Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՅԳ» Առցանց Ռատիոկայանի Հիմնադիր-Ղեկավարին Սփիւռքի Նախարարը Յանձնեց «Մայրենիի Դեսպան» Մետալը

Նոյեմբեր 1, 2017
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան բարձր կը գնահատէ մամուլի դերը` հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Այս մասին նախարարը անդրադարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գործող հայկական «ԱՅԳ» առցանց ռատիոկայանի հիմնադիր-ղեկավար Շաքէ Մանկասարեանի շնորհած «Մայրենիի դեսպան» մետալի յանձնման արարողութեան ժամանակ: Մետալը շնորհուած էր տակաւին Հայաստանի սփիւռքի նախարարին` 14 սեպտեմբեր 2016 թուականի հրամանով, սակայն այսօր 26 հոկտեմբերին նախարարը անձամբ շնորհեց մետալը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Շաքէ Մանկասարեանին կատարած մեծածաւալ հայապահպան աշխատանքին համար` նախարար Յակոբեանը յոյս յայտնեց, որ այդ աշխատանքը շարունակական պիտի ըլլայ եւ նոր շունչ պիտի հաղորդէ հայապահպանութեան ո՛չ միայն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, այլեւ` բոլոր այն հայկական համայնքներուն մէջ, ուր կը հնչէ «ԱՅԳ»-ը: «Արդէն ութ տարի է, որ Շաքէ Մանկասարեանը նուիրումով եւ սիրով կը ներկայացնէ  ազգային արժէքները: Ոլորտի մասնագէտները կը հաստատեն, որ 24 ժամուան անընդմէջ եթեր ապահովելը դիւրին գործ չէ, իսկ Շաքէն կրնայ իրականացնել իր առաքելութիւնը  միայնակ եւ անշահախնդիր», նշեց սփիւռքի նախարարը:

Հանդիպումին ընթացքին Շաքէ Մանկասարեանին մասնագիտական վարպետութեան, բազմակողմանի գիտելիքներու, լրագրողական հմտութիւններուն մասին խօսեցաւ լրագրող Արփէն Մովսիսեանը:

Հայաստանի Հանրային ռատիոյի հասարակական հաղորդումներու ղեկավար Ռուզան Առաքելեանը, բարձր գնահատելով Շաքէ Մանկասարեանին մարդկային բարձր որակները, նշեց, որ երկու ռատիոները արդէն հինգ տարիէ ի վեր կը համագործակցին եւ ամէն ուրբաթ Շաքէին ազդեցիկ խօսքն ու ուղերձները կը ներկայացուին Հանրային ռատիոյի եթերով:

Շաքէ Մանկասարեանի գործունէութեան եւ անհատականութեան անդրադարձան`  թաւջութակահար Մետիա Աբրահամեանը, լեզուաբան Յակոբ Չոլաքեանը եւ արուեստագէտ Հրազդան Թոքմաճեանը:

Շաքէ Մանկասարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր պարգեւին համար եւ նշեց, որ «Ռատիօ ԱՅԳ»-ի եթերները կ՛ընդգրկեն սփիւռքեան եւ հայաստանեան լրատւութիւն, քաղաքական, հոգեւոր  նիւթերով հաղորդումներ` Աւետարանի մեկնութիւն, սուրբ պատարագի հեռարձակում, մշակութային հաղորդումներ, հարցազրոյցներ, իսկ երաժշտական կատարումներուն մեծ տեղ կը յատկացուի ազգային երգարուեստին` ժողովրդական, աշուղական, գուսանական երգերուն, կը հեռարձակուի նաեւ դասական երաժշտութիւն:

«ԱՅԳ»-ի հաղորդումները կը հեռարձակուին նաեւ «Երկիր Մետիա», «Արմէնիա» (Միացեալ Նահանգներու մէջ), «Կիլիկիա» պատկերասփիւռի կայանները (Անթիլիաս, Լիբանան), ինչպէս նաեւ`  «Ասպարէզ», «Հորիզոն» թերթերու կայքերը:

Ան նշեց, որ սփիւռքի մէջ չափազանց կարեւոր է հայրենի կառավարութեան եւ, մասնաւորապէս,  սփիւռքի նախարարի կողմէ գնահատուած եւ արժեւորուած ըլլալը, շնորհակալութիւն յայտնեց սերտ համագործակցութեան եւ այն անկեղծ ու հարազատ վերաբերմունքին համար, որ կը ցուցաբերեն նախարարը եւ նախարարութեան աշխատակիցները` իւրաքանչիւր սփիւռքահայու:

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Սկսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Գերագոյն Մարմինի Միացեալ Նիստը

Յաջորդը

Թոթենհամ Ցմահ Կախակայեց Իր Համակիրներէն Երկուքը

RelatedPosts

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?