Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Հայ դպրոցի տագնապին մասին շատ խօսուած է: Տագնապը մեղմացնելու քայլեր եւս առնուած են: Տագնապը սակայն չէ դադրած տագնապ ըլլալէ եւ այսօր վերածուած է տագնապէ մը աւելի` ահազանգային կացութեան, բոլորս հրաւիրելով զգաստութեան եւ պատասխանատուութեան:
Ինչո՞ւ հոս հասանք: Կրնայի՞նք չհասնիլ: Սփիւռքեան մեր պայմաննե՞րը ծնունդ տուին այս տագնապին, թէ՞ դպրոցավարական մեր աւանդական մօտեցումները: Հարցումներ են, որոնց պատասխանները փնտռելու ժամանակը չէ այժմ, որքան` ստեղծուած կացութեան ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ լուծումներ գտնելու պահը:
Ուսուցչական քատրերու իմաստով կացութիւնը մտահոգիչ է: Հետզհետէ կը նուազի ուսուցչական ասպարէզ դիմողներուն թիւը: Համալսարանական պատրաստութիւն եւ ուսուցչական կոչում ունեցող մեր լաւագոյն տարրերը կը նախընտրեն պաշտօնավարել օտար վարժարաններու մէջ, անհամեմատ բարձր ամսականներով: Նորեկները մեծ մասամբ իգական սեռի ներկայացուցիչներ են, որոնց համար ուսուցչութիւնը ժամանակաւոր ասպարէզ է, մինչեւ` աւելի լաւ գործի մը ապահովում եւ կամ մինչեւ… զաւակներու վկայուիլը այն դպրոցէն, ուր կը պաշտօնավարեն անոնք, տրուած ըլլալով, որ ուսուցչութեան բերումով անոնք զգալի զեղչեր կ’ապահովեն իրենց զաւակներու կրթաթոշակներուն:
Մանկավարժութիւնը կ’ըսէ. մանուկն ու պատանին ընկերութեան կը բացուին յատկապէս իրենց ուսուցիչներուն ճամբով: Նմանօրինակ քանի՞ ուսուցիչ ունինք այսօր: Ի՞նչ կ’ընենք նման ուսուցիչներ պատրաստելու համար: Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնին փորձառութիւնը մխիթարական է, բայց` անբաւարար: Կեդրոնը նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի ուսուցիչներ կը պատրաստէ, մինչդեռ գլխաւոր պահանջը միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններուն մէջ է:
Նորերը չեն գար, իսկ հիներն ալ կա՛մ դպրոցէ դպրոց կը տեղափոխուին («ուր աւելի լաւ հաց` հոն կաց»), կա՛մ ալ ամիսներ առանց վարձատրութեան կը պաշտօնավարեն: Տագնապի մէջ է հայ դպրոցը եւ տագնապին առաջին եւ ամէնէն ծանր հարուածը կրողը հայ ուսուցիչն է, որ պարտաւոր է աշխատիլ եւ անվերջ սպասել` յուսալով, որ օրին մէկը կրնան հրաշք լուծումներ յայտնուիլ եւ դպրոցները նիւթականով ապահովուիլ:
Կացութիւնը ահազանգային է: Պէտք է արագ շարժիլ, որովհետեւ այս ընթացքով ոչ թէ հայագիտական նիւթերու, այլ որեւէ նիւթի հայ ուսուցիչ դժուար թէ գտնենք: Արդէն կարգ մը վարժարաններու օտար ուսուցիչներուն թիւը սկսած է գերազանցել հայ ուսուցիչներուն թիւը:
Կրթական ծրագիրներու եւ դասագիրքերու պարագային կացութիւնը աւելի խրախուսիչ չէ: Նորութիւններ գրեթէ չկան: Կը տիրէ «հին գինին նոր տակառի մէջ դնելու» տրամադրութիւն: Դասագիրքեր կը վերահրատարակուին առանց նուազագոյն փոփոխութիւններու: Ծրագիրներ տարուէ տարի կը փոխանցուին սովորութեան կարգով: Ո՞վ կը մտահոգուի այս բոլորով: Մարդիկ շինարարական իրագործումներու անտեղի հեւք մը կ’ապրին: Շէնքերը միջոց են, նպատակ չեն: Կարեւոր են, առաջնահերթութիւն չեն: Ի՞նչ օգուտ ունին շէնքերը, երբ զանոնք շնչաւորող ուսուցիչներ եւ կրթական ծրագիրներ չկան: Հայութիւնը շէնքերու ճամբով չի ներարկուիր. ան կու գայ հայ ուսուցիչին ապրուած փորձառութեամբ, հայեցի դաստիարակութեան սերտուած ծրագիրներով: Շէնքերը կը հիննան, կը փճանան ու կ’անհետանան: Կը մնան շէնքերու մէջ դարբնուած մտքի եւ հոգիի ստեղծագործութիւնները: Նարեկայ վանքը այսօր չկայ, բայց Նարեկացին կայ: Վարագայ վանքին դպրանոցը չկայ, բայց Խրիմեանն ու աշակերտները յաւերժօրէն կ’ապրին մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ:
Տարօրինակ է, որ ընկերութիւններ որքան կը նահանջեն, այնքա՛ն աւելի կարեւորութիւն կ’ընծայեն արտաքին երեւոյթներու: Որքան արժէքներէ կը պարպուին, այնքա՛ն աւելի կը տարուին քաղքենիական տրամադրութիւններէ: Մարդիկ կը մոռնան հիմնականը եւ ճարպիկ խանութպանի քաղաքականութեամբ կը զբաղին միայն ցուցափեղկով, մոռնալով, որ դպրոցը խանութ չէ, իսկ տուածն ալ կրթութիւն է, առեւտուրի ապրանք չէ: Շահնուր այսօր աւելիով իրաւունք ունի իր նահանջը հնչեցնելու. «Կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր. կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն: Եւ դեռ կը նահանջենք բանիւ եւ գործիւ. կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. կը նահանջենք, կը նահանջենք…»:
Նահանջը վերելքի վերածելու եւ վերելքը յաղթանակով պսակելու մեր ամէնօրեայ կռիւը դաժան է ու անողոք: Ո՞ւր ենք, ո՞ւր կ’երթանք:
Այս բոլոր մտահոգութիւնները կրնային կացութիւնը ահազանգային աստիճանի չհասցնել, եթէ չըլլար տակաւին նիւթականի տագնապը, որ այսօր կը սպառնայ ազգային սնանկութեան մատնել մեզ:
Ծնողներու խաւ մը իսկապէս ի վիճակի չէ վճարելու դպրոցներու այսօրուան կրթաթոշակները: Այս մէկը ցուցանիշ է ընկերային ահազանգային վիճակի: Անգործ հայրեր, ճարահատ մայրեր շատ յաճախ կը ստիպուին իրենց զաւակը փոքր տարիքէն դպրոցէն հանել, որովհետեւ կարիքը ունին անոր բերելիք նիւթական եկամուտին: Ընկերային-բարեսիրական մեր միութիւնները ահագին ընելիք ունին այս իմաստով` ժողովուրդի այս խաւին զաւակները դպրութենէ եւ դաստիարակութենէ չզրկելու համար:
Ծնողներու այլ խաւ մը նիւթապէս ինքնաբաւ վիճակի մէջ է, սակայն դպրոցը եւ դպրոցականը իրենց համար առաջնահերթութիւն չէ: Վտանգաւորը այս մէկն է, որովհետեւ անարդարանալի հոգեբանութեան մը արդիւնք է: Անտարբերութեան եւ անպատասխանատուութեան հետեւանք է: «Ազգը թող կարդացնէ»-ի տեւական յանկերգ է: Ծնողներու այս խաւը հոս ու հոն անհաշիւ գումարներ կը մսխէ անձնական վայելքներու համար, երբ անդին հայ դպրոցը կը դիմագրաւէ նիւթական անձուկ պայմաններ: Կարելի չէ հանդուրժել այս երեւոյթը:
Ձրիավարժութիւնը հայ դպրոցին սպառնացող մեծագոյն վտանգն է, որուն առաջքը շատոնց առած պէտք էր ըլլայինք: Հայ դպրոցը պէտք ունի իր ծնողներէն իւրաքանչիւրին լումային: Պէտք է տալ առանց առարկութեան եւ սակարկութեան: Պէտք է տալ առատօրէն: Պէտք է տալ ոչ թէ մեր աւելցածէն, այլ մեր ունեցածէն: Հայ դպրոցին համար ողորմութիւն չէ, որ կը խնդրուի, այլ կ’ակնկալուի, որ իւրաքանչիւր ծնող հայ դպրոցին նկատմամբ իր պարտաւորութիւնը կատարէ լիովին: Կը հաւատանք, որ եթէ ծնողներ ուզե՛ն, կրնան: Օտար վարժարաններու պարագային, անոնք կ’ուզե՛ն եւ հաճոյքով մեծ գումարներ կը վճարեն: Մինչեւ իսկ պոչ կը բռնեն «անուն ունեցող» դպրոցներու արձանագրութեան գրասենեակներուն առջեւ` հոն իրենց ձեռքով վաղուան հայութեան գերեզմանը բանալու համար…
Նիւթականի տագնապ միշտ եղած է, սակայն` ոչ ահազանգային այն տարողութեամբ, որ այսօր կայ: Տագնապը այսօր անշրջանցելի է, որովհետեւ դպրոցի մը կարողութիւններէն վեր է այլեւս: Ժամանակին կը բաւէր, որ դպրոց մը իր հասութաբեր ձեռնարկը կատարէր, որպէսզի տարեկան իր նիւթական բացը փակէր: Այսօր պահանջուածը հսկայական գումարներ են, որոնց ապահովման կարելիութիւնը եթէ տնօրէն մը ունենար, տնօրէն չէր ըլլար… այլ` նշանաւոր գործատէր մը: Անշուշտ, պատասխանատուութեան բաժին մըն ալ վերապահուած է վարժարաններու «հոգը բարձող»-ներուն: Բայց տագնապը ներկայ է նաեւ հոգաբարձուներու եւ խնամակալութիւններու մակարդակին: Յաճախ նկատելի է պատասխանատուութիւններէ խուսափում, հարցերը լուծելու կամեցողութեան եւ ճիգի բացակայութիւն, դպրոցի առօրեայ կեանքին հետեւելու թերացում, երեւոյթներ, որոնք խոտոր կը համեմատին այս մարմիններուն վստահուած դերակատարութեան: Այլ հարց, որ այս օրերուն ո՞վ կը համարձակի հոգը ստանձնել դպրոցի մը, որուն տարեկան բացը կրնայ գլխապտոյտ պատճառել շատերու: Կացութիւնը մտահոգիչ է: Ահազանգայի՛ն է:
Եւ դեռ, կայ աւելին: Տարուէ տարի նուազող կրթական ֆոնտերու երեւոյթը: Ո՞վ կը մտածէ այս մասին: Ո՞վ կը տագնապի: Անխոհեմաբար իրարու ետեւէ կը փակուին կրթական հիմնական ֆոնտեր` առանց մտածելու, թէ առանց անոնց դպրոցները ինչպէ՞ս կրնան ոտքի մնալ: Նուազագոյն զոհաբերութեամբ եղածը պահպանելու, այս պարագային` նուազագոյն վճարումներով դպրոց պահելու հնամենի սովորութիւնը պէտք է փոխել գիտակցութեան ուժով: Ընդունինք, որ ազգային մուրացկանութեան մեր բոլոր միջոցները սպառած են. վիճակահանութիւն, ճաշկերոյթ, կալա-ընթրիք: Կը բաւէ դուռէ դուռ զարնենք մուրացկանի տրամաբանութեամբ նիւթական ապահովելու համար:
Հայ դպրոցը մուրացկան չի կրնար ըլլալ: Պէտք չէ ըլլայ: Ազգային պարտքի եւ պատասխանատուութեան զգացումով բոլորը պարտաւոր են իրենց քսակները լայն բանալ հայ դպրոցին, որովհետեւ ինչպէս որ հայ դպրոցը պէտք ունի իր բարեկամներուն, բարեկամներն ալ պէտք ունին հայ դպրոցի պատրաստած սերունդներուն` վաղուան ծնողներուն, արհեստաւորներուն, մասնագէտներուն, ազգային գործիչներուն: Եթէ չըլլայ հայ դպրոցը, չեն ըլլար այս բոլորը: Իսկ եթէ չըլլան այս բոլորը, որո՞ւ համար պիտի ըլլան բարեկամներն ու բարերարները: Իրենք իրե՞նց համար: Իրենք իրենցմո՞վ:
Ոմանց մօտ կը տիրէ այն տպաւորութիւնը, որ հայ դպրոցը բարեսիրական հաստատութիւն է, իսկ բարեկամներն ու բարերարները կարօտեալներու օգնութեան փութացող ազգայիններ են: Սխա՛լ է այս մօտեցումը: Պէտք է շրջել մտածումի այս եղանակը եւ նմաններուն դիտել տալ, որ իրե՛նք նպաստընկալ են դպրոցներէն եւ ոչ թէ` իրենցմէ օգնութիւն պահանջողները: Ազգը բաղկացնող իւրաքանչիւր անհատ պէտք է յիշէ, որ ինք ու իր զաւակները իրենց կենսունակութեան աւիշը հայ դպրոցէն ստացած են, կը ստանան ու պիտի ստանան: Բոլորը պէտք ունին հայ դպրոցին: Չեն կրնար գոյատեւել առանց անոր: Իսկ հայ դպրոցը կանգուն պահելու համար, կրթական եւ դաստիարակչական գործը իր կատարելութեան հասցնելու համար ազգի մը զաւակները ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆ բարոյապէս եւ նիւթապէս աջակցելու անոր:
Վերամուտի այս խորհրդածութիւնները կրնան յոռետեսական թուիլ շատերու, բայց դառն իրականութիւններ են, որոնց ի տես` կարելի չէ անտարբեր մնալ: Կարելի չէ արմատական լուծումներու մասին չմտածել: Պէտք է գործել արագօրէն եւ լրջօրէն` ծնողք եւ բարեկամ, տնօրէն եւ խնամակալ, քաղաքական թէ հոգեւոր կառոյցներ: Պէտք է շարժիլ այսօր, վաղը կրնայ ուշ ըլլալ:
Կը հաւատանք, որ լիբանանահայութիւնը այս կացութենէն դուրս գալու կարողութիւնն ու կարելիութիւնը ունի, եթէ իրեն չպակսին յանձնառութիւնն ու վճռակամութիւնը, ու մանաւանդ` զանոնք գործի վերածելու քաջութիւնը:
Ահազանգը բոլորի՛ն է: