Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Գետաւանը Նոր Համայնքային Կեդրոն Պիտի Ունենայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինին եւ Արցախի կառավարութեան համաֆինանսաւորումով կառուցուող Մարտակերտի շրջանի Գետաւան գիւղի համայնքային կեդրոնի շինարարական աշխատանքները աւարտական փուլի մէջն են: Այս մասին յայտնած է Գետաւան համայնքի ղեկավար Արարատ Զաքարեանը, որ տեղեկացուցած է նաեւ, որ շինարարական աշխատանքները մեկնարկած էին 2015-ին: «Կառոյցը երկյարկանի շինութիւն է, որ իր մէջ պիտի ներառէ`...



















