Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանի Պատգամագէտներու Միութեան Գործունէութեան Մասին Մամլոյ Ասուլիս
Հոկտեմբեր 16-ին տեղի ունեցաւ «Հայաստանի պատմագէտներու միութիւն» հասարակական միութեան գործադիր տնօրէն Մհեր Յովհաննիսեանի, Հայաստանի պատմագէտներու միութեան խորհուրդի անդամ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի գիտական կազմակերպչական հարցերով փոխտնօրէն, փրոֆեսէօր Կարէն Խաչատրեանի, Հայաստանի պատմագէտներու միութեան խորհուրդի անդամ, Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի դոցենտ Էդկար Յովհաննիսեանի մամլոյ ասուլիսը: Ասուլիսի նիւթն էր` «Հայաստանի պատմագէտները միաւորուած են մէկ հարթակի վրայ»: Պատմագէտները միասին գործելով` արդէն յաջողութիւններ արձանագրած են: Հայաստանի պատմագէտներու միութիւնը դարձած է Պատմագիտութեան միջազգային կոմիտէի անդամ:
Հայաստանի պատմագէտներու միութեան գործադիր տնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ամփոփ կերպով անդրադարձաւ միութեան ստեղծման պատմութեան. «Ընդամէնը մէկուկէս տարի է, որ միութիւնը ձեւաւորուած եւ գործունէութիւն ծաւալած է պատմագիտութեան ոլորտին մէջ: Նշեմ, որ այսօրուան դրութեամբ, կառոյցին կ՛անդամակցի աւելի քան հարիւր անդամ` Երեւանի պետական համալսարանի, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան եւ արեւելագիտութեան, հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկներու, Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի, Վանաձորի պետական համալսարանի, Հայ-ռուսական (Սլաւոնկան) համալսարանի, Արցախի պետական համալսարանի, Հայաստանի Ազգային արխիւի պատմագէտներ, որոնք ոլորտին մէջ աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալեն»: Յովհաննիսեան նշեց, որ միութիւնը 2017 թուականէն սկսեալ դիմումնագիրներ ընդունած է նաեւ սփիւռքէն: Կառոյցի ստեղծումը կը հետապնդէ մէկ նպատակ. այն է` երկխօսութեան դաշտ ձեւաւորել` քննարկման կարելիութիւն ընձեռելով ոլորտի բոլոր մասնագէտներուն: Յաջորդ ձեռքբերումը այն է, որ Հայաստանի պատմագէտներու միութիւնը անդամակցեցաւ Պատմագիտութեան միջազգային կոմիտէին, որուն կ՛անդամակցին` աւելի քան 57 պետութիւն` Քանատայէն սկսեալ մինչեւ Ճափոնը, Ռուսիան, Վրաստանը եւ Թուրքիան: Մ. Յովհաննիսեան խօսեցաւ նաեւ 2016 թուականէն միութեան կողմէ իրականացուող երիտասարդ պատմաբաններու համար ամէնամեայ ամառնային դպրոցի մասին` նշելով, որ երիտասարդ մասնակիցներուն կարելիութիւն պիտի ընձեռուի լսելու տարբեր մասնակիցներ, զարգացնել վերլուծական միտք եւ այլն: Դպրոցի շրջանակներուն մէջ կարելիութիւն ընձեռուեցաւ հեռակայ կապի միջոցով դասընթացքին մասնակցելու նաեւ Վանաձորի պետական համալսարանին եւ Արցախի պետական համալսարանին: Ըստ անոր, կառոյցին հիմնական նպատակն է` նպաստել պատմագիտութեան ոլորտի համակարգման, զարգացման եւ աջակցիլ ոլորտի ներկայացուցիչներուն:
«Մտնելով այս կառոյցը` մենք պէտք է միջազգային ամպիոնը օգտագործենք` մեր պատմագիտութեան հարցերը վեր հանելու եւ համաշխարհային պատմագիտութեան ընդհանուր պարունակին մէջ դիտարկելու համար: Հայաստանի պատմագէտներու միութիւնը կը նախապատրաստուի 2020 թուականին Փոզնանի մէջ կայանալիք ամէն հինգ տարին մէկ այս կառոյցին միջազգային վեհաժողովին, որուն պիտի մասնակցի նաեւ հայկական պատուիրակութիւնը», նշեց Մ. Յովհաննիսեան:
Խորհուրդի անդամ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի փրոֆեսէօր Կարէն Խաչատրեանի խօսքով, պատմագիտութիւնը այսօր նաեւ քաղաքական գիտութիւն է, իսկ Հայաստանը այս հարցին մէջ տարբեր մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած է: Ան խօսեցաւ նաեւ միջազգային համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ տարբեր երկիրներու պատմաբաններու, գիտական հաստատութիւններու հետ աւելի ծանրակշիռ աշխատանքներ տանելու մասին:
«Հայաստանի պատմագէտներու միութիւն» ՀԿ խորհուրդի անդամ Էդկար Յովհաննիսեանը նշեց, որ երկու հարթակներու վրայ ալ մեր պատմագիտութիւնը յաղթանակ արձանագրեց: Առաջինը այն է, որ մէկ տարի առաջ միաւորուեցան գրեթէ բոլոր յայտնի եւ պատմագիտութեան ոլորտին մէջ եղանակ ստեղծող անձինք, իսկ երկրորդը անդամակցութիւնն էր Պատմագէտներու միջազգային կառոյցին` նոր հարթակ փնտռելու եւ շարք մը կարեւոր հարցերու լուծում տալու համար: Վերջինս աւելցուց, որ պատմագիտութիւնը, ըլլալով քաղաքական-գիտական գիտութիւն, իր զարգացման իւրաքանչիւր փուլի մէջ տարբեր հարցերու առջեւ կանգնած է:
Երեք բանախօսերն ալ միաձայն արձանագրեցին, որ ոլորտին մէջ ընելիքները շատ են, եւ միասնական աշխատանքի, պատասխաններու շնորհիւ` կարելի է լուծումներ գտնել ոլորտին մէջ առկայ հարցերուն, եւ անկախութենէն ի վեր այս առաջին փորձն է, որ պատմագէտները մասնագիտական սկզբունքներով կը միաւորուին մէկ հասարակական խումբի մէջ:
Ասուլիսի աւարտին Մհեր Յովհաննիսեան օրինակներով նշեց այն քայլերը, որոնք կը նախատեսուին յառաջիկային: Նախ` ընձեռել օտար լեզուով, ձեւաչափով ստեղծագործելու կարելիութիւն, ապա այս շրջանակներուն մէջ ստեղծուեցաւ հայոց պատմագիտութեան հանդէս` բացառաբար անգլերէնով եւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան, եւ որ լոյս պիտի տեսնէ 2018 թուականի առաջին եռամսեակին: Ըստ Յովհաննիսեանի, յառաջիկայ տարի կը նախատեսուի միութեան անդամներուն համար կազմակերպել անգլերէնի անվճար դասընթացքներ:
Արցախի Մէջ Բացուած Է Ազատագրուած Հակ Գիւղի Վերակառուցման Դպրոցը
Հակ գիւղը` Քաշաթաղի շրջանի ամենահիւսիսային համայնքներէն մէկը, հոկտեմբեր 17-ին նշեց տեղի դպրոցին բացումը` ամբողջական վերակառուցումէ ետք: Դպրոցը վերակառուցուած է «Թուֆենկեան հիմնադրամ»-ի նիւթական աջակցութեամբ եւ «Հայրենասէր» կազմակերպութեան ջանքերով: Բացման ներկայ էին` «Թուֆենկեան հիմնադրամ»-ի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը եւ այլ աշխատակիցներ, «Հայրենասէր» կազմակերպութեան համահիմնադիր Ստեփան Սարգսեանը, Քաշաթաղի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտուշ Մխիթարեանը եւ ուրիշներ:
Մինչեւ վերակառուցումը` դպրոցը կը գտնուէր շատ անբարեկարգ եւ փոքրիկներու համար վտանգաւոր վիճակի մէջ, իսկ շինութեան մէկ մասը լրիւ քանդուած էր: Մօտաւորապէս չորս ամիս տեւած աշխատանքներէ ետք դպրոցը հիմնովին վերանորոգուած է:
Հարուստ հայկական ժառանգութիւն ունեցող Հակ գիւղը, որ քսաներորդ դարու սկիզբը ցեղային զտումներու ենթարկուած է ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ, ազատագրուած է 1990-ական թուականներուն սկիզբը: Սակայն, պատերազմէն ետք, ինչպէս Քաշաթաղի շրջանի շատ մը գիւղեր, Հակը յայտնուած էր վերաբնակեցման, վերակառուցման եւ զարգացման լուրջ անհրաժեշտութեան առջեւ:
Այսօր Հակը Արցախի առաւել արագ զարգացող եւ երիտասարդ գիւղերէն մէկն է. այստեղ կ՛ապրի աւելի քան 110 հոգի, որուն 50-ը` փոքրիկներ: Դպրոցին անբարեկարգութեան պատճառով գիւղի դպրոցահասակ փոքրիկներուն մէկ մասը ստիպուած էր յաճախել հարեւան գիւղերէն մէկուն դպրոցը: Նկատի առնելով այստեղ ապրող փոքրիկներուն աճող թիւը` տեղի դպրոցի վերակառուցումն ու բարեկարգումը դարձած էր համայնքին գլխաւոր առաջնահերթութիւնը:
Կատարուած վերակառուցման եւ վերանորոգման աշխատանքներուն շնորհիւ` Հակի դպրոցը աւերակներէն վերածուած է բարեկարգ, ապահով եւ լուսաւոր կրթօճախի: Ներկայիս դպրոց կը յաճախէ 15 փոքրիկ, սակայն վերակառուցման շնորհիւ` անիկա կրնայ մինչեւ 50 աշակերտ ընդունիլ, նաեւ` մօտակայ գիւղերէն:
Շնորհաւորելով Հակի բնակիչները այս նոր ձեռքբերման համար` «Թուֆենկեան հիմնադրամ»-ի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը ըսաւ. «Շուտով դպրոցը արդէն մօտ 50 աշակերտ պիտի ունենայ, եւ այս փոքրիկներն են, որ կեանք պիտի տան այս կրթօճախին, կեանք պիտի տան ամբողջ գիւղին` շունչ հաղորդելով դպրոցի պատերուն եւ լեցնելով դասարանները` իրենց ժպիտով, ծիծաղով, աշխուժութեամբ, ուրախ աղմուկով… եւ այս փոքրիկներն են, որոնք մեծնալով այս պատմական գիւղին մէջ` կեանք պիտի տան մեր ազատագրուած հողերուն եւ զանոնք պիտի դարձնեն մեր հայրենիքի անբաժանելի մասը»:
Բացի գիւղի միակ կրթօճախը ըլլալէ` դպրոցը նաեւ կարեւոր համայնքային կեդրոն է, ուր այսուհետեւ բազմազան հանրային, մշակութային, մանկապատանեկան եւ մարզական ձեռնարկներ պիտի իրականացուին: Դպրոցը նաեւ մեծ կարեւորութիւն ունի իբրեւ աշխատատեղ. ներկայիս այստեղ կ՛աշխատին 9 մշտական ուսուցիչ եւ 5 այցելու աշխատակից:
«Հայրենասէր» կազմակերպութեան համահիմնադիր Ստեփան Սարգսեանը, իր ուղերձին մէջ ըսաւ. «Շատ ուրախ ենք, որ այս դպրոցը իրականութիւն դարձաւ, եւ կրցանք «Թուֆենկեան հիմնադրամ»-ին հետ միասին շատ արագ, սեղմ ժամկէտներու մէջ այս ծրագիրը իրականութիւն դարձնել: Անհամբեր կը սպասենք այն օրուան, երբ դպրոցը այնքան աշակերտ ունենայ, որ այս դասասենեակները արդէն չբաւեն իրենց, եւ մենք ստիպուած ըլլանք գալու եւ ուրախութեամբ ընդարձակելու դպրոցը»:
Միանալով շնորհաւորանքներուն` Քաշաթաղի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտուշ Մխիթարեանը շնորհակալութիւն յայտնեց «Թուֆենկեան հիմնադրամ»-ին եւ «Հայրենասէր» կազմակերպութեան` ըսելով. «Մենք մեզ աւելի ուժեղ կը զգանք, երբ կը տեսնենք սփիւռքահայութեան եւ բոլոր հայերու աջակցութիւնը` այս երկիրը վերակառուցելուն ուղղուած մեր ջանքերուն»:
Հակի դպրոցի վերակառուցումը «Թուֆենկեան հիմնադրամ»-ին կողմէ իրականացուող` Արցախի սահմանամերձ տարածքներու վերաբնակեցման եւ զարգացման ծրագիրին մէկ մասն է: Այս նախաձեռնութեան ծիրէն ներս «Թուֆենկեան հիմանդրամ»-ը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Քաշաթաղի շրջանին մէջ իրականացուցած է կառուցապատման աւելի քան 40 աշխատանք` կառուցելով կամ վերանորոգելով շարք մը առանձնատուներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ այլն:
Ազատագրուած տարածքներուն մէջ գործող կրթօճախներու բարեկարգումը «Թուֆենկեան հիմնադրամ»-ին առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Բացի Հակի դպրոցէն` հիմնադրամը կառուցած եւ հետագային ընդարձակած է Առաջամուղ գիւղին դպրոցը, վերանորոգած Հոչանց գիւղին դպրոցը, հիմնած է Գետափ գիւղին տարրական դպրոցը եւ վերանորոգած է Աղաւնատուն գիւղին դպրոցը: Բացի այդ` հիմնադրամը երաժշտական գործիքներ տրամադրած է Բերձորի երաժշտական դպրոցին եւ դպրոցական գրադարաններ կառուցած կամ բարեկարգած` Քաշաթաղի գրեթէ բոլոր գիւղերուն մէջ:
Այս աշխատանքներուն իրականացման համար հիմնադրամը աջակցութիւն ստացած է շարք մը անձերու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ: Անոնցմէ են` Հայկական կրթական հիմնարկութիւնը (Առաջամուղի դպրոց), Վըրճինիա Տէյվիսը (Հոչանցի դպրոց), Մեծն Բրիտանիոյ հայկական համայնքային խորհուրդը (Գետափի դպրոց), OneArmenia կազմակերպութիւնը եւ Միացեալ Թագաւորութեան հայկական կեդրոն հիմնարկը (Աղաւնատան դպրոց):
Լեւոն Հայրապետեանի Յիշատակին Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Սուգի Երթ
Արցախի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է սուգի երթ` ի յիշատակ հայազգի մեծ գործարար եւ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի:
Նշենք, որ երթին մասնակիցները նախապէս կատարած էին մաքրութեան աշխատանքներ Լեւոն Հայրապետեանի հովանաւորութեամբ կառուցուած սիրոյ պուրակին մէջ` տեղադրելով մեծ հայորդիին` ծաղկեպսակի մէջ առնուած մեծադիր նկարը:
Այնուհետեւ երթին մասնակիցները պաստառներով եւ բարերարին նկարներով ուղուեցան Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցի, ուր անոր յիշատակին կազմակերպեցին մոմավառութիւն, որմէ ետք Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի` Մինաս քհնյ. Մովսիսեանի առաջնորդութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Այս առիթով կայացած հանդիպումին Արցախի պետական համալսարանի հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան բաժինի նախագահ Զարինէ Սառաջեան յայտնած է, որ Լեւոն Հայրապետեանին մահը մեծ ցաւ պատճառած է բոլոր արցախահայերուն, ինչպէս նաեւ անոր մահը կորուստ է համայն հայութեան համար: «Այսօր որբութեան զգացում կ՛ապրի իւրաքանչիւր հայ անհատ, ով երբեւէ լսած եւ ճանաչցած է Լեւոն Հայրապետեանը: Ան այնպիսի մարդ էր, որ իր կեանքին մէջ իբրեւ գերագոյն առաքելութիւն որդեգրած էր բարեգործութիւնը` Արցախի շէնացումը, բարգաւաճումն ու զարգացումը: Հայրենանուիրումը անոր էութիւնն էր: Լ. Հայրապետեանի գործունէութեան մասին մարդիկ դեռ երկար տարիներ պիտի յիշեն: Անոր ջանքերով աշխարհի գողտրիկ անկիւններէն մէկը` Վանքը, դարձած է զբօսաշրջութեան իւրօրինակ այցեքարտ: Լ. Հայրապետեանի անունը միշտ վառ պիտի մնայ ո՛չ միայն արցախցիներուն, այլեւ համայն հայութեան սրտերուն ու մտքերուն մէջ», ըսած է Զ. Սառաջեանը:
Երթին մասնակից Տիանա Սարգսեանը նշած է, որ ինքն ալ շատերու պէս ցաւով լսած է Լեւոն Հայրապետեանի մահուան գոյժը: Ան հաստատած է. «Լեւոն Հայրապետեանի շնորհիւ Արցախը աւելի ծաղկած եւ շէնցած է: Մենք` արցախցիներս, կը գիտակցէինք, որ մեր կողքին կանգնած էր մեծ հայը, ան, որ պատրաստ էր իր վերջին լուման ներդնելու Արցախի համար: Նոյնիսկ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ, երբ կը գտնուէր բանտին մէջ, կը շարունակէր օգնութեան ձեռք երկարել արցախցիներուս: Մենք կը խոստանանք բարձր պահել Լ. Հայրապետեանին անունն ու պատիւը եւ պիտի աշխատինք մենք ալ հայրենասիրութեամբ նմանիլ անոր: Հայրապետեանին յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ սերունդներուն սրտերուն մէջ», շեշտած է Տ. Սարգսեան:
ՀՕՄ-ուհիները` Արցախի Սահմանային Զօրամասին Մէջ
Հայ օգնութեան միութիւնը այցելեց Արցախի սահմանային զօրամասերէն մէկը: Ծրագիրը ունէր կրթական եւ մշակութային բաժիններ: Զօրամասին մէջ կայացաւ լուսանկարիչ Յակոբ Պօղոսեանի «25 տարի անց» խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր կային լուսանկարներ` 1992-1993 թուականներուն արցախեան պատերազմի եւ տուեալ զօրամասի նորօրեայ զինուորներու` ծանօթ ու անծանօթ հերոսներու, որոնք անցնող 25 տարիներու ընթացքին խոնարհաբար եւ համեստօրէն ծառայած են հայրենիքին:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ, ՀՕՄ-ական Օֆելիա Գրիգորեանը զինուորներուն ներկայացուց կրթական այն կարելիութիւնները, պայմանները, որոնցմէ անոնք կրնան օգտուիլ ժամկէտային ծառայութիւնը աւարտելէ ետք:
Նշենք, որ ՀՕՄ-ը նշուած ծրագիրը իրականացուցած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին կողմէ հասարակական կազմակերպութիւններուն յատկացուող դրամաշնորհին եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամին յայտարարած մրցոյթի շրջանակներուն մէջ:
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տիանա Յովսէփեանը նշեց, որ ՀՕՄ-ը անգամ մը եւս հիւրընկալուած է սահմանային զօրամասին մէջ, որուն տէրն ու տիրականը սահման պահող ու կռուող զինուորներն են: «Դուք էք, որ կը կերտէք պետականութիւնը եւ անոր լիիրաւ եւ իրաւատէր քաղաքացի ըլլալու պատիւը: Մէկ տարի առաջ բոլորս միասին ականատես եղանք հերթական ոտնձգութեան, եւ բոլորս միասին` բանակ-թիկունք միասնականութեամբ յաղթահարեցինք հերթական փորձութիւնը: Պէտք է գիտակցինք, որ ամէն մէկս մեր տեղին եւ դերին մէջ ունինք ընելիքներ` ըլլան անոնք սահմանի վրայ, Հայաստանի խորքին մէջ, թէ սփիւռքի որեւիցէ հեռաւոր համայնքի մէջ, ըլլանք կին թէ տղամարդ, ահել թէ ճահել, հարուստ թէ աղքատ, իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր, արուեստագէտ թէ գործարար», նշեց Տիանա Յովսէփեան:
ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները զինուորներուն յանձնեցին սփիւռքի եւ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ գործող 36 դպրոցներու աշակերտներուն` զինուորներուն ուղղուած նամակները:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին յատկացուցած դրամաշնորհային ծրագիրները համակարգող Գայեանէ Մանուկեանը զինուորներուն դիմելով`ըսաւ. «Դուք կանգնած էք առաջնագծում եւ միաժամանակ ազգի թիկունքն էք: Մենք այսօր այստեղ ենք, որպէսզի աւելի շօշափելի զգաք ձեր թիկունքը` ձեր մայրերուն, քոյրերուն, մատաղ սերունդին եւ համայն հայութեան սէրն ու շունչը: Թոյլ տուէք ձեր անունով շնորհաւորել նաեւ Հայ օգնութեան միութեան 117-ամեակը, միութիւն, որ ըստ էութեան, հայ հասարակական կեանքի առաջին հասարակական-բարեսիրական միաւորն է, որ իր դարու մը պատմութեամբ եւ գործունէութեամբ կու գայ փաստելու, որ հայրենիքին եւ գաղափարին ծառայելը ո՛չ ժամանակ կը ճանչնայ, ո՛չ ալ տարածութիւն: Հայրենիքը անմահ է, իսկ անոր ծառայելը` ամէնէն բարձր պատիւը»:
Ծրագրին կը մասնակցէին նաեւ ազատամարտիկներ, որոնք 90-ական թուականներուն վերադարձուցած էին այն բարձունքները, որոնց այսօր կը հսկէ հայ զինուորը: Ազատամարտիկները կը պատմէին իրենց յուշերը, դրուագները` մարտական գործողութիւններէն: Շուշիի առանձակի գումարտակի խոհարար Խաչիկն ալ ազատամարտիկ ընկերներուն եւ զինուորներուն հետ նշեց իր տարեդարձը:
Հաղորդենք, որ ձեռնարկը կ՛ուղեկցուէր մշակութային ծրագրով սիրուած երգիչներու գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ` Մկրտիչ Մկրտչեան, Շուշան Պետրոսեան, Լէյլա Սարիբեկեան, Դաւիթ Ամալեան, Արսէն Գրիգորեան (Մրo), որոնք բոլորն ալ մեծ սիրով երգեցին զինուորներուն համար: