Անդրադարձ

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Երկու Ափսոսանք… (Գիրք Նուիրելու Եւ Մայրենի Լեզուին Օրուան Առիթով)

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Վա՜յ այն սերունդին, որ հայ գիրքն ու լեզուն կը նկատէ աւելորդ բեռ ու ժամանակի կորուստ, իսկ հայօրէն ապրելու մտայնութիւնը` («ԱԶԴԱԿ», 22-2-2023) Կար ժամանակ, գէթ երեսնամեակ մը առաջ, հայ գիրքն ու մայրենին հանգիստ կը շնչէին իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, որովհետեւ այս երկու արժէքները ձեւով մը ի պատուի էին, գուրգուրացող ունէին, անոնց հանդէպ սէրն ու յարգանքը իրաւութեամբ թաթաւուն էին, զիրենք...

Անզուգական Դպրապետիս Յիշատակին.  Գէորգ Ա. Սրկ. Պէպէճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով

Անզուգական Դպրապետիս Յիշատակին. Գէորգ Ա. Սրկ. Պէպէճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով

ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Յիշատակովդ, այս գիշեր, կը զգամ անչա՛փ զիս հարուստ, Այնչափ բարի, երջանիկ... որ գթութեամբ մը անհուն` Կը մտածեմ զայն բաժնել երկրի բոլո՜ր խեղճերուն...» ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ Կեանքի փիլիսոփայութեան մէջ երբեմն մեր միտքը կը խճողեն այնպիսի հարցադրումներ, որոնց պատասխանը նոյնիսկ պրպտումներով դժուար կարելի կ՛ըլլայ գտնել: Այդ հարցադրումներէն մէկը մեզմէ շատերուն մօտ կը յայտնաբերուի, որն է` ինչո՞ւ տարաժամ հրաժեշտներ կը պատահին...

Զաւէն Խանճեան` Դիւանագէտի Կարողութեամբ Օժտուած Ղեկավարն Ու Եռանդուն Մտաւորականը…

Զաւէն Խանճեան` Դիւանագէտի Կարողութեամբ Օժտուած Ղեկավարն Ու Եռանդուն Մտաւորականը…

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ Ազգային մեր կեանքին մէջ ցարդ չտեսնուած երեւոյթ մըն էր, որ մտաւորականի մը ու համայնքային ղեկավարի մը մահուան տխուր առիթով հրապարակային այնքան ելոյթներ ու անդրադարձումներ կատարուին: Զաւէն Խանճեան, Ռազմիկ Դաւոյեան, Խոսրով Ասոյեան ու Պօղոս Գուբելեան կ՛այցելեն Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան զոհերու կոթողը:   Սրտաճմլիկ, տխուր այդ առիթով գրեթէ ամէն ինչ ըսուեցաւ մեր գրչակից ընկերոջ`  Զաւէն Խանճեանին գրական, համայնքային կեանքն ու  գործունէութիւնը յատկանշող...

Ռուբէն Վարդանեան Մերժեց Դատական Շինծու Նիստին Մասնակցիլ Եւ Հացադուլ Յայտարարեց

Ռուբէն Վարդանեան Մերժեց Դատական Շինծու Նիստին Մասնակցիլ Եւ Հացադուլ Յայտարարեց

Անօրինաբար Պաքուի բանտին մէջ գտնուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ընտանիքին հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին փոխանցեց միջազգային հանրութեան ուղղուած իր յայտարարութիւնը` իբրեւ նշան կեղծ դատավարութեան դէմ բողոքի. «19 փետրուարի, 2025թ. «Ես որոշում եմ կայացրել հացադուլի միջոցով բողոքս յայտնել ի նշան իմ նկատմամբ իրականացուող դատական ֆարսի (զաւեշտին): Սա իմ պատասխանն է միջազգային իրաւունքի եւ Ազրպէյճանի դատավարական իրաւունքի նորմերի կոպտագոյն...

Սփիւռքը Քանի՞ Օրաթերթ Ունի

Սփիւռքը Քանի՞ Օրաթերթ Ունի

 Լ. Շ. Կար ժամանակ, երբ սփիւռքի տարածքին լոյս կ՛ընծայուէին աւելի քան 15 հայատառ օրաթերթեր: Պատկերը այդպէս էր գո՛նէ մինչեւ 80-ականներու վերջերը կամ 90-ականներու կէսերը: Այդ օրաթերթերը ունէին իրենց հաւատարիմ աշխատակիցներն ու նո՛յնքան հաւատարիմ ընթերցողները, որոնք պատկառելի թիւ մը կը ներկայացնէին: Օրինակ, Բ. Աշխարհամարտի նախօրէին Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին տպաքանակը 5000-ի շուրջ եղած է: Քանի սահեցան տասնամեակները, հայախօսութեան նահանջին ու հայերէն ընթերցումի...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Տան Պէս Մաքուր Պահենք Մեր Թաղերը, Մեր Շրջապատը

Թէ Ինչպէ՞ս Գիրքեր Ունեցայ

ԿԻՒԼԷՆ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Չեմ գիտեր` այդ օրերուն ինչպէ՛ս պատահեր է, որ հօրեղբայրս իր չորս զաւակներէն մէկը մեծ հօրս անունով չէր կոչած: Պարտադիր օրէնքի պէս բան մըն էր, որ տղաքը իրենց անդրանիկ տղայ զաւակը անուանէին իրենց հօր անունով: Ինձմէ ետք, երբ եղբայրս լոյս աշխարհ եկաւ, անունը որոշուած էր արդէն. ան պիտի կրէր մեծ հօրս անունը: Ինձմէ պզտիկ էր, բայց քանի որ տղայ...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Հայաստանի Խորհրդարանի Նախագահը Կը Նախընտրէր, Որ Բոլոր Արցախցիները Սպաննուած Ըլլային

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Հայաստանի պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարները հատեցին բոլոր կարմիր գիծերը: Արցախը յանձնելէ ետք, անոնք ներկայիս կը վտանգեն Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը: Այս տագնապալի զարգացումը իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ողջ ղեկավարութեան մեղքն է, սկսեալ` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն,  հասնելով մինչեւ անոր նախարարները, Ազգային ժողովի նախագահն ու խորհրդարանական մեծամասնութիւնը: Արցախի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանին յանձնելու Փաշինեանի համաձայնութիւնը ապօրինի էր, քանի որ ան իրաւասութիւն չունէր Արցախի վերաբերող:...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Արցախ Այցելած Թուլսի Կեպըրտ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէն` Նախագահ Թրամփի Ամէնօրեայ Տեղեկահաւաքի Զեկուցող Խորհրդատու

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Վերոնշեալ տնօրէնին կայքէջը այսպէս կը նկարագրէ պաշտօնը (1). «Ազգային հետախուզութեան տնօրէնը (Director of National Intelligence) կը ծառայէ իբրեւ ԱՄՆ-ի հետախուզական համայնքի ղեկավար` վերահսկելով եւ ղեկավարելով Ազգային հետախուզական ծրագիրի իրականացումը եւ հանդէս գալով իբրեւ նախագահին, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին եւ Հայրենիքի անվտանգութեան խորհուրդին գլխաւոր խորհրդական` անվտանգութեան հետ կապուած հետախուզական հարցերով (Սի Այ Էյ, Էֆ Պի Այ եւ Հոմլենտ սեքիւրիթի*): Նախագահը...

Քննական Ակնարկ` Դաշնակցութենէն Ցոլարձակուող Ներուժին…

Խոստանալն Ու Խոստումը Յարգելը Երկու Տարբեր Յատկանիշներ Են…

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ Մարդկութիւնը յուզող համաշխարհային բազմապիսի տագնապներու խորքին եկաւ անսպասելի դէպք մըն ալ աւելնալու` Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնները իրենց բոլորովին չսպասուած, անակնկալ արդիւնքով ու հետեւանքներով: Կարելի է անվարան ըսել, որ դեմոկրատները իրե՛նք բուն յանցաւորները հանդիսացան կատարուածին` նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու նշանակելով Պայտընի խառնածին ու ժպտերես փոխնախագահ Քամալա Հարիսը, զոր ժամանակին, երգիծախառն հպումով` Քարամել կոչած էինք: Շատ չանցած` համովիկ այդ քարամելն ալ կոկորդնիս...

Պատերազմի Երրորդ Տարեդարձի «Նուէր».  Հիմա Ի՞նչ Կ՛ըսեն Ուքրանացիներուն…

Պատերազմի Երրորդ Տարեդարձի «Նուէր». Հիմա Ի՞նչ Կ՛ըսեն Ուքրանացիներուն…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միջազգային լրատու աղբիւրներու տարածքին քանի մը օր առաջ ի վերջոյ պայթեցաւ քաղաքական այն ռումբը, որ կը սպասուէր Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տուն մուտքէն առաջ իսկ եւ կը կրէ Թրամփ-Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն խորագիրը: Չենք ուզեր այս սիւնակը ծանրաբեռնել այն մանրամասնութիւններով, որոնց մասին խօսեցան Թրամփ եւ Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի բանբերները (չենք ալ ուզեր այժմէն հարցականներ գծել, թէ խօսուածներէն ի՞նչ բան պիտի...

Արցախեան Շարժման 37-Ամեակ.  Արցախցի Ժողովուրդին Պատմական Որոշումը` Հայաստանին Վերամիանալու

Արցախեան Շարժման 37-Ամեակ. Արցախցի Ժողովուրդին Պատմական Որոշումը` Հայաստանին Վերամիանալու

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խորհրդային իշխանութիւններու հռչակած հրապարակայնութեան եւ վերակառուցման քաղաքականութեան ընձեռած հնարաւորութենէն օգտուելով, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ 1987-ին համընդհանուր ստորագրահաւաք սկսաւ` պահանջելով Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը վերադարձնել Խորհրդային Հայաստանի: Արցախցի հայերու պատուիրակութիւնը ստորագրութիւնները, նամակներն ու պահանջները 1 դեկտեմբեր 1987-ին փոխանցեց Մոսկուա` համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի ընդունարան: Խորհրդային իշխանութիւններուն հասցէագրուած շուրջ 80 հազար ստորագրութիւն հաւաքուած էր: Զօրի Բալայեանի եւ Իգոր Մուրատեանի աջակցութեամբ,...

Սթափելու Ժամանակը

Դէպի Նոր Աշխարհաքաղաքական Բեւեռացում

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 18 փետրուար 2025-ին Իսրայէլ նահանջեց Հարաւային Լիբանանի մէջ իր գրաւած գիւղերէն, սակայն պահեց ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հինգ յենակէտեր: Լիբանան բողոք ներկայացուց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, զինադուլի համաձայնութեան խախտումին համար: Զինադուլի համաձայնութեան ամբողջական նահանջի ժամկէտը արդէն անգամ մը փոխուած էր, Իսրայէլի պահանջով: Պատրուակելով Իսրայէլի ապահովութեան պահպանումը, այդ երկիրը կ՛արհամարհէ ամէն համաձայնութիւն եւ չի գործադրեր միջազգային օրէնքով ճշդուած որեւէ պայման: Անպատիժ,...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տոմս. «Հաքա Պատրի…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ամէ՛ն անգամ, որ Նիկոլ Փաշինեան բերանը բանայ եւ նոր «հնարք» մը նետէ ժողովուրդին, կը մտաբերեմ արաբական ծանօթ խօսք մը` «Հաքա Պատրի ուա ինշարահա սատրի», որ կը նշանակէ` «Պատրին խօսեցաւ եւ հոգիս հանգստացաւ»: Պատրին սնամէջ, անմիտ, տխմար մարդ մըն է, որ ընդհանրապէս լուռ կը մնայ, իսկ երբ ի վերջոյ խօսի, ապուշ-ապուշ դուրս կու տայ: Յիշեալ խօսքին երկրորդ բաժինը, թէ`...

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

Ցուցամոլութիւնը` Խորհրդանիշ Ներքին Պարապութեան

ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Ցուցամոլութի՜ւն: Տարածուած մարդկային ախտ: Ցուցամոլը ան է, որ «երեւիլ» կը սիրէ: Ան է, որ կարծէք երկա՜ր տարիներ անտեսուելէ ետք, պարտադրաբար ինքզինք փաստել կ՛ուզէ, բայց այդ ժամանակին մէջ չենք այլեւս: Եթէ կ՛ուզենք մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել, ուրեմն պէտք է օժտուած ըլլանք հետեւեալ երեք առաքինութիւններով. նկարագիր, գիտութիւն եւ ուժ: Եկէ՛ք, անկեղծ ըլլանք. աշխարհի վրայ չկայ անհատ մը, որ իր...

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը.  Ապստամբութիւն Մը, Որ Հայացուց Հաւաքական Կամքի Բոլոր Արտայայտութիւնները (104-Ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ապստամբութիւն Մը, Որ Հայացուց Հաւաքական Կամքի Բոլոր Արտայայտութիւնները (104-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կեանքի արագասոյր թաւալքին առընթեր, բարեբախտաբար, դեռ որոշակի եւ հնչեղ ներկայութիւն են պատմական այնպիսի դիպաշարեր, որոնք սեփականութիւնն են եղած ազգի մը, որ բազմադարեայ մաքառումներուն շնորհիւ կրցած է պահպանել իր եզակի դիմագիծը, ինքնուրոյն պահուածքն ու ազգային արժանապատուութիւնը: Այլ ըսած, խօսքը կը վերաբերի հաւաքական արժեհամակարգի մը, որ դարերու դրոշմը կը կրէ ցարդ ու դաժան փորձութիւններէ անցած ըլլալով` կը շարունակէ յոյս ու...

104-Ամեակ Փետրուարեան Ապստամբութեան.  Փետրուարեան Հակաբոլշեւիկեան Հերոսական Ապստամբութիւնը

104-Ամեակ Փետրուարեան Ապստամբութեան. Փետրուարեան Հակաբոլշեւիկեան Հերոսական Ապստամբութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Փետրուարեան ապստամբութիւնը համաժողովրդային արդար ցասումի արտայայտութիւն էր: Արդարեւ, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1920 դեկտեմբերին, բոլշեւիկեան յեղկոմը` Սարգիս Կասեանի գլխաւորութեամբ եւ զինուորական գործերու ժողովրդական կոմիսար Աւիս Նուրիջանեանի ու Չեկայի (արտակարգ յանձնաժողով) նախագահ Գէորգ Աթարբէկեանի անմիջական ղեկավարութեամբ, ձեռնարկեցին բռնութիւններու` «Կեցցէ քաղաքացիական կռիւը» եւ «Պէտք է գլխատել Դաշնակցութիւնը» կարգախօսներով: Ժողովուրդին թալանը եւ պաշտօնական կողոպուտը կ՛իրականացուէին «Բուրժուազիային պէտք է սեփականազրկել ունեցուածքից» կարգախօսով: Հայկական...

Նոր Գիրքերու Հետ.  Վազգէն Էթիեմեզեանէն «Եռահատոր» Մը`  «Գրական Եւ Իմացական Էջեր»  (Խմբագիր Յարութ Պէրպէրեան)

Նոր Գիրքերու Հետ. Վազգէն Էթիեմեզեանէն «Եռահատոր» Մը` «Գրական Եւ Իմացական Էջեր» (Խմբագիր Յարութ Պէրպէրեան)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 2024-ի կէսերուն լոյս տեսաւ թանկարժէք հատոր մը, որ կը կրէ «Գրական եւ իմացական էջեր» խորագիրը եւ կը մէկտեղէ սփիւռքի 20-րդ դարու յիշարժան, բայց համեստ մտաւորականի մը` Վազգէն Էթիեմեզեանի գրիչի վաստակէն 74 կտոր: 524 էջերու վրայ տարածուող գիրքը որակեցինք «եռահատոր», որովհետեւ ունի ներքին երեք բաժանումներ, որոնք կրնային այլապէս լոյս ընծայուիլ առանձնաբար` նկատի ունենալով իրենց նկարագիրն ու բնոյթը: Սակայն լա՛ւ...

Տեառնընդառաջի Տօնէն Ետք…  Աստուածընծայում

Տեառնընդառաջի Տօնէն Ետք… Աստուածընծայում

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Ամէն տարի Հայ եկեղեցին 14 փետրուարին Տեառնընդառաջը կը տօնէ որպէս «Տօն քառասնօրեայ գալստեանն Քրիստոսի ի տաճարն», ինչպէս տօնացոյցը կը սահմանէ. այսինքն` տօն մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմի տաճար ընծայումին, իր ծնունդէն քառասուն օր ետք, որուն մասին կը կարդանք Աւետարան ըստ Ղուկասի 1.22-38-ին մէջ: Մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր երգերու գանձարանին մէջ կայ «Մեծացուսցէ» բնորոշումը կրող շարականներու շարք...

Ճորճ Օրուելը` Այսօրուայ Հայաստանի Մասին

Ճորճ Օրուելը` Այսօրուայ Հայաստանի Մասին

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ «Ջնջէ՛ք ժողովրդի անցեալը, եւ դուք կը վերահսկէք նրա ապագան» ՃՈՐՃ ՕՐՈՒԵԼ Պատմութեան հաւաքական ընկալումը միշտ էլ առանցքային է եղել հայ ազգի գոյատեւման համար: Անցեալը կարեւոր է: Պատմութիւնը կռում եւ ամրապնդում է ազգային ինքնութիւնը: Այն ոչ միայն լոյս է սփռում ներկայ իրողութիւնների վրայ, այլեւ հիմք է ստեղծում` ազգային ինքնութեան հետ համատեղելի ապագայ կառուցելու համար: «Անցեալը» խեղաթիւրելը, նենգափոխելն այն, թէ...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Կ՛ըսեն, Թէ Էրտողան Յոյն Հայամէտ Անիշխանականի Ժառանգորդ Է

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Տարիներու ընթացքին թրքական մամուլին մէջ հրապարակուած են բազմաթիւ յօդուածներ, ուր կը նշուի, թէ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ հայկական կամ քրտական ծագում ունին: Այս պաշտօնատարները յաճախ կտրականապէս հերքած են այդ պնդումները, երբեմն ալ անտեսած են զանոնք` անոնց վրայ յաւելեալ ուշադրութիւն հրաւիրելէ խուսափելու համար: Օրինակ, քանի մը տարի առաջ, երբ կը յայտարարէին, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հայկական ծագում ունի, ան...

Page 98 of 808 1 … 97 98 99 … 808

Արխիւներ