Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսլամական Պետութենէն» Ձերբազատելու Համար Թուրքերը Նախ Պէտք Է Էրտողանէն Ազատին

Սեպտեմբեր 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թուրքիան ոչ միայն հրաժարած է միանալէ ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակիցներուն «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին, այլ վերապատրաստած, զինած եւ աջակցած է հազարաւոր ահաբեկիչներու ներթափանցման Սուրիա եւ Իրաք:

Բրիտանական «Կարտիըն» պարբերականը յայտնեց, որ մայիսին, երբ Միացեալ Նահանգներու յատուկ ուժերը արեւելեան Սուրիոյ մէջ շրջապատեցին եւ սպաննեցին «Իսլամական պետութեան» ղեկավար Ապու Սայեաֆը, յարձակման ժամանակ գրաւուած փաստաթուղթերը բացայայտեցին Անգարայի սերտ համագործակցութիւնը «Իսլամական պետութեան» հետ:

Հարիւրաւոր յօդուածներ հրապարակուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ` նկարագրելով «Իսլամական պետութեան» ցուցաբերած թրքական աջակցութեան մանրամասնութիւնները: Տանիէլ Փայփս, «Ուաշինկթըն Թայմզ»-ի մէջ հրապարակուած «Թուրքիոյ աջակցութիւնը «Իսլամական պետութեան» խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը տեղեկացնէ, որ` «Թուրքերը աւելի շատ բաներ տրամադրած են, քան` պարզապէս սահմանի հատումը. անոնք ապահոված են «Իսլամական պետութեան» եկամուտի, մատակարարումներու, վերապատրաստման եւ զէնքի առիւծի բաժինը»: Փայփս նաեւ բացայայտած է, որ «Իսլամական պետութեան» վիրաւոր զինեալները բուժուած են թրքական հիւանդանոցներու մէջ, եւ Թուրքիան «Իսլամական պետութեան» վճարած է 800 միլիոն տոլար` քարիւղի ապօրինի առաքման համար:

Փոխնախագահ Ճօ Պայտըն անցեալ տարուան հոկտեմբերին, «Հարվըրտ» համալսարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին հաստատեց Թուրքիոյ կործանարար դերը իսլամական ահաբեկիչներու աջակցութեան գործին մէջ. Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Էմիրութիւնները «հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ եւ հազարաւոր թոն զէնք նուիրած են բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին Ասատի դէմ: Այդ օժանդակութիւնները ստացողները «Նուսրա», «Քաիտա» խմբաւորումներէն էին եւ աշխարհի տարբեր մասերէ եկած ժիհատական ծայրայեղական տարրեր էին»: Փոխնախագահը նաեւ բացայայտեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մասնաւոր զրոյցի մը ընթացքին իրեն ըսած է. «Դուք ճիշդ էիք: Մենք շատ շատերուն թոյլ տուինք անցնիլ»: Պայտըն հետագային ներողութիւն խնդրեց իր հրապարակային ելոյթին համար, որպէսզի մեղմացնէ Էրտողանի զայրոյթը:

Միչըլ Փրոթերօ McClatchyDC.com կայքէն, օգոստոս 24-ին ապշեցուցիչ բացայայտումով տեղեկացուց, որ թրքական հետախուզութիւնը ահազանգած էր իսլամական ահաբեկիչներուն, որ ամերիկեան վերապատրաստում ստացած խումբ մը զինեալներ կը պատրաստուին Թուրքիայէն անցնիլ Սուրիա: 500 միլիոն տոլար արժող ամերիկեան վերապատրաստման ծրագիրի 54 շրջանաւարտներէն շատերը ժամանելնէն անմիջապէս ետք «Քաիտա»-ի «Նուսրա» ճակատին կողմէ կանգնեցուեցան եւ առեւանգուեցան:

Անցեալ ամիս, երբ Թուրքիան վերջապէս համաձայնեցաւ միանալ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին եւ «թոյլ տուաւ» Միացեալ Նահանգներուն Ինճիրլիքի ռազմակայանէն հրթիռակոծել «Իսլամական պետութեան» թիրախները, ամերիկացի պաշտօնեաներու նախնական ցնծութիւնը վերածուեցաւ սոսկումի, երբ անոնք հասկցան, որ թրքական ռազմական առաջնահերթութիւնը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քիւրտերը, այլ ոչ թէ «Իսլամական պետութիւն»-ը հարուածելն էր: Թուրքիան, հարուածելով քիւրտ զինեալները, ըստ էութեան, կ՛օգնէր «Իսլամական պետութեան», քանի որ քիւրտերը Միացեալ Նահանգներու միակ վստահելի ռազմական գործընկերներն էին այդ տարածքին մէջ:

Ուզելով խոչընդոտել անկախ Քիւրտիստան ստեղծելու քիւրտերու վաղեմի երազանքը, քիւրտերու դէմ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ լայնածաւալ արիւնալի յարձակումներ սանձազերծելով` Էրտողան յոյս ունի, որ նոյեմբեր 1-ին թուրք ընտրողները պիտի օգնեն իրեն վերականգնելու իր կուսակցութեան այս տարուան յունիսի ընտրութիւններուն կորսնցուցած խորհրդարանական մեծամասնութիւնը: Ի դժբախտութիւն Էրտողանի` քիւրտերու դէմ յարձակումները բացասական արձագանգ գտան բազմաթիւ թուրք քաղաքացիներու մօտ, որոնք կորսնցուցած էին բանակին մէջ ծառայող իրենց սիրելիները` պարզապէս նախագահին քաղաքական վարկանիշը բարձրացնելու համար:

Յուսահատութեան մէջ յայտնուած Էրտողան յառաջիկայ շաբաթներուն կրնայ դիմել եւս մէկ հնարքի: Տեսնելով, որ քիւրտերու ռմբակոծումը չի ստեղծեր ակնկալուող ժողովրդային աջակցութիւն` յառաջիկայ ընտրութիւններուն ան կրնայ հրամայել զանգուածային յարձակումներ ձեռնարկել քիւրտերու դէմ ամբողջ արեւելեան Թուրքիոյ մէջ: Իսկ ապա, իբրեւ պատրուակ օգտագործելով քաղաքացիական պատերազմը, արտակարգ դրութիւն հաստատել, կասեցնել խորհրդարանը եւ կառավարել կղերապետական օսմանեան սուլթանի երկաթէ բռունցքով:

Միացեալ Նահանգներ եւ ՕԹԱՆ-ի իրենց դաշնակիցները պարտաւոր են հնարաւոր ամէն ինչ ընել կանգնեցնելու իրենց իսկ ստեղծած հրէշը, մինչ ան պիտի ոչնչացնէ ամէն ինչ իր ճանապարհին: Էրտողան լուրջ սպառնալիք է իր սեփական քաղաքացիներուն` թուրքերուն, քիւրտերուն եւ այլոց համար, ինչպէս նաեւ ապակայունացնող ուժ է ամբողջ տարածաշրջանին համար: Արեւելեան Թուրքիոյ մէջ քիւրտ բնակչութեան վրայ վայրագ յարձակումները լաւագոյն փաստն են, թէ ինչո՛ւ քիւրտերը արժանի են անկախ պետութեան եւ չեն կրնար այլեւս հանդուրժել թրքական դաժան վարչակարգը:

Օպամայի վարչակազմը պէտք է հետեւի Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան եւ 2005-2009 թուականներուն պաշտպանութեան փոխնախարար Էրիէ Էտըլմընի իմաստուն խորհուրդին: «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ օգոստոս 27-ին հրապարակուած իր յօդուածին մէջ Էտըլմըն կ՛առաջարկէ, որ Միացեալ Նահանգներ «սահմանափակեն Թուրքիոյ մասնակցութիւնը բարձր մակարդակի հանդիպումներուն, կրճատեն հետախուզական համագործակցութիւնը եւ մերժեն ամերիկեան աջակցութիւնը Թուրքիոյ միջազգային դրամական հաստատութիւններու մէջ: Այս եւ շատ մը այլ քայլեր պէտք է ձեռնարկուին յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին` մինչեւ նոյեմբերին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի խմբագրական խորհուրդը օգոստոս 31-ի խմբագրականին մէջ Էրտողանի քաղաքական հնարքները բնութագրեց իբրեւ փորձ` «փրկելու իր յաւակնութիւնները` մենատիրական կառավարումը եւ մեծապէս ընդլայնուած լիազօրութիւնները շարունակելու համար»:

Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան հիմնախնդիրը սահմանափակելու, այդ երկիրներուն մէջ կայունութիւնը վերականգնելու եւ Թուրքիոյ մէջ աճող արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար թուրք ժողովուրդը պէտք չէ արտօնէ, որ Էրտողանի կուսակցութիւնը վերականգնէ իր կորսնցուցած խորհրդարանական մեծամասնութիւնը:

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Ինչո՞ւ Է Ազրպէյճանը Սանձարձակ Եւ Ինչպէ՞ս Զսպել Նրան Իր Սահմաններում

Յաջորդը

Լիլիթ Գալստեան. «Ամբողջ Երեւանին Ու Երկրին Որպէս Պիզնես Տարածքի Են Վերաբերւում»

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?