Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատկերներ` Ահաւոր Ողբերգութենէ Մը

Սեպտեմբեր 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

11988252_1069149226443274_2067150894053802807_n

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Այս տողերուն ընկերացող քանի մը լուսանկարները բնականաբար անկարող են ցոյց տալու օր ըստ օրէ ահագնացող այն ողբերգութիւնը, որ աշխարհս կ’ապրի վերջին աւելի քան տասը տարիներուն, չըսելու համար` վերջին աւելի քան քառորդ դարուն, սկսեալ այն օրէն, երբ տագնապներու ցուցակին վրայ, Վիեթնամի, Քորէայի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի այլ երկիրներու իբրեւ յաջորդներ, արագօրէն աւելցան Աֆղանիստանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Լիպիոյ, ափրիկեան երկվեցեակ մը երկիրներու անունները, իսկ Եմէնի անունը վերջին ամիսներուն եղաւ նորագոյն «նուաճումը»…

Աշխարհը, մասնաւորաբար եւրոպական երկիրները փոթորկած են: Միայն այս տարեշրջանին աւելի քան 300 հազար բռնագաղթուածներ ողողած են եւրոպական երկիրներ` արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք, ստեղծելով մարդկային ահաւոր ողբերգութիւններ, տնտեսական ու ընկերային անասելի հարցեր: Ողբերգութիւնը վերածուած է անթիւ երեսներով «ադամանդ»-ի մը, երեսներէն իւրաքանչիւրը` միւսէն աւելի արիւնալի, անմարդկայնութիւն արտացոլացնող:

Օրը նոր, մութ ու կարմիր պատմութիւն մը` նոր:

Եւրոպական ցամաք հասնողները բախտաւոր կը սեպուին, որովհետեւ հազարաւորներ, Միջերկրականը կտրելու պահուն, ջրամոյն կ’ըլլան, եւ անոնց թիւը կը գումարուի քաղաքներու մէջ ինկող զոհերու թիւին վրայ: Սուրիացի խեղդամահ անմեղ մանուկի մը պատկերը ցնցեց աշխարհն ու միլիոնաւորներուն խիղճերը. իսկ եթէ բոլոր խեղդամահներուն պատկերները ցուցադրուէին ամէն օր, խիղճերը պիտի… բթանայի՞ն, զգայազրկուէի՞ն պիտի:

ՄԱԿ-ն ու միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններ, առանձին երկիրներ կը յայտարարեն, որ կարելին կ’ընեն` դժբախտութեան մատնուողներուն օգնութեան ձեռք երկարելու համար: (Թուրքիոյ «բարերարութիւն»-ը անշուշտ ունի հակառակին աղաղակող փաստերը): Այս բոլորը` շա՛տ բարի: Անդին, մասնաւորաբար Եւրոպայի արեւելքին ու արեւմուտքին միջեւ բանավէճ ծագած է, թէ ո՛ր երկիրը ի՞նչ թիւով գաղթական պէտք է հիւրընկալէ, զանոնք ինչպէ՞ս պէտք է պատսպարել, ո՞վ պատասխանատուութեան բաժին ունի այս ողբերգութեան ստեղծման մէջ եւ, հետեւաբար, ո՞վ պէտք է աւելի մեծ պատասխանատուութիւն յանձն առնէ դարմանումի քայլերուն ու միջոցներու ապահովման ծիրին մէջ:

Բանավէճերուն մէկ բաժինը կը վերաբերի այս կամ այն երկրին կողմէ քանի՛ տարուան մէջ քանի՞ գաղթական ընդունելու կամ չընդունելու հարցին (մի՛շտ կայ աժան աշխատող ձեռքեր ներգրաւելու պատմութիւնը), մոռնալով, որ ոմանց համար ի զօրու է «մինչեւ առուն ջուր գայ…» առածին տրամաբանութիւնը:

Ողբերգութեան մէկ այլ երեսն ալ խօսքի այն աճուրդն է, որ ժողովրդային, քաղաքական ու մամուլի մակարդակներուն վրայ կը տարածուի, արդարօրէն կամ անարդարօրէն, թէ` Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները հալածանքի թիրախ են (կ’անտեսուի այն իրականութիւնը, որ տագնապին մեծագոյն ծանրութիւնը նոյնինքն իսլամներու ուսին բարձած է. սա ոճիրները չքմեղող բան չէ անշուշտ), իսլամներու թիւը աճ կ’արձանագրէ Եւրոպայի մէջ, եւրոպական երկիրներ կ’իսլամանան (իսկ թէ անոնց քրիստոնեայ ըլլալը ի՞նչ բարիք կը բերէ` այլ հարց, որովհետեւ քրիստոնէութեան արժէքները առատօրէն կը մսխուին…), իսկ ամէնէն մտահոգիչը` գաղթականներու շարքին են իսլամ ծայրայեղականներ, որոնց դէմ (իբր թէ) պատերազմ հռչակած են Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Անգլիա, մինչեւ անգամ Սէուտական Արաբիա ու դրացի արաբական երկիրներ, նաեւ թշնամի հռչակուած Սուրիան, գործակիցներ` Իրաքը, Եգիպտոսը, Լիպիա եւ ափրիկեան այլ երկիրներ:

Ո՛չ ոք մատը կը դնէ վէրքին վրայ` հարց տալու, թէ աշխարհն ու մարդկութիւնը ինչո՞ւ պէտք է ծանրաբեռնուին նման ողբերգութիւններով: Ի՞նչ պատահեցաւ, որ տասնամեակներու պատմութիւն կերտած այս ողբերգութիւնը յանկարծ ա՛յսօր հրատապ դարձաւ: Եւրոպական երկիրներ ինչո՞ւ պէտք էր սպասէին մինչեւ ողբերգութեան ա՛յս աստիճան ծանրացումը:

Հարցումներու այլ շարան մը: Ինչո՞ւ աշխարհի տարածքին, ըստ ՄԱԿ-ի ու այլ պաշտօնական տուեալներու, պէտք է ըլլան շուրջ 15 միլիոն գաղթականներ, որոնք ակամայ լքած են իրենց երկիրները` տուն, տեղ, ստացուածք, կեանքի վաստակ, սրտամօտ առարկաներ, հարազատներու գերեզմանները…

Ինչո՞ւ պէտք է գոյանան շուրջ 35 միլիոն ներքին «գաղթականներ», այսինքն իրենց բնակավայր երկրի` ապահով նկատուող մէկ այլ քաղաքն ու շրջանը տեղափոխուածներ, որոնց ճակատագիրը տարբեր չէ երկրէն հեռացողներէն, այն իմաստով, որ անոնք ալ կորսնցուցած են տուն-տեղ-ստացուածք-հարազատներ, իսկ միակ բախտաւորութիւնը իրենց հայրենիքի սահմաններէն ներս մնացած ըլլալն է (շատեր` այն միակ պատճառով, որ այլ երկիր հասնելու միջոց չեն ունեցած)…

Աւելի քան 50 միլիոն մարդ ինչո՞ւ պէտք է մատնուի մուրացկանի վիճակին, մինչդեռ մինչեւ երէկ, տուեալ երկիրին մէջ տագնապին պայթումէն առաջ, այդ գաղթականները հանգիստ ու բարեկեցիկ կեանք մը կը վարէին, ոչ ոքի կարօտ էին, նման կացութեան մատնուելու մասին չէին կրնար երեւակայել անգամ…

Պաշտօնական այս թիւերը… պաշտօնական են, այսինքն բռնագաղթի մատնուողներուն իրական թիւը վստահաբար շատ աւելի մեծ է:

12004923_1069149219776608_3209450140847277100_n

Ընդունինք. տեղ մը թիւերը կը կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը, սակայն ոչ` իմաստը: Բոլորովին այլ պատմութիւն ունին իրենց երկիրները կամովին լքող-հեռացողները: Մենք` հայերս ու մեր հայրենիքը` Հայաստանը, այս իմաստով պատկառելի՜ փորձառութիւն «շահած» ենք վերջին տասնամեակին…

Ոչ ոք կ’ըսէ, թէ այս մարդ-արարածները ինչո՞ւ պէտք է մատնուած ըլլան նման դժբախտութեան (բառը տկար է, չէ՞): Ինչո՞ւ պատերազմական գործողութիւնները ա՛յսքան տարածուն, երկարատեւ ու անվերջանալի թուացող պէտք է ըլլան, որպէսզի մարդիկ, իբրեւ կեանք փրկելու միակ միջոց, հարկադրուած ըլլան գաղթի ճամբան բռնելու: (Մարդկային արժանապատւութիւնը մեզի թոյլ չի տար բաղդատականներ ընելու այլ արարածներու նկատմամբ արդար հոգածութեան հետ):

greece-migrants_kuma-8

Կարելի է հարցումներուն ցանկը բազմապատկել ու չսպառել:

Մինչդեռ ամէնէն պարզ լուծումը կը կայանայ հոն, ուր ռազմական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցուին (պարզամիտի երեւակայութի՞ւն, սին բաղձա՞նք, արդեօք): Ո՞վ կը կասկածի, որ անիմաստ ռազմադաշտի վերածուած երկիրներուն մէջ եթէ վաղը խաղաղութիւն հաստատուի եւ վերստեղծուին ապրուստի քիչ թէ շատ տանելի պայմաններ, յաջորդ օրն իսկ միլիոնաւոր բռնագաղթուածներ կը վերադառնան իրենց տուները, կը վերաշինեն քանդուածն ու կը վերականգնեն փոշիացածը: Միակ անդառնալին զոհ գացողներն են, միլիոնաւոր զոհերը, որոնք կարմիր ներկած են 20-21 դար անցումի պատմութեան էջերը:

Ահա թէ ինչպէ՛ս կը լուծուի ահաւոր տագնապը:

Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտերը, շատ մը բաներու կողքին, նաեւ ա՛յս ճշմարտութիւնը սորվեցուցած են մարդկութեան:

Չյայտարարուած Գ. Աշխարհամարտին ելքը չի կրնար տարբեր ըլլալ:

Եւ ո՞վ կ՛ըսէ, որ խաղաղ աշխարհ մը նուազ շահաբեր է…

Սեպտեմբեր 7, 2015

 

 

Նախորդը

Արար Թիւ…

Յաջորդը

«Այն, Ինչ Կատարւում Է Այսօր Մերձաւոր Արեւելքում, Յիշեցնում Է Հայոց Ցեղասպանութեան Սարսափը». Նախարար Նալբանդեան

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?