Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 18, 2017
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ջերմուկը Իբրեւ Հանգստավայր Եւ Առողջարանային Քաղաք` Պիտի Համապատասխանէ Միջազգային Չափանիշներուն. Դաւիթ Լոքեան

Ջերմուկը իբրեւ հանգստավայր, առողջարանային քաղաք եւ տարածաշրջանի համար ուշագրաւ կեդրոն` պիտի համապատասխանէ միջազգային բոլոր չափանիշներուն: Այդ մասին նշած է Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանը` նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ Ջերմուկի մէջ շրջայցէն ետք:

«Տակաւին 2016 թուականի դեկտեմբեր 12-ին մենք Ջերմուկի մէջ նախագահին գլխաւորութեամբ ունեցանք խորհրդակցութիւն, ուր յանձնարարականներ տրուեցան` յստակացնելու ծրագիրները, նախապատրաստելու ծրագրային փաթեթները եւ 2017-ի ընթացքին սկսելու այդ աշխատանքները` վերջին պայմանաժամ սահմանելով 2018-ի աւարտը: Ապրիլէն սկսան նախագծային աշխատանքները եւ արդէն ներկայացուեցան առաջին շինարարական աշխատանքները: Մենք Ջերմուկի համար ունինք մօտաւորապէս 25 ծրագիր, բոլորին համար անհրաժեշտ նիւթական միջոցներ արդէն կան», յայտնած է Դաւիթ Լոքեան:

Ըստ անոր, հանրապետութեան նախագահէն ստացած են նոր յանձնարարականներ` ամբողջացնելու Ջերմուկի ծրագիրը, այն փոքր եւ մեծ բացթողումները, որ կան քաղաքի ընդհանուր տիրոյթին մէջ, պիտի լրացնեն եւ ունենան մէկ ամբողջական կառուցապատուած համակարգ:

Հաղորդենք, որ հանրապետութեան նախագահը հոկտեմբեր 7-ի առաւօտեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի, Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Աշոտ Կիրակոսեանի եւ կառավարութեան առընթեր քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեանի ուղեկցութեամբ շրջայց կատարած է Ջերմուկի մէջ եւ դիտած է քաղաքի ձախափնեայ թաղամասին մէջ սկսած շինարարական աշխատանքներուն ընթացքը:

Կարիքաւոր Անձերու Լսողական Սարքեր Ապահովող Ծրագիրի Բարերարները Հիւրընկալուեցան Սփիւռքի Նախարարութեան Կողմէ

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց` ամերիկահայ գործիչներ, լսողական սարքեր արտադրող ամերիկեան «Սթարքի» ընկերութեան «Որ աշխարհը լսէ» միջազգային բարեգործական ծրագիրի բարերար եւ խորհրդատու տէր եւ տիկին Արմէն եւ Հայկուհի Գաւուգճեանները, ծրագիրին հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար Թրեւըր Թռնըրը, համակարգող Լիանա Սահակեանն ու ամերիկահայ բարերար, ծրագիրին աջակից Նորա Եագուպեանը:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ ծրագիրին իրականացման ի խնդիր Լոս Անճելըս բնակող Գաւուգճեան ընտանիքին ջանքերը: Նախարարը շեշտեց հայրենիքին աջակցելու, առողջապահական այսպիսի կարեւոր հարցը համալիր կերպով լուծելու անոնց նախաձեռնութիւնն ու համագործակցութիւնը «Արաբկիր» Միացեալ մանկական բարեգործական հիմնադրամին հետ: «Ուրախ եմ, որ մեր հայրենակիցները կը յաջողին համարկուիլ, կայանալ եւ իրենց կապերն ու կարելիութիւնները, փորձառութիւնն ու գիտելիքները ներդնել հայրենիքի զարգացման: Սիրելինե՛ր, Արմէն եւ Հայկուհի, ձեր ընտանիքը փայլուն օրինակ է, գիտեմ որ այս լայնածաւալ, սրտառուչ ծրագիրը իրականութիւն դարձած է նախեւառաջ ձեր մեծ ցանկութեան, աշխատանքին ու նուիրումին շնորհիւ: Գիտեմ նաեւ, որ յատուկ ծրագիրի մեկնարկին մասնակցելու նպատակով Հայաստան պիտի գան նաեւ ձեր չորս որդիները, եւ վստահ եմ, որ անոնք եւս պիտի շարունակեն ձեր սկսած գործը, պիտի քալեն հայրենիքին սատար կանգնելու ձեր բացած ճանապարհէն: Խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ ձեր ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ընկերութեան հիմնադիր-ղեկավար Պիլ Ասթընին եւ այս հրաշալի երիտասարդին` Թրեւըր Թռնըրին, որ այնքան սիրեր է մեր երկիրը, որ արդէն հայերէն կը խօսի, եւ ծրագիրին միջազգային առաքելութեան համակարգողը ըլլալով` ցանկացեր է գալ եւ անձամբ ղեկավարել «Որ Հայաստանը լսէ» ծրագիրը: Իսկ Հայաստանը կը լսէ, բարձր կը գնահատէ եւ կը սիրէ Պիլ Ասթընին նման մարդասէր բարերարները, Թրեւըրի նման Հայաստանի սիրահարներն ու զանոնք կը համարէ իր զաւակները: Մեր ժողովուրդին համար բարեկամութիւնը բարձրագոյն արժէք է, մենք գթասրտութիւնը կ՛ընդունինք սիրով ու երախտագիտութեամբ եւ փոխհատուցելու պատրաստակամութեամբ: Կ՛ուզեմ, որ յատկապէս իմ երախտիքի խօսքը փոխանցէք Հայաստանի տեղը նոյնիսկ չիմացող այն ամերիկացի բարերարին, որ 125 հազար տոլար նուիրած է «Որ Հայաստանը լսէ» ծրագիրին», յայտնեց նախարար Հ. Յակոբեան:

Շնորհակալական խօսքեր արտասանեցին Արմէն եւ Հայկուհի Գաւուգճեանները եւս: Արմէն Գաւուգճեան ըսաւ, որ համայնքին աջակցութիւնը կազմակերպուած էր Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին նախաձեռնութեամբ: Ան նշեց, որ 2015-ին, Գաւուգճեան ընտանիքին նախաձեռնութեամբ, լսողական սարքեր արտադրող ամերիկեան հանրայայտ «Սթարքի» ընկերութիւնը, համագործակցելով «Արաբկիր» Միացեալ մանկական բարեգործական հիմնադրամին հետ` Հայաստանի մէջ սկիզբը դրաւ բարեգործական ծրագիրի մը, որուն նպատակն է կարիքաւոր անձերը ապահովել յատուկ լսողական սարքեր: Ծրագրին առաջին փուլին յայտնաբերուած են կարիքաւոր անձեր, հետազօտուած է անոնց լսողութիւնը, կատարուած է սարքերու կաղապարներու չափումը եւ այլն, այժմ անձնակազմը կեանքի կոչած է երկրորդ կարեւոր փուլը. Երեւանի Մարզահամերգային համալիրին մէջ Միացեալ Նահանգներէն եւ Մեծն Բրիտանիայէն եկած մասնագէտները տեղադրած են լսողական սարքերը: Ծրագիրին մասնակցելու համար իր անձնական օդանաւով Երեւան եկած է «Սթարքի» լսողական սարքերու ընկերութեան հիմնադիր-նախագահ Պիլ Ասթընր: Ծրագիրին մասնակցած են 1800 շահառուներ:

Հայաստանեան առաքելութիւնը համակարգող Լիանա Սահակեանը նշեց, որ «Սթարքի» ընկերութիւնն ու «Սթարքի» լսողութեան հիմնադրամը առաքելութիւններ իրականացուցած են աշխարհի 106 երկիրներու մէջ, որոնցմէ 52-ին առաքելութիւնները կը կրեն շարունակական բնոյթ: Հայաստանը պիտի ըլլայ 107-րդը, եթէ «Որ Հայաստանը լսէ» ծրագիրը յաջող ընթանայ, անիկա նոյնպէս պիտի ըլլայ շարունակական եւ կայուն:

Նշենք, որ ծրագիրը սկիզբ առած է Երեւանի, Շիրակի, Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ. կը նախատեսուի հետագային զայն իրականացնել նաեւ մնացեալ մարզերուն եւ Արցախի մէջ: Կազմակերպուած է բոլոր շահառուներու տեղափոխումը մարզերէն Երեւան:

Վարդահովիտ Համայնքը Ամբողջութեամբ Լուսաւորուած Է

Վայոց Ձորի մարզի Վարդահովիտ համայնքին մէջ, ուր 1989 թուականէն ի վեր կը բնակին գաղթական եւ մարզի տարբեր գիւղերէն այստեղ տեղափոխուած ընտանիքներ, արտաքին լուսաւորութեան համակարգ երբեւիցէ չէր եղած:

Այսուհետեւ Վարդահովիտի փողոցներուն լուսաւորութիւնը կ՛ապահովեն 1,6 քիլոմեթր երկայնքով տեղադրուած 45 Լետ լամբերը: Արտաքին լուսաւորութեան նոր ենթակառուցուածքին ստեղծումը կարելի դարձաւ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի համագործակցութեամբ իրականացուող «Այլընտրանքային ուժանիւթ» նախագիծի ծիրին մէջ:

Ուժանիւթ խնայող նորակառոյց համակարգի գործարկման ներկայ եղած են` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեանը, Վարդահովիտ համայնքի ղեկավար Սամուէլ Գէորգեանը եւ բնակիչներ:

«Գիւղական համայնքներուն զարգացման աջակցիլը «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի առաջնահերթութիւններէն է` իբրեւ երկրին մէջ ընկերային եւ բնապահպանական հարցերու լուծման նախապայման: Հայաստանի գիւղական շարք մը համայնքներուն մէջ, եւ արդէն` նաեւ Վարդահովիտին մէջ, արտաքին լուսաւորութեան Լետ համակարգերուն կառուցումը, իր երկարատեւ դրական ազդեցութեան շնորհիւ, պիտի նպաստէ բնակիչներուն կեանքին որակին բարձրացման եւ գիւղական համայնքներու կայուն զարգացման: Համայնքի բնակիչներուն ուրախութիւնն ու ոգեւորութիւնն ա՛լ աւելի կը քաջալերեն մեզ եւ կ՛ապացուցեն ծրագրին հիմքը հանդիսացած` ընկերային պատասխանատւութեան ռազմավարութեան արդիւնաւէտութիւնը», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:

Բնապահպանական  եւ ուժանիւթ խնայող Լետ լամբերու օգտագործումը 80 տոկոսով պիտի նուազեցնէ ուժանիւթի ծախսը: Արտաքին լուսաւորութեան ուժանիւթ խնայող համակարգի ներդրման շնորհիւ` գիւղական համայնքները էականօրէն կրճատած են իրենց նիւթական բեռը, իսկ համայնքային միջոցներու խնայումը կը նպաստէ գիւղական կեանքի աշխուժացման:

Տեղեկացնենք, որ լամբերը ամրան գիւղի փողոցները պիտի լուսաւորեն ժամը 21:00-էն մինչեւ կէս գիշեր` 00:00, իսկ ձմրան` ժամը 18:00-էն մինչեւ 23:00: Նշենք, որ տօնական օրերուն լուսաւորութիւն պիտի ապահովուի ամբողջ գիշերը:

Մէկ Միլիոն Տոլարի Ներդրում Թալիշի Վերակառուցման Համար

Քառօրեայ պատերազմէն ամէնէն շատ տուժած գիւղը` Թալիշը, նոր շունչ կը ստանայ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեանի աջակցութեամբ, մօտաւորապէս 541 միլիոն 331 հազար 200 դրամի (1 միլիոն 131 հազար 617 տոլար) ներդրում կը կատարէ` ի սպաս Թալիշի զարգացման:

Գումարը պիտի տրամադրուի գիւղապետարանի, բժշկական կեդրոնի եւ ակումբի հանդիսութիւններու տան շէնքի վերակառուցման, գիւղապետարանի եւ հանդիսութիւններու սրահի շէնքերու տարածքի բարեկարգման, 18 տուներու վերակառուցման եւ վերանորոգման: Յիշեցնենք, որ այսպիսի ծրագիրներ իրականացուած են նաեւ Մարտակերտի շրջանին մէջ:

Թէքէեան Կեդրոնի Բացման 20-ամեակ

«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը պաշտօնական հանդիսութեամբ նշեց «Թէքէեան կեդրոն»-ի բացման 20-ամեակը:

Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վարդան Ուզունեանը: Ան նախ շնորհաւորեց ներկաները, ապա երախտիքի խօսք արտասանեց «Թէքէեան կեդրոն»-ի բոլոր բարերարներուն, համակիրներուն եւ գործընկերներուն` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, որոնց շնորհիւ ստեղծուած է հիմնադրամը: Նախագահը ներկայացուց` կեդրոնի ստեղծման գաղափարը, պատմութիւնը, անցած ուղին եւ իրականացուող ծրագիրները:

Հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը խօսելով «Թէքէեան կեդրոն»-ի ապագայ ծրագիրներուն մասին, մասնաւորապէս խիստ մտահոգութիւն յայտնեց սփիւռքի հայ կրթօճախներու պահպանման կարեւորութեան մասին:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան նախագահ Քնարիկ Պետրոսեանը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամին եւ Լոնտոնի «Թէքէեան թրաստ»-ի բազմամեայ մշակութային եւ բարեսիրական գործունէութեան եւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին անունով յանձնեց շնորհակալագիր` «Թէքէեան կեդրոնի 20-ամեակին առիթով եւ Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերու զարգացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար»:

«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» կազմակերպութեան տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանին կողմէ նոյնպէս արժանացաւ շնորհակալագրի:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժինի նախագահ Կարէն Մնացականեանը արժեւորեց «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամին մասնակցութիւնը կրթական գործընթացներուն` արձանագրելով նաեւ հիմնադրամի աշխուժ մասնակցութիւնն ու մեծ ներդրումը դպրոցաշինութեան ոլորտին մէջ:

Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան նախագահ Ռուբէն Յովհաննիսեանը կարդաց քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին շնորհաւորական ուղերձը: Այնուհետեւ, կարդացուեցաւ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեանին ողջոյնի եւ շնորհաւորական ուղերձը:

Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեանը բրիտանահայ համայնքի անունով շնորհաւորեց «Թէքէեան կեդրոն»-ը իր յոբելենական տօնին առիթով:

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ գեղարուեստական յայտագրով եւ ցուցահանդէսով:

Ելեկտրական Շարժիչով Ինքնաշարժները Հայաստան Կը Ներածուին Առանց Հարկերու

Կառավարութեան 12 հոկտեմբերի նիստին վարչապետ Կարէն Կարապետեանը յանձնարարած է ելեկտրական շարժիչով ինքնաշարժները ներածման հարկերէ, տուրքերէ եւ գոյքահարկէ ազատելուն կարեւորութեան մասին:

«Նկատի առնելով նշուած ինքնաշարժներուն` կենսոլորտին համար մաքուր ըլլալը եւ ներածման ծաւալներուն մեծացման անհրաժեշտութիւնը` կը յանձնարարեմ փոխվարչապետին, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարին, բնապահպանութեան նախարարին, ՊԵԿ նախագահին` երկու ամսուան ընթացքին միասնաբար ուսումնասիրեն ելեկտրական շարժիչով ինքնաշարժներու ներմուծման ժամանակ գանձուող հարկերէն եւ տուրքերէն, ինչպէս նաեւ գոյքահարկէն ազատելու մասին գործող օրէնսդրութեան փոփոխութիւնը` հաշուի առնելով նաեւ ԵՏՄ կարգաւորումները եւ կառավարութեան աշխատակազմին ներկայացնել առաջարկները», ըսած է վարչապետը:

Արցախի Շինարարութեան Աճը 38,3 Առ Հարիւր Կը Կազմէ

2017-ի յունուար-յունիսին Արցախի մէջ իրականացուած է 20,2 միլիառ դրամի շինարարութիւն, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի համեմատութեամբ աճած է 38,3 տոկոսով: Յիշեցնենք, որ Արցախի մէջ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը այս տարուան առաջին կիսամեակին, 2016 թուականի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, աճած է 15 առ հարիւր: Արցախի մէջ շինարարական աշխուժութիւնը տեսանելի է բոլոր ուղղութիւններով:

 

Նախորդը

Արջի Եօթ Երգը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?