Գեղեցկուհի Կապի Կալոյանը YANS Music Club-ին մէջ հանդէս եկաւ յատուկ մենահամերգով, որուն ընթացքին ներկայացուց «Կլոպալ արց» ընկերութեան եւ «Լեւոն թրեւըլ» կազմակերպութեան հովանիին տակ իրագործուած «Հայաստան» նախագիծը: Արտադրիչ Կարպիս Թիթիզեանին նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Հայաստան» ձայնասկաւառակը, տեսահոլովակը եւ մենահամերգը ձօն էր հայ ակունքային երգին եւ մշակոյթին, որ նաեւ Կապի Կալոյանի ստեղծագործական նոր ուղղիին սկիզբը կը դառնայ:
Մենահամերգին հիւրընկալուած էին` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչները, Հայ օգնութեան միութեան ղեկավարութիւնը` սփիւռքի տարբեր անկիւններէն, արուեստագէտներ եւ ուրիշներ: Նուագախումբով կենդանի համերգի ընթացքին բոլորին կը սպասէր անակնկալ կատարումներ, անդրանիկ ներկայացումներ, աւարտին նաեւ նուէրներ` «Հայաստան» ձայնասկաւառակի տեսքով: Նախագիծը իր շարունակութիւնը պիտի ունենայ Արցախի, Միացեալ Նահանգներու եւ սփիւռքաշատ այլ երկիրներու մէջ: