Անդրադարձ

Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

Վարդանանցով Արմատաւորուած Հայու Մարտնչող Ու Չյանձնուող Նկարագիրը Վերականգնելու Անհրաժեշտութիւնը

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ ... Մեր փոքրիկներուն պէտք է սորվեցնել, թէ դուք հայրենիք ունիք, յափշտակուած հայրենիք. անոնց ամէն բան պէտք է սորվեցնել. գիտութիւն, լեզու, նկարչութիւն, բայց ամէն բանէ առաջ եւ ամէնէն վեր մէկ բան սորվեցնել` հայութիւն... ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ   1574-րդ տարին է, որ կը նշենք Վարդանանց ճակատամարտը: Ինչո՞ւ այսքան կարեւորութիւն տալ պատմական դէպքի մը, որ ժամանակի, աշխարհագրական, քաղաքական եւ ռազմավարական առումով ոչ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Աւարայրը` Զրա՞հ, Թէ՞ Խանդավառող Հեքիաթ (Վարդանանց – 451 Թ.)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Խորագիրը ոչ մէկ միտում կը պարփակէ,  նսեմացնելու Հայոց պատմութեան մէջ իր եզակի տեղը ունեցող դիպաշարի մը, որ թէեւ դարերու հնութիւն ունի, բայց եւ այնպէս ամրօրէն կառչած է ազգային մեր պարունակին, արժանապատուութեան, գիտակցութեան եւ հաւատամքին: Զարմանալիօրէն, հայոց հաւաքական մտածողութիւնն ու յիշողութիւնը կրցած է պաշտպանել եւ նոյնիսկ արդարացնել ինքզինք, երբ հարցը առնչուած է Վարդան Մամիկոնեանին, անոր մղած հերոսամարտին եւ թէկուզ...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Վասակեան «Իրապաշտութի՞ւն» Թէ՞ Վարդանեան «Գաղափարապաշտութիւն» (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Ամէն տարի աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը տօնէ Վարդանանց տօնը, որ մեր ազգային տխրամած էջերը լուսազարդող հոյակապ դէպք մըն է: Աւարայրի ճակատամարտով սկսող Վարդանանց պատերազմը տեղի ունեցաւ 451 թուականին, Տղմուտ գետի ափերուն, Շաւարշանայ դաշտին վրայ, ուր նահատակուեցան 1036 հայրենանուէր մարտիկներ` գլխաւորութեամբ հայոց ազգային հերոս Վարդան Մամիկոնեանի: Վարդանանց պատերազմը մեր ազգային կեանքին մէջ ճգնաժամի մը հետեւանք էր, երբ...

Հետաքրքրական. Վարդան Մամիկոնեանի Յիշատակը` Ամէնուրեք

Հաւատքը Նոր Օրերու Փորձաքարին Դիմաց

«Մեր ճիգերը փշրանքներ են միայն մեր կեանքի վերականգնումի փորձերուն մէջ»: Յ. ՕՇԱԿԱՆ   ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ - ԽՏԸՇԵԱՆ Վարդանանքը հաւատքի տօնակատարութեան ազգային օր է: Տասնհինգ դարէ ի վեր կը նշենք եւ ամէն տարի անշեղօրէն կ՛արտայայտենք  մեր հիացմունքն ու ակնածանքը այն խորունկ հաւատքին համար, զոր Վարդան եւ վարդանանք ցուցաբերած են 451 թուականին: Այս առթիւ մենք մեզի հարց կու տանք  թէ ինչի՞ կը...

37 Տարի Առաջ.   Սումկայիթի Հայերու Կոտորածը

37 Տարի Առաջ. Սումկայիթի Հայերու Կոտորածը

Ա. Մ. Արցախեան շարժումը կանխելու առաջադրանքով Ազրպէյճան որոշեց արիւնալի գործողութիւններով ու ջարդերով ահաբեկել հայութիւնը: Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան առաջին զոհը եղաւ Սումկայիթ քաղաքի հայ բնակչութիւնը: Պաքուէն հիւսիս, Կասպից ծովու ափին գտնուող քաղաքը 224 հազար բնակչութիւն ունէր, որուն 18 հազարը հայեր էին: Սումկայիթի մէջ կիրքերը բորբոքելու համար հակահայ տրամադրութիւններ հրահրուեցան եւ ստայօդ լուրերը տարածուեցան, որ իբրեւ թէ Հայաստանի մէջ ազրպէյճացիներու զանգուածային սպանութիւններ...

Աններելի Եւ Նոյնքան Դատապարտելի Են Գործող Վարչապետին Անպատասխանատու Յայտարարութիւնները

Վարդանանց Եւ Ղեւոնդեանց Ոգին Պիտի Շարունակէ Հպարտութեամբ Լեցնել Իւրաքանչիւր Հայրենասէր Հայու Սիրտը

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Վարդանանց հերոսամարտը առյաւէտ պիտի մնայ Հայոց պատմութեան ազգապանծ էջերէն մէկը: Հայ ժողովուրդը միշտ ալ հպարտութեամբ ոգեկոչած է Վարդանանց յիշատակը: Աւարայրի հերոսամարտը դարեր շարունակ ոգեշնչած է սերունդներ: Աւանդութեան համաձայն, հայ ժողովուրդը այս օրերուն կ՛ոգեկոչէ Սահակ հայրապետի, Ղեւոնդեանց քահանայից, Սուրբ Վարդան զօրավարի եւ հազար երեսունվեց նահատակներուն յիշատակը: Վարդանանքը ազգային-քաղաքական առաքինութեան ուղիներ պատգամած է հայ ժողովուրդին: Հայ ժողովուրդը միշտ արժեւորած է...

Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Վասն Հաւատոյ Եւ Վասն Հայրենեաց

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցին պատմութեան ընթացքին միշտ հայրենիքի պաշտպանութեան առաջին շարքերուն վրայ գտնուած է: Հայրենիքը Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւ է եւ անոր պաշտպանութիւնը սուրբ գործ է: Հայ ժողովուրդը քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ընդունող առաջին ազգը եղաւ: Հայաստան քրիստոնէացաւ: Քրիստոնէական հաւատքէն ծնունդ առաւ հայ դպրութիւնն ու մշակոյթը եւ քրիստոնէութիւնը հայացաւ: Հայ եկեղեցին դարձաւ մեր ազգային ինքնութեան միջնաբերդը: Ան սերտօրէն միահիւսուած է հայ կեանքին...

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովի Ընդառաջ. Կազմակերպական Կառոյցի Արդիականացում Ի Խնդիր 21-րդ Դարուն Համահայկական Զօրաշարժի Վերաշխուժացման

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովի Ընդառաջ. Կազմակերպական Կառոյցի Արդիականացում Ի Խնդիր 21-րդ Դարուն Համահայկական Զօրաշարժի Վերաշխուժացման

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր Ժողովի (ԸԺ) (1988) Դէպի Երկիր որոշումը ծնունդ տուաւ կուսակցութեան գործունէութեան նոր պատմական հանգրուանի մը, որուն յաջորդական ժամանակաշրջաններու գնահատականները տուած են ՀՅԴ 24-րդ ԸԺի յաջորդած տասը ԸԺները -վերջինը՝ 34-րդ (2022): Այս շաբաթ ընթացք առնող 35-րդ ԸԺը նոյնը պիտի ընէ անցնող եռամեակին վերաբերեալ: Այդ գնահատականներէն անկախ, կուսակցութեան 34-ամեայ գործունէութեան տարբեր ժամանակահատուածները իրենց ամենայետին մանրամասնութիւններով սպասելիօրէն տեղի...

Սթափելու Ժամանակը

ձեւախեղում ազգի ու հայրենիքի գաղափարներուն

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Այս անգամ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձով դիմեց Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին: Կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի նիստերուն ընթացքին կատարուած յայտարարութիւններէն, սփիւռքի քանի մը գաղութներու մէջ հայրենակիցներու ընտրովի խումբի մը հետ հանդիպման ընթացքին կատարուած մտորումներէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան հարկ համարած է չորեքշաբթի, 19 փետրուարին ամփոփելու ազգի, հայրենիքի եւ պետութեան մասին իր համոզումները եւ եզրակացութեամբ հանդէս գալու: Տասնչորս կէտերու մէջ ամփոփուած մտորումներուն մէջ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Հայաստանը Կը Ծփայ Դէպի Միացեալ Նահանգներ Եւ ՕԹԱՆ Արդեօք Պատճառ Պիտի Դառնա՞յ Ամբողջ Հարաւային Կովկասի Ապակայունացման

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս է խորագիրը «Ճէօֆոր»-ի` ռուսական Աշխարհաքաղաքական նախատեսումներու կեդրոնի GEOFOR Center for geopolitical forecasts, 11 փետրուար 2025-ի Ալեքսէյ Մալեանի գլխաւոր յօդուածին: Անգլերէնէ կը թարգմանեմ յօդուածը` իմ կողմէս շեղագիր ճշդումներով* եւ ընդգծումներով: «Համաշխարհային կառուցուածքային պատահարներու խորապատկերին, ինչպիսիք են` Ռուսիա-Ուքրանիա շարունակուող պատերազմը, Ասատի վարչակարգի փլուզումը, Կրինլենտը գնելու մասին նոր նախագահ Թրամփի կովարածական յայտարարութիւնները եւ Փանամայի ջրանցքը վերադարձնելու պահանջները, Հայաստանէն լուրերը կերպով...

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Տօն Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ ժողովուրդին նկատմամբ պարսից կրօնափոխութեան ու ձուլման քաղաքականութեան դէմ մղուած սրբազան պատերազմին իսկական կազմակերպիչը եւ կրօնական դիմադրութեան առաջնորդը եղաւ Սուրբ Ղեւոնդ Երէց Վանանդեցի: Ղեւոնդ Երէց Վանանդի Իջաւանք գիւղէն էր: Ան Սահակ Պարթեւ հայրապետի եւ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի առաջին աշակերտներէն էր եւ թարգմանչաց սերունդէն: Ղեւոնդ Երէց մասնակցած էր Շահապիւանի 444-ի եկեղեցական ժողովին, ուր մշակուեցան եւ վերահաստատուեցան Հայ եկեղեցւոյ ներքին...

Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

Ղեւոնդեանց Տօնին Առիթով. Այսօր Ամէնուրեք Կարիքն Ունինք Նուիրեալ, Հաւատաւոր, Խիզախ, Անաչառ, Անզիջող Ու Վեհանձն Ղեւոնդեան Հայրերու

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Այսօր որքա՜ն կարիքն ունինք բոցաշունչ ու քաջալերական խօսքեր արտասանող, խօսքերը կեանքի կոչող ու նուիրեալ ղեւոնդեան հայրերու, որոնք մեր տագնապալի պայմաններուն մէջ հաւաքականութեան դերն ու ներդրումը թերագնահատելու, նահանջի պայմաններուն հետ հաշտուելու, յանձնուելու եւ կամ ալ լռութեամբ մեղսակից դառնալու փոխարէն` պէտք է ըլլան համախմբող, նախաձեռնող, ուժերը մէկտեղող, մանրուքներով չզբաղող, քիչ խօսող եւ շատ գործող: Ամէնէն դիւրինը ձեռնածալ «դիտել»-ն ու «բան...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ի՜նչ Նոր Սահմանադրութիւն, Ի՜նչ Ընտրութիւն…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Վերջին օրերուն, մասնաւորաբար` Ուքրանիոյ շուրջ Արեւելք-Արեւմուտք սակարկութեանց նորագոյն պատկերին դիմաց, ստեղծուած է կացութիւն, որուն անհաշուելի ծալքերը, մէկը միւսը հակասող զարգացումները ի՛սկապէս որ ստեղծած են գլխապտոյտ պատճառող վիճակ: Շատ ուժեղ կը հնչեն մէկ կողմէ Ուքրանիոյ նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքի 180 աստիճանի շրջումը, միւս կողմէ` նոյն տագնապին դիմաց Ուաշինկթընի եւ եւրոպացի դաշնակիցներուն միջեւ տարակարծութիւնները (մէկը ձեռքերը կը լուայ Ուքրանիայէն ու...

Հայ Երիտասարդութիւնը Եւ Ներկայ Դարու Մարտահրաւէրները

Հայ Երիտասարդութիւնը Եւ Ներկայ Դարու Մարտահրաւէրները

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Հայ երիտասարդութիւնը հայ ազգի ողնաշարն ու զօրութիւնն է եւ անոր վստահիլը, յենիլը յաջողութեան կ՛առաջնորդէ, իսկ անտեսելը հիասթափութեան եւ ձախողութեան կը մատնէ: Առանց լաւապէս պատրաստուած երիտասարդութեան, համայնքը անդամալոյծ կը դառնայ եւ նմանապէս` երկիրը: Երբ խօսքը հայ երիտասարդութեան մասին է, պէտք է նկատի առնել Հայաստանի մէջ ապրողները եւ սփիւռքի հայ երիտասարդութիւնը: Հայրենիքի մէջ ծնած եւ հոն ապրող երիտասարդները կառչած...

Թէկուզ Տկար

Թէկուզ Տկար

ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Մինչ այս պահը, իրապաշտ ըլլալու համար, միջազգային դատարանները տկար գործիքներ են արդարութիւն վերականգնելու եւ պետութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: Տկար է անոնց ազդեցութիւնը, որովհետեւ, տեղական դատարաններու նման, միջազգային դատարաններու վճիռները գործադրելու կայացած իրաւական լծակներ ու միջոցներ չկան: Այսինքն, նոյնիսկ եթէ միջազգային կամ տարածաշրջանային դատարան մը վճիռ արձակէ, գրեթէ պետութիւններուն այդ պահու քաղաքական քմահաճոյքէն ու շահերէն կախուած է անոնց...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Երկու Տեսակ Աղքատութիւն

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Աւետարան ըստ Ղուկասու 16-րդ գլխուն 19-31 համարներուն մէջ կը կարդանք Յիսուսի պատմած «Մեծահարուստին եւ աղքատ Ղազարոսին առակը», ուր նկարագրուած հարուստ մարդը կեանքը ապրեցաւ եւ վայելեց փարթամ ու շքեղ մթնոլորտի մէջ, իսկ Ղազարոս ապրեցաւ աղքատ, անօթի եւ հիւանդկախ կեանք մը: Ժամանակ մը յետոյ երկուքն ալ մեռան: Առակը կը պատմէ, որ աղքատիկ Ղազարոսը երբ մեռաւ, «հրեշտակները զինք...

«Թղթեայ Որբուկը»

«Թղթեայ Որբուկը»

ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ-ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ «Թռչնոց բոյնը» 1923-ին: Վերջերս տիկին Տիգրանուհիէն ստացայ շնորհաւորական բացիկ մը, որուն բովանդակութիւնը ակնառու էր` գեղեցիկ գեղագրութեամբ, անսխալ ուղղագրութեամբ եւ անթերի շարահիւսութեամբ: - Հիացած եմ, տիկի՛ն Տիգրանուհի, ձեր գեղեցիկ մայրենիով: - Սիլվա՛ ջան, հօրս կը պարտիմ մայրենիին հանդէպ ունեցած բծախնդրութիւնս եւ սէրս: Հայրս Եղեռնէն վերապրող մըն էր, որուն չէր վիճակուած լիարժէք ուսում ստանալ: Ան իր ընթերցասիրութեամբ եւ սեփական ջանքերով...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Գիրքի «Գող» Կը Փնտռեմ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Շատ տարիներ առաջ էր: Հաւատացէ՛ք, հիմա նոյնիսկ անունը չեմ յիշեր, իսկ դէմքն ալ` շատ պղտոր: Հասակաւոր, վաթսունը անց հայ մըն էր, որ այդ օրերուն աչքառու էր նոյնիսկ ամերիկեան գլխարկով փողոցէ փողոց իր «պտոյտը»: Շատեր զինք կը ճանչնային իբրեւ «անկուշտ» կարդացող: Կ՛ըսէին, որ շաբաթը երկու-երեք հատոր հայերէն գիրքեր կը կարդար: Իսկ ուրիշներ ալ, իբրեւ «բարենիշ», թէեւ զինք իբրեւ «մեծ»...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Երազներուս Մէջ Յաւիտեան

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Թէ որ շրթներդ չհամբուրեն, Չյագենան պապակ շրթներս: Շրթներն հոգւոյդ կրցան վաղուց Զիս համբուրել մեղրի համով: Թէ որ ձեռքերդ զիս չեն շոյեր, Շոյանքներն սրտիդ անվերջ Զիս կը շոյեն, կը տրոփեն Սիրոյ երգեր իմ սրտիս մէջ: Թէ որ աչքերդ չուզեն ժպտիլ Երբ զիս տեսնեն ամէն անգամ, Սիրտդ, հոգիդ յար կը ժպտին Երազներուս մէջ յաւիտեան:    

Թրամփի Քաղաքականութեան Եւ Ռուս-Ամերիկեան Մերձեցման Մասին

Թրամփի Քաղաքականութեան Եւ Ռուս-Ամերիկեան Մերձեցման Մասին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ «Ռոյթըրզ» 18 փետրուարին հաղորդեց, որ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն «Էմ.Քէյ.-84» տիպի ծանր ռումբեր ստացած է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ջնջած է իր նախորդին կողմէ այդ զինամթերքի արտածման արգելքը: Թրամփ յայտարարած է, որ հակառակ զինադադարին` վերցուցած է Իսրայէլի ռումբերու արտածման արգելքը, որովհետեւ կը հաւատայ «ուժի միջոցով խաղաղութեան», գաղափար մը, որ ան առաջին անգամ յայտարարած էր յունուար 2017-ին, Միացեալ...

Page 97 of 808 1 … 96 97 98 … 808

Արխիւներ