Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունիս 21, 2017
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Վեցերորդ Վիրաւոր Զինուորը «Թիւֆէնքեան» Հիմնադրամին Կողմէ Վերանորոգուած Առանձնատուն Ստացաւ

Արցախեան ազատամարտին ընթացքին վիրաւորուած զինուոր Սամուէլ Մեջլումեանը 16 մայիսին Արցախի Ասկերան քաղաքին մէջ ստանձնեց իր սեփական բնակարանը, որ վերանորոգուած է «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ` «Վիրաւոր զինուորներու բնակարանային ապահովում» ծրագիրի ծիրին մէջ: Ձեռնարկին մասնակցած են Ասկերան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Սերգէյ Գրիգորեանը, «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը, ինչպէս նաեւ` «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի, Ասկերան վարչակազմի եւ տեղական մամուլի ներկայացուցիչներ:

2003 թուականէն ի վեր «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամը շարք մը ծրագիրներ իրականացուցած է Արցախին աջակցելու համար: Իսկ ապրիլ 2016 թուականին, որպէս պատասխան քառօրեայ պատերազմին, հիմնադրամը յատուկ ու արտակարգ արշաւի մը նախաձեռնեց պատերազմին պատճառով տուժած անձերուն օգնելու համար: Այս հրատապ դիմումին շնորհիւ եւ հաւաքուած դրամական միջոցներու եւ կամաւոր անձերու աջակցութեամբ «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամը վերանորոգած կամ նոր տուներ գնած է 5 վիրաւոր զինուորներու համար, երեքը Մարտակերտի, իսկ միւս երկուքը` Հադրութի շրջաններուն մէջ:

Սամուէլ Մեջլումեան «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ նոր կամ վերանորոգուած տուն ստացող վեցերորդ զինուորն է: Սակայն ան 1992 թուականին պատերազմին մասնակցող առաջին զինուորն է, որուն աջակցութիւն ցուցաբերուած է այս ծրագիրի ծիրին մէջ. առաջին հինգ տուները գնուած կամ վերանորոգուած են 2016 թուականին ապրիլեան պատերազմի զինուորներուն համար: Բնակարանի յանձնման արարողութեան ընթացքին «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան նշեց. «Մենք պատասխանատու ենք Արցախի զինուորներուն համար արժանապատիւ բնակարանային պայմաններ ապահովելու, անկախ այդ հանգամանքէն, թէ ե՛րբ եւ ո՛ր պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած են անոնք: Այդ մարդիկ իրենց կեանքը վտանգած են մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար, հետեւաբար անոնց աջակցիլը մեր պարտաւորութիւնն ու պատիւն է»:

Յիսուներկու տարեկան Սամուէլ Մեջլումեան այն ազատամարտիկներէն է, որոնք 1990-ականներուն սկիզբը պայքարած են Արցախի պաշտպանութեան եւ ազատագրման համար: Ան կռիւ մղած եւ վիրաւորուած է իր հայրենի Ասկերան շրջանին մէջ, որմէ ետք շարք մը վիրահատութիւններու ենթարկուած է, ան իր երկու ոտքերը կորսնցուցած է ու ներկայիս կը փոխադրուի անուաւոր կառքով:

Նախքան վերանորոգումը` տունը շատ վատ վիճակի մէջ էր եւ չէր համապատասխաներ հաշմանդամ Սամուէլ Մեջլումեանի տեղաշարժման կարիքներուն:

Ազատամարտիկ Սամուէլ Մեջլումեանը նշեց. «Պատշաճ բնակարանային պայմաններու ապահովումը, ըստ ինծի, զինուորներուն աջակցելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է: Անձամբ ինծի համար վերանորոգուած տունը ո՛չ միայն աւելի յարմարաւէտ բնակութեան վայր է, այլ նաեւ` սեփական տուներուն մէջ հանգիստ տեղաշարժելու եւ աւելի ազատ ըլլալու կարելիութիւն»:

Ընդհանուր վերանորոգութեան զուգահեռ, հիմնադրամը լրիւ նոր խոհանոց կառուցած է: Անուակառքով շարժելու համար տան մատչելիութիւնը ապահովելու նպատակով լայնցուցած է տան դռները եւ յենարան ձողեր տեղադրած է բաղնիքներուն մէջ:

«Մենք միշտ պատրաստ ենք ողջունել եւ սատարել այն կազմակերպութիւններուն, որոնք աջակցութիւն կը ցուցաբերեն այս շրջանին: Բնակարան մտնելու այս արարողութեան մասնակցիլը մեզի համար պատիւ է, եւ մենք լիայոյս ենք, որ Արցախի բոլոր զինուորները շուտով արժանապատիւ կացարաններ պիտի ունենան», նշեց Ասկերան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Սերգէյ Գրիգորեանը:

Կոմիտաս Արք. Օհանեան Պարգեւատրուեցաւ «Կոմիտաս» Շքանշանով

Յուլիս 15-ին յունահայոց թեմակալ կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան այցելեց սփիւռքի նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցաւ  սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հետ:

Սփիւռքի մէջ հայկական արուեստը տարածելու, այդ ոլորտին մէջ ստեղծագործական եւ կատարողական բարձր վարպետութեան եւ իր գործունէութեամբ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ զգալի ներդրում ունենալուն համար, նախարար Հրանուշ Յակոբեան Կոմիտաս արք. Օհանեանը պարգեւատրեց Սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» շքանշանով:

Կոմիտաս սրբազան իր կարգին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին նուիրեց Մարիամ Աստուածածինի սրբապատկերը:

Արցախի Դպրոցներուն Մէջ Պիտի Դասաւանդուի «Ազգային Երգ Ու Պար» Դասանիւթը

Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար Սլաւա Ասրեանին հետ արդէն իսկ քննարկած եւ համաձայնութեան հասած են «Ազգային երգ ու պար» դասանիւթին դասաւանդումը դպրոցական ծրագիրին մէջ ներառնելուն առնչութեամբ:

«Ամրան ընթացքին համապատասխան մասնագէտներու վերապատրաստման դասընթացքներ պիտի կազմակերպենք, որպէսզի ուսուցիչները դասաւանդութեան ընթացքին կարենան աշակերտներուն կատարեալ ձեւով տալ», լուսարձակի տակ առած է Աղբալեան, աւելցնելով, որ ծրագիրին նպատակն է նորահաս սերունդին ազգային` արժէքներով դաստիարակնելն ու արմատներուն կառչած պահելը:

Նախարար Սլաւա Ասրեան նշած է, որ նոր դասանիւթը փորձնական եղանակով պիտի դասաւանդուի դպրոցներուն 5-7-րդ դասարաններու աշակերտներուն:

«Այժմ կը քննարկուի այն հարցը, թէ ո՛ր դպրոցներուն մէջ պիտի դասաւանդուի անիկա. կարելիութիւն կայ թէ՛ Ստեփանակետի եւ թէ՛ շրջաններու շարք մը դպրոցներուն մէջ: Մնացեալ դասանիւթերուն զոուգահեռ, այս դասանիւթը եւս պիտի ֆինանսաւորուի պետական միջոցներով», նշած է Ասրեան:

«Մխիթար Գոշ»-ի Մետալ` Մելքոն Մելքոնեանի

Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով կատարուած պարգեւատրումներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահի 2016-ի մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը: Վկայագիրները եւ դրամական պարգեւը մրցանակակիրներուն յանձնած են նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու «Ռոպերթ Պօղոսեան եւ որդիներ» հիմնադրամի ներկայացուցիչ, սփիւռքահայ բարերար Ժան Պօղոսեանը: Տարբեր բնագաւառներու մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար պարգեւատրուած անձնաւորութիւններու կարգին էր Իրաքի հայ համայնքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Գուրգէն Մելքոնեան, որուն շնորհուած է «Մխիթար Գոշ»-ի մետալ:

Ստեփանակերտի Օդակայանին Մէջ` Օդային Փառատօն

Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան եւ «Եէլ Էքսդրիմ փարք» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ, յունիս 17-ին Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ կազմակերպուեցաւ օդային փառատօն:

«Եէլ Էքսդրիմ փարք» ընկերութեան համահիմնադիր Տիգրան Չիբուխչեան կը յայտնէ, որ մասնակիցները հնարաւորութիւն ունին Ստեփանակերտի օդակայանէն զբօսաշրջային թռիչքներ կատարելու երկտեղանի ինքնաթիռով, անկարգելով եւ օդապարիկով:

«Փառատօնի նպատակն է Արցախի մէջ զարգացնել զբօսաշրջութեան ոլորտը, բարձրացնել տեղեկացուածութիւնը Արցախի թեթեւ թռիչքներու ներուժին մասին, աշխուժացնել երիտասարդական կեանքը, նպաստել երիտասարդութեան ազատ ժամանցին եւ առողջ ապրելակերպի կազմակերպման ու խրախուսել հետաքրքրական գործարար նախագիծերու իրականացումը», կ՛ըսէ Տ. Չիբուխչեան:

Ըստ վերջինիս, շուրջ 30 տոմս գնած են երեւանցիներ, որոնք այդ օրը Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ օգտուած են օդային թռիչքներէն. արցախցիներն ալ բաւական հետաքրքրուած են, եւ մեծ թիւով տոմսեր վաճառուած են, որովհետեւ կատարուած են մեծ զեղչեր:

Արցախի տնտեսութեան փոխնախարար Սերգէյ Շահվերդեան, իր հերթին, ըսաւ, որ այս ձեռնարկներուն նպատակը զբօսաշրջութեան զարգացումն է: «Մենք կ՛ուզենք ցոյց տալ, որ ասիկա Հայաստանի մէկ մասն է, ուր կ՛ընթանայ բնականոն կեանք, երիտասարդութիւնը կը զուարճանայ, նաեւ այն, որ մենք բացի պատմամշակութային զբօսաշրջութենէն, ունինք նաեւ արկածախնդրական զբօսաշրջութիւն», ըսաւ Ս. Շահվերդեան:

Աննա Բարսեղեան, որ ժամանած է Երեւանէն եւ արդէն օգտուած է անկարգելէն` կը յայտնէ. «Բաւական տպաւորուած եմ եւ յոյս ունիմ, որ յառաջիկային այս ոլորտը ա՛լ աւելի կը զարգանայ, եւ մեծ հոսք կը նկատուի դէպի Արցախ մարդոց, որոնք ինծի պէս պիտի հիանան այս հրաշք բնութեամբ»:

Օդապարիկէն օգտուած Վահէ Պօղոսեան, իր հերթին, կ՛ըսէ, թէ առաջին անգամն է, որ օդապարիկ կը նստի եւ պարզապէս հիացած է:

Փառատօնի համերգային մասով հանդէս եկան «Շուշուա Պենտ» եւ «Նեմրա» ռոք խումբերը ու յայտնի տի. ճէյ.ներ:

 Համաշխարհային Դրամատունը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանի Կրթական Ծրագիրներուն

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան երկուշաբթի, 19 յունիսին հանդիպում ունեցած է Համաշխարհային դրամատան կրթական ծրագիրներ խումբի ղեկավար Քրիստիան Աէտոյի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի մէջ Համաշխարհային դրամատան աջակցութեամբ իրականացուող եւ յառաջիկային նախատեսուած ծրագիրները, որոնք նպատակ ունին աջակցիլ բարձրագոյն, միջին մասնագիտական եւ հանրակրթութեան ոլորտի բարեփոխումներուն:

Նախարար Մկրտչեան Դրամատան պաշտօնատարներուն ներկայացուցած է կրթութեան բարեփոխումներու հիմնական ուղղութիւնները` ընդգծելով կրթակարգի, առարկայական չափորոշիչներու, Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներու շարժունութեան, համալսարաններու համար անձեռնմխելի հիմնադրամներու ստեղծման եւ այլ խնդիրներու առնչուող հարցերը:

Դաւիթ Լոքեան Կ՛այցելէ Շիրակի Մեծցուած Համայնքներ

Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան 19 յունիսին աշխատանքային այց կատարած է Շիրակի մարզ:

Լոքեան Շիրակի մարզպետի տեղակալ Սէյրան Պետրոսեանի ուղեկցութեամբ այցելած է մարզի մեծցուած համայնքներ, ծանօթացած իրավիճակին եւ խորհրդակցութիւններ ունեցած է տեղւոյն պատասխանատուներուն հետ:

4800 Երեխաներ Կը Հանգստանան Ամառնային Ճամբարներու Մէջ

Հայաստանի վարչապետին որոշումով, յունիս 19-ին մեկնարկած է զոհուած, հաշմանդամ դարձած զինծառայողներու, ծնողազուրկ ու անապահով բազմազաւակ ընտանիքներու դպրոցահասակ 7-13 տարեկան 4800 երեխաներու ամառնային հանգիստի ծրագիրը` երեք հերթափոխով` 20-ական օրով:

Ամառնային ճամբարներուն կը մասնակցին նաեւ Արցախէն եւ Ջաւախքէն երեխաներ:

Աղթամարի Կաթողիկոսութեան Մասին Նոր Հրատարակութիւն

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Հայ եկեղեցու պատմութիւն» շարքի «Աղթամարի կաթողիկոսութեան պատմութիւն» գիրքը` աշխատասիրութեամբ Վրէժ Վարդանեանի:

Գիրքը կ՛ընդգրկէ Աղթամարի կաթողիկոսութեան պատմութիւնը` հիմնադրման 1113 թուականէն մինչեւ 1895 թուական:

Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը, որուն պատմութեան լուսաբանումը անհրաժեշտ է հայ եկեղեցւոյ անցեալի համակողմանի ուսումնասիրութեան համար, իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցած է հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ բազմադարեայ պատմութեան մէջ: Հեղինակը հանգամանօրէն ներկայացուցած է Աթոռի պատմութիւնը` ըստ Աղթամարի կաթողիկոսների գահակալութեան ժամանակաշրջաններու: Նշենք, որ գիրքը հրատարակուել է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի:

Ջերմուկի Մէջ Հանքային Ջուրի Լողաւազաններ Կը Կառուցուին

Համաշխարհային դրամատան միջոցներով, Ջերմուկի մէջ 10 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի կատարուի` բարեկարգման աշխատանքներ իրականացնելու համար:

Հայաստանի քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեան 16 Յունիսին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտնեց, որ Ջերմուկի քաղաքային զբօսայգին ամբողջութեամբ պիտի վերանորոգուի, լիճի հարեւանութեամբ պիտի կառուցուին տաք հանքային ջուրով լողաւազաններ:

«Ջերմուկում կայ ձոր, որտեղից դէպի վերեւ լինելու է վերելակ: Քաղաքում առհասարակ լինելու է ամբողջական վերանորոգում` բնակելի հատուածի շէնքերի ճակատների, մայթերի, փողոցների, եզրաքարերի, լուսաւորութեան: Այստեղ նաեւ կառուցուելու է բացօթեայ ամֆիթատրոն, նախագծերի էսքիզները քննարկելու ենք յաջորդ շաբաթ, ընդգծեց քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահը:

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Բարեւներ Այնճարէն» (Հեղինակ` Մովսէս Թ. Հերկելեան)

Յաջորդը

Վա՞խ, Թէ՞ Խոհեմութիւն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?