Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գանձասարի Վանքին Մէջ Նշուեցաւ Մահապարտներու Զօրագունդին 25-ամեակը
29 սեպտեմբերին Գանձասարի վանական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Արծիւ մահապարտներ» յատուկ նշանակութեան զօրագունդի կազմաւորման 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած անձնական արիութեան ու խիզախութեան համար «Արծիւ մահապարտներ» զօրագունդի խումբ մը մարտիկներ պարգեւատրեց «Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով:
«Գումարտակը մեր միւս զօրախմբերի հետ մէկտեղ մասնակցեց Մարտակերտի շրջանի ազատագրական եւ ինքնապաշտպանական մարտերին: Մեր քաջ եղբայրների խիզախութեան ու անձնազոհութեան շնորհիւ կասեցուեց թշնամու առաջխաղացումը` հաւատ ներշնչելով մեր ժողովրդին սեփական ուժերի հանդէպ, ամրապնդելով հակառակորդին արժանի հակահարուած հասցնելու եւ նրա յանցաւոր ծրագրերը ձախողելու հայ զինուորի կամքն ու վճռակամութիւնը: Դա սրբազան պայքար էր, որը պսակուեց յաղթանակով», ըսաւ Արցախի ղեկավարը:
Հանդիպում` Խանասորի Վարդանի Թոռնուհիին Հետ
Սեպտեմբեր 28-ին ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ Խանասորի Վարդանի (Սարգիս Մեհրապեան, 1870-1943) թոռնուհին ու ծոռնուհին հանդիպեցան արցախցի դաշնակցական երիտասարդներու հետ:
Մոսկուա բնակող Իրինա Փոսաթինա եւ անոր դուստրը` Օլկա Փոսաթինա, Արցախի ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամներուն ներկայացուցին յայտնի դաշնակցականին, քաղաքական ու ռազմական գործիչի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերող հետաքրքրական մանրամասնութիւններ:
Խանասորի Վարդան ունէր 3 զաւակ` Վարդան, Ռուբէն եւ Մարգարիտա:
«Տիֆ հիւանդութեամբ վարակուելու պատճառով Սարգիս Մեհրապեանի կինը` ազգութեամբ աւստրիացի Ֆրանցեսկան, կանուխ հեռացաւ կեանքէն: Խանասորի Վարդանը այլեւս չամուսնացաւ եւ առանձինը դաստիարակեց զաւակները», պատմեց Իրինա Փոսատինա, որ Մարգարիտայի դուստրն է: Վարդանի բոլոր զաւակները վառ անհատականութիւններ եղած են: Աւագ որդին` Վարդանը, մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ էր: Միջնեկ որդին` Ռուբէնը, ապրած է Մոսկուայի մէջ եւ բնական մահով մահացած է պատկառելի տարիքին: Խանասորի Վարդանը թաղուած է ոչ թէ Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան մէջ, այլ` Մոսկուա:
Խանասորի Վարդանի թոռան Արցախ գալու հիմնական նպատակը մեծ հօր վերանորոգուած տուն-թանգարանը (անոր ծննդավայր Ծաղկաշատ գիւղին մէջ) տեսնել եւ հռչակաւոր մեծ հօր մասին նոր տեղեկութիւններ ստանալը եղած է:
«Իմ նախաձեռնութեամբ սկսած եմ ուսումնասիրել հայկական արմատներուս պատմութիւնը եւ շատ տխրեցայ, երբ հասկցայ, որ այդ տեղեկութիւնները արդէն ոչ մէկէն կրնամ ստանալ: Այդ հնարաւորութիւնը կար, երբ դեռ կենդանի էին նախապապիս ժառանգները», յայտնեց Օլկան` աւելցնելով` որ այժմ Արցախ այցելելով` կը փորձեն լրացնել այդ բացը:
Երեւանի Մէջ Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Այվազովսկիի Ցուցահանդէսին Այցելած Է Մօտաւորապէս 4000 Մարդ
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած «Յովհաննէս Այվազովսկի. արարում» ցուցահանդէսը մէկ շաբթուան ընթացքին այցելած է 4000 մարդ: Այս մասին կը վկայէ պատկերասրահի Դիմատետրի էջին վրայ կատարուած գրառումը:
Ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուի 5 ամիս` մինչեւ յունուար 15, Այվազովսկիի արուեստի սիրահարներուն ներկայացնելով մեծ ծովանկարիչին 52 գեղանկարչական, 26 կրաֆիքական եւ տասնեակէ մը աւելի այլ աշխատանքներ: Ցուցահանդէսին ներկայացուած է նաեւ Այվազովսկիի ամէնէն յայտնի ստեղծագործութիւններէն մէկը` «Քաոս. աշխարհի արարումը» խորագրով կտաւը, որ Հայաստանի մէջ երբեք չէր ցուցադրուած:
Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած յոբելենական ցուցահանդէսին զուգահեռ, բացումը կատարուած էր նաեւ մեծ ծովանկարիչի կեանքին եւ ստեղծագործութեան նուիրուած երկօրեայ միջազգային գիտաժողովին:
Մեծ ծովանկարիչը ստեղծագործած Է մօտաւորապէս 6000 կտաւ: Աշխատած է շատ արագ, տեսողական վիթխարի յիշողութեամբ: Ներկայացուցած է հիմնականօրէն ծովը` օրուան տարբեր ժամերուն, տարուան բոլոր եղանակներուն: Այվազովսկիի գործերը աճուրդով վաճառուած են մինչեւ 2 միլիոն 125 հազար ամերիկեան տոլարի: 2012-ի յունուարին Սոթպի՛զ աճուրդի տան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցած հին եւ 19-րդ դարու արուեստի նմուշներու աճուրդին մէջ ամէնէն սուղ վաճառուած արուեստի գործը Յովհաննէս Այվազովսկիի վերագրուող «Նաւը ծովուն վրայ» կտաւն էր, որ վաճառուած է 122 հազար 500 տոլարի: Վերջինս կը թուագրուի 1895: Յովհաննէս Այվազովսկիի «Վենետիկեան տեսարան. Սան Ճորճիօ» կտաւը 2012-ին Սոթպի՛զ աճուրդի տան Լոնտոնի մասնաճիւղին մէջ վաճառուած է 1,01 միլիոն փաունտի` 1,62 միլիոն տոլարի:
«Մէկ Ամսուան Համար Չենք Նկարած Ժապաւէնը, Այլ` 100 Տարուան». «Խոստումը» Ժապաւէնին Բեմադրիչը Երեւանի Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ժապաւէնի բեմադրիչ Թերրի Ճորճը Երեւան այցելած է: Ասիկա անոր երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան. առաջին անգամ այցելած էր չորս տարի առաջ` ժապաւէնին համար ուսումնասիրութիւններ կատարելու նպատակով, իսկ այսօր արդէն ժապաւէնը պաստառներու վրայ է:
«Խոստումը» ժապաւէնին բեմադրիչը լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նշած է, որ իր ժապաւէնը յաջող կը համարէ. «Երբ ոչ հայ բեմադրիչներու կամ հանդիսատեսի կողմէ կը լսեմ, որ երբեք չէին լսած Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ կը զարմանան, որ Միացեալ Նահանգները կամ Մեծն Բրիտանիան մինչեւ օրս չեն ճանչցած զայն, եւ որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը մերժէ Ցեղասպանութիւնը, այս առումով, կը կարծեմ, ժապաւէնը յաջողած է», ըսած է բեմադրիչը եւ` ընդգծած, որ` «ժապաւէնը դիտողներէն լսած եմ յատկապէս երկու կարծիք` «Մենք շատ քիչ գիտէինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին» եւ «Մենք չէինք գիտեր այդ մասին որեւէ բան»: Կը կարծեմ, որ ժապաւէնը որոշ իրազեկման հարցեր կը լուծէ նաեւ այս առումով եւ, բացի այդ, մենք կը փորձենք ժապաւէնին միջոցով ուշադրութեան հրաւիրել գաղթականներու հարցին, որ ցարդ գոյութիւն ունի»:
Ան նշած է, որ 20-րդ դարու մեծագոյն ոճրագործութիւնը դեռ չէ ճանչցուած միջազգային հանրութեան կողմէ, եւ այդ պատճառով մենք այսօր կը տեսնենք այն, ինչ որ կը կատարուի Սուրիոյ մէջ:
«Մենք մէկ ամսուան համար չենք նկարած այս ժապաւէնը, այլ` 100 տարուան», յայտարարած է ան:
Ասուլիսին ներկայ` «Խոստումը» ժապաւէնը արտադրող Էրիք Իսրայէլեան անդրադարձած է ժապաւէնին սաունտթրէքի հեղինակ եւ կատարող Քրիս Քոռնելի դերին: Նշենք, որ Քոռնելը անձնասպանութիւն գործած էր այս տարուան մայիսին:
«Ցաւօք, ան այժմ մեզի հետ չէ. բայց ես շատ կ՛ուզեմ, որ դուք բոլորդ գիտնաք, թէ ան որքա՛ն ոգեւորուած էր, որ ան, հայ չըլլալով, այդքան սիրտը կը ցաւէր այս հարցին պատճառով: Ան սիրտ ու հոգի դրած էր իր երգին մէջ եւ կը դատապարտէր Ցեղասպանութեան մերժումը»:
Հաղորդենք, որ Թերի Ճորճը եւ էրիք Իսրայէլեանը, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ այլ պաշտօնեաներու հետ, Երեւանի մէջ մասնակցեցան «Խոստումը» ժապաւէնին նուիրուած երաժշտական ներկայացման:
«Օսքար»-ի «Օտարալեզու Ժապաւէն» Անուանակարգին Մէջ Ընդունուելու Համար Հայաստանէն Պիտի Ներկայացուի «Եւա» Ժապաւէնը
Հայաստանի Շարժապատկերի ազգային ակադեմիան «Օսքար»-ներու 2018-ի մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն օտարալեզու ժապաւէն» անուանակարգին մէջ ընդունուելու նպատակով այս տարի պիտի ներկայացնէ բեմադրիչ Անահիտ Ապատի «Եւա» ժապաւէնը:
«Ոսկէ ծիրան» փառատօնի մամլոյ կեդրոնէն կը յայտնեն, որ հայերէն ժապաւէնը Հայաստանի եւ Իրանի միասնական արտադրութիւն է: Անիկա պատրաստուած է Հայաստանի Շարժապատկերի ազգային կեդրոնին եւ «Ֆարապի» շարժապատկերի հիմնադրամին նիւթական աջակցութեամբ:
Ժապաւէնը պատմութիւնն է կնոջ մը, որ կ՛ուզէ մոռնալ տարիներ առաջ իր կեանքին մէջ պատահած մութ ու ծանր դէպքերը: Եւան իր աղջկան հետ կը հեռանայ Երեւանէն եւ կը հաստատուի Արցախ, ծանօթներու մօտ: Սակայն անցեալը ամէն տեղ կը հետապնդէ զինք:
Շարժապատկերին մէջ դերեր ստանձնած են` Նարինէ Գրիգորեանը, Շանթ Յարութիւնեանը, Մարջան Աւետիսեանը, Ռոզի Աւետիսեանը, Սերգէյ Թովմասեանը, Վրէժ Քասունին, Տիգրան Դաւթեանը, Նանոր Պետրոսեանը, Էլենա Ադամեանը, Մարատ Դաւթեանը եւ ուրիշներ:
Արցախի Արտադրութիւնները` «Ուորլտ Ֆուտ Մոսկուա 2017» Փառատօնին
Սեպտեմբեր 11-14 Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ուտեստեղէնի արտադրութեան միջազգային փառատօն-վաճառք` «Ուորլտ ֆուտ Մոսկուա 2017» խորագրով, ուր ներկայացուած էին արցախեան կարգ մը ապրանքատեսակներ:
Փառատօնին մասնակցած էին նաեւ Հայաստանէն սննդամթերքի ոլորտի ընկերութիւններ: Հայաստանեան ընկերութիւնները հանդէս եկան միասնական ընդարձակ տաղաւարի մը մէջ` ներկայացնելով պտուղ, բանջարեղէն, ձուկի եւ միսի պահածոներ, պտուղի հիւթեր, օշարակներ, մեղր, չոր պտուղ, թէյ, ձուկ եւ միս:
Փառատօնի լաւագոյն տաղաւարի մրցանակին արժանացաւ Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի նախագահ Արմէն Աւագեան, որ ըսաւ, թէ այս նախաձեռնութեան նպատակն էր համաշխարհային շուկային ծանօթացնել հայկական արտադրութիւնները:
Փառատօնին ընթացքին արցախեան ապրանքատեսակներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մեծ եղաւ, եւ որոշ համաձայնագիրներ ստորագրուեցան մեծաքանակ գնորդներու հետ, որոնք Մոսկուա եկած էին Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներէ, նաեւ` Չինաստանէն, Հնդկաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Քանատայէն:
«Տուտուկի Կախարդ»-ն Ու «Քանոնի Թագուհի»-ն` «Նայիրի»-ի Մրցանակակիրներ
«Տուտուկի կախարդ»-ը` վարպետ Ջիւան Գասպարեանը, «Քանոնի թագուհի»-ն` Անժելա Աթաբեկեանը, «Կախարդական փայտիկի տիրակալ»-ը` Յովհաննէս Չեքիճեանը, «Թաւջութակի թագուհի»-ն` Մեդեա Աբրահամեանը. նախարար Հրանուշ Յակոբեանը այսպէս ներկայացուցած է «Նայիրի» համահայկական փառատօնի մրցանակաբաշխութեան մրցանակակիրները:
«Շնորհակալ եմ ձեր գործունէութեան, ձեր եզակի մարդկային եւ մասնագիտական տեսակին համար: Թող մաքրազարդուի հայ մշակոյթը, թող աշխարհասփիւռ հայութիւնը զօրանայ իր ազգային արժէքներով, թող կարող, ուժեղ, մրցունակ հայը շարունակէ իր ձեռագիրը ունենալ եւ յարատեւել ո՛չ միայն մշակոյթի, այլեւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ», նշած է սփիւռքի նախարարը:
Փառատօնի կազմակերպիչ սփիւռքի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, փառատօնին մրցանակաբաշխութիւնը առանձնացաւ իր բացառիկութեամբ:
«Նայիրի» մրցանակ յանձնուեցաւ նաեւ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանին: Յատուկ մրցանակի արժանացաւ նուագարաններու լաւագոյն վարպետներէն մէկը` Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, տուտուկներու տարատեսակներ ստեղծած վարպետ Գէորգի Մինասովը:
«Նայիրի» մրցանակ յանձնուեցաւ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, թաւջութակահար Մեդեա Աբրահամեանին: Յատուկ մրցանակի արժանացաւ երիտասարդ, բայց արդէն իր փայլուն ելոյթներով միջազգային մեծ ճանաչում ձեռք բերած տաղանդաւոր թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեանը:
«Հարուածային նուագարաններ» անուանակարգին մէջ «Նայիրի» մրցանակ յանձնուեցաւ տհոլահար Գագիկ Հախվերդեանին:
«Նայիրի» մրցանակներ ստացան Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ռուբէն Մաթեւոսեանը եւ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, քանոնահարուհի Անժելա Աթաբեկեանը:
Հնչեց Հայաստանի Երաժշտահաններու միութեան եւ «Նայիրի» փառատօնի դատական կազմի նախագահ Արամ Սաթեանի նոր ստեղծագործութիւնը` «Վոկալիզը», որ գրուած է յատուկ «Նայիրի» փառատօնին համար:
«Երգահան» անուանակարգին մէջ «Նայիրի» գլխաւոր մրցանակը յանձնուեցաւ Վլադիլեն Բալեանին:
Փառատօնի յատուկ հիւրն էր աշխարհահռչակ երգահան Միշէլ Լըկրանը, որ յանձնեց «Արտեոմս» ոսկերչական տան սահմանած յատուկ մրցանակը:
«Դասական երգիչ» անուանակարգին մէջ «Նայիրի» մրցանակին արժանացաւ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Բարսեղ Թումանեանը:
«Դասական ստեղնաշարային նուագարաններ» անուանակարգին մէջ «Նայիրի» մրցանակի դափնեկիրը Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, դաշնակահարուհի Սվեթլանա Նաւասարդեանն էր:
Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Սուրէն Գեանճումեանին` ծննդեան 85-ամեակին առիթով յանձնուեցաւ յատուկ մրցանակ, որուն արժանացաւ երաժշտագէտ, բանագէտ, արուեստագիտութեան թեկնածու, երաժշտանոցի փրոֆեսէօր Ալինա Փահլեւանեանը:
«Նայիրի ՍՊԱ ռիզորց» հիւրանոցային համալիրի սեփականատէր, Ռուսիա բնակող, գործարար, «Նայիրի» փառատօնի գլխաւոր հովանաւոր Գրիգոր Ղուկասեանը իր բարեգործական, ինչպէս նաեւ հայ երգն ու երաժշտութիւնը հանրահռչակելուն ուղղուած գործունէութեան համար Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հրամանով պարգեւատրուեցաւ սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս Նուպար» մետալով:
Աւարտին, Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտ, պետական մրցանակներու դափնեկիր, Հայաստանի ազգային ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար, փրոֆեսէօր Յովհաննէս Չեքիճեանին շնորհեց «Լաւագոյն խմբավար» մրցանակը:
Յիշեցնենք, որ սեպտեմբեր 20-ի երեկոյեան Արամ Խաչատրեանի անուան սրահին մէջ Հայաստանի նախագահին հովանաւորութեամբ կայացաւ «Նայիրի» համահայկական փառատօնին մրցանակաբաշխութիւն-շքահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի շրջանակներուն մէջ` Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու, Հայաստանի Երաժշտահաններու միութեան եւ «Նայիրի» հիմնադրամին հետ միատեղ:
Հայաստանի Մէջ Կազմուած Առաջին Ելեկտրական Ինքնաշարժը Կը Ներկայացուի «Տիճիթեք»-ի Ցուցահանդէսին
29 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ բացուած 13-րդ տարեկան «Տիճիթեք» ցուցահանդէսին առանձին տաղաւարով ներկայացուած է «Ինժեներական քաղաք»-ը:
«Ինժեներական քաղաք»-ի տաղաւարի մուտքին հիւրերը կը դիմաւորէ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ հաւաքուած ելեկտրական ինքնաշարժը, որ արտադրուած է «Նեշընըլ Ինսթրումընց» ընկերութեան եւ հայ մասնագէտներու ջանքերով:
Տաղաւարին մէջ ներկայացուած են նաեւ տարբեր հանգոյցներ, որոնք կ՛ապահովեն ինքնաշարժին ինքնավարութիւնը: Մասնաւորապէս, ինքնավար ինքնաշարժին մաս կը կազմեն ռատիօտեղորոշիչները, տեսախցիկները, լէյզըրով գործող սքենըրները: Ինքնաշարժը կ՛աշխատի միայն ելեկտրականութեամբ: Որոշ հանգոյցներ պատրաստուած են Հայաստանի մէջ, իսկ այլ մասեր ներածուած են, բայց ընդհանուր համակարգը ամբողջութեամբ հաւաքուած է Հայաստանի մէջ` 4-6 ամսուան ընթացքին:
«Նեշընըլ Ինսթրումընց» ընկերութեան ներկայացուցիչ Ռուբէն Սիմոնեանը յայտնեց, որ այս նորաձեւ ելեկտրական ինքնաշարժի գաղափարը հայ ճարտարագէտները մտայղացած են 70-ական թուականներուն:
«Մեքենաշինութիւնը Հայաստանի համար նորութիւն չէ, դեռեւս 1975թ. Հայաստանում առաջին անգամ հաւաքուել է ելեկտրամոպիլ: Մենք միշտ ունեցել ենք այդ մշակոյթը եւ այս ելեկտրամոպիլը այդ ճարտարագիտական մշակոյթի շարունակութիւնն է», ըսաւ Ռուբէն Սիմոնեանը:
Սիմոնեան յայտնեց, որ «Ինժեներական քաղաք»-ը կը համագործակցի համաշխարհային ճանաչում ունեցող զանազան ընկերութիւններու հետ, աւելցնելով. «Օրինակ, մեր լուծումներից օգտագործում է համաշխարհային «Օտի» ընկերութիւնը: Աշխատում ենք նաեւ ռուսական ընկերութիւնների հետ: Պատուէրները շատ են, սակայն մեր նպատակն է ոչ միայն պատուէրներն աւելացնել, այլեւ` այս ուղղութիւնը Հայաստանում զարգացնել»:
Նշենք, որ «Ինժեներական քաղաք»-ը կը նախատեսուի կառուցել Երեւանի Ջրվէժ թաղամասին մէջ: