Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մարտ 7, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ստեփանակերտի Մէջ Յարգեցին Սումկայիթի Զոհերու Յիշատակը

28 փետրուարի առաւօտեան հարիւրաւոր մարդիկ քալեցին դէպի Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 30 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ ազրպէյճանցիներու կողմէ իրականացուած սպանդի անմեղ զոհերուն յիշատակին:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Յուշահամալիր այցելեց նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին` Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, բարձրաստիճան պետական այրեր, զինուորականներ եւ ուրիշներ:

Սգոյ արարողութեան մասնակիցները եկած էին սումկայիթեան ոճրագործութիւնը դատապարտող պաստառներով, որոնց վրայ կարելի էր կարդալ`  «Սումկայիթի մէջ կատարուածը ցեղասպանութիւն է, իսկ կատարողները` միջազգային յանցագործներ», «Վե՛րջ ազրպէյճանական վայրագութեան» եւ այլ  կարգախօսներ:

Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահվերդեանը, որ 1988-ին Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրին մէջ Սումկայիթի անմեղ զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշաքարի տեղադրման նախաձեռնողներէն է, վերյիշելով 30 տարի առաջ տեղի ունեցած ոճրագործութիւնները` ըսաւ, որ իրենք միայն 2 մարտին յստակ կերպով իմացած են կատարուածին մասին, եւ որ` անոնք հայերու նկատմամբ իսկական ցեղասպանութիւն եղած են:

Նշենք, որ Սումկայիթի ոճրագործութեան 30-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկներ կազմակերպուեցան նաեւ Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ:

Դաշնակցութեան Շարքերը Եւ ՀՅԴ-ՀԵՄ-ը Համալրուեցան Երիտասարդներով

4 մարտին Պռօշեանի «Զօրաց պանթէոն»-ին մէջ,  դաշնակցականի իրենց երդումը կատարելով, 13 նորագիրներ միացած են ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն:

Երդման արարողութեան կնքահայրը` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեանը անոնց ներկայացուց դաշնակցական արժեհամակարգի ու վարքագիծի առանցքային բնորոշիչները: Լսելով երիտասարդներուն հաւաստիացումը` ՀՅ Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան անդամագրուելու պատրաստ ըլլալու մասին, անոնց կարելիութիւն տրուեցաւ անդամագրուիլ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցին:

***

25 փետրուարին նոյն վայրին մէջ 50 նորագիրներ համալրած են ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական միութեան շարքերը:

Անկէ առաջ երիտասարդները յարգանքի տուրք մատուցած են պանթէոնին մէջ հանգչող ազատամարտիկներու շիրիմներուն, ապա ուղղուած են գիւղին կեդրոնը գտնուող` Կարօտ Մկրտչեանի յուշարձան:

ՀՅԴ աւագ ընկերներէն Սիմոն Գաֆալեանին կողմէ օրուան խորհուրդը լսելէ ետք, 50 երիտասարդ, խոստանալով ըլլալ անձնուէր հայու օրինակ, ծառայել հայրենիքին եւ ժողովուրդին, համալրած է ՀՅԴ երիտասարդական միութեան շարքերը:

Ծիծեռնակաբերդի Բարձունքին Յարգանքի Տուրք Մատուցուեցաւ Սումկայիթի Զոհերու Յիշատակին

Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Սումկայիթի զոհերու յիշատակին: Անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ Հայաստանի նախագահին կողմէ ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ: Ծաղիկներ խոնարհեցին նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ, ուսանողներ եւ Սումկայիթի նախկին բնակիչներ: Վերջիններս Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եկած էին իրենց զոհուած հարազատներու լուսանկարներով:

Սումկայիթի նախկին բնակիչ Կարինէ Մելքումեանը կը պատմէ, որ այդ օրերուն իրենց ընտանիքէն սպաննուած են հինգ անձեր: «Մենք այսօր կ՛ոգեկոչենք մեր հարազատներուն յիշատակը: Անցած են 30 տարիներ, սակայն մեր վէրքերը չեն սպիացած», ըսած է Կ. Մելքումեան:

Ըստ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Սաղաթելեանի, այսօր հիմնական կոչերէն մէկը այն է, որ մինչեւ այսօր Սումկայիթի դէպքերը  իրաւական եւ քաղաքական պատշաճ գնահատական չեն ստացած:

«Մենք պարտաւոր ենք կատարելու կարելի ամէն բան, որպէսզի պատրաստ ըլլանք որեւէ իրավիճակի մէջ պահպանելու մեր ժողովուրդի ինքնութիւնը եւ հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունքը: Այս իրադարձութիւնները, որոնք առաջինն էին այդ ամբողջ շղթային, եւ որուն հանգուցալուծումը արցախեան պատերազմն էր եւ մեր յաղթանակը, կը կարծեմ, որ դաս եղան նաեւ մեր դրացիներուն համար առ այն, որ ուժով եւ զէնքով մեզի հետ խօսիլը, վերջապէս, դատապարտուած է ձախողութեան», ըսաւ Սաղաթելեանը:

 Գիւմրիի Մէջ Նշուեցաւ «Մայրենի Լեզուի» Օրը

Նախաձեռնութեամբ Գիւմրիի Հայ կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան «Մալոյեան մշակութային միութեան» հիմնադիր Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի, 23 փետրուար 2018-ին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ մայրենի լեզուի նուիրուած տօնակատարութիւնը «Տիրամայր Հայաստանի» արուեստից վարժարանի սրահին մէջ: Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանը բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ ընթացիկ տարուան ամբողջ տեւողութեան հայ ժողովուրդը պիտի նշէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը եւ կարգ մը այլ յոբելեաններ, որոնց հենքը կը կազմէ հայոց լեզուն, առանց որուն` պիտի չկարենային տոկալ եւ գոյատեւել:

Բացման խօսքին յաջորդեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի օրուան յատուկ յղած ուղերձը:

Օրուան բանախօս, Գիւմրիի Հայ կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը ընդգծեց հայոց դասական լեզուի` գրաբարի ստեղծման, կայացման, անցած ուղի, եւ, պատմութեան քառուղիներուն հանգուցալուծումներ եւ այն, որ շրջապատող թշնամիներուն, մակընթացութիւններուն եւ տեղատուութիւններուն դիմաց մնացած է հայ ժողովուրդին պաշտպան վահանն ու հզօր կռուանը, քանզի ան սուրբ լեզու է, ստեղծուած` զԱստուած փառաբանելու նպատակով: «Հայերս` իբրեւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգ, կառչած` մեր եկեղեցւոյ եւ դպրութեան, ո՛չ միայն տոկացինք պատմութեան խաչուղիներուն վրայ, այլեւ տակաւին կ՛ընթանանք քաղաքակրթութեան ուղիներով` կերտելով պատմութիւն եւ մշակոյթ, որոնք կը խօսին ուրոյն դիմագիծ ունեցող մեր ազգի անցած ուղիին եւ ստեղծած արժէքներուն մասին»:

Հոգեւորականութիւնը, որ գրագէտ խաւն էր, ունէր ազգային բարձր գիտակցութիւն, կը գրէր ո՛չ միայն կրօնական դասին համար, այլ նաեւ` աշխարհիկին համար: Ի վերջոյ, եկեղեցականութիւնն էր, որ ստեղծեց հայ հին եւ միջնադարեան գրականութիւնը: Հոգեւորականութիւնը հետամուտ էր պաշտպանելու ո՛չ միայն հայոց կրօնը, այլեւ` ստեղծելու հայոց գրականութիւն, պատմութիւն, փիլիսոփայութիւն, յուշագրութիւն, մշակած` հայոց լեզուի բազմաքանակ կրօնական վարքեր, սրբախօսական եւ մեկնողական գործերու կողքին, գրուած` հայ հին դասական լեզուով` գրաբարով, որ կը կոչուի նաեւ «եկեղեցական գրականութեան լեզու», որ` կ՛արտացոլացնէ հայ մտքի ու ճաշակի հարստութիւնը:

Գրաբարով պահպանուած երկերը ուսումնասիրելով` կը տեսնենք, որ այդ նմուշները խորին հնութիւն ունին եւ լեզուական ձեւակերպում ստացած են շատ հին դարերէ: Հայոց հին դասական լեզուն` գրաբարը ունի կապակցութիւններու ամբողջ համակարգ մը, որոնք կը հաստատեն, թէ հին հայերէնը բաւական երկար ճանապարհ անցած է:

Իսկ լեզուի նմանօրինակ զարգացումը կը հաւաստէ այդ լեզուով խօսող ժողովուրդի վաղեմութեան, անոր կեանքի եւ յարաբերութիւններու բարձր աստիճանին մասին:

Միջնադարուն գրաբարը հիմնականօրէն կը պահպանուէր կրօնական ու եկեղեցական կեդրոններուն մէջ եւ կը դադրէր տիրապետող լեզու ըլլալէ: Գրաբարը յարատեւեց մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը` կրօնական եւ հայագիտական որոշ կեդրոններու մէջ, գլխաւորաբար` Մխիթարեան միաբանութեան հայրերու մօտ: Անոնք ո՛չ միայն հայոց դասական լեզուի ջատագովները հանդիսացան, այլեւ երկու դար շարունակ գրաբարը լայն գործածութիւն ունեցաւ` որպէս գրաւոր-գրական լեզու»:

Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը եզրափակեց` գրաբարի գոյութեան շուրջ հեռանկարներ ուրուագծելով. «Այսօր ամէնէն գլխաւոր հարցը գրաբարի շրջանառութենէն դուրս մղուիլն է: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր ուշադրութեան եւ հոգածութեան կիզակէտը պէտք է դառնայ հայոց դասական լեզուի` գրաբարի ուսումնասիրութիւնը, այս ուղղութեամբ պէտք է արդի չափորոշիչներով քերականական ձեռնարկներ եւ բառարաններ պատրաստուին: Մեզ կ՛անհանգստացնէ գրաբարի ներկայի վիճակը, որ դարեր շարունակ մեզ պաշտպանած է բոլոր ոտնձգութիւններուն դէմ, որով ստեղծագործած են` Մաշտոցն ու Պարթեւը, Կորիւնն ու Եղիշէն, Խորենացին եւ Ագաթանգեղոսը եւ մատենագիրներու ամբողջ համաստեղութիւն մը, ընդհուպ` մինչեւ 19-րդ դարու կարգ մը պահպանողական մտաւորականներ: Իսկ այսօր կը գործածուի սոսկ եկեղեցւոյ մէջ եւ միայն կարգ մը արարողութիւններու ընթացքին:

Եթէ այսօրուան խորհուրդը անկասկած պարտաւորեցնող եւ մեծ է, ուստի ան ազդակ մըն է պահպանելու մեր ազգային ժառանգութեան մեծագոյն գանձը` հայոց լեզուն իր արմատներով, որուն մէջ դրոշմուած են մեր ինքնութիւնը, հոգեւոր եւ գրական ժառանգութիւնը. ուստի, միակամ ուժերով է, որ ներկայ ժամանակներու աշխարհայնացման հոսանքին դէմ թիավարելով` կը կարողանանք ե՛ւ պահել ե՛ւ ուսուցանել մեր ոսկեղնիկ մայրենին:

Հաղորդենք, որ ձեռնարկին հանդէս եկան «Տիրամայր Հայաստանի» կեդրոնի սանուհիները` «Մեր աննման լեզուն» նիւթի շուրջ բանաստեղծութիւններով, իսկ Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ երգչախումբէն քառեակ մը ներկայացուց Կոմիտասի «Ով մեծասքանչ դու լեզու», «Էս առուն», «Սոնա եար» եւ «Հայաստան» երգերը: Երեւանի պետական երաժշտանոցի դասախօս, մեներգիչ Մերի Մկրտչեանը ներկայացուց «Գետակի վրայ» եւ «Կապոյտ մանուշակ» երգերը: Իսկ «Տիրամայր Հայաստանի» կեդրոնի սանուհիները ներկայացուցին «Հայուհի» եւ «Բալենի» պարերը:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կրթաթոշակի Մրցոյթ Կը Յայտարարէ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ, կրթաթոշակային (կրթաթոշակի փոխհատուցում) մնայուն ֆոնտեր կը գործեն Երեւանի պետական համալսարանի («Գարալեան» ֆոնտ) եւ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի («Փիրզադեան» եւ «Բազարեան» ֆոնտ) ուսանողներու համար: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն:

Կրթութիւնը դարձնելով հասանելի` հիմնադրամը կարեւոր կը համարէ անոր շարունակականութիւնը եւ նիւթապէս կ՛աջակցի ուսանողներուն:

Կրթաթոշակ ստանալ փափաքողները պէտք է մասնակցին մտաւոր խաղ-մրցոյթին: Դիմել կրնան բոլոր համալսարաններու` բարձր յառաջդիմութիւն, բայց նիւթապէս կարիքաւոր ուսանողները:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը պիտի վճարէ երկու յաղթողի մէկ տարուան ուսման կրթաթոշակ: Մրցոյթը պիտի իրականացուի օգոստոսի վերջաւորութեան:

Այսուհետեւ Գիւմրի Կրնաք Երթալ Յարմարաւէտ Գնացքով

27 փետրուարին, Երեւանի երկաթուղային կայարանէն առաջին փորձնական երթ կատարած է Երեւան-Գիւմրի-Երեւան երթուղիին վրայ իր աշխատանքը սկսող նոր ելեկտրագնացքը:

Անով աշխատանքային այցելութեամբ Գիւմրի գացած է Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանը, որ ծանօթացած է ճեպընթացի յարմարութիւններուն:

2 մարտին սկսաւ գործելու ճեպընթացը` աշխատելով ուրբաթէն մինչեւ կիրակի` արագ ձեւով, առանց բաժանիչ կանգառներու, օրը երկու անգամ. տեւողութիւնը` 1 ժամ 58 վայրկեան, եւ սակը, նախնական տուեալներով, 2500 դրամ: Ճեպընթացը յարմարաւէտ է բոլորին համար, ներառեալ` յենաշարժողական հարցեր ունեցող ուղեւորներուն համար: Այնտեղ կը գործէ անվճար Wi-Fi կապ: Գնացքին մէջ ծխելը արգիլուած է:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Հրատարակչական Բաժինը Լոյս Ընծայած Է Նոր Հրատարակութիւններ

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է Մայր Աթոռի միաբան, միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի պատասխանատու Շահէ ծ. վրդ.  Անանեանի «Քարոզներ եւ ակնարկներ» ժողովածուն եւ Աւագ Յարութիւնեանի հեղինակած «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հասարակական եւ դիւանագիտական գործունէութիւնը (1918-1920 թուականներուն)» աշխատութիւնը:

Առաջին գիրքին մէջ, քարոզներու հետ միասին, ի մի բերուած են քրիստոնէական հաւատքի ամէնէն տարբեր հարցերու, ազգային-եկեղեցական իրադարձութիւններու, տօներու մասին տարիներու ընթացքին հեղինակին գրած դատողութիւնները` խմբագրականներու եւ կարճ ակնարկ-պատումներու ձեւով:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին նուիրուած երկրորդ հրատարակութեան մէջ վերլուծուած են 1918-1920 թուականներու Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ ներքին դրութեան քաղաքական երեւոյթները, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի դերը Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններու համակարգին մէջ, Մայր Աթոռի արտաքին գործունէութիւնը, Մայր Աթոռ-Հայաստանի Հանրապետութիւն փոխյարաբերութիւններու համակարգը, Մայր Աթոռի վերաբերմունքը Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական կեանքին մէջ տեղ գտած երեւոյթներուն մասին:

Առաջին գիրքը հրատարակուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ, իսկ երկրորդը` Վահան Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քասթիլիոյ Եւ Արակոնի Միաւորումով` Սպանիոյ Թագաւորութեան Կազմաւորումը Եւ Քաթալաններուն Ապստամբութիւնը

Յաջորդը

Անդրադարձ. 1918-ի Մայիսեան Դրուագներ Գ.

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?