Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին Ծննդեան Օրը Ներկայացուեցաւ Անոր Հեքիաթներու Ժողովածուն
Մանկապատանեկան գիրքի երեւանեան 14-րդ տօնավաճառի շրջանակներուն մէջ փետրուար 19-ին, «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութիւնը «Խնկօ Ապոր» անուան ազգային մանկական գրադարանին մէջ փոքրիկներուն ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի «Հեքիաթներ» ժողովածուն: Գիրքին մէջ ընդգրկուած հեքիաթները լոյս տեսած են 1908-1912 թուականներուն, առանձին գրքոյկներով:
Հրատարակչութենէն յայտնեցին, որ վերամշակուած տարբերակը հրատարակելով` իրենք պահպանած են բնագիրին լեզուն, ուղղագրութիւնը եւ նկարազարդումները:
Յայտնենք, որ կազմակերպուեցան նաեւ հեքիաթներու ընթերցում` յատուկ մանուկներու եւ պատանիներու համար: Ներկայացուեցան ժողովածուներու երկու տարբերակ` հայերէն եւ ռուսերէն:
Յիշեցնենք, որ գիրքին մէջ ընդգրկուած են հետեւեալ հեքիաթները` «Շունն ու կատուն», «Քաջ Նազարը», «Անբախտ վաճառականներ», «Գառնիկ ախպեր», «Մի կաթիլ մեղրը», «Անյաղթ աքլորը», «Ուլիկը», «Ծիտը», «Խօսող ձուկը», «Տէրն ու ծառան»:
Մարտունիի Եւ Հադրութի Մէջ Տեղի Ունեցան Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած Երթեր
Մարտունի եւ Հադրութ քաղաքներուն մէջ երկուշաբթի, 12 փետրուարին արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած խորհրդանշական երթեր տեղի ունեցան:
Մարտունիի երթին յաջորդեց հանրահաւաք, որուն ընթացքին խօսք առաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:
Հադրութ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած երթին մասնակիցները զոհուած ազատամարտիկներու յուշարձանին առջեւ զետեղեցին ծաղիկներ, այնուհետեւ քայլերթով մեկնեցան մշակոյթի տուն` մասնակցելու ցուցահանդէսի մը, ուր կը ներկայացուին լուսանկարներ եւ տարբեր տարիներու հրատարակուած` արցախեան շարժման նուիրուած գիրքեր: Ելոյթներով հանդէս եկան 1988-ի հանրահաւաքի կազմակերպիչներ Մաքսիմ Միրզոյեանը, Գոհար Մկրտչեանը, Վաչագան Զաքարեանը եւ Գագիկ Աւանեսեանը:
Լրագրողներու Միջազգային Խումբը Այցելեց Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Զօրամասեր
Արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի, ղարաբաղեան շարժման 30-րդ տարեդարձին վերաբերեալ յօդուածներ եւ տեղեկատուութիւն պատրաստելու նպատակով Արցախ այցելեցին լաթվիացի, հունգարացի, ալճերիացի, իտալացի, ռուս եւ ֆրանսացի խումբ մը լրագրողներ ու համացանցի կայքերու տէրեր, որոնց նպատակն է նաեւ ծանօթանալ երկրի պատմութեան, մշակոյթին եւ զարգացման ներուժին:
12 փետրուարին անոնք այցելեցին Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր ու զօրամասեր:
Զօրամասերու մշտական տեղակայման վայրին մէջ լրագրողները ներկայ եղան բանակի ուսումնական փուլի մեկնարկին նուիրուած հանդիսաւոր հանդիպումին, իսկ առաջնագիծին վրայ անոնք հետաքրքրուեցան գործող մարտավարական իրադրութեամբ, ծանօթացան զինծառայողներու ընկերային-կենցաղային պայմաններուն ու մարտական հերթապահութեան ընթացքին:
Խումբի անդամները բովանդակալից հանդիպումներ ունեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանի հետ:
Ստեփանակերտի Մէջ Կազմակերպուած Է Ցուցահանդէս` Նուիրուած Արցախեան Շարժման 30-ամեակին
Արցախի նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ կազմակերպուած է ցուցահանդէս` նուիրուած արցախեան շարժման 30-ամեակին: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էր Արցախի երիտասարդ նկարիչներու տարբեր ժանրերու աւելի քան 40 աշխատանք:
Ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկած է Արցախի նկարիչներու միութեան նախագահ Յովիկ Գասպարեանը: Ան նշած է, որ այս ցուցահանդէսով, փաստօրէն, տրուեցաւ Երիտասարդ նկարիչներու միութեան գործունէութեան մեկնարկը: «Մենք` աւագ սերունդի նկարիչներս, կ՛ուզենք խրախուսել երիտասարդ ստեղծագործողները, որպէսզի անոնք կարենան գոյատեւել արուեստի աշխարհին մէջ: Մենք մեծ յոյսեր ունինք Արցախի Երիտասարդ նկարիչներու միութեան հետ: Չէ՞ որ երկիրը հզօր է նաեւ իր ազգային իւրօրինակ արուեստով, իսկ զայն պահպանողները պիտի ըլլան Արցախի տաղանդաշատ հայ նկարիչները», մասնաւորապէս ըսած է Յ. Գասպարեանը:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսին ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, նկարիչներ եւ ուրիշներ:
Յոբելենական Շնորհահանդէսներ` Նուիրուած Թուրքիոյ «Ժամանակ» Օրաթերթի 110-ամեակին
Յունուար 26-ին, Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադրման 110-ամեակին առիթով տեղի ունեցան Վահան Թէքէեանի, Երուխանի, Ռուբէն Զարդարեանի` «Ժամանակ. 100 տարի» մատենաշարով լոյս տեսած գիրքերու եւ «Ժամանակ» օրաթերթի կայքէջի յոբելենական շնորհահանդէսները:
Շնորհաւորելով օրաթերթի խմբագիր Արա Գոչունեանը եւ ողջ խմբագրակազմը` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը նշեց, որ «Ժամանակ»-ը իր գործունէութեան ընթացքին ո՛չ միայն լուրեր տարածած է, ստեղծած` պոլսահայ համայնքի տարեգրութիւնը, այլեւ կրցած է եւ կրնայ հայրենիքէն հեռու հայը հայ պահել, հայ երիտասարդը մօտեցնել մայրենի լեզուին` ամէն ինչէ բարձր դասելով հայ ինքնութիւնը, արժէքները, աւանդոյթները: «110 տարի առաջ Կ. Պոլսում ժամանակի թելադրանքով սկսեց լոյս տեսնել մի օրաթերթ, որ պիտի անխափան լինէր իր երթի մէջ, կարճ ընթացքում դառնար պոլսահայ համայնքի առօրեայի անբաժան մասն ու ընկերը: Ի՛նչ խօսք, ստեղծման օրուանից «Ժամանակ»-ը դարձաւ ժամանակի շունչը, քայլեց, պատմութիւն ստեղծեց, վաւերագրութիւն դարձաւ ե՛ւ ժամանակի մէջ, ե՛ւ ժամանակից անդին: Միսաք եւ Սարգիս Գոչունեան եղբայրները, ովքեր Պոլսում յայտնի անհատականութիւններ էին, հայ կեանքի, թուրքահայ իրականութեան լաւ գիտակներ, հիմնադրեցին մի թերթ, որը ոչ միայն նկարագրում, ներկայացնում էր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններն ու երեւոյթները, այլեւ ընթերցողին հաղորդակից դարձնում հայ մտաւորականների գրչին ու մտքին», նշեց սփիւռքի նախարարը:
Անդրադառնալով օրաթերթի ջանքերով հրատարակուած գիրքերուն` նախարար Հրանուշ Յակոբեանը ընդգծեց, որ դժուար է պատկերացնել արեւմտահայ գրականութիւնը` առանց այս գիրքերու հեղինակներ Վահան Թէքէեանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Երուխանի:
«Այս հրատարակութիւնները մեզ նորովի են ներկայացնում մեր երեք դասական գրողներին, բացայայտում նրանց գործունէութեան քիչ լուսաբանուած էջերը: Ցաւօք, մեր երկու հեղինակներն էլ` Ռուբէն Զարդարեանն ու Երուխանը, զոհ գնացին Հայոց ցեղասպանութեանը: Շնորհակալութիւն` նման ծանրակշիռ աշխատանքի համար, իրօ՛ք, սրանք բարձրորակ հրատարակութիւններ են, խնամքով կազմուած, լուրջ գրականագիտական առաջաբաններով եւ հարուստ ծանօթագրական տուեալներով», նշեց նախարար Յակոբեանը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Արարատ քհնյ. Պօղոսեանը արտասանեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը:
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի ներկայացուցչութեան փոխտնօրէն Յովիկ Էօրտեկեանը անդրադարձաւ իրենց եւ «Ժամանակ» օրաթերթին միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ «Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանին յանձնեց յատուկ յուշանուէր եւ շնորհաւորագիր:
Այնուհետեւ ձեռնարկը ընթացաւ «4 գիրքերու գրականագիտական արժեւորում» թեմաթիք նիստով: Նիստը վարեց Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեանը: Ներկայացնելով Վահան Թէքէեանի ցիրուցան էջերէն կազմուած «Երկու դրախտներ» վերտառութեամբ գիրքը` սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը մասնաւորապէս նշեց. «Թէքէեանի հրապարակագիտական էջերը ցոյց են տալիս, որ աւել կամ պակաս կարեւոր նշանակութիւն ունեցող եւ ոչ մի իրողութիւն` քաղաքական, ընկերային կամ կրօնական, չի վրիպել նրա ամենատես աչքից, եւ իր սթափ ու անկողմնակալ մօտեցմամբ նա միշտ ուղղորդել է հայ միտքը դէպի անվտանգ եւ ապահով հանգրուաններ: Հրապարակախօս Թէքէեանը նաեւ մեր այն առաջադէմ մտածողներից էր, որոնք ժողովրդի փրկութեան գաղափարը տեսնում էին համազգային միասնութեան մէջ` ուղիներ փնտռելով դրան հասնելու համար»: Վահան Թէքէեանի միւս` «Կեսարիա» աշխատութեան անդրադարձաւ ԵՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն Արծրուն Աւագեանը: Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջ» եւ Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ» հատորեակները ներկայացուցին գրականագէտներ Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը եւ Նառա Սարգսեանը:
Երկրորդ` «Դարադարձից ի վեր նոր ձեռքբերումները» թեմաթիք նիստի ընթացքին «Ժամանակ» թերթին անցած ուղին բարձր արժեւորեց Հանրային ձայնասփիւռի տնօրէն Մարք Գրիգորեանը: Հրապարակախօս Տիգրան Պասկեւիչեանը նշեց, որ երկար տարիներ կը համագործակցի «Ժամանակ»-ին հետ, նկարահանուած են թերթի մասին պատմող ժապաւէններ, եւ յոյս յայտնեց, որ մօտ ապագային կը թուայնացուին նաեւ թերթի 100-ամեայ պատմութիւն ունեցող համարները: Հեռուստատեսային վերլուծաբան Գեղամ Մանուկեանը ընդգծեց, որ պոլսահայ համայնքին մէջ եղած ծայրայեղութիւններու մէջ «Ժամանակ»-ը կրնայ գտնել ոսկի միջինը, ազդու կոչեր հնչեցնել եւ ստանալ իրական պատկեր:
Աւարտին, Արա Գոչունեանը նշեց, որ տպագիր մամուլը այժմ կանգնած է շարք մը մարտահրաւէրներու առջեւ, եւ թերթի խմբագրակազմը ամէն ինչ կ’ընէ ատոնք յաղթահարելու եւ ժամանակին համընթաց քալելու համար: «Ժամանակ»-ի խմբագիրը կարեւոր համարեց նաեւ, որ թերթը սերտօրէն կ’աշխատի հայաստանեան լրատուամիջոցներուն հետ` Հայաստանի մէջ ունենալով հինգ աշխատակից: «Կը կարծեմ` յատկանշական է, որ «Ժամանակ»-ին 110-ամեակը համընկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին հետ: Թերթը մեր արդի պատմութեան բոլոր իրադարձութիւններու ականատեսն ու վկան եղած է: Համագործակցինք եւ առաջ երթանք յանուն հզօր եւ խաղաղ Հայաստանի», ըսաւ Արա Գոչունեան:
Արցախի Տարածքին Կը Շարունակուին Շինարարական Աշխատանքները
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորումով 2018-ին պիտի աւարտին Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղի մանկապարտէզի, դպրոցի եւ կենցաղային տան շինարարական աշխատանքները: Հիմնադրամին միջոցներով պիտի սկսին նաեւ Արցախի պետական համալսարանի կեդրոնական մասնաշէնքի վերակառուցման աշխատանքներուն, որուն նախագծային աշխատանքները ընթացքի մէջ են. անոնք ամբողջութեամբ պիտի աւարտին մայիսին, որուն պիտի յաջորդեն շինարարական աշխատանքները: Այս մասին կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարեց Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ծրագիրով պիտի աւարտին նաեւ Ասկերանի շրջանի Խնձրիստան, Իւանեան, Քռասնի, Մարտակերտի շրջանի Գետաւան, Հադրութի շրջանի Տումի եւ Թաղասեռ գիւղերու հանդիսութիւններու տուներու եւ համայնքային կեդրոններու կառուցման աշխատանքները, Ստեփանակերտի մէջ պիտի աւարտի թիւ 9 միջնակարգ դպրոցին ամբողջական վերակառուցումը եւ Ասկերանի շրջանի Ուղտասար գիւղի նորակառոյց դպրոցական շէնքին շինարարութիւնը:
Նախարարը նշեց, որ այս տարուան պետական ամավարկով նախատեսուած ամբողջ ծախսերը կը կազմեն 14 միլիառ 200 միլիոն դրամ, որ պետական ամավարկին 14 տոկոսն է: 2018-ին պիտի շարունակուին Ստեփանակերտի Ալեք Մանուկեան 120 հասցէին վրայ գտնուող հանրակացարանի վերակառուցման աշխատանքները:
Այս տարի Ստեփանակերտի մէջ պիտի սկսին նախկին «Օկտեաբր» շարժապատկերի սրահի տարածքին նոր մարզամշակութային եւ ժամանցի կեդրոնի կառուցման աշխատանքներուն: Նախագիծները եւս կը գտնուին մշակման փուլին մէջ: Ծրագիրով կը նախատեսուի ունենալ ընդհանուր դահլիճ մը, որ պիտի ծառայէ ձեռնարկներու, 100 աթոռով ժամանակակից շարժապատկերի սրահ, 4 ուղիով «պոուլինկ» եւ տարբեր տարածքներ` ցուցահանդէսներ կամ այլ ձեռնարկներ կազմակերպելու համար:
Բժշկական Համալսարանը Կը Գնէ «Միքայէլեան» Հիւանդանոցը
«Միքայէլեան վիրաբուժական հիմնարկ»-ը փակ բաժնետիրական ընկերութեան 90.5 տոկոս բաժնետոմսերը գնած է Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի հիմնադրամը: Բաժնետոմսերէն իւրաքանչիւրը կ՛արժէ 1000 դրամ, իսկ ընդհանուր արժէքը, ըստ նախագիծին, 2,5 միլիառ դրամ է:
Յայտնենք, որ համալսարանին այժմու ենթակառուցուածքները բաւարար չեն շարք մը հարցեր պատշաճ կերպով իրականացնելու համար, եւ սոյն գործարքը այդ հարցերը լուծելու միջոց է:
Իրանահայ Ճարտարագէտը Որոշած Է Հայաստանի Մէջ Ներդրումային Ծրագիրներ Իրականացնել
Միացեալ Նահանգներ բնակող իրանահայ ճարտարագէտ Արմէն Սագինեանը լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստան եկած է ներդրումային երկու ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով: Առաջին ծրագիրը կը վերաբերի Իրանի սահմանին` Մեղրիի շրջակայքին զուարճանքներու ընդգրկուն համալիր կառուցելուն, որ պիտի ներառէ ժամանցի համար նախատեսուած բոլոր պայմանները` ճաշարաններ, սրճարաններ եւ շարժապատկերի սրահներով յագեցած, նոյնիսկ կրնայ ըլլալ, որ համալսարան կառուցուի: Մարդիկ այցելելով ինքնատիպ այդ «քաղաք»-ը` կը կարենան հանգստանալ ընկերներու կամ ընտանիքի հետ:
Երկրորդ ծրագիրը կը վերաբերի Երեւանի մէջ աղբի թափօններու հարցին: Ճարտարագէտը կ՛առաջարկէ հիմնել համապատասխան արհեստագիտութիւններ ունեցող յատուկ գործարան, ուր կարելի կ՛ըլլայ թափօնները վերամշակելէ ետք օգտակար եւ կարեւոր նիւթերը առանձնացնել` զանոնք հետագային շրջակայ միջավայրին մէջ կիրարկելու համար:
«Մեր առաջին ներդրումային նախաձեռնութեամբ կը փափաքինք խթանել Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, աշխատատեղերու յառաջացման եւ զբօսաշրջութեան աշխուժացման, որուն միջոցով մեր պետութիւնը օտարներու կողմէ աւելի ճանաչելի կը դառնայ», նշեց Արմէն Սագինեանը` աւելցնելով, որ վերոնշեալ ծրագիրները պիտի փորձէ կեանքի կոչել գաղափարակից ընկերներու հետ, միացեալ ուժերով իրենց կարելիութիւններու սահմանին մէջ ապահովելով Հայաստանի յառաջընթացը:
Արմէն Սագինեանը այս առնչութեամբ զանազան քննարկումներ ունեցած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին եւ պաշտօնատար այլ անձերու հետ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու ներդրումային ծրագիրներու իրականացման գործին: «Հոգիս կը խաղաղի այսպիսի ազգանպաստ գործունէութիւն սկսելուն առիթով: Պէտք է մեզմէ իւրաքանչիւրը աշխուժ կերպով ներգրաւուած ըլլայ հայրենիքի շէնացման գործին` ի շահ հայ ժողովուրդին: Յոյս ունիմ, որ ամէն ինչ բարեյաջող ընթացք կ՛ունենայ, եւ յառաջիկային կ՛ազդարարենք մեր աշխատանքներու մեկնարկը», ընդգծեց Սագինեանը: