Թուր»-ի Ծիրին Մէջ Պիտի Գործէ «Գիշերային Երեւան» Երթուղին
Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժինը, կարեւոր նկատելով բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու եւ համաքաղաքացիներու դիտարկումները, «Երեւան Սիթի Թուր» քաղաքային զբօսաշրջային պաշտօնական ծրագիրին ծիրին մէջ մշակած է նոր երթուղի: Այս մասին կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Օգոստոս 25-էն օրական կանոնաւոր երթուղիներէն բացի, Հանրապետութեան հրապարակէն պիտի մեկնարկէ «Երեւան Սիթի Թուր»-ի «Գիշերային Երեւան» խորագիրով նոր երթուղին: 45 վայրկեան տեւողութեամբ այդ երթուղիով մայրաքաղաքի բնակիչները եւ հիւրերը կարելիութիւն պիտի ունենան վայելելու երեկոյեան Երեւանը, մասնակից դառնալու Հանրապետութեան հրապարակի երգող շատրուաններու նոր երաժշտական ծրագիրին, ինչպէս նաեւ շրջելու մայրաքաղաքի իւրօրինակ տեսարժան վայրերը եւ բարձունքէն վայելելու երեւանեան համայնապատկերը:
Ծրագիրը պիտի գործադրուի ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի օրերը:
Արթիկ Քաղաքին Եւ Լեհաստանի Վոտզիսլաւ Սլեոնսքի Քաղաքին Միջեւ Ստորագրուեցաւ Համագործակցութեան Յուշագիր
Հայաստանի Արթիկ քաղաքին եւ Լեհաստանի Վոտզիսլաւ Սլեոնսքի քաղաքի միջեւ 21 օգոստոսին ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր: Յուշագիրը ստորագրած են Արթիկ համայնքի ղեկավար Մխիթար Վարագեանը եւ Վոտզիսլաւ Սլեոնսքիի քաղաքապետ Մեչիսլաւ Կեցան:
Յուշագիրը կ՛ենթադրէ փոխհամագործակցային ծրագիրներ` տարբեր ոլորտներու մէջ: Այս մասին տեղեկացուցին Շիրակի մարզպետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն:
Նշենք, որ մինչ Արթիկ մեկնիլը Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանը ընդունած է պատուիրակութիւնը` քաղաքապետ Մեչիսլաւ Կեցայի գլխաւորութեամբ:
Պատուիրակութեան կազմին մաս կը կազմէին նաեւ քաղաքապետի տեղակալ Տարիոս Շմիչկան եւ քաղաքային խորհուրդի անդամ Իզապելա Քալինովսքայան: Մարզպետը յայտնած է, որ իր պաշտօնավարած օրէն ի վեր լեհական պատուիրակութեան կողմէ Շիրակի մարզ կատարած իր 2-րդ այցելութիւնն է: «Պատմականօրէն այնպէս մը ստացուած է, որ երկու մարզերուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն ձեւաւորումը միանգամայն տրամաբանական է: Միջնադարէն սկսեալ` Լեհաստանի մէջ ձեւաւորուած են հայկական գաղութներ, որոնք լեհական իշխանութիւններու կողմէ յատուկ բարեգթութեան արժանացած են` նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ անոնք գաղթականներ էին եւ գտած էին իրենց ապաստանը քրիստոնեայ Լեհաստանի մէջ», ըսաւ ան:
Ընթացքի Մէջ Է Դրմբոն-Վանքի Խաչմերուկ Միջշրջանային Ճամբուն Վերանորոգումը
Վարդենիս-Մարտակերտ միջպետական մայրուղիի կառուցման զուգահեռ` ընթացքի մէջ է Դրմբոնի խաչմերուկ-Չլդրան-Վանքի խաչմերուկ միջշրջանային ճամբուն վերանորոգումը, մասնակի ասֆալթապատումը: Այս պահու դրութեամբ աշխատանքներ կը տարուին Չլդրան-Կաշէնի հանքավայրի խաչմերուկ հատուածին մէջ: Բաւական անմխիթար վիճակի մէջ գտնուող ճամբան հիմա արդէն երթեւեկութեան համար անվտանգ է. Այս ճամբան կարեւոր հանգոյց է Քարվաճառէն Ստեփանակերտ այցելողներուն համար:
Վարդենիս-Մարտակերտ` մօտաւորապէս 116 քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհահատուածին ասֆալտապատման աշխատանքերը իրենց աւարտին կը հասնին: Շահագործումը նախատեսուած է սեպտեմբերին: Ասֆալթապատման զուգահեռ` ճամբուն ամբողջ երկայնքին կը տեղադրուին ճանապարհային երթեւեկութեան նշանները, կողնակներն ու արգելապատնէշները, եւ կը կատարուի գծանշում:
Յիշեցնենք, որ այս ծրագիրը կ՛իրականացուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոն 2015-ի հանգանակութեամբ:
Ճազը Հասած Է Արցախ
«Տէյզ աֆ ճազ ին Արցախ» բացօթեայ համերգը տարուան ամենաճազային իրադարձութիւնն էր: Արցախի մէջ ճազի սիրահարներու համար համերգներ քիչ կը կազմակերպուին, ու երբ Արցախ այցելեն անուանի ճազմեններ` Հայաստանէն, Ռուսիայէն եւ Ափրիկէէն, մէկ յարկի տակ կը հաւաքեն գրեթէ բոլոր ճազապաշտները:
Հաղորդենք, որ ճազի համերգը կայացած էր Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ դաշնակահար, երգահան, ճազ արտադրող Արտեոմ Լալայեանին նախաձեռնութեամբ: