Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը Ոսկեայ Մետալով Պարգեւատրեց Ամերիկահայ Բարերար Մանուկ Տէյիրմենճեանը
Արարատի մարզի Նորամարգ համայնքին մէջ Դեկտեմբեր 1-ին տեղի ունեցաւ ամերիկահայ բարերար Մանուկ Տէյիրմենճեանի շնորհիւ ամբողջութեամբ վերանորոգուած դպրոցի բացման արարողութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարին հրամանով Մանուկ Տէյիրմենճեան պարգեւատրուեցաւ սփիւռքի նախարարութեան յուշամետալով: Փոխնախարարը յուշամետալը յանձնեց Մանուկ Տէյիրմենճեանի ներկայացուցիչ եւ վստահուած անձ Սուրէն սրկգ. Գէորգեանին:
Արարողութեան ընթացքին նաեւ բացուեցաւ բարերարի մեծ մօր` Ագապի Քատեշեանի յուշատախտակը: Մանուկ Տէյիրմենճեան խոստովանած էր, որ հայեցի դաստիարակութիւնը մեծ մօրմէն ստացած էր:
Նախարարի տեղակալը, իր խօսքին մէջ նշեց, որ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը տեղեակ է բարերարին իրականացուցած գործերուն մասին: Սրապիոնեան յայտնեց, որ նախարարը մեծ կարեւորութիւն կու տայ մեր հայրենակիցներուն իրականացուցած աշխատանքներուն, յատկապէս` Հայաստանի սահմանապահ գիւղերուն մէջ:
«Ոչ միայն տպաւորուած ենք բարերարին կատարած գործերով, այլեւ` անոր հայկական ոգիով, որուն ականատեսը եղանք դպրոցին մէջ: Այս դպրոցը դէպի ապագայ կը քալէ: Խորապէս շնորհակալ ենք Մանուկ Տէյիրմենճեանին, որ տեսած է գիւղը, տեսած է կարիքները եւ հոգացած է զանոնք»:
Բացման ներկայ հիւրերը շրջայց կատարեցին դպրոցին մէջ ու ծանօթացան անոր պայմաններուն: Այնուհետեւ դպրոցի աշակերտները անոնց ներկայացուցին` պարեր, ասմունք եւ հայկական խոհանոցի ուտեստեղէններ:
Զուիցերիացի Գինեգործը Ներդրումային Ծրագիրներ Կ՛իրագործէ Հայաստանի Մէջ
Կարէն Կարապետեան 30 նոյեմբերին իր գրասենեակին մէջ տեսակցեցաւ զուիցերիացի գործարար Ժաքոպ Շուլերի հետ, որ Զուիցերիոյ ամէնէն յայտնի գինի արտադրող տուներէն մէկուն` «Շուլեր Սենթ Ժաքոպ Քելերէյի» ներկայացուցիչն է:
Ընկերութիւնը գործունէութիւն ծաւալած է Վայոց Ձորի մարզի Ռինդ եւ Աղաւնաձոր գիւղերուն մէջ եւ կը պատրաստուի լրացուցիչ ներդրումներ կատարելու` ընդլայնելու իր գինեգործական ծրագիրները:
Կարէն Կարապետեան ողջունեց զուիցերիացի գործարարին` Հայաստանի մէջ գինեգործութեան ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարելու նախաձեռնութիւնը եւ կառավարութեան անունով համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց անոր:
«ՀՀ կառավարութիւնը կարեւորում է, որպէսզի իւրաքանչիւր ներդրող մեր երկրում իրեն լաւ զգայ: Մենք պատրաստ ենք կանգնել ձեր կողքին եւ աջակցել Հայաստանում ձեր պիզնեսի զարգացմանը», նշեց վարչապետը:
Շուլեր ներկայացուց «Շուլեր Սենթ Ժաքոպ Քելերէյի» գործունէութիւնը եւ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է շատ նպաստաւոր միջավայր` գործունէութիւն ծաւալելու համար:
Շուլեր ընտանիքը գինեգործութեամբ կը զբաղի աւելի քան 300 տարիէ ի վեր: «Շուլեր Սենթ Ժաքոպ Քելերէյի» շարքին է գինեգործական այն ձեռնարկութիւններուն, որոնք ունին սեփական գինիի արտադրութիւն եւ վաճառքի ցանցեր:
Գիւմրիի Տնակի Մէջ Ապրող 33-րդ Ընտանիքը Նոր Տուն Ստացաւ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն կը հաղորդեն, որ տնակի մէջ ապրող Սնխչեաններուն ընտանիքը նոր բնակարան ստացաւ: Տունը, որուն մէջ անհոգ ու երջանիկ կ’ապրէին մինչեւ երկրաշարժ, Մանուշեան փողոցի վրայ էր: Տունը, որուն մէջ մոռցած էին տարրական կենցաղային պայմանները, նոյն Մանուշեան փողոցի վրայ էր: 12 տարի Սնխչեանններուն ընտանիքը ապրած է տնակին մէջ` առանց յարմարութիւններու, բայց յոյսով: Ընտանիքը 6 հոգի է. տատիկն ու պապիկը` Շահանդուխտ եւ Արմենակ Սնխչեաննները, կինն ու ամուսինը` Պարոյրն ու Ռուզաննան եւ անոնց երեխաները` Ժուլիեթան եւ Արմենակը: Ամուսինը կ՛աշխատի շինարարութեան ապրանքներ ծախող խանութի մը մէջ, ընդամէնը` 50.000 դրամ աշխատավարձով: Կինը չունի մնայուն աշխատանք: Յաւելեալ եկամուտի միակ աղբիւրը երեխաներուն նպաստ է` 25.900 դրամ: Նոր կեանքի բանալին Սնխչեանները կը ստանան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, Ամերիկայի մէջ գործող «Հայաստսն հիմնադրամ» կազմակերպութեան բարերար Ժան Մարի Ադամեանի աջակցութեամբ, ընտանիքին անակնկալ պատրաստած էր սեփական Մուշ թաղամասին մէջ: Սնխչեաններուն ընտանիքը 33-րդ ընտանիքն է Գիւմրիի մէջ, որ տնակէն տուն տեղափոխուած է` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ: Հիմնադրամը Գիւմրիի տնակներուն մէջ ապրող ընտանիքները բնակարաններով կ՛ապահովէ 2014-էն սկսեալ:
Շուրջ 7000 Անձեր Այս Տարի Հայաստանի Մէջ Երկքաղաքացի Դարձան
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու համար 2017-ի առաջին ինն ամիսներուն դիմած են 6866 անձեր, իսկ 2016-ի ամբողջ տարուան ընթացքին` 7229 անձեր: Ըստ «Արմէնփրէս»-ի, Հայաստանի ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Մնացական Բիչախչեան ըսած է, որ 2017-ի յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն մերժուած են 356 անձերու դիմումները, 2016-ին` 840 դիմումներ: «Երկիրներու եւ ազգութիւններու մասով առանձին վիճակագրութիւն չի կատարուիր», ըսած է ան:
Հակառակ անոր որ պաշտօնական վիճակագրութիւն չի կատարուիր, «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն Վարդան Մարաշլեանը տեղեկացուցած է, որ երկքաղաքացիութիւն ստանալու համար աւելի յաճախ կը դիմեն Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Վրաստանի հայերը: «Երկքաղաքացիութեան հիմնարկը ժամանակին ստեղծուած է անոր համար, որ կապեն սփիւռքը Հայաստանի հետ: Ոչ ուղղակի ձեւով ատիկա նաեւ կը վերաբերի հայրենադարձութեան զարգացման, որովհետեւ երբ մարդիկ ձեռք կը բերեն երկքաղաքացիութիւն, իրենք կը սկսին երթալ-գալու Հայաստան, եւ երթալ-գալով Հայաստան` կապուածութեան աստիճանը շատ լուրջ կ՛ըլլայ, եւ մարդիկ կը սկսին մտածելու տեղափոխուելու մասին», ըսած է ան:
«Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէնը նշած է, որ շատ մը պետութիւններու մէջ կ՛արգիլեն մարդոց այլ երկրի քաղաքացի ըլլալ: «Իսկ Հայաստանի մէջ անոնք կը համարուին Հայաստանի քաղաքացիներ», աւելցուցած է ան:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկքաղաքացի կը համարուի այն անձը, որ Հայաստանի քաղաքացիութենէն բացի, ունի նաեւ այլ պետութեան մը քաղաքացիութիւն: Հայաստանի Հանրապետութեան երկքաղաքացին Հայաստանի Հանրապետութեան համար կը ճանչցուի միայն իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի: Օտարերկրացիներու համար կը գործէ Հայաստան մուտք գործելու, երկրին մէջ գտնուելու եւ բնակելու օրէնսդրական կառուցակազմ: Իսկ վարչական իրաւախախտումներուն վերաբերեալ Հայաստանի օրէնսգիրքով նոյնպէս սահմանուած է վարչական պատասխանատուութիւն` օտարերկրացիներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առանց վաւերական արտօնագիրի կամ կացութեան կարգավիճակի կամ անվաւեր փաստաթուղթերով բնակելու համար: Նոյնիսկ այն պարագային, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ունի նաեւ այլ երկրի քաղաքացիութիւն, Հայաստանի մէջ կրնայ բնակիլ առանց ժամկէտային սահմանափակման: Եթէ լրացած է անոր Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրի վաւերականութեան ժամկէտը կամ զայն կորսնցուցած է եւ տակաւին նորը չէ ստացած, որեւէ պատասխանատուութեան չ՛ենթարկուիր ան: Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու դիմում ներկայացնելու համար «ՀՀ քաղաքացիութեան մասին» Հայաստանի օրէնքով սահմանուած է ընդհանուր պայման. պէտք է լրացած ըլլայ անձի 18 տարին, ըլլայ գործունեայ, վերջին երեք տարիներուն մշտապէս բնակած ըլլայ Հայաստանիի մէջ, կարենայ արտայայտուիլ հայերէնով, ծանօթ ըլլայ Հայաստանի սահմանադրութեան:
Ոստիկանութեան Գանձած Տուգանքներով Բնակարանով Կ՛ապահովուին Զոհուած Եւ Հաշմանդամ Զինուորներու 223 Ընտանիքներ
Հայաստանի կառավարութեան նոյեմբեր 30-ի նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուեցաւ որոշման մը նախագիծը, որուն համաձայն, Երեւանի մէջ 974 միլիոն 724 հազար դրամով ձեռք պիտի բերուի 76 բնակարան եւ 525 միլիոն 276 հազար դրամ արժէքով Հայաստանի մարզերու մէջ 147 ընտանիքի պիտի տրամադրուին բնակարաններու գնման վկայագիրներ:
Այս գումարները գոյացած են ոստիկանութեան կողմէ հաւաքուած տուգանքներէ:
Այս որոշումը ընդունելով` կ՛ակնկալուի, որ հաշուառման մէջ գտնուող զոհուած (մահացած) եւ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգի հաշմանդամ զինուորներու բնակարանի կարիք ունեցող 2000 ընտանիքներէն 2017-ին անհատոյց պետական աջակցութիւն եւ բնակարաններ պիտի տրամադրուին 223 ընտանիքներու:
Յիշեցնենք, որ 20 ապրիլին նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած էր, որ զոհուած եւ առաջին կարգի հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն բնակարանով ապահովելու հարցը վերջնականապէս պէտք է լուծուի ամէնէն ուշը մինչեւ 2019-ի աւարտը:
Այնուհետեւ, յունիսի 28-ին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ դրամական նոր աղբիւրներու շնորհիւ` պաշտպանութեան նախարարութիւնը զոհուած եւ առաջին կարգի հաշմանդամ զինուորներու` բնակարանի կարիք ունեցող ընտանիքներուն բնակարան տալու ծրագիրը, 3 տարուան փոխարէն, պիտի աւարտի մինչեւ 2017-ի տարեվերջ:
Կառավարութիւնը ուսումնասիրելով ֆինանսաւորման հնարաւորութիւնները` որոշած էր ճանապարհային խախտումներէն գանձուող գումարներուն մէկ մասը (1 միլիառ դրամ) ուղղել այս հարցի լուծման:
Ո՞ր Երկիրներէն Աւելի Շատ Այցելած Են Հայաստան
2017-ի յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն աւելի քան 1,5 միլիոն զբօսաշրջիկ այցելած է Հայաստան: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն Ռուսիան առաջին տեղը կը գրաւէ Հայաստան այցելած օտարերկրեայ քաղաքացիներու թիւով:
Այս երկրի քաղաքացիներէն Հայաստան այցելած են 349.800 հոգի, ինչ որ կը կազմէ այցելուներու ընդհանուր թիւին 23 տոկոսը:
137.938 այցելութիւնով, երկրորդը Իրանն է, երրորդը` Վրաստանը, չորրորդը` Միացեալ Նահանգները, հինգերորդը` Ֆրանսան:
Դէպի Հայաստան այցելութիւններ հիմնականօրէն կատարուած են կեդրոնական եւ արեւմտեան Եւրոպայի եւ ԱՊՀ տարածաշրջանի երկիրներէն: Ծայրագոյն Արեւելքէն ցուցակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ` Ֆիլիփինները, Չինաստանը, Ճափոնը եւ Հարաւային Քորէան:
Ցուցակին մէջ այցելութիւններու թիւով ամենավերջինը Պուլկարիան է` 1.163 այցելուներով:
Տիգրան Մանսուրեան Առաջադրուած Է «Կրեմի» Երաժշտական Մրցանակին
Մեծանուն հայ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան երկու անուանակարգերու մէջ առաջադրուած է «Կրեմի» երաժշտական այս տարուան մրցանակին: Այս մասին կը յայտնէ մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական կայքը:
Մանսուրեանի հեղինակած «Ռեքուիեմ»-ը ներկայացուած է «Լաւագոյն երգչախմբային ներկայացում» եւ «Լաւագոյն ժամանակակից դասական ստեղծագործութիւն» անուանակարգերուն:
«Կրեմի»-ի առաջադրուած է նաեւ Տիգրան Մանսուրեանի արտադրող Մանֆրետ Այխըրը` իբրեւ «Տարուան արտադրող դասական ոճի մէջ»:
«Կրեմի»-ի 60-րդ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 28 յունուարին, Նիւ Եորքի մէջ:
: