Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Բերձոր Եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ Քաղաքներուն Միջեւ Բարեկամութեան Հռչակագիր Ստորագրուած Է
Նոյեմբեր 20-ին Քաշաթաղի շրջկեդրոն Բերձորի եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքներուն քաղաքապետները ստորագրած են բարեկամութեան հռչակագիր:
Տեսակապի միջոցով իրականացուած ստորագրման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր» ծրագրի շրջանակին մէջ Ալֆորվիլ գտնուող հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը:
Նախագահը ողջունած է Բերձոր եւ Ալֆորվիլ քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հռչակագիրը` զայն համարելով նշանակալի իրադարձութիւն` քաղաքական, իրաւական եւ բարոյական տեսանկիւններէ:
«Առաջին հերթին մենք զայն կը դիտարկենք` իբրեւ բարեկամ Ֆրանսայի հետ կապերու ամրապնդման եւ զարգացման կարեւոր հիմք: Ֆրանսայի վարչական շրջաններու հետ փոխգործակցութիւնը մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն է, եւ քոյր քաղաքներու ցանկին եւ աշխարհագրութեան ընդլայնումը, անոնց հետ կապերու խորացումը այս քաղաքականութեան առանցքային բաղադրամասերէն է: Ալֆորվիլ քաղաքին հետ Արցախի համագործակցութիւնը թէպէտ երկար տարիներու պատմութիւն չունի, բայց արդէն վերածուած է բարեկամութեան», մասնաւորապէս ըսած է Բ. Սահակեանը եւ աւելցուցած է, որ աշխատանքներու ճիշդ կազմակերպման պարագային երկու քաղաքներուն միջեւ համագործակցութիւնը խոստմնալից հեռանկար կ`ունենայ:
Ֆրանսայի Ալֆորվիլի քաղաքապետ Միշել Ժերշինովիչը իր կարգին կարեւոր նկատած է բարեկամութեան հռչակագրին ստորագրումը:
«Ողջունելով ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելու եւ զարգացնելու Արցախի բնակչութեան հետեւողական քայլերը, գիտակցելով ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան նպաստելու եւ Հարաւային Կովկասին մէջ վերջնական խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, հիմք ընդունելով Մարդու իրաւունքներու մասին համընդհանուր հռչակագրին մէջ ամրագրուած ազատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացարձակ կարեւորութիւնը` կը կնքենք բարեկամութեան հռչակագիր», նշած է Մ. Ժերշինովիչը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ Բերձորի քաղաքապետ Արտեոմ Սարիբեկեանը` յոյս յայտնելով, որ տեսակապի միջոցով ձեւաւորուող յարաբերութիւնները ընդամէնը նորագոյն արհեստագիտութիւններու կարելիութեան մասին կը խօսին: Ըստ անոր, ապագային ձեւաւորուելիք աշխատանքային օրակարգին մէջ մեծ տեղ կը տրուի կենդանի շփումներուն եւ իբրեւ առաջին քայլ` ֆրանսացի իր պաշտօնակիցը հրաւիրած է այցելելու Բերձոր:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր նաեւ ԱՀ արտաքին գործերու նախարար Մասիս Մայիլեանը:
Պաշտօնական արարողակարգէն ետք Ա. Սարիբեկեանը ըսած է, որ ամրագրելով այս հռչակագիրը` կը ցանկանք ամրապնդել երկու քաղաքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական կապերը, նպաստել քաղաքներուն միջեւ յարաբերութիւններուն զարգացման եւ ստեղծել միջավայր, որուն միջոցով համայնքները կարելիութիւն կ՛ունենան կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան, առեւտուրի եւ տեղական ինքնակառավարման ոլորտներուն մէջ ընդհանուր ծրագիրներ իրականացնելու:
«Մեր համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ փորձի եւ մասնագիտական հմտութիւններու փոխանակման պիտի համակարգէ եւ շարունակական կապ ապահովէ մարդասիրական օգնութեան, վերակառուցման եւ զարգացման ծրագիրներուն մէջ` յօժանդակութիւն կարիք ունեցող բնակչութեան: Ինչպէս նաեւ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ երկուստեք աւելի ճանչնալու իրարու պատմական մշակութային ժառանգութիւնը», նշած է Ա. Սարիբեկեանը եւ` տեղեկացուցած, որ Բերձորը բարեկամութեան հռչակագիր ունի կնքած նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիայի նահանգի Հայլանտ քաղաքին հետ:
Յիշեցնենք, որ Ալֆորվիլը կը գտնուի Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզէն 7,6 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ` Իլ-տը-Ֆրանս շրջանին մէջ: 2013 թուականի տուեալներով ունի 44 հազար 818 բնակիչ:
Երեւանի Միսաք Մանուշեանի Անուան Եւ Մարսէյի Համազգայինի Դպրոցները Կը Համագործակցին
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ Մարսէյ գտնուող Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանը եւ պատուիրակութեան անդամները այցելած են Մարսէյ քաղաքի Համազգայինի դպրոց, ծանօթացած են կրթօճախի պայմաններուն եւ հետեւած` կրթական գործընթացի կազմակերպման: Այս մասին «Արմենփրես»-ին յայտնած են Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: Ներկայացնելով Համազգայինի դպրոցի ստեղծման պատմութիւնը` տնօրէն Սեդա Պիպերեան նշած է, որ անիկա հիմնադրուած է 1980 թուականին` Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան կողմէ, ֆրանս-հայկական կրթական հիմքի հիման վրայ: Սկիզբը ունենալով միայն նախադպրոցական խումբ` կրթօճախը տարիէ տարի ընդլայնած ու ստեղծուած է տարրական դպրոց, որ արդէն 1987 թուականէն սկսած է գործել որպէս հիմնական դպրոց: Սեդա Պիպերեանը նաեւ ընդգծած է, որ Համազգայինը Ֆրանսայի մէջ գործող միակ դպրոցն է, ուր կը դասաւանդուի նաեւ հայերէն: Նշած է, որ դպրոցը այսօր ունի շուրջ 350 աշակերտ եւ 44 ուսուցիչ, որոնցմէ 5-ը հայեր են: Շնորհակալութիւն յայտնելով Սեդա Պիպերեանին` դպրոցն ու կազմակերպուող կրթական գործընթացը ներկայացնելու համար, փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեանը կարեւոր նկատած է այն դերն ու նշանակութիւնը, որ ունի այս կրթօճախը հայապահպանութեան գործին մէջ եւ առիթը օգտագործելով` վստահեցուցած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանը իր լիազօրութիւններուն մէջ պատրաստ է աջակցելու կրթօճախին` կազմակերպելով ուսուցիչներու վերապատրաստման եւ աշակերտներու փոխանակում: Այցի ընթացքին Երեւանի քաղաքապետարանի արտաքին կապերու վարչութեան պետ Դաւիթ Գէորգեանը եւ Համազգայինի դպրոցի տնօրէն Սեդա Պիպերեանը ստորագրած են յուշագիր, որուն համաձայն, Երեւանի Միսաք Մանուշեանի անուան դպրոցը եւ Մարսէյի Համազգայինի դպրոցը պարտաւորուած են խրախուսել երկու դպրոցներու միջեւ աշակերտներու փոխանակումը, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու միջեւ ելեկտրոնային հաղորդակցումը, համատեղ քննարկումներու եւ սեմինարներու կազմակերպումը:
Դիլիջանի Մէջ Բացուեցաւ Գարեջուրի Գործարան
21 նոյեմբերին Դիլիջանի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Դիլիջան» գարեջուրի գործարանին:
«Հ. եւ Տ. Յակոբեաններ» ընկերութեան պատկանող «Դիլիջան» գարեջուրի գործարանը 10 միլիոն լիթր արտադրական հզօրութիւն ունի: Գործարանին ընդհանուր արժէքը 2,5 միլիառ դրամ է:
Ըստ պատասխանատուներուն, գործարանը ունի 90 աշխատող` 100 հազար դրամ միջին աշխատավարձով:
Գործարանին արտադրանքը կը նախատեսուի սպառել Հայաստանի եւ արտերկրի շուկաներու մէջ: Գարեջուրի որակի եւ համի յատկանիշները կը համապատասխանեն միջազգային չափանիշներուն:
Ամրակից Համայնքը Ամբողջութեամբ Լուսաւորուած Է
«Այլընտրանքային ուժանիւթ» նախագիծի ձեռքբերումները կը շարունակուին: Մէկ տարուան ընթացքին, երկու փուլով իրականացուած ծրագրին շնորհիւ` Լոռիի մարզին մէջ մէկ գիւղ եւս լուսաւորուեցաւ: Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին (FPWC) եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գործակցութիւնը ցանկալի արդիւնք արձանագրեց:
2016-ի աշնան Լոռիի մարզի Գիւլագարակ համայնքի Ամրակից գիւղին մէջ տեղակայուած էր արտաքին լուսաւորութեան լուսատիոտային համակարգ` 54 Լետ լամբերով: Ծրագրի առաջին փուլին համայնքին մէջ լուսաւորուած էր երկու հիմնական փողոց: Ընթացիկ տարուան աշնան արդէն, ծրագրի երկրորդ փուլով, համայնքին մէջ տեղակայուած է 56 Լետ լամբեր` լուսաւորելով եւս 2 քիլոմեթր տարածք: Երկու փուլերէն ետք Ամրակից համայնքը ամբողջութեամբ լուսաւորուած է:
Համակարգի գործարկման ներկայ գտնուած են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեանը, Ամրակից գիւղի վարչական ղեկավար Արթուր Ներկարարեանը եւ գիւղի բնակիչները:
«Որեւէ համայնք այցելելու ատեն առաջին տպաւորութիւնս մարդոց լուսաւոր ժպիտն է, որ կ՛ոգեւորէ զիս, ցոյց տալով, որ քայլ առ քայլ իրականացուող ծրագիրները ճիշդ ընտրուած են: Եթէ մենք ուզենք փոխել մեր հայրենակիցներուն կեանքը, զայն դարձնել աւելի լաւը, ապա պէտք է սահմանենք կարեւոր նպատակներ եւ առանց տրտնջալու, յամառ աշխատանքով լուծենք եղած հարցերը: Կ`ուզեմ հաւատալ, որ լուսաւորուած փողոցները այս գիւղին մէջ ո՛չ միայն արտաքին, այլեւ ներքին` մարդոց հոգեբանութեան փոփոխութեան առիթ պիտի դառնան: Լաւատեսութիւնը շատ կարեւոր է», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
Հեռաւոր բնակավայրերու մէջ արտաքին լուսաւորութեան ուժանիւթ խնայող համակարգին ներդրումը միտուած է խնայելու համայնքային միջոցները: Բնապահպանական եւ ուժանիւթ խնայող Լետ լամբերու օգտագործումը տնտեսապէս արդիւնաւէտ է, այսպիսի համակարգի օգտագործումը 80 տոկոս պիտի նուազեցնէ ուժանիւթի ծախսը` թեթեւցնելով գիւղի ֆինանսական բեռը:
Լամբերը ամրան գիւղի փողոցները պիտի լուսաւորեն 21:00-էն մինչեւ 00:00, իսկ ձմրան` 18:00-էն մինչեւ 23:00: Տօնական օրերուն լուսաւորութիւնը պիտի ապահովուի ամբողջ գիշերը:
«Մանկական Եւրոտեսիլ-2017» Միջազգային Մրցոյթին Հայաստանը Վեցերորդն Է. Յաղթեց Ռուսիան
«Մանկական եւրոտեսիլ-2017» հեղինակաւոր միջազգային մրցոյթին յաղթեց Ռուսիան ներկայացնող երգչուհի Փոլինա Պոկուսեւիչը` «Թեւեր» երգով: Մրցոյթի հայաստանեան մասնակիցը` 9-ամեայ Միշան դատակազմի եւ առցանց քուէարկութեամբ գրաւած է վեցերորդ հորիզոնականը: Ան ներկայացուց «Պումերանկ» երգը, որուն երաժշտութեան հեղինակը Վահրամ Պետրոսեանն է, խօսքերու հեղինակներ` Աւետ Բարսեղեան, Դաւիթ Ծերունեան, Արթուր Աղէկեան: Երգի միջոցով «Փոքրիկ ղարաբաղցին» ցանկաց բարութիւն սփռել աշխարհին մէջ: Մրցոյթը տեղի ունեցաւ նոյեմբեր 26-ին, 15-րդ անգամ, «Shine bright» («Շողա՛ պայծառ») նշանաբանի տակ, Թիֆլիսի մէջ: «Արմենփրես»-ի հաղորդումով, Միշան 12 միաւոր ստացաւ Կիպրոսէն, 10-ական միաւոր` Ալպանիայէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն, Լեհաստանէն, Վրաստանէն, 8-ական միաւոր ստացաւ Պիելոռուսիայէն եւ Փորթուգալէն, 7 միաւոր Մալթայէն, 3` Աւստրալիայէն եւ 2-ական միաւոր Մակեդոնիայէն եւ Սերպիայէն: Հայաստանը իր 12 միաւորը տուաւ Վրաստանին: Միշան բեմին վրայ միայնակ էր` առանց պարային խումբի եւ երկրորդ ձայնի: Անոր հագուստը բաւականի պարզ էր ու գեղեցիկ: Ելոյթին բեմին վրայ հեքիաթային մթնոլորտ կը տիրէր: Քուէարկութիւնը սկսած էր նոյեմբեր 24-էն www.junioreurovision.tv կայքով, ուր հնարաւոր էր դիտել բոլոր` 16 մասնակիցներու ելոյթներու նախնական տարբերակները: Հեռուստադիտողը ելոյթը դիտելէն ետք հնարաւորութիւն ունէր միաժամանակ քուէարկել 3, 4 կամ 5 մասնակիցի օգտին: Յաղթող ճանչցուեցաւ ամենաշատ միաւոր հաւաքած մասնակիցը: 9-ամեայ Միշան իր երաժշտական ճանապարհը սկսած է Լիրա Քոչարեանի ղեկավարած «Արցախի ձայներ» նախագիծէն, որուն շնորհիւ հնարաւորութիւն ստացած է ելոյթ ունենալ տարբեր երկիրներու մէջ արհեստավարժ երգիչներու հետ: «Փոքրիկ ղարաբաղցին» 2016 թուականին մեր հայրենիքը ներկայացուցած է «Մանկական նոր ալիք» երգի մրցոյթին ու գրաւած` 2-րդ հորիզոնականը:
Բացի Հայաստանէն, մասնակցեցաւ եւս 15 երկիր` Ալպանիա, Աւստրալիա, Պիելոռուսիա, Կիպրոս, Իրլանտա, Իտալիա, Մակեդոնիա, Մալթա, Հոլանտա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Լեհաստան, Սերպիա, Փորթուգալ, Վրաստան:
Արցախի Մայր Համալսարանին Գլխաւոր Մասնաշէնքին Մէջ Վերակառուցման Աշխատանքները Սկսած Են
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցներով 2018 թուականին Արցախի պետական համալսարանի գլխաւոր մասնաշէնքին մէջ վերակառուցման աշխատանքները սկսած են: Այս մասին յայտնած է ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը եւ` նշած, որ նախագծային աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են:
«Ներկայացուած են նախնական հաշուարկները եւ նախագիծի ուրուագիծները, որովհետեւ շէնքին մէկ մասը հին է, եւ վերակառուցելը նպատակայարմար չէ, կը նախատեսենք ամբողջութեամբ քանդել այդ հատուածը եւ նորը կառուցել: Իսկ մնացած մասերը ամբողջութեամբ պիտի վերանորոգուին, որուն շնորհիւ` Արցախի մայր համալսարանը պիտի ունենայ ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան շէնքային պայմաններ», աւելցուցած է Կ. Շահրամանեանը:
Հայաստանէն Եւրոպա Արտածումները Աճած Են 33 Տոկոս
Այս տարուան յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը աշխուժացած է:
Ըստ վիճակագրական պաշտօնական թիւերու, Հայաստան-Եւրոմիութիւն առեւտրական շրջանառութիւնը այս ամիսներուն գերազանցած է 1 միլիառ տոլարը: Ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած` աճած է 25,5 տոկոսով:
Տարեկան կտրուածքով Հայաստանէն Եւրոպա արտածումները աճած են 33 տոկոս եւ Եւրոպայէն Հայաստան ներմուծումը` գրեթէ 20 տոկոս: