Անդրադարձ

Անկախութեան Եւ Ինքնիշխանութեան  Հասկացողութիւնը` Ընկերային Արդարութեան  Եւ Հոգեւոր Պրիսմակէն Դիտուած

Անկախութեան Եւ Ինքնիշխանութեան Հասկացողութիւնը` Ընկերային Արդարութեան Եւ Հոգեւոր Պրիսմակէն Դիտուած

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ Երբ կը խօսինք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման մասին, ինքնաբերաբար նաեւ յիշողութեամբ կ՛երթանք դէպի անցնող դարու սկիզբը, երբ հայ ազգը իր գոյատեւումին համար մղած պայքարին թոհուբոհին մէջ վերականգնեց հայկական պետականութիւնը: Ե՛ւ 1918-ին հայկական պետականութեան վերականգնումը, ե՛ւ 1991-ին Ա. հանրապետութեան ազգային խորհրդանիշներուն հիման վրայ անկախութեան վերականգնումը իրականութեան  մէջ խարսխուած էին գլխաւոր մէկ գաղափարի վրայ, այն է` հայ անհատի եւ...

#Գրաւէ Պետութիւնդ

#Գրաւէ Պետութիւնդ

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Երբ իրաւունքները կ՛ոտնայարուին եւ ապրելակերպը հիմնականօրէն կեանքի սղաճին հետ քայլ պահելու համար նպատակ կ՛ունենայ միայն դրամ շահիլ, ճնշուած ժողովուրդը կա՛մ փախուստ կու տայ երկրէն, կա՛մ ալ կը կազմակերպուի ու կը դիմադրէ անարդարութեան: Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային երկուքն ալ տեղի կ՛ունենան: Արտագաղթը արդէն դարձած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը բնորոշող երեւոյթներէն մէկը, որուն կանխարգիլման ծրագիրներ մշակելու փոխարէն առաւելաբար կը խօսուի յետցեղասպանութեան սփիւռքը...

Անկախութեան Եւ Ինքնիշխանութեան  Հասկացողութիւնը` Ընկերային Արդարութեան  Եւ Հոգեւոր Պրիսմակէն Դիտուած

2015 Տարին` Նաեւ Երախտագիտութեան Տարի

ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ Հոգեւոր Պատասխանատու Ազգային Ծերանոցի եւ Բուժարանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը բնորոշեց «Յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել» բառերով: Վեհափառ հայրապետը խօսելով «յիշել» բառին մասին ըսաւ. «Երբ կը խօսինք յիշելու մասին, առաջին հերթին եւ բնականաբար պէտք է յիշենք մեր նահատակները: Մենք չենք յիշեր մեր նահատակները, որպէսզի անոնք չմոռցուին, այլ զանոնք կը...

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերականգնումին  Զերօ Ժամը Եւ Վերանկախացումին 24 Տարիները

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերականգնումին Զերօ Ժամը Եւ Վերանկախացումին 24 Տարիները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 1991 թուականի սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի հանրաքուէի մասնակցելու իրաւունք ունեցող բնակչութեան 95.5 առ հարիւրը, շուրջ 2 միլիոն 57 հազար մարդ, մասնակցեցաւ հանրաքուէին, որոնց շուրջ 2 միլիոն 43 հազարը` 99.54 առ հարիւրը ԱՅՈ ըսաւ «Համաձա՞յն էք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լինի անկախ ժողովրդավարական պետութիւն Խորհրդային Միութեան կազմից դուրս» հարցումին: Միայն 0.46 առ հարիւրը ՈՉ ըսաւ: Ամբողջ սփիւռքահայութիւնը իր կարգին, եթէ առիթը...

Ակնարկ.  Շրջուած Է Միակողմանիութեան  Կարծրատիպը

Ակնարկ. Շրջուած Է Միակողմանիութեան Կարծրատիպը

  Հայաստանեան գործարարական շրջանակներէ կատարուած երկրորդ մեծագումար նուիրատուութիւնը սուրիահայութեան կարիքներուն արդէն իսկ որոշ վարքագիծի մը նախանիշը կը հաստատէ: Պարզ է, որ հետեւողական աշխատանքի մը իբրեւ արդիւնք` հայրենի գործարարներ կը դիմեն նման նախաձեռնութիւններու կամ կ՛ընդառաջեն իրենց կատարուող դիմումներուն` հասնելու սուրիահայութեան ծով կարիքներուն: Այդ աշխատանքը նախ եւ առաջ ծանօթացման, ճանաչողական եւ իրազեկման բնոյթ ունի սուրիահայութեան դիմագրաւած տագնապները լուսաբանելու, կրթականէն մինչեւ սնունդի, բնակարանայինէն...

Նուիրեալ Սարկաւագը Եւ Տիպար Հայը.  Մովսէս Սրկ. Տէր Առաքելեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Նուիրեալ Սարկաւագը Եւ Տիպար Հայը. Մովսէս Սրկ. Տէր Առաքելեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

«Եկեղեցին հայկական` մեծ վարագոյր մ՛է բանուած, Որուն ետեւ ըսկիհին մէջ կ՛իջնէ ինքը Աստուած, Որուն առջեւ գլխահակ` կու գայ իմ ազգս ամբողջ Հաղորդուիլ անցեալին հաց ու գինւով կենսառողջ»: ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ Մարդ անհատը հաւաքականութեան մէջ ինքզինք փաստելու եւ իր գաղափարական ուղղութիւնը որոշելու համար պէտք ունի տիպարի մը, որպէսզի անկէ ուժականութիւն ստանայ: Քրիստոնէական կեանքը առանց Քրիստոսի կենդանի օրինակին, վարքին ու վարդապետութեան պիտի չունենար...

Գրիգոր Միթիլեանի Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Գրիգոր Միթիլեանի Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ հարազատ մը` Գրիգոր Յ. Միթիլեանը: Յետ եղեռնեան առաջին սերունդէն էր ան, մարաշցի ուստա Յակոբին եւ ատանացի Պէաթրիսին անդրանիկ որդին: Ծնաւ ու հասակ առաւ Պուրճ Համուտի մէջ, Մարաշ թաղամասի կազմաւորման հանգրուանին եւ իր սերնդակիցներուն նման օրինակելի աշխատասիրութեան մարմնացում մը հանդիսացաւ` վայելելով բոլորին յարգանքը: 87 տարիներ ապրեցաւ ան, բայց իր հարազատներուն եւ զինք ճանչցողներուն համար միշտ...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Էրզրումէն Այլեւս Ձայն Չի Հնչեր…

Գրեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Շատ զարմացայ, երբ ձեռք առի Բարձր Հայքի հայր. Միութեան Լիոնի մասնաճիւղին ծրագիր-կանոնագիրը պարունակող պրակը, որ տպուած է 1931-ին: Չէի գիտեր, թէ այս հնաւանդ անունով մկրտուած հայրենակցական միութիւն մը գոյութիւն ունեցեր է տասնամեակներ առաջ: Փաստն այն է, որ նմանապէս հին պատմական անուանումներ կրող Վասպուրականի կամ Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւններուն քովն ի վեր` կայ եղեր Բարձր Հայքի միութիւնն ալ... Բայց...

Տեսակէտ.  Զօրակցիլը Չի Բաւեր

Գաղթականներու Ալիքը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Դէպի Եւրոպա գաղթականներու հոսքը վերջին շաբաթներուն մեծ աղմուկ բարձրացուց միջազգային շրջանակներու մէջ: Բոլորը մոռցան, որ Լիբանանը չորս տարիէ ի վեր մէկ միլիոնէ աւելի գաղթականներ կ՛ընդունի առանց աղմուկի, առանց միջազգային տակնուվրայութեան: Միայն նիւթական օժանդակութիւն կը խնդրէ եւ չի ստանար, նոյնիսկ արաբական «եղբայր» երկիրներէ: Անգլիա եւ Միացեալ Նահանգները առանց ամչնալու կը յայտարարեն, որ միայն տասը հազար գաղթական կրնան ընդունիլ այդ...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Ինչպիսի՞ Քաղաք Ժառանգեցին Վանեցիք…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Արա Գեղեցիկի մահէն ետք Շամիրամ կ՛որոշէ շրջագայիլ Հայաստանով մէկ եւ յափշտակութեամբ կը նկատէ, թէ ինչպիսի՜ դրախտավայր մըն է իր կողմէ նուաճուած Արայի երկիրը. «... Եւ տեսնելով երկրի գեղեցկութիւնը, օդի մաքրութիւնը, բխող մաքուր աղբիւրները, կարկաչահոս ու բարեգնաց գետերը` նա ասում է. «Պէտք է այսպիսի բարեխառն կլիմայում, մաքուր ջրերով երկրում մեզ համար քաղաք եւ բնակութեան արքունիք շինել, որպէսզի տարուայ շրջանի...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Արեւմտեան Կամ Ազատ Աշխարհի Խարխափումները Ճամբայ Կը Հարթեն Մեծ Աղէտներու

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Կացութիւն Միջազգային հանրային կարծիքը յուզուած է ստոյգ ջարդէ, աւելի ճիշդ` ցեղասպանութենէ, Իրաքէն, Սուրիայէն եւ այլ երկիրներէ ճողոպրած հարիւր հազարաւոր փախստականներու հարցով: Յուզուած հանրային կարծիքը միշտ ալ անմիջականի հետամուտ կ’ըլլայ` անկարողութիւն ցուցաբերելով կացութիւնները իրենց ընդհանրութեան մէջ գնահատելու: Մարդկային իրաւանց յայտարարութեան հաւատարմութեամբ, եւրոպական երկիրները, հակառակ ոմանց կողմէ երբեմն դրսեւորուող չափաւորական կամ բացասական վերաբերումներու, Սուրիայէն եւ Իրաքէն փախստականներ կ’ընդունին: Գերմանիան գրկաբաց...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Փեթարայ Մանուկ (1887-1920). Հայաստանի Ազատագրութեան Սասունցի Անկեղծ Զինուորը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Սեպտեմբեր 10-ի օրը կ’ոգեկոչենք անմահ յիշատակը Փեթարայ կամ Սասունցի Մանուկի, որ սասունցի լեռնականի իր խրոխտ կերպարով եւ դաշնակցական ֆետայիի գերագոյն զոհաբերութեան ոգիով իր արժանի տեղը ունի հայ ազատագրական շարժման անմոռանալի «Անկեղծ Զինուոր»-ներու հերոսական փաղանգին մէջ: 1920 թուականի Սեպտեմբերը ծանր ու դաժան ամիս մը եղաւ հայ ժողովուրդին եւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Հայաստանի անկախութիւնը եւ բռնագրաւեալ հայրենի հողերու քայլ...

Արցախը Նրան Վերադարձնում Է Իր Արմատներին

Արցախը Նրան Վերադարձնում Է Իր Արմատներին

ԱՐՄԻՆԷ ՆԱՐԻՆԵԱՆ Կան հայեր, ովքեր ապրելով օտար երկրներում` կարեւոր ներդրում են ունենում Հայաստանի վարկանիշի եւ առհասարակ Հայաստանի զարգացման եւ բարգաւաճման գործում: Յաճախ նրանց անուններն այդպէս էլ անյայտ են մնում, ոմանց մասին էլ  բարեբախտաբար իմանում ենք: Նրանցից մէկն էլ Վալենթինա Կարախանեանն է` Վատիկանի արխիւի հետազօտողներից մէկը, ով  ամուսնու` Լորենցօ Նաթալէի հետ  օրերս այցելել էր Արցախ: «Ապառաժ»-ը հնարաւորութիւն ունեցաւ ծանօթանալու նրա գործունէութեանն...

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» 2015 Արագածի Հարսնիքը

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» 2015 Արագածի Հարսնիքը

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Այս պարագային տեղայնամտութիւնը չէ, որ կ՛առաջնորդէ մեր մտածումները: Շրջաններու եւ թաղամասերու միջեւ տարբերակումներ ընելու ոչ մէկ միտում հարկ է տեսնել ընդհանրապէս, այլ` յարաբերաբար աշխարհագրական փոքր շրջանէ մը մեկնած, լոյսին կ՛ուզենք բերել ազգային կեանքին առնչուող խորապատկերներ, այլապէս հաւաքական մեր յիշողութեան պաստառին վրայ արձանագրուած անսեթեւեթ ճշմարտութիւններ, որոնց թւումն անգամ պարտաւորեցնող է ըստ ամենայնի, գալիք սերունդներուն համար: Ըստ երեւոյթին, փոքր ազգերու...

Հեռուներէն  Եկող Երթ

Փոխակերպում

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Գլխավերեւէս քիչ անդին, ձողին վրայ թառող  թեւաւորին` կուկուսիին,  տարօրինակօրէն կը նախանձիմ: Մինչ անձկութիւնս կը շարունակէ կտրատել մարդկային ամպանման քուլաներէ գոյացած աներեւոյթ թեւերս: Յանկարծ փոքրիկ ափի մեծութեամբ պատանեկիկ թեւաւորը պատշգամիս բազրիքէն ուղղութիւն կը ճշդէ` սլանալու դէպի հեռաւոր պուրակին կից գտնուող ելեկտրասիւնին  պղնձապատ թելերէն  մէկուն վրայ ճօճելու: Փայլակի արագութեամբ զիս կը լուսաւորէ այն միտքը, թէ իբրեւ հաւատարիմ սուրհանդակի, տանս մէկ...

Վերամուտը Մեզ Հաւաքաբար Գիտակցութեան  Եւ Պատասխանատուութեան Հրաւիրող Առիթ Է

Վերամուտը Մեզ Հաւաքաբար Գիտակցութեան Եւ Պատասխանատուութեան Հրաւիրող Առիթ Է

ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ   Լիբանանահայ վարժարաններու երդիքին տակ դարձեալ հաւաքուող աշակերտութեան խանդավառ եռուզեռին կշռոյթով, սրտանց կ՛ողջունենք կրթական նոր տարեշրջանի այս վերամուտը եւ ի սրտէ կ՛աղօթենք, որ բարին Աստուած, Ազգային մեր վարժարաններուն պարգեւէ միջոցներ, որպէսզի մերօրեայ դժուարին պայմաններուն մէջ, մեր ազգի մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան աշխատանքները ըլլան արդիւնաւոր եւ աստուածահաճոյ: Վերամուտի այս հանգրուանին պէտք է խոստովանինք եւ բարձրաղաղակ նաեւ...

Նշմար.  Եւրոպական Միութիւնը, Լիբանանն  Ու Գաղթականներու Հարցը

Նշմար. Եւրոպական Միութիւնը, Լիբանանն Ու Գաղթականներու Հարցը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Եւրոպական Միութեան ներքին գործոց նախարարները երկուշաբթի օր Պրիւքսէլի մէջ 6 ժամ տեւած իրենց ժողովի ընթացքին ձախողեցան 120 հազար գաղթականներն ու անոնց բեռը իրարու միջեւ բաժնուելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել եւ յոյս յայտնեցին համաձայնութիւն գոյացնել 8 հոկտեմբերին նախատեսուած մէկ այլ ժողովի մը ընթացքին: Իրապէս ամօթալի է այս երեւոյթը, մանաւանդ երբ մտաբերենք Լիբանանի պարագան: Մինչ 10.452 քառ. քմ տարածք ունեցող եւ...

Նամակ Երկրէն.  Իսկական Հերոսները (2)

Նամակ Երկրէն. Իսկական Հերոսները (2)

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Խորհրդային տարիներուն հաշմանդամ կամ մտաւոր խնդիրներ ունեցող երեխաներու կրթութիւնը կը կազմակերպուէր յատուկ, գիշերօթիկ դպրոցներու մէջ: Ինչպէս որ ընթերցող մը դիտել կու տար ինծի իր ուղարկած նամակով, հաշմանդամներն ու այլ խնդիրներ ունեցող երեխաները այս ձեւով կը մեկուսացուէին հանրութենէն, անոնք փողոցներուն մէջ չէին երեւեր: Զրկուած էին տեղափոխուելու հնարաւորութենէն, փոխադրամիջոցները, ճամբաները, հանրային ու բնակելի շէնքերը, դպրոցներն ու մարզադաշտերը, հիւանդանոցներն ու դահլիճները...

ԱԿՆԱՐԿ         Տագնապ. Ձեւով՝ Լիբանանեան, Խորքով՝ Եւրոպական

ԱԿՆԱՐԿ Տագնապ. Ձեւով՝ Լիբանանեան, Խորքով՝ Եւրոպական

Բրիտանիոյ վարչապետին անակնկալ եւ կարճատեւ այցելութիւնը Լիբանան, երեւութապէս Լիբանանի քաղաքական ճգնաժամին կը վերաբերի, ըստ էութեան սակայն համաեւրոպական տագնապն է, որ մղած է անգլիացի պետական գործիչին քայլերը դէպի Պէյրութ: Բնականաբար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութեան շեշտումը, քաղաքական անորոշութենէն դուրս գալու անհրաժեշտութեան ընդգծումը, զինուորաքաղաքական մարզերուն մէջ Լիբանանին զօրակցելու պատրաստակամութեան վերընդգծումը եւ մանաւանդ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգին ահազանգումը, աշխարհագրականօրէն անոր Լիբանանին մօտ ըլլալը յիշեցնելը եւ այս...

Յարգա՛նք Ձեզ (Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար)

Յարգա՛նք Ձեզ (Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար)

ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ Ծնած եմ 1989-ին: Բնականաբար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ոչ մէկ դէպք կամ պատահար կը յիշեմ: Բոլոր տեղեկութիւններս եւ գիտելիքներս ստացած եմ կա՛մ ուրիշներէ լսելով, կա՛մ կարդալով, եւ անոնց վրայ հիմնուելով է, որ կը գրեմ այս յօդուածը: Հայու անբախտ ճակատագիրը անգամ մը եւս ի յայտ կու գար 1975-ին եւ կը հարուածէր սփիւռքի սիրտը համարուող լիբանանահայութիւը: Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներէ ձեւաւորուած այս գաղութը...

Page 751 of 806 1 … 750 751 752 … 806

Արխիւներ