Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մըսթըր Ուորլիքի Հռետորական (Եւ Սխալ) Հարցադրումները

September 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

«Աբրահամ Լինքըն մեզ պատերազմէն հաշտութեան տարաւ` վեր կանգնելով քաղաքականութենէն եւ նոր էջ բանալով մեր պատմութեան մէջ: Հայաստանի կամ Ազրպէյճանի մէջ կա՞յ արդեօք խիզախ Աբրահամ Լինքըն մը, որ կրնայ խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն բերել: Տարածաշրջանի ժողովուրդները պատրա՞ստ են խաղաղ, ապահով ու բարգաւաճ ապրելու»:

Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք այս յայտարարութիւնը տարածած է Instagram-ի միջոցով, ինչպէս կը հաղորդէր «Երկիր» կայքը, հինգշաբթի (սեպտեմբեր 10):

Ճիշդ է, որ Աբրահամ Լինքըն նոր եւ անկիւնադարձային էջ մը բացաւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ` առաջին հերթին ջնջելով ստրկատիրական համակարգը: Մինչեւ 1861 ստրկատիրութիւնը «բնական» երեւոյթ էր Լինքընի ղեկավարած երկրին մէջ: Հարաւային նահանգներու տնտեսութիւնը (յատկապէս` երկրագործական բնագաւառը) հիմնուած էր ձրի աշխատուժի վրայ, այսինքն` Ափրիկէէն բռնի կերպով Նոր աշխարհ բերուած ստրուկներու աշխատուժին վրայ:

Լինքըն ապօրինի հռչակեց ստրկատիրութիւնը, ջնջեց այդ համակարգը, եւ ոչ միայն հաւար յառաջացաւ, այլեւ քաղաքացիական պատերազմ շղթայազերծուեցաւ հարաւի եւ հիւսիսի նահանգներուն միջեւ, որ վերջ գտաւ ստրկատէր հարաւային նահանգներու պարտութեամբ:

Լինքընի ըրածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` արդարութեան վերահաստատում: Անարդար համակարգ մը ջնջելով եւ արդարութիւնը վերահաստատելով էր միայն, որ Լինքըն (Ուորլիքի բառերով) կրցաւ «նոր էջ» բանալ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ: Հոս բանալի բառը, ինչպէս դիւրութեամբ նկատեցիք, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆՆ է:

Ուրեմն, Ուորլիքի առաջին հաստատումին ոչ սպառիչ պատասխանը տուինք: Անցնինք իր միւս հարցադրումներուն:

Ուորլիք կ՛ըսէ, թէ` «մեզմէ դաս առէք, տեսէք, թէ ինչպէ՛ս մեր Լինքըն խիզախ քայլ մը առաւ, դուք եւս, Պաքուի եւ Երեւանի մէջ, պէտք է նման խիզախ քայլ մը առնէք»:

Քանի որ մըսթըր Ուորլիք կը սիրէ պատմութենէն դասեր սփռել «մի աջ, մի ձախ», մենք ալ իրեն որոշ տեղեկութիւններ տանք Արցախին առնչուած պատմութենէն: Արցախը Ազրպէյճանին կցուեցաւ Ստալինի որոշումով` անարդար կերպով: Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը փորձեց սրբագրել տալ այս անարդարութիւնը` թէ՛ Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտէն ետք եւ թէ՛ Անտոն Քոչինեանի օրերուն (Պրեժնեւի ժամանակաշրջանին), թէեւ` առանց փողի ու թմբուկի: Ի զո՛ւր: Խորհրդային Միութեան մէջ չգտնուեցաւ Լինքըն մը, որ կարենար այս բացայայտ անարդարութիւնը սրբագրել:

Հայութիւնը անգամ մը եւս փորձեց արդարութիւնը վերահաստատել, այս անգամ` 1988-ին եւ արեան գնով յաջողեցաւ ի հեճուկս անարդարութեան կողմնակիցներուն:

Մըսթը՛ր Ուրլիք, հիմա, որ արդարութիւնը վերահաստատուած է (թէեւ` ոչ ամբողջութեամբ), ի՞նչ կ՛առաջարկէք մեզի, ի՞նչ կը փնտռէք Երեւանի մէջ:  Հայ Լինքը՞ն մը: Բայց մեր Աբրահամ Լինքընները (թիւով քանի մը հազար) իրենց արդար գործը կատարած են եւ այժմ կը հանգչին Եռաբլուրի մէջ: Լինքընի փնտռտուքը պէտք է կատարէք Պաքուի՛, ոչ թէ Երեւանի մէջ:

Յարգելի ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ հարց կու տայ, թէ արդեօք տարածաշրջանի ժողովուրդները (այսինքն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի) պատրա՞ստ են խաղաղ, ապահով ու բարգաւաճ ապրելու: Ահաւասիկ լափալիսեան ու նոյնքան հռետորական հարցադրում մը: Ո՞վ չ՛ուզեր «խաղաղ, ապահով ու բարգաւաճ» ապրիլ: Կա՞յ մէկը (կամ ժողովուրդ մը), որ պատերազմը կը նախընտրէ խաղաղութենէն. կա՞յ մէկը, որ անապահովութիւնն ու անկէ ծնած չարիքները նախընտրէ ապահովութենէն. կա՞յ մէկը, որ խեղճուկրակ ու յետամնաց կեանքը նախընտրէ բարգաւաճ կեանքէն: Ապահովութիւնը, խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը ունին հիմնական նախապայման մը: Այդ ալ (կռահեցիք անշուշտ) արդարութիւնն է:

Այնպէս որ, եթէ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները (ներառեալ` Ուորլիքի ներկայացուցած Միացեալ Նահանգները),  տարածաշրջանի ապահովութեամբ, խաղաղութեամբ ու բարգաւաճումով մտահոգ են, թող օրինակ առնեն Աբրահամ Լինքընէն, որ արդարութիւն հաստատելու ճամբով յաջողեցաւ նոր էջ մը բանալ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ:

Ըսինք արդէն, որ Ուորլիքի վերոնշեալ յայտարարութիւնը ոչ միայն հռետորական է, այլեւ` սխա՛լ:

10 սեպտեմբեր 2015

vproodian@gmail.com

Նախորդը

Ղարաբաղը Պատրաստ Է Ազրպէյճանին Ջուր Տրամադրելու

Յաջորդը

Մուսա Լեռ. Լորտ Ճէյմս Պրայս «Կապոյտ Գիրք» (Հայերի Վիճակը Օսմանեան Կայսրութիւնում 1915-1916 Թուականներին) (Անգլերէնից Հայացրեց Պօղոս Արմենակ Լագիսեան)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ուսուցչի Օրը Եւ Հայ Դպրոցը

March 11, 2026
Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք
Անդրադարձ

Եօթը Ամէնէն Քաղաքավարական Եզրերը

March 11, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.