Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունուար 31, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ազգային Արխիւը Ա. Հանրապետութեան Սպաներուն Նուիրուած Հանրագիտարան Պիտի Հրատարակէ

Հայաստանի Ազգային արխիւը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին առիթով 4 աշխատութիւն պիտի հրատարակէ: «Արմէնփրես»-ի մամուլի սրահի մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, յայտնեց, որ առաջին աշխատութիւնը հանրագիտարանի տեսքով պիտի ըլլայ:

«Հանրագիտարանը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան սպաներուն: Պիտի ներկայացուի ինչպէս անոնց մասին անձնական տեղեկատուութիւն, այնպէս ալ` անոնց անցած ուղին: Այսինքն, թէ ի՛նչ դեր ունեցած են ճակատամարտին,  թէ ինչպէ՛ս հայ զինուորները դիմադրութիւն ցոյց տուած են թուրքերուն: Մօտաւոր 2500-3000 սպայի մասին է խօսքը: Ի դէպ, անոնց մեծ մասը հետագային գնդակահարուած է», ըսաւ Ամատունի Վիրաբեան:

Հանրագիտարանը պիտի ըլլայ ռուսերէն, որովհետեւ բոլոր փաստաթուղթերը ռուսերէն են:

Յաջորդ ժողովածուն պիտի նուիրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան քաղաքական պատմութեան` ըստ փաստաթուղթերու: Այդպիսի ժողովածու մը Ազգային արխիւը տպագրած էր 2001-ին, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային հետ, եւ միայն` 100 օրինակով:

Ամատունի Վիրաբեանը նշեց, որ այդ փաստաթուղթերը պիտի չմեկնաբանուին, այլ միայն պիտի ներկայացուին:

Յաջորդ ժողովածուն նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան, Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի դերին: «Փաստաթուղթերով պիտի ներկայացնենք, թէ ինչպէ՛ս եկեղեցին հսկայական դեր կատարած է այդ տարիներուն: Մէկ օրինակ ներկայացնեմ. Գէորգ 5-րդ Սուրէնեանց կաթողիկոսը պատերազմի տարիներուն յայտարարեց, որ Էջմիածինը պիտի չյանձնուի: Ինքը պատրաստ է զոհուելու խորանի առջեւ: Թէպէտ հայ պաշտօնեաները գացած էին զինք համոզելու, որ տեղափոխուի, սակայն կաթողիկոսը չէ փոխած իր որոշումը: Այդ մէկը մեծ դեր կատարեց զինուորի` թիկունքը պահելու գործին մէջ: Ահա այդ նիւթերը ցոյց պիտի տանք», ըսաւ Ամատունի Վիրաբեանը:

Յաջորդ ժողովածուն նուիրուած է Կովկասեան ռազմաճակատին:

  «Թեւանիկ» Խումբը` Արցախի Սահմանապահներու Եւ Մանուկներու Կողքին

Յունուար 25-26 Արցախի Մարտունիի եւ Հադրութի շրջաններու զօրամասեր եւ սահմանամերձ որոշ մանկապարտէզներ այցելած են Իրանի մէջ գործող «Թեւանիկ» խումբի, Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան խումբ մը անդամներ: Նպատակը  առաջնագիծի մարտական հերթապահութիւն իրականացնող պայմանագրային զինծառայողներու համար նախատեսուած վերարկուները, հագուստները եւ մանկապարտէզներու սաներուն համար պատրաստուած նուէրները յանձնելն էր:

Արցախի սահմանը անառիկ պահող զինծառայողներու համար ուղարկուած հագուստը Իրանի մէջ ապրող հայ արհեստաւորներու ձեռքի աշխատանքն է: «Այն  Իրանի մէջ գործող գործարանի կողմէ տրամադրուած է «Թեւանիկ» խումբին, որ ՀՕՄ-ի Արցախի կառոյցի միջոցով մենք երկու օրուան ընթացքին յանձնեցինք Արցախի զինծառայողներուն», «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է «Թեւանիկ» խումբի անդամ Րաֆֆի Զարիֆեանը:

«Մենք գլուխ կը խոնարհենք բոլոր զինծառայողներուն առջեւ: Մենք կամ աշխարհի որեւէ ծայրը ապրող հայերը ինչ ալ ընենք, մեր ըրածը ոչինչ է այն ամէնուն դիմաց, ինչ կ՛ընեն զինուորները, որովհետեւ մեր երեխաները, թոռները անոնց շնորհիւ կը կարենան ազատօրէն խաղալ», զինծառայողներու հետ հանդիպումին ըսած է ՀՅԴ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի անդամ Ռիթա Մնացականեանը:

Հադրութ քաղաքի եւ Առաքել գիւղի մանկապարտէզներուն յանձնուած են խաղալիքներ եւ այլ նուէրներ:

Առաքել գիւղի մանկապարտէզի տնօրէն Նուշիկ Ղահրամանեանը շնորհակալութիւն յայտնած է նուէրներուն համար` նշելով, որ գիւղը հիմնադրման օրէն ի վեր միշտ զգացած  է սփիւռքի մէջ ապրող հայերու աջակցութիւնը:

Բացի վերոնշեալէն, Բանակի օրուան առիթով ՀՕՄ-ի Արցախի կառոյցը մարտական հերթապահութիւն իրականացնող պայմանագրային զինծառայողներու երեխաներուն յանձնուած է «Թեւանիկ» խումբին կողմէ ուղարկուած կապոցները եւ Աւստրալիոյ մէջ ապրող բարերարի մը տրամադրած դրամական պարգեւները:

Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Ծանօթանայ Մայք Սարեանին Նուիրած 100 Տեսակի Բժշկական Սարքերուն

Բարերար Մայք Սարեան 10 միլիոն տոլար արժողութեամբ հարիւր տեսակի բժշկական սարքեր նուիրեց հայկական բանակին:

Նուիրուած բժշկական սարքերն են` շարժական ճառագայթային հետազօտման գործիքներ, անզգայացման եւ արհեստական շնչառութեան սարքեր, գերձայնային հետազօտման սարքեր, ախտորոշիչ սարքեր, հիւանդներու խնամքի մշտադիտարկման եւ ինքնաշխատ ներարկման համակարգեր եւ այլն:

Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը այցելեց նախարարութեան դեղորայքի եւ բժշկական գոյքի կեդրոնական պահեստ եւ մօտէն ծանօթացաւ նուիրուած սարքերուն: Գոյքը, խնամքի պարագաներն ու ծախսուող նիւթերը, ըստ կարիքներու, պիտի բաշխուին զինուորական հիւանդանոցներուն:

Կարեւոր նկատելով սահմանամերձ համայնքներու առողջապահական համակարգի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը` սարքերէն որոշ մաս մը պիտի յատկացուի սահմանամերձ համայնքներու առողջապահական հաստատութիւններուն:

Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպառազինութեան Միջազգային Ցուցահանդէս

«Երեւանէքսփօ» ցուցահանդէսային համալիրի մէջ մարտ 2018-ին տեղի պիտի ունենայ սպառազինութեան եւ պաշտպանական արհեստագիտութեանց ArmHiTec-2018 միջազգային ցուցահանդէսը:

Վերջերս պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ-ռազմարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Փախչանեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ArmHiTec-2018 ցուցահանդէսի կազմակերպման հետ կապուած հարցեր:

Յայտնենք, որ միջազգային ցուցահանդէսին նպատակն է ներկայացնել Հայաստանի եւ այլ երկիրներու նորագոյն ռազմական սարքեր, ռազմարդիւնաբերական համալիրի առաջատար ձեռնարկութիւններու նորարարական մշակումները:

Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսը  պիտի կազմակերպեն Հայաստանի  պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ «Երեւանի մաթեմատիկական մեքենաներու գործարան» ընկերութիւնը:

 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Հրատարակչական Բաժինը Լոյս Ընծայած Է Գրիգոր Մարաշեցիի «Բան Գովեստից» Երկը

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է Գրիգոր Մարաշեցիի «Բան գովեստից» երկը: Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է Արշակ Մադոյանը:

ԺԲ. դարու հոգեւոր գործիչ եւ մատենագիր, Հեսվանց վանքի հիմնադիր Գրիգոր Մարաշեցիի «Բան գովեստից» քնարերգական աշխատութիւնը, նուիրուած` Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, առաջին անգամն է, որ կը հրատարակուի:

Երկին մէջ Գրիգոր Իմաստասէր Մարաշեցին, Աստուածածինի վերափոխման պատմութենէն բացի, անդրադարձած է նաեւ անոր պատկերին աւանդութեան:

Նշենք, որ գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամին:

117-Ամեայ Ֆարանգ Բաղդասարեան Հայաստանի Ամէնէն Տարեց Քաղաքացին Է

117 տարեկան Ֆարանգ Բաղդասարեանը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր ունեցող ամէնէն տարեց անձն է:

Հայաստանի ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան նախագահ Մնացական Բիչախչեանը «Դիմատետր»-ի իր էջին վրայ երկաթեայ առողջութիւն մաղթած է ամէնէն տարեց հայաստանցիին:

«Ուշագրաւը այն է, որ Հայաստանի մէջ 20 ամէնէն տարեց անձերէն ոչ մէկը ծերանոցի մէջ կը բնակի: Ընտանեկան ջերմութեամբ լեցնենք մեր մեծերուն առօրեան. անոնք ո՛չ մէկ բան չեն խնայեր մեզի համար: Ընտանեկան ջերմութիւնը եւ հոգատարութիւնը երկարակեցութեան պայմաններէն մէկն է», գրած է ոստիկանութեան պաշտօնեան:

Երեւանի Կապոյց Մզկիթը Եունեսքօ-Ի Ցանկին Վրայ Ընդգրկելու Համար Դիմումնագիր Ուղարկուած Է Իրան

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը Երեւանի Կապոյտ մզկիթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկելու գործընթացի ծիրին մէջ դիմումնագիր ուղարկած է Իրանի իր գործընկերներուն` ուսումնասիրութուններու եւ եզրակացութեան համար: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանը:

Ըստ իրանեան կարգ մը լրատուամիջոցներու, Իրանի մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահ Հոսէյն Թալեպիան կը յայտնէ, որ մզկիթին մօտ գտնուող շարք մը կառոյցներ կը խոչընդոտեն գործընթացը: Ան կ՛աւելցնէ, որ հարցը քննարկուած է Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեանին:

2013-ին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ մտադիր է Երեւանի Կապոյտ մզկիթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ ներկայացնելու գործընթաց սկսելու: Իրանեան կողմը ողջունած էր նախաձեռնութիւնը:

Յիշեցնենք, որ նախապէս յայտնած էինք, թէ Իրան յայտարարած է Նոր Ջուղայի մէջ գտնուող հայկական Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին արձանագրել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկելու մասին: Իրանի մէջ  գտնուող երեք հայկական եկեղեցիներ արդէն արձանագրուած են ցանկին վրայ:

Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կառուցուի Մարզական Մշակութային Համալիր

«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամին միջոցներով Ստեփանակերտի նախկին «Օկտեաբր» շարժապատկերի սրահի վայրը պիտի կառուցուի մարզամշակութային համալիր մը: Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտնեց Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը` աւելցնելով, որ շինարարական աշխատանքները արդէն կը գտնուին նախագծային փուլին մէջ:

«Կը նախատեսուի համալիրին մէջ ունենալ 100 հոգինոց գերժամանակակից շարժապատկերի սրահ, նաեւ` բաց շարժապատկերի սրահ: Բարերարին հաւաստմամբ, Մոսկուայի մէջ ցուցադրուող որեւէ ժապաւէն կարելի է ցուցադրել նաեւ այդ շարժապատկերի սրահին մէջ: Այսինքն` շարժապատկերի սրահը պիտի միացուի համաշխարհային շարժապատկերի սրահներու ցանցին: Կեդրոնին մէջ պիտի ըլլայ ընդհանրական դահլիճ` համերգներ եւ այլ ձեռնարկներ իրականացնելու համար, գրադարան, ինչպէս նաեւ ազատ տարածքներ` այլ ձեռնարկներու համար, սրճարան, ինքնաշարժներու կառատուներ: 3500 քառակուսի մեթր տարածք ունեցող նորակառոյցին տարածքը պիտի ըլլայ բարեկարգուած եւ կանաչապատ: Ան մեր երիտասարդներուն համար հանգիստի եւ ժամանցի իւրօրինակ ու հետաքրքրական վայր է», մանրամասնեց նախարարը եւ աւելցուց, որ կեդրոնը կը նախատեսուի շահագործման յանձնել ամէնէն ուշը 3 տարիէն:

 

Նախորդը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

Յաջորդը

Հայոց Բանակին Տօնը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?