Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Տեղի Ունեցաւ Արաքս Մանսուրեանի Ստեղծագործական Գործունէութեան 50-ամեակին Նուիրուած Համերգ
Սեպտեմբեր 18-ին Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովի շրջանակներուն մէջ, Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու նախաձեռնութեամբ, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արաքս Մանսուրեանի ստեղծագործական գործունէութեան 50-ամեակին նուիրուած համերգ:
Համերգին ներկայ էին` Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը, երաժշտական, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեանը: Երեկոյին մասնակցած էին Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովի մասնակիցները:
Ելոյթներով հանդէս եկան Արաքս Մանսուրեանի օտարազգի ուսանողները` Ռիան Սոնտերսը, Անտրիու Տիսքոն, Ճէորճիա Քոքքորիսը, Ճանկ Հոնկշինը, Ճուլիեթ Մունը: Անոնց կատարումով հնչեցին Կոմիտասի, Տիգրանեանի, Տիգրան Մանսուրեանի, Մոցարթի, Պիզեի, Լէօ Քաւալլոյի ստեղծագործութիւնները:
Համերգին մասնակցած էր նաեւ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի սիմֆոնիք նուագախումբի խմբավար Ռուբէն Ասատրեանը:
Համերգի աւարտին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը շնորհաւորեց վաստակաշատ երգչուհին` ստեղծագործական գործունէութեան 50-ամեակին առիթով: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Այս ձեռնարկով մերօրեայ հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ ամրագրուեցաւ Հայաստան-սփիւռք մշակութային գեղեցիկ համադրութիւնը խորհրդանշող երեկոյ մը: Կրկին վերաիմաստաւորուեցաւ այն իրողութիւնը, որ մեր քով կ՛ապրին մարդիկ, որոնք իրենց գոյութեամբ եւ գործունէութեամբ ամբողջ ժողովուրդ մը կը ներկայացնեն, եւ յաճախ չենք ալ զգար, որ մարդը թէեւ հեռու է, սակայն մօտ է մեզի իր հոգիով: Արաքս Մանսուրեանին համար շատ բնութագրական են այս խօսքերը: Արաքսը միշտ մեր կողքին է` իր մարդկային եւ կանացի անսահման հմայքով, իր կերտած կերպարներով, իր զաւակներով, ի վերջոյ, Մանսուրեան ըլլալով»:
Նախարարը ընդգծեց, որ այսօր հանդիսատեսը կարելիութիւն ունեցաւ վայելելու Արաքս Մանսուրեան երգչուհիին, վարպետ-ուսուցչուհիին եւ հայրենասէր մարդ տեսակին: «Արաքս Մանսուրեան հմայած, գերած եւ ոգեշնչած է հազարաւոր դահլիճներ, բեմեր: Ան իր ջերմութեամբ, իր հմայքով հայ երգը կ՛ուսուցանէ օտար սաներուն` անոնց ճանաչելի դարձնելով Կոմիտասի` հայ երգի Մաշտոցի արուեստը: Սիրելի՛ Արաքս, շնորհակալ ենք քեզ` քու գործունէութեանդ համար», եզրափակած է խօսքը Հրանուշ Յակոբեանը:
Այնուհետեւ նախարարը Արաքս Մանսուրեանին Հայաստան-սփիւռք մշակութային գործակցութեան բնագաւառին մէջ նշանակալի ներդրման եւ ստեղծագործական գործունէութեան 50-ամեակին առիթով յանձնած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիր: Հայ մշակոյթի հանրահռչակման գործին մէջ ունեցած իրենց ներդրման համար Արաքս Մանսուրեանի սաներուն` Ռիան Սոնտերսիին, Անտրիու Տիսքոյիին, Ճէորճիա Քոքքորիսիին, Ճանկ Հոնկշինիին, Ճուլիեթ Մունիին եւս սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը յանձնած է շնորհակալագրեր:
«Նայիրի» Երաժշտական Այգիին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդանշան-Արձաններու Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը
Սեպտեմբեր 16-ին Հանքաւանի «Նայիրի ՍՊԱ ռիզորց» հիւրանոցային համալիրի տարածքին, Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու նախաձեռնութեամբ, «Նայիրի» երաժշտական զբօսայգիին մէջ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ հայ երաժշտութիւնը, նուագարանները, երգարուեստը խորհրդանշող պրոնզաձոյլ պատկերաքանդակներով արձաններու ցուցահանդէսը: Փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն էր Ռուսիա բնակող գործարար Գրիգոր Ղուկասեանը:
Ձեռնարկին մասնակցեցան` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը, Հայաստանի Երաժշտահաններու միութեան նախագահ Արամ Սաթեանը, «Նայիրի» համահայկական երաժշտական փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեանը, փառատօնի գեղարուեստական խորհուրդի անդամները եւ հիւրեր:
Ողջունելով փառատօնի կազմակերպիչները, մասնակիցները եւ հիւրերը` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. «Կը կարծեմ, որ այսօր իրօք խորհրդանշական օր է: Իրականութիւն դարձաւ բոլորիս երազանքը` ունենալ ազգային երաժշտական ժառանգութեան, հայ երաժշտութիւնը, երաժշտարուեստը խորհրդանշող հարթաքանդակներու թանգարան: Մշակութային մերօրեայ խառնարանին մէջ պէտք է աւելի զգօն ըլլանք ազգային եւ միջազգային բոլոր հարթակներու մէջ տէր կանգնինք մեր ունեցուածքին, հանրահռչակենք այն եւ մոռացութենէ փրկենք մեր ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն գրաւականներէն մէկը հանդիսացող երաժշտական, մշակութային ժառանգութիւնը: Շնորհակալ եմ Ս.Հարոյեանին` այս մտայղացման համար, քանդակագործ Եուրի Պետրոսեանին, ճարտարապետներ Ասլան Մխիթարեանին եւ Հայկ Մկրտչեանին, այս տան տիրոջը` Գրիգոր Ղուկասեանին` հիւրընկալութեան եւ աջակցութեան համար»:
Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան շնորհաւորեց բոլորը` զբօսայգիի բացման առիթով եւ աւելցուց. «Խորհրդանշական է, որ մենք բացառիկ ձեւով կը մօտենանք մեր մշակոյթի պահպանման եւ սերունդներուն փոխանցելու կարեւորագոյն գործին»:
Հայաստանի Երաժշտահաններու միութեան նախագահ Արամ Սաթեան նշեց , որ զբօսայգին բացառիկ երեւոյթ է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ շատ մը երկիրներու համար:
Փառատօնի գեղարուեստական խորհուրդի անդամ, երաժշտագէտ Ալինա Փահլեւանեանը աւելցուց. «Արուեստը հրաշագործ ուժ ունի, ամէնէն մեծ զէնքն է: Հայրենասիրութիւնը ցուցադրուած է ո՛չ թէ խօսքով, այլ` գործով: Այս փառատօնը պէտք է դառնայ համահայկական եւ միաւորէ աշխարհասփիւռ հայերը: Այսօր պատմական իրադարձութեան շեմին կանգնած ենք»:
Հաղորդենք, որ հանդիսաւոր արարողութիւնը եզրափակուեցաւ տօնական համերգով:
Ֆլեշմոպ. «Հայկական Գորգը Ազգային Հպարտութիւն Է Խորագիրով
Կանուխ առաւօտէն մինչեւ ուշ գիշեր Երեւանի տարբեր հատուածներու բնակելի շէնքերու պատուհաններէն, տարբեր հաստատութիւններու պատշգամներէն կ՛երեւէին հայկական գորգեր: Ինչպէս տեղեկացուցած են SPRING PR-ընկերութենէն, տեղի ունեցած է «Հայկական գորգը ազգային հպարտութիւն է» խորագրով ֆլեշմոպ: Այս իւրօրինակ ձեւաչափով ֆլեշմոպի սկիզբը յայտարարուած է Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակէն «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահի յարակից տարածքէն:
Իւրաքանչիւր անձ, որ հայկական գորգ կամ ձեռագործ կարպետ ունէր, միացած է ֆլեշմոպին` իր պատուհանը կամ պատշգամը զարդարելով հայկական գորգերով եւ կարպետներով:
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՐԳԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ Է» ֆլեշմոպի` իբրեւ զանգուածային ձեռնարկին նպատակն է` ազգային գորգի եւ գորգարուեստի արժեւորումը, գորգագործութեան աւանդոյթներուն պահպանման հիմնահարցին բարձրաձայնումը, լայն հանրութեան իրազեկումը հայկական գորգի ինքնատիպ մշակոյթի առանձնայատկութիւններուն մասին:
Յայտնեն, որ ձեռնարկի գաղափարին եւ իրականացման հեղինակն ու նախաձեռնողը եղած է Հայկական գորգի ազգային կեդրոնը` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: Հայկական գորգի ազգային կեդրոնի նպատակը եղած է` իւրօրինակ ձեւաչափով, ազգային ֆլեշմոպի միջոցով վերականգնել ազգային աւանդոյթները, պահպանել հայկական ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ` հայկական գորգը ճանաչելի դարձնել ամբողջ աշխարհին:
Արենիի Քարանձաւին Բացումը
Նորավանքի ճամբաներուն վրայ իջնելով լեռներու մէջ ծուարած քարանձաւ մը կայ, որ յայտնի է Արենի-1 անուամբ: Մարդիկ անցնելու ժամանակ թերեւս չնկատեն զայն, բայց երբ հնագէտները սկսան աշխատանքներ իրականացնել, շատ կարեւոր բացայայտումներ եղան. այստեղ գտնուեցաւ աշխարհի ամէնէն հին կօշիկը եւ աշխարհի առաջին գինիի հնձանը: Երբ այս բացայայտումներուն մասին լուրեր տարածուեցան, աւելի շատ զբօսաշրջիկներ սկսան այցելել այս վայրը, ինչը կը վտանգէր տակաւին այնտեղ գտնուող, սակայն չբացայայտուած գտածոները եւ կը խոչընդոտէր ընթացիկ հնագիտական աշխատանքները: Ճիշդ այստեղ ձեռք երկարեց Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը` Մշակութային արժէքներու պահպանութեան Միացեալ Նահանգներու դեսպանի հիմնադրամին միջոցով դրամաշնորհ յատկացնելով քարանձաւի պահպանութեան աշխատանքներուն: 2013 թուականին տրամադրուած 52 հազար 870 տոլար դրամաշնորհին միջոցով վայրը ցանկապատուեցաւ, ապահովուեցան լոյսեր եւ քայլուղիներ, որպէսզի այցելուները չվնասեն հնավայրը, եւ իրականացուեցան հնավայրի խմբային-պահպանման աշխատանքներ:
«Մշակութային հնավայրերը, ինչպիսին է Արենիի քարանձաւը, կ՛օգնեն մեզի հասկնալու, որ մեր պատմութիւնը միահիւսուած է: Այս է պատճառը, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան Մշակութային արժէքներու պահպանութեան Միացեալ Նահանգներու դեսպանի հիմնադրամը կ՛աջակցի այնպիսի նախաձեռնութիւններու, ինչպիսիքն է Արենիի պահպանութեան աշխատանքները», ըսաւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս` ծրագրային աշխատանքներու աւարտը ազդարարող հանդիսութեան ընթացքին:
Դեսպան Միլսին հետ հանդիսութեան ներկայ էին` Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանն ու Պորիս Գասպարեանը եւ Պաւել Աւետիսեանին գլխաւորած Հնագիտութեան ու ազգագրութեան հիմնարկի փորձագէտները: Միլսը նշեց, որ այս աշխատանքները կ՛օգնեն ո՛չ միայն Արենիի քարանձաւի եւ պատմական գտածոներու պահպանութեան հարցին, այլ նաեւ զբօսաշրջութեան խթանման` խրախուսելով զբօսաշրջիկներու կայուն հոսքը դէպի քարանձաւ:
Յիշեցնենք, որ 2005 թուականէն ի վեր Մշակութային արժէքներու պահպանութեան Միացեալ Նահանգներու դեսպանի հիմնադրամը Հայաստանի մէջ իրականացուցած է մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան 10 ծրագիր` 934 հազար տոլար ընդհանուր արժէքով:
«Ծագումով Հայեր» Ծրագրի 10-ամեակին Նուիրուած Համերգ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովի Ծիրին Մէջ
Սեպտեմբեր 19-ին Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովի ծիրին մէջ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Ծագումով հայեր» ծրագիրի 10-ամեակին նուիրուած համերգ:
Ձեռնարկին ներկայ էին` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը, մտաւորականներ եւ հիւրեր:
Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան` ֆրանսահայ սիրուած երգչուհի Ռոզի Արմէնը, օփերայի երգչուհիներ` Լուսինէ Լեւոնին, Էլլատա Չախոյեանը, Ուրֆան, երգիչներ` Գոռ Սուջեանը, Սեւակ Խանաղեանը, Արծուիկը, տուտուկահար Վազգէն Ասատրեանը, թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեանը, Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբը` Սերգէյ Սմբատեանի խմբավարութեամբ:
Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը բարձր գնահատելով «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի առաքելութիւնը հայապահպանութեան ոլորտին մէջ` ստեղծագործական խումբը պարգեւատրեց մշակոյթի նախարարութեան ոսկիէ մետալով:
Համերգին մասնակիցները ողջունեց իտալացի դերասանուհի Օռնելա Մուտին:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ ֆրանսահայ հեղինակաւոր երգիչ, երգահան Միշել Լըկրանը: Ան նշեց. «Հայաստանի մէջ զգացումներս միշտ շատ կ՛ըլլան: Երջանիկ եմ ձեզի հետ կիսելով այս երեկոն: Ես կապուած եմ Հայաստանի հետ, ինչպէս իմ մեծ հայրս` Սարգիս Միքայէլեանը: 10 տարեկան էի, երբ ան մահացաւ, մինչ այդ մենք միասին երաժշտութիւն կը ստեղծէինք»:
Համերգի աւարտին «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի հեղինակ Մանանայ Յակոբեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանին, որուն բարձր հովանիին տակ իրականացաւ ձեռնարկը, սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն, ձեռնարկի հովանաւորներուն եւ հաղորդաշարի ստեղծագործական խումբին: