Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հաստատած է, որ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած «Շանթ- 2015» հրամանատարական-ղեկավարման մարմիններու զօրավարժութիւնները իրենց նպատակին հասած են:
Սեպտեմբեր 11-ին «Մարշալ Բաղրամեան» հրաձգարանին մէջ կայացած հրաձգութեան աւարտին նախարարը շնորհաւորած է հրամանատարութիւնն ու անձնակազմը` հրաձգութեան յաջող աւարտին առթիւ եւ նշած է, որ կը հպարտանայ հայկական բանակին նուաճումներով: «Սա ղեկավարների եւ շարքայինների խմբային աշխատանքի արդիւնք է», յայտարարած է նախարարը` յատկապէս ընդգծելով գործողութիւններուն յաջող ընթացքը թէ՛ գրոհի, թէ՛ պաշտպանութեան ժամանակ:
Նախարար Օհանեան արձանագրած է ԱՊՀ, ՀԱՊԿ եւ ՆԱԹՕ-ի գործընկերներուն հետ համագործակցութեան փաստը: «Հայկական բանակը ցուցադրեց պատրաստուածութեան բարձր մակարդակ», յայտարարած է ան եւ` վստահութիւն յայտնած, որ անհրաժեշտութեան պարագային բոլոր հմտութիւնները պիտի կիրարկուին` մնայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար:
Նախարարը մասնակիցները պարգեւատրած է մետալներով, շնորհակալագիրներով եւ նուէրներով: