Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Էրտողանի Հրամանով Թուրքիոյ Մէջ Գրաւած Են Հայ Բանաստեղծուհիին Գիրքերը
Միացեալ Նահանգներ բնակող սփիւռքահայ բանաստեղծ Սոնա Վան Երեւանի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած իր գիրքը ինչպէ՛ս գրաւած են Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփիւթնիք Արմենիա»-ն:
Ըստ անոր, նախորդ տարի թրքական կառավարութիւնը գրաւած է իր գիրքերը, որ տպագրած է հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքօլուն, որ այսօր իր գործունէութեան համար հետապնդումներու կ՛ենթարկուի Թուրքիոյ մէջ:
Սոնա Վան յայտնած է, որ տաղանդաւոր թարգմանիչ, թրքագէտ Յակոբ Չաքըրեան բանաստեղծութիւնները գնահատելով` որոշած է զանոնք թարգմանել թրքերէնի: Ստեղծագործութիւնները ուղարկած է «Պելկէ» հրատարակչութիւն, որուն ղեկավարը Ռակըփ Զարաքօլուն է, որ համարձակած է յայտարարելու, թէ անձամբ պիտի խմբագրէ ու պիտի հրատարակէ Ցեղասպանութեան մասին գիրքը:
«Եւ ան ստանձնեց այդ գործը: Շատ լաւ նախաբան գրեց, եւ գիրքը հրատարակուեցաւ 1500 տպաքանակով, մինչ այդ իմ միւս գիրքերս տպագրուած էին 1000 օրինակով: Թուրքիոյ մէջ մեծաթիւ հայեր կան, բայց ես ոչ միայն կեդրոնացած էի հայ ընթերցողին, այլեւ թուրք մտաւորականութեան վրայ», նշած է ան:
Գիրքի հրատարակումէն ետք բանաստեղծուհին սկզբունքով պիտի երթար Պոլիս` տեղւոյն մտաւորականութեան հետ հանդիպելու համար: Զարաքօլուն կազմակերպած էր ձեռնարկը, սակայն հանդիպումը այդպէս ալ չէ կայացած: «Որոշ վախ մը ունէի, բայց ես կը սպասէի այդ հանդիպման, կ՛ուզէի որոշ հարցեր բարձրացնել այդ մարդոց ներկայութեան: Սակայն իմացայ, որ Էրտողանի հրամանով փակուած են երեք հրատարակչատուներ, որոնցմէ մէկն ալ «Պելկէ»-ն էր, իսկ իմ գիրքերն ալ գրաւուած էին», ըսած է Վան:
Ըստ անոր, գրաւումէն առաջ գիրքի 100 օրինակ ուղարկուած էր Երեւան, սակայն 1400 օրինակ մնացած էր հրատարակչատան մէջ:
Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարը Ընդունած Է Լեւոն Արք. Զեքիեանը
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը ընդունած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Լեւոն արք. Զեքիեանն ու անոր ուղեկցող Եղիա վրդ. Կիլաղբեանը:
Շնորհաւորելով հիւրերը` Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակին առիթով, նախարարը ընդգծած է, որ միաբանութիւնը անփոխարինելի եւ հսկայական դերակատարութիւն ունի հայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական եւ գիտական մշակութային կեանքին մէջ: Լեւոն Մկրտչեանի խօսքով, Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ գործունէութիւն սկսելու պահէն ի վեր միաբանութիւնը բացառիկ մեծ աւանդ ներդրած է հայապահպանութեան գործին մէջ:
Լեւոն արք. Զեքիեան շնորհակալութիւն յայտնած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին` հայ ժողովուրդին հոգեւոր, մշակութային ժառանգութիւնը աշխարհին ճանաչելի դարձնելու, հայապահպանութեան եւ սերունդներու կրթութեան ապահովման գործին մէջ շեշտելով հայրենիք-սփիւռք ամուր գործակցութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի զարգացման հետ կապուած հարցեր:
Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանին Շնորհուեցաւ Լանջախաչ Եւ Վարդապետական Գաւազան
Վերջերս մայր հայրենիքի Շիրակի մարզի Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին` Մաշտոց վրդ. Զահթերեանին շնորհուած տուչութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսապետութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի: Այս տուչութիւնները ունին իրենց յատուկ իմաստն ու նշանակութիւնը, ինչպէս` վարդապետական գաւազանը, որ կը խորհրդանշէ իշխանութիւն, իսկ լանջախաչը քրիստոնէական իտէալի եւ բարոյականութեան կրողին պարգեւն է, ինչպէս նաեւ զայն կրողին հաստատակամութեան եւ հաւատարմութեան ուխտը նորոգելու հրաւէր մըն է:
ԹՈՒՄՕ-ն ԵՒ CYARK-ը Կը Կատարեն Արենիի Քարանձաւին Ու Նորավանքին Եռաչափ Նկարահանում
ԹՈՒՄՕ-ի մէջ սկսած է թուային պահպանման նոր ծրագիր մը, որուն շնորհիւ պիտի իրականացուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մէջ ընդգրկուած Նորավանքի եւ Արենիի քարանձաւի 3 տի. պատճէնահանումը (scanning) եւ մշակումը: Աշխարհի կէտերու եռաչափ պատճէնահանումով զբաղող նշանաւոր CyArk միջազգային ընկերութեան մասնագէտները այժմ Հայաստան կը գտնուին եւ ԹՈՒՄՕ-ի ուսանողներուն ու ոլորտի այլ մասնագէտներու հետ սկսած են 3D նկարահանման գործընթացին:
«Իմ Հայաստան» ծրագրի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ ֆինանսաւորուող, Սմիթսոնիըն հիմնարկի եւ ԹՈՒՄՕ-ի կողմէ իրականացուող ծրագիրը սկսած է 23 հոկտեմբերին: LiDAR method-ին ծանօթանալէ ետք մասնակիցները կատարած են նկարելու առաջին փորձերը` Թումանեանի զբօսայգիին մէջ: 25 հոկտեմբերին խումբը պիտի ուղեւորուի Նորավանք եւ Արենիի քարանձաւ` իրականացնելու համար եռաչափ նկարահանումը, իսկ աւելի ուշ պիտի զբաղի հաւաքուած նիւթերու մշակումով:
Եռաչափ պատճէնահանումը վերջին տարիներուն աշխարհի մէջ մեծ տարածում գտած արհեստագիտութիւնն է, որուն շնորհիւ` աշխարհի կարեւորագոյն պատմական եւ մշակութային կոթողները այժմ կարելի է ընդմիշտ պահպանել թուային դրութեան մէջ:
Սահմանամերձ Մարտիրոս Գիւղը Ամբողջութեամբ Լուսաւորուած Է
Աւելի քան 700 տարուան պատմութիւն ունեցող եւ պատմական մշակութային արժէքներով հարուստ Վայոց Ձորի սահմանամերձ Մարտիրոս գիւղը 1990-ական թուականներէն մնացած էր մութ փողոցներով: Երկու փուլով իրականացուած ծրագիրին շնորհիւ` իրավիճակը արմատապէս փոխուած է:
Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գործակցութեամբ իրականացուող «Այլընտրանքային ուժանիւթ» նախագիծի ծիրին մէջ, տակաւին 2016 թուականի աշնան Մարտիրոսի մէջ տեղակայուած էր 52 Լետ լամբեր` լուսաւորելով 1716 մեթր երկարութեամբ տարածք: Ընթացիկ տարուան ծրագրին երկրորդ փուլով ուժանիւթ խնայող արտաքին լուսաւորութեան Լետ լամբերուն թիւը աւելցած է եւս 38-ով, որուն շնորհիւ լուսաւորուած է ամբողջ գիւղը:
Լուսաւորուած է նաեւ հին գիւղին տարածքը, ուր գործող եկեղեցին այլեւս այցելուներ ունի: Ժամանակակից համակարգի գործարկման մասնակցած են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեանը, Զառիթափ համայնքի ղեկավար Սիմոն Բաբայեանն եւ գիւղի բնակիչները:
«Ժամանակի եւ հանգամանքներու բերումով, մայրաքաղաքի եւ յատկապէս սահմանամերձ գիւղերու զարգացման թափին միջեւ մեծ տարբերութիւն արձանագրուած է: Այս կը խանգարէ երկրին համաչափ զարգացումը: Գործընկեր կառոյցին հետ, տարբեր ծրագիրներով, տարիներու մեր ջանքերը ուղղած ենք մարզերու մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացման: Ուրախ ենք արձանագրելու, որ այս գիւղին մէջ եւս արտաքին լուսաւորութեան հարցը յաղթահարուած է` ապահովելով բնակիչներու անվտանգութիւնը: Այս ամէնէն կարեւոր, սակայն միակ առաւելութիւնը չէ. համայնքին մէջ ուժանիւթ խնայող համակարգին տնտեսական արդիւնաւէտութիւնը կրնան գնահատել յառաջիկային», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
Բնապահպանական եւ ուժանիւթ խնայող Լետ լամբերու շահագործումը տնտեսապէս արդիւնաւէտ է պիւտճէական համեստ միջոցներ ունեցող գիւղերուն համար: Այսպիսի համակարգի օգտագործումը 80 տոկոսով կը նուազեցնէ ուժանիւթի ծախսը` թեթեւցնելով համայնքի նիւթական բեռը: Տնտեսուած գումարները կրնան նպատակաուղղուիլ այլ խնդիրներու լուծման:
Լուսատուները գիւղի փողոցները պիտի լուսաւորեն ամառները` ժամը 21:00-12:00, իսկ ձմեռները` 18:00-23:00: Տօնական օրերուն լուսաւորութիւն պիտի ապահովուի ամբողջ գիշերը:
Ստորագրուած Է «Երեւան` Խելացի Քաղաք» Ռազմավարական Ծրագիրի Եռակողմ Յուշագիրը
Երեւանի քաղաքապետարանը, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու գործատուներու միութիւնը կնքած են համագործակցութեան եռակողմ յուշագիր, որով իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են միացեալ ջանքերով աջակցիլ «Երեւան` խելացի քաղաք» ռազմավարական ծրագրի իրագործման:
Յուշագրին համաձայն, Երեւանի քաղաքապետարանը, ի դէմս` քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի, պատրաստակամութիւն յայտնած է «Երեւան` խելացի քաղաք» ծրագրի մշակման եւ իրականացման յանձնախումբին միջոցով կազմակերպել կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ձեռնարկներ, որոնք պիտի նպաստեն քաղաքային տնտեսութեան կառավարման բոլոր բնագաւառներուն մէջ առկայ հարցերուն եւ առօրեայ կենսագործունէութեան ապահովման նորարարական լուծումներու մշակման:
Համագործակցութեան յուշագիրը ստորագրած «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը, իր կարգին, ընկերային ներդրումներու իր ծրագրի շրջանակներուն մէջ, կ՛աջակցի «Երեւան` խելացի քաղաք» նախագիծով նախատեսուած միատեղ ծրագիրներու իրականացման, որոնք նորարարական լուծումներու վրայ հիմնուած ենթակառուցուածքներու ստեղծման միջոցով պիտի նպաստեն Երեւան քաղաքի հետագայ զարգացման:
«Ժամանակակից քաղաքը անհնար է պատկերացնել` առանց արդի արհեստագիտական լուծումներու վրայ հիմնուած ենթակառուցուածքի: Տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու դերը մեծ է քաղաքային տնտեսութեան զարգացման մէջ: Այդ արհեստագիտութիւնները պէտք է ծառայեն քաղաքի բնակիչներուն` ապահովելով առաւել յարմարաւէտ պայմաններ», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու գործատուներու միութիւնը, յանձինս` նախագահ Արմէն Բալդրեանի, յուշագրի ստորագրման շրջանակներուն մէջ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է միութեան անդամներուն միջոցով մասնակցիլ «Երեւան` խելացի քաղաք» ծրագրի մշակման եւ իրականացման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` աջակցիլ քաղաքապետարանին կողմէ իրականացուող բոլոր այն ձեռնարկներուն, որոնք պիտի նպաստեն քաղաքային տնտեսութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ նորարարական լուծումներու կիրարկման: